«ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՀՈԳԻՆ»
Վերջին շրջանին Հայրենի մեր երկրի առօրեան ծանրաբեռնուած է բազմաթիւ մտահոգեցուցիչ երեւոյթներով եւ գործողութիւններով, որոնք ուղղակիօրէն ազդեցութիւն կրնան ունենալ մեր ազգային ժառանգութեան, գիտակցութեան եւ պատկանելիութեան վրայ: Այս առիթով, ընթերցողի ուշադրութեան կը յանձնեմ Հայ Եկեղեցւոյ վերջին երկու դարերուն ամենէն նշանաւոր եկեղեցականներէն մէկուն՝ լուսահոգի Մաղաքիա Արքեպիսկոպոս Օրմանեանի «Հայութեան հոգին» դասախօսութենէն հատուած մը, խօսուած՝ 26 մայիս 1879-ին, որ այնքան այժմէական է մեր օրերու համար, երբ անազգ ու անհայրենիք արարածներ, կը փորձեն ազգասիրութիւն ու հայրենասիրութիւն խաղալ մեր ժողովուրդի գլուխին, երբ անդէմք ու անհոգի այդ արարածները, կը փորձեն հայուն մէջի՝ հայու հոգին արմատախիլ ընել ու ոչնչացնել…: Կը մոռնան, սակայն, որ իրենցմէ առաջ շատեր, այսօր իրենք եւ վաղը ուրիշներ միշտ պիտի փորձեն նոյն այդ սեւ աշխատանքը տանիլ, բայց ապարդիւն, որովհետեւ մեր ժողովուրդը իր յոյսը եւ հաւատքը դրած է Ամենակալ Աստուծոյ վրայ, մեր ժողովուրդը Քրիստոսի հետ Գողգոթա բարձրացած է՝ խաչը իր ուսին, Անոր հետ խաչուած ու թաղուած, սակայն ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ առած, եւ հետեւաբար այդ գառնուկի մորթով սատանայի ստրուկներն ու կամակատարները ոչի՛նչ կրնան ընել մեր ժողովուրդին, փոշիի նման կու գան եւ փոշիի նման կ՚երթան եւ անոնց հետքն իսկ չի մնար մեր ժողովուրդի պատմութեան էջերուն մէջ, նոյնիսկ եթէ մնայ, կը մնայ որպէս լամուկներու հաւաքածոյ…
Եւ այսպէս.
• Հայութեան հոգին ունի բնական արթնութիւն մը, աշխոյժ բնաւորութիւն, մտաց սրութիւն, որեւիցէ առթի մէջ ինքզինքը չկորսնցնել, եւ ամենէն մեծ վտանգի մէջ կարող լինիլ պաղ արեամբ եւ լուրջ տեսութեամբ ելից դարմանը գտնալ եւ անոր գործադրութեան փութալ:
Հայութեան հոգին ունի սրտի արթնութիւն՝ որով երբեք ինքզինքը ընկճեալ չկարծես բաղդին բռնաւորութենէն եւ թշնամութենէն, եւ թէպէտեւ դժբաղդութիւնք երկնաչափ բարձրանան եւ ինքն անոնց ծանրութեան տակ հեծէ, սակայն այսու իսկ իր յոյսը եւ փոյթը չկորսնցնէր:
Հայութեան հոգին ունի աննկուն յարատեւութիւն որով կը պահպանէ իւր ազգութիւնը եւ կրօնքը, լեզուն եւ սովորութիւնը, միայն իւր կամաց եւ մտաց անդրդուութեանը վստահացեալ, երբ ամէն կողմէն չըսեմ յորդորեալ՝ այլ գոգ ստիպեալ իսկ անոնցմէ բաժնուիլ:
Հայութեան հոգին ունի բարուց չափաւորութիւնը որով գիտէ առթից համեմատ վարուիլ, եւ իւր յաջողութեամբ չզեղծանիլ, ինքզինքը մոռնալով բերմանց եւ կրից գերի եւ խաղալիք չըլլալ, այլ ամէն պարագայից մէջ պահպանել իւր միակերպութիւնը, եւ արտաքին եւ բաղդի միջոցաց գործածութիւնն ալ կանոնաւորութեամբ մը կարգադրել:
Հայութեան հոգին ունի այն միաբանութիւնը որով ազգային անհատք իրարու միանալով կրնան ընդհանուր բարին եւ ընդհանրութեան աւանդ եղող բարիքը պահպանել, պաշտպանել, յառաջացնել եւ կատարելագործել:
Ահա ուրեմն Հայութեան հոգին. Հայութիւնն ունի ուրեմն ազգութեան հոգին, վասն զի ունի պահանջեալ պայմանները: Մի՛ ըսէք՝ թէ ինչ որ ես կը հաստատեմ թէ ունի, յաճախ փորձառութեամբ թերի կը գտնաք, եւ ստէպ իսկ այնչափ թերի որ աւելի բնական կ՚երեւի հետեւցնել թէ չունի: Մի՛ ըսէք, կ՚աղաչեմ, վասն զի անիրաւած կ՚ըլլաք դուք ձեր ազգին, եւ ձեր նախանձայուզութիւնը չարդարանար իրականութեան առջեւ: Ազգութեան հոգին, ոչ միտ առաքինութիւն է մարդուն համար, այլ ստէպ իսկ շահախնդրութիւն. գոնէ երկբայական է իմ մտացս դատաստանը երբ կը տեսնեմ՝ թէ ազգութեան հոգին հոմանիշ եւ համանուն կ՚ըլլայ պաշտպանութեան եւ օգնութեան, փառաց եւ պարծանաց, շահու եւ անձնդիւրութեան: Երբ ունի ոք ազգ մը զօրաւոր եւ փառաւոր, հարուստ եւ ազդու, ո՜հ, ի՞նչ դիւրին բան է այդ ազգութեան հոգին ունենալ. ինչպէս դիւրին է դոյզն գումար մը նպաստից եւ ողորմութեանց նուիրել՝ երբ ոք բիւրաւոր ոսկիներու տէր ըլլայ: Այլ ճշմարիտ ազգասիրութիւնը կամ ազգային հոգին, այն ատեն աւելի առաքինական է, չըսեմ թէ դիւցազնական իսկ, երբ ոք իւր ազգութենէն ոչ թէ պաշտպանութիւն՝ այլ հարստահարութիւն, ոչ թէ օգուտ՝ այլ վնաս, ոչ թէ դիւրութիւն՝ այլ վտանգ, ոչ թէ փառք՝ այլ անարգանք յաւէտ իւր վրայ հրաւիրելու տեսակէտի ներքեւ կը գործէ: Հայքս, թող ամէն աշխարհ այս պարծանքը մեզի ներէ, հայքս ազգերնիս սիրեցինք եւ կը սիրեմք, եւ կենդանի է Տէր, որ պիտի սիրեմք, թէպէտեւ այդ սէրը մեզի նեղութեանց դուռ մի ըլլայ եւ ոչ այլ ինչ:
Հայուն ազգասիրութիւնը յայտնուեցաւ միշտ անցեալ դարերու մէջ անդրդուելի հաւատարմութեամբ մը, թէպէտ բնական ընթացք իրաց այնպէս կը բերէին, որ առանց այս ազգային հոգւոյն, այսօր Հայ մը իսկ մնացած ըլլալու չէր. եւ եթէ ոք մնացած ըլլար՝ Հայութեան անունն իսկ բերանը առնել պէտք էր որ չուզեր, առանց մէկ գերաստիճան առաքինութեան: Որովհետեւ բնաւ շահու կամ դիւրութեան երեւոյթ մը չէր յորդորեր զինքը,- եւ եթէ կը ներուի ինձ այսպէս ինքզինքս բացատրել,- երբ ուրիշ շատ մը ազգաց ազգասիրութիւնը, ազգային երախտագիտութիւն կրնայ անուանիլ, Հայոց ազգասիրութիւնը պէտք է ազգային մարտիրոսութիւն անուանել:
Երբ այս սկզբան վրայ հիմնեմք մեր դատաստանները, ո՜հ ինչչափ աւելի արդար եւ զիջող եւ բարեմիտ կը պարտաւորիմք ըլլալ մեզ ազգին թերութեանց ի մասին ազգասիրութեան, որովհետեւ ըսել՝ թէ Հայերն ազգութեան հոգին կատարեալ ունին, չենթադրեր ամենեւին որ ըսուի եւս թէ Հայերն ազգութեան հոգւոյն եւ ազգասիրութեան գործոց մէջ թերութիւն չունին: Այո՛, ունին, եւ բաղձալի է, որ այդ թերութիւնք ալ վերանան, որով մեր ապագայն աւելի յուսալից դիրք մը ստանայ. եւ բաց աստի՝ ա՛լ տեղի չտրուի այն շփոթից որուն մէջ շատեր կ՚իյնան, եւ Հայուն սեփական թերութիւնները եւ Հայուն կամքէն անկախ չարութիւնները ի մի խառնելով, բոլոր իւր դժբաղդ դրից պատասխանատու՝ նոյն ինքն Հայը կ՚ենթադրեն:
Այս հատուածը՝ «Հայութեան հոգին ունի աննկուն յարատեւութիւն որով կը պահպանէ իւր ազգութիւնը եւ կրօնքը, լեզուն եւ սովորութիւնը, միայն իւր կամաց եւ մտաց անդրդուութեանը վստահացեալ, երբ ամէն կողմէն չըսեմ յորդորեալ՝ այլ գոգ ստիպեալ իսկ անոնցմէ բաժնուիլ» թող կարդան նամանաւանդ խաղաղութիւն մուրացողները եւ աշխարհին «խաղաղասէր» փորձել ձեւացող խաղաղութենէն չհասկցողները եւ չգիտցողները յանուն այն ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ՝ -որու մէջ ներկայիս կ՚ապրինք-, զոհուած մատղաշ տղաներու մայրերուն սիրտի կսկիծը...
Օրմանեան Սրբազան կը խօսի նաեւ հայութեան հոգիի թերութիւններու մասին՝ հիմնականին մէջ մատնանշելով երկու թերութիւն՝ վհատութեան երկիւղը եւ օտարամաոլութիւնը, որոնք ա՜յնքան խօսուն են մեր օրերուն՝ մանաւանդ երկրորդ թերութիւնը, որովհետեւ ըստ երեւոյթին որպէս ժողովուրդ, չենք յաջողած այդ թերութենէն ձերբազատիլ.
• Հայութեան հոգւոյն ուրիշ թերութիւն մըն ալ կը նկատեն ոմանք, այն է դիւրաւ իւր ազգութեան անունն, լեզուն, սովորութիւնն եւ տարազն թողլով, օտարազգեաց նմանիլ, եւ փառք սեպել իսկ՝ երբ մէկը այնչափ կարենայ իւր անձնաւորութիւնը ծպտել եւ կեղծել, որ Եւրոպացւոյ մը հետ շփթուի: Այդ յանցանքի, կամ թէ կ՚ուզէք յանցանք ալ չըսեմ, այդ թեթեւ բնաւորութեան տէր անձինք մերազնէից մէջ եղած են, եւ կան իսկ. սակայն անիրաւ է ըսելն, եթէ այդպիսեաց ըրածը Հայութեան հոգւոյն իբր կանոն մը պէտք է առնուլ: Ասոնք ո՛չ ազգին ընդհանրութիւնը կը կազմեն, եւ ո՛չ ալ ազգին մեծամասնութեան մէջ կը գտնուին: Այդ ընողներէն շատերն ալ դիւրաւ չքմեղանք կը գտնան, որովհետեւ իրենց ուսումնական կրթութիւնը ազգին կեդրոնին մէջ չկարենալով գտնալ, օտար աշխարհաց մէջ պարտաւորուեցան փնտռել, եւ օտար սովորութեանց ընտելացան, իսկ ունակութեան զօրութիւնն ալ ոչ ոք կրնայ ուրանալ: Վարդ ժողվելու գացին, փուշն ալ մէկտեղ բերին: Իսկ անոնք որ հեռաւոր աշխարհներ գաղթելով՝ ժամանակով տեղացւոց հետ խառնուեցան եւ ոչնչացան, գրեթէ բնական հարկի մը զոհ եղած պէտք է ըսուին, եւ ոչ թէ հոգւոյ տկարութեամբ յանցաւոր:
Գալով առջիններուն, մեր փոյթը պիտի ըլլայ ճանչնալ եւ ծանուցանել թէ այս չէ յառաջադիմութեան նշանը եւ արդիւնքը, եւ ջանալ որ անտեղութիւն մը՝ որ բարեբաղդաբար քիչերու մէջ պարփակեալ է՝ չընդարձակի: Ու եթէ արմատաքի դարման մըն ալ կը փնտռուի, այն ալ առաջին անգամ զուրցածներուս հետ կը նոյնանայ. այն է փութալ ազգային դաստիարակութեամբ սնուցանել մեր պատանեակները, եւ անոնց երկրորդական եւ բարձրագոյն ուսումն ալ ազգայինի վերածելու աշխատիլ. ազգային մամուլը հարստացնել, ազգային ընտիր եւ օգտակար լրագրաց ձեռօք հանապազօր ազգային ճաշակ տպաւորել երիտասարդութեան սրտին մէջ. մէկ խօսքով ինչ որ մտաց եւ սրտից յագուրդ է ի մասին ուսմանց եւ գիտելեաց՝ ազգային պարունակին մէջ լրացուցանել, որ իրաւամբ կարեւորն իսկ օտար պարունակաց մէջ փնտռելու չպարտաւորուին: Իրաւ որ առ այժմ ուսումնական արուեստից համար համալսարաններ յաճախողներ դժուարաւ պիտի կարենան Հայկական համալսարան մը գտնալ. բայց միթէ հնար չէ՞ որ ազգին մեծամասնութիւնը՝ գոնէ ուսումնական անձ մը ըլլալու կարեւոր եղածը՝ իւր ազգին ծոցին մէջ լիովին եւ կատարելապէս ունենայ:
Այս հատուածն ալ՝ «իւր ազգութեան անունն, լեզուն, սովորութիւնն եւ տարազն թողլով, օտարազգեաց նմանիլ, եւ փառք սեպել իսկ՝ երբ մէկը այնչափ կարենայ իւր անձնաւորութիւնը ծպտել եւ կեղծել, որ Եւրոպացւոյ մը հետ շփթուի» թող կարդան մանաւանդ անոնք, որոնք Հայաստանի սահմաններէն մէկ մեթր հեռացած՝ միջազգային ատեաններու մէջ իրենք զիրենք այնպէս կը պահեն, կարծէք իրենք Հայաստանի հետ ընդհանրապէս առընչութիւն չունին: Անշուշտ Հայաստանի մասին կը խօսին, բայց լսողին մօտ այնպիսի տպաւորութիւն կը ստեղծուի, թէ խօսողն ու այն նիւթին մասին, որ կը խօսի, իրարու հետ կապ չունին, որով կենդանի եւ ազդու խօսքի փոխարէն պարզպէս ներկայացումի կը վերածուի այդ ամէնը… Խաչատուր Ապովեանը ըսած է. «Ինչքան լեզու գիտես՝ այդքան մարդ ես». ճիշդ եւ իրաւ, բայց այն պարագային երբ գիտնանք ճիշդ եւ պատշաճ առիթին օգտագործել մեր գիտցած լեզուն, չմոռնալով ու չնուաստացնելով մեր Մայրենին:
…Ազգային կրթութիւն մը տալով, վհատութեան երկիւղը փարատելով, եւ օտարազգեաց նմանելու թեթեւութենէն փախչելով Հայութեան հոգին արծարծել, ահա ընելիքնիս. ասոր արդիւնքն են մէկ կողմէն Հայութեան հոգւոյն բնութիւնը հաստատել, միւս կողմէն սոյն հոգւոյն վրայ դրուած արատները սրբել. մէկ կողմէն եղած ամբաստանութեանց արդարացումը տալ, միւս կողմէն ընկալեալ պակասութեանց դարմանները հոգալ…:
Այսօր, հակառակ տարբեր տեղերէ լսուող ձայներուն եւ յորդորներուն, դժբախտաբար գործող իշխանութիւնները կա՛մ չեն լսեր կամ չլսելու կու տան, իսկ աւելի վտանգաւորը կը պիտակաւորեն թէ նախկիններն են, որոնք այսքան աղմուկ կը բարձրացնեն: Պարոնայք եւ տիկնայք, եթէ ձեզի համար նախկինները տակաւին այդքան ազդեցիկ ներկայութիւն են, ուրեմն ձեր հոլոված «յեղափոխութիւն»ը սուտ ու կեղծիք է, որովհետեւ ժողովուրդը նախկիններուն մէկ անգամ ընդ միշտ պատմութեան աղբամանը ուղարկեց, այնպէս որ բաւարար է բոլորը պիտակաւորէք նախկինի պիտակով, դուրս եկէք ձեր խուցերէն եւ ժողովուրդին ականջ տուէք, այն ժողվուրդին, որ անընդհատ կը շահարկէք թէ անոր քուէով եկած էք իշխանութեան, իսկ այդ ժողվուրդը ձեր աճեցուցած զոմպիներն ու մտային ստրուկները չեն, այլ՝ ան ժողովուրդն է, որ մտահոգ է այս երկրի ներկայով ու ապագայով, մտահոգ է ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՀՈԳԻՆ ԱՌՈՂՋ ՊԱՀԵԼՈՎ…
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
10 օգոստոս 2020, Վաղարշապատ