ՈՂՋԸ

Դուռը բացաւ: Դատարկ սենեակներուն մէջ վերջին շրջանը ըրաւ:

Տարօրինակ բոյր մը հպաւ ռունգին՝ անշնչացած մարմնէ մը տարածուող հոտին պէս:

Դիտելով քննեց շուրջը, բացաւ պահարաններուն գզրոցները...

Բնազդաբար կ՚աճապարէր, մարմինն ու հոգին մտքին կը ճնշէին եւ աճապարանքի կը մղէին զայն՝ «Շուտ ըրէ՛, տեղդ հիմա հոս է» կ՚ըսէին կարծես միասնաբար:

Վարագոյրները կը շօշափէր, մահճակալներուն ծածկոցները կը շոյէր, բարձերը կը վերատեղաւորէր...

Պայքարի մէջ էր տիկին Սիրան, ընտելացում մը զայն առընչած էր այս տան հետ եւ մղում մը կը թելադրէր ամէնօրեայ աշխատանքը կատարել:

Խոհանոցէն վերցուց լաթի կտոր մը եւ սկսաւ երէկուան մաքրութենէն ետք նստած փոշին սրբել: Այնպիսի շոյանքով կը սրբէր կահ կարասին, որ կարծես սրբելով կը շոյէր հոն ապրուած յուշերը եւ հրաժեշտ կու տար անոնց:

Ամէն տեղ դատարկ էր, անշունչ արձագանգ մը կար պատերէն ներս, չկար իր բարձը մահճակալին մէջ, չկային իր հագուստները պահարանին մէջ, չկար իր ակռայի խոզանակը բաղնիքի հայելիին կից, ուր հիմա կեցած տիկին Սիրան կը դիտէ ինքզինք, հայելիէն կը տեսնէ կնճռոտած դէմքը եւ՝

-Տակաւին քանի՞ տուն պիտի փոխես եւ յուշեր թաղես ամէն տեղ...

Հարցուց ինքնիրեն եւ յիշեց վարձակալած բոլոր բնակարանները, յիշեց ապրածները՝ կորուստը, ուրախութիւնը, զաւակին հեռանալը, գաղթելը. յիշեց այնպէս ինչպէս կը յիշեն մեռելները եւ իբր թէ կը վերապրին անցեալի ցաւերը, երջանիկ պահերը... Բոլոր ընտելացումներէն բաժանումները մահեր չե՞ն, որոնց վերջակէտը նոր հորիզոններու դռներ կը բանայ, նոր ընտելացումներու, աճումի, նոր հաղորդակցութեանց, նոր դէմքերու...

Դարձեալ մտաւ ննջասենեակ, մահճակալին, բարձին կողմէն, ծածկոցը բարձրացուց եւ՝

-Դուն հո՞ս ես...

Ըսաւ ինքնիրեն եւ կարօտալի ժպիտով վերցուց հոն մոռցուած, եռանկիւն կերպասին մէջ կարուած աղօթքը, որ մանկութենէն ի վեր անբաժան էր իրմէ, մեծ մօրմէն մնացած միակ յուշն էր:

Վերցուց աղօթքը, խաղաղութեամբ նայեցաւ կապոյտ եռանկիւն հիւսուածքին, դրաւ պայուսակին մէջ, լոյսերը մարեց եւ հեռացաւ:

Գտած էր ան ողջը, մեռեալ ընտելացումներուն մէջ:

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Օգոստոս 13, 2021