ՍՓԻՒՌՔԸ ԵՒ ԻՐ ԴԻՐՔՈՐՈՇՈՒՄԸ

Ի՞նչ դիրքորոշում ունի սփիւռքը Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող դէպքերուն նկատմամբ:

Սփիւռք անունով գլխագրուած եւ հայ ազգի աւելի քան երկու երրորդը ներկայացնող մարդոց բազմութիւնը կը տրոհուի բազմաթիւ շերտերու: 20-րդ դարու սկիզբին ունէինք բազմաթիւ երկիրներու մէջ ցրուած, եւ այդ երկիրներու քաղաքական-մշակութային անխուսափելի ազդեցութիւններուն ենթակայ, սակայն լեզուով ու ապրումներով էապէս հայ փոքրաթիւ բազմութիւններ: Մեծ Եղեռնէն եւ անոր յաջորդած պատերազմական դէպքերէն ետք, փոքրաթիւ անդամներ ունեցող գաղութները տասնեակ ու հարիւրաւոր հազարներով ուռճացան ու կազմեցին նոր ժամանակներու սփիւռքին հիմքը: Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմէն ետք ազատագրուած ռազմագերիները եւ Արեւելեան Եւրոպայէն տարհանուած հայերը հաստատուեցան մասամբ Եւրոպայի, առաւելաբար Միացեալ Նահանգներու մէջ: Նախորդ դարու կէսերէն սկսեալ, Մերձաւոր Արեւելքի կազմակերպուած ու հայաբոյր գաղութները ենթարկուեցան ցնցումներու: Քաղաքական վերիվայրումներու, անապահովութեան կամ տնտեսական սեղմումներու իբրեւ հետեւանք նոր հոսք մը սկսաւ դէպի Արեւմուտք՝ Միացեալ Նահանգներ, Գանատա եւ Աւստրալիա: Աւելցնենք նաեւ Խորհրդային Հայաստան ներգաղթողներու մեծամասնութեան արտագաղթը դէպի Արեւմուտք: Վերջապէս, Հայաստանի անկախութենէն ետք, յաճախ սին պատճառաբանութիւններով արտագաղթողները, որոնք հայկական մեծ ու վոքր խմբաւորումներ ստեղծեցին աշխարհի չորս ծագերուն, յայտնի ու անյայտ շրջաններու մէջ: Չմոռնանք նախկին խորհրդային երկիրներու, յատկապէս Ռուսաստանի բազմամիլիոն հայութիւնը: Տրոհումի այս խայտաբղէտ պատկերը կարելի է ճոխացնել, այնքան շատ են հին ու նոր շերտերը. միայն օրինակի համար յիշենք Փարիզի մէջ Պոլսահայերու միութիւնը կամ Միացեալ Նահանգներու մէջ Պարսկահայերու միութիւնը:

Սփիւռքի մասին խօսողները, սփիւռքի դիրքորոշումը յիշատակողները այս շերտերէն որո՞նց կ՚ակնարկեն: Աւանդական յորջորջուած սփիւռքի՞ն, որ Հայաստանէն կատարուած արտագաղթէն առաջ կազմաւորուած ու յարաբերաբար բաւարար կազմակերպուած ու գործօն գաղութներու խումբն է, թէ՞ ազգային կեանքին նկատմամբ անտարբեր, բայց երբեմն օտար միջավայրերու մէջ յաջողութիւններ արձանագրողները: Իսկ հայաստանցիները, ռուսահայերը ի՞նչ կը մտածեն:

2018-ի ցոյցերու ընթացքին լսեցինք, որ սփիւռքը շարժումին կողքին է ու կը սպասէ յեղափոխականներու յաղթանակին՝ Հայաստանի մէջ միլիոնաւոր տոլարներու ներդրումներ կատարելու համար: Արդարեւ, հայաստանցիներու կողմէ եւ թէ «աւանդական» սփիւռքէն հնչեցին խօսքեր ու կատարուեցան արարքներ մարդոց կողմէ, որոնք հազիւ իրենք զիրենք կը ներկայացնէին: Անշուշտ ոչ մէկ ներդրում տեղի ունեցաւ, եւ յեղափոխութեան այս կարծեցեալ նեցուկն ալ պարզապէս չքացաւ:

Նոյն աւանդական սփիւռքի մէջ, նոյն օրերուն գոյութիւն ունէր ազգային գաղափարներով տոգորուած մարդոց տեւական հոսանքը, որ կը շարունակէր իր տքնաջան աշխատանքը՝ յանձնառու կեցուածքով, ազգային գիտակցութիւնը ջատագովող քարոզչական, դաստիարակչական, մշակութային, ընկերային, քաղաքական ու նոյնիսկ տնտեսական նախաձեռնութիւններով:

Հայաստանի սուտ յեղափոխականները լսեցին առաջին տեսակը՝ այլասերած ու օտարաբարոյ սփիւռքահայերը, մինչ անտեսեցին ու մերժեցին յանձնառու ազգայինները:

Պարտութենէն, երկրի յանձնումէն, ապա ընտրութեան մրցարշաւէն ու անոր անակնկալ արդիւնքէն ետք պատկերը նոյնն է: Գործող իշխանութեան համար ազգայինը գոյութիւն չունի, որովհետեւ ժողովուրդը զինք ընտրած է՝ այն ժողովուրդը, որուն անդամներէն շատերու համար հողն ու հայրենիքը արժէք չունին, որոնք առանց աչք թարթելու կրնան յայտարարել, թէ լաւ եղաւ, ազատեցանք Արցախէն, հիմա կրնանք մեր գործով զբաղիլ:

Մենք իրաւունք չունինք հիասթափելու: Ազգային ոգիի էական բացակայութիւն ցուցաբերող այս մեծամասնութիւնը եւս մեր ժողովուրդն է. իսկական յեղափոխութիւնը այս ժողովուրդին մտածողութիւնը փոխելու աշխատանքն է, զոր պէտք է կատարենք համոզումով, համբերութեամբ, ազգային ձգտումներու զարթնումի անխուսափելիութեան նկատմամբ աներեր հաւատքով:

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Երեքշաբթի, Յուլիս 13, 2021