ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հարցում. Մանուկներու կրթութեան մասին Աստուածաշունչը որեւէ մէկ բան կ՚ըսէ՞:
Պատասխան. Անշուշտ: Առակացի մէջ կը կարդանք. «Կրթէ՛ մանուկը իր ճամբան սկսած ատենը, որպէսզի իր ծերութեան ատենն ալ անկէ չխոտորի» (Առ 22.6): Այս կրթութիւնը սոսկ գիտութիւն ջամբել չէ: Յատկապէս ներկայ ժամանակներուն կրթութիւնը կ՚ըմբռնուի սոսկ գիտութիւն ամբարել, վկայականներու հասցնել, եւ այլն: Այստեղ, սակայն, առակագիրին ըսածը այդ կրթութեան մասին չէ, այլ՝ աւելի դաստիարակութեան մասին, հոգեւոր ու բարոյական կրթութեան մասին է: Գիտութիւնը, վկայականը, ժամանակի ընթացքին կրնայ անարժէք ու անիմաստ դառնալ մարդուն համար, մինչ հոգեւոր ու բարոյական կրթութիւնն ու դաստիարակութիւնը մինչեւ կեանքին վերջ մարդուն ընկերակից կ՚ըլլան:
Երբ փոքր տարիքէն զաւակները կրթուին հոգեւոր ու բարոյական առողջ դաստիարակութեամբ, ապա գիտութիւնը կու գայ ամբողջացնելու եւ ա՛լ աւելի զարդարելու ու ծաղկեցնելու այդ դաստիարակութիւնը, որով տուեալ մանուկը կեանքի բոլոր պարագաներուն կրնայ ճիշդ եւ առողջ կեցուածք ու դիրքորոշում որդեգրել, եւ նոյնիսկ եթէ երբեմն-երբեմն իյնայ, իր ստացած առողջ կրթութեան շնորհիւ, կրնայ շուտով ոտքի կանգնիլ, մէջքը շտկել եւ շարունակել իր ճամբան: Մինչ հոգեւորէ ու բարոյականէ զուրկ դաստիարակութիւն մը, մանուկը կը վերածէ թոյլ ու մեղկ արարածի մը, որ կեանքէն եկած առաջին հարուածէն իսկ կ՚իյնայ ու այլեւս չի՛ կրնար կանգնիլ, կամ շա՜տ դժուարութեամբ կը կանգնի: Սակայն, միայն կանգնի, երկրորդ հարուածը կու գայ եւ այլեւս անկումը անդարմանելի կ՚ըլլայ, որովհետեւ տուեալ անձը մանուկ հասակին պէտք եղած զէնքերով ու վահաններով չէ՛ զինուած: Այդպիսիին գիտութիւնն ալ ոչինչով կրնայ օգնել, որովհետեւ գիտութիւնը չոր նիւթերու հետ գործ ունի, մինչ կրթութիւնը հոգիի հետ գործ ունի, իսկ հոգին չոր ու ցամաք իրերով չի՛ կրնար իր գոյութիւնը ապահովել ու պահպանել:
Այսքանը կրթութեան եւ դաստիարակութեան մասին:
Առակագիրին այս համարը իր մէջ նաեւ հոգեւոր իմաստ կը պարունակէ: Այստեղ, առակագիրը երբ մանուկ կ՚ըսէ, Սուրբ Գիրքի մեկնիչները այդ մանուկին մէջ տեսած են հաւատացեալ մարդը, այսինքն՝ անոնք որոնք Քրիստոսի հաւատքին կու գան: Հաւատացեալը, արդարեւ, պէտք է զինուի ամուր հաւատքով, հաստատուն յոյսով եւ սիրով, որպէսզի կարենայ տոկալ, դիմանալ ու դիմադրել փորձութիւններուն: Ինչպէս երբ մանուկը փոքր տարիքին մկրտելով, ծնողները հոգ կը տանին մանուկի հոգեւոր, բարոյական դաստիարակութեան, այդպէս ալ նորահաւատի մը պարագան պէտք է ըլլայ:
Սուրբ Բարսեղ Մեծ կը գրէ. «Այսպէս, այստեղ մանուկ կը կոչեն անոր, որ վերանորոգութեան ու դաստիարակութեան լուացումով վերստին ծնած է ու դարձած՝ անմեղ, ով Երկինքի Արքայութեան ատակ դարձած է, այս նոյն ճանապարհին մէջ յառաջանալուն շնորհիւ: Այդ պատճառով, Առակաց գիրքը մեզի վարժութիւններ կու տայ, որոնք մեզի կը փոխանցեն այն հասկացողութիւնը, նոր ծնուածի մը հասկացողութիւնը, որ ծարաւ է իսկական իմացական կաթին [կրթութեան/դաստիարակութեան/գիտութեան]. ներկայի ճշմարտութիւններու հասկացողութեան, ինչպէս նաեւ ապագայ ճշմարտութիւնները հասկնալուն: Արդարեւ, մանուկը մարդկային բաները կը սորվի եւ իրեն կը ներկայացուի ճշմարտութեան հասկացողութիւնը, որպէսզի գերին չդառնայ ամօթալի ցանկութիւններուն, ինչպէս նաեւ չփափաքի այս վաղանցուկ աշխարհի փառքին: Ասկէ բացի, Առակացի գիրքը մեզի հանդերձեալ կեանքի մասին ալ հասկացողութիւն կու տայ ու կը քաջալերէ մեզ հաւատալ գրաւոր խոստումներուն»: Իսկ Սուրբ Աթանաս Հայրապետը կը գրէ. «Ընդհանրապէս, բոլոր սուրբերուն պատուիրանները կը խրախուսեն մեզ ատոր՝ իրենց օրինակով. այդպէս ալ, ինչպէս Սողոմոնը առակները օգտագործեց, ըսելով. “Որդի՛ք, ձեր հօրը խրատը լսեցէ՛ք ու մտի՛կ ըրէք, որպէսզի իմաստութիւնը ճանչնաք: Վասն զի ձեզի աղէկ կրթութիւն կու տամ, իմ օրէնքս մի՛ թողուք: Քանզի ես իմ հօրս տղան էի, փափուկ ու սիրելի՝ իմ մօրս առջեւ” (Առ 4.1-3): Որովհետեւ արդար հայրը իր երեխաները լաւապէս կը դաստիարակէ, քանի որ ան կը ձգտի ուրիշներուն օրինակ ըլլալ իր ուղղամիտ եւ առաքինի վարքով: Որպէսզի, եթէ նոյնիսկ դիմադրութիւն մը ըլլայ, ան չի՛ ամչնար լսելու այս խօսքը, թէ՝ “դուն որ ուրիշին կ՚ուսուցանես՝ ինքզինքիդ չե՞ս ուսուցաներ” (Հռ 2.21): Աւելին, ան հաւատարիմ ծառայի նման կ՚ըլլայ, որ կրնայ ինքզինք փրկել եւ ուրիշները շահիլ: Իսկ եթէ իրեն վստահուած շնորհքը կ՚աւելնայ, կը շատնայ, կրնայ լսել հետեւեալ խօսքը, թէ՝ “ապրի՛ս, բարի եւ հաւատարի՛մ ծառայ, քանի այդ փոքրիկ գումարը շահարկելու մէջ հաւատարիմ գտնուեցար, քեզ աւելի մեծ գործերու պատասխանատու պիտի կարգեմ, եկուր եւ մասնակից եղիր տիրոջդ ուրախութեան” (Մտ 25.21)»:
Սուրբ Հայրերու գրութիւններէն յայտնի կը դառնայ, թէ ինչքան կարեւոր է հոգեւոր ու բարոյական կրթութիւնը, որ ո՛չ միայն մանուկին օգուտ կը բերէ, այլ՝ երբ մանուկը իրեն տրուած կրթութիւնը լաւագոյնս ընկալէ եւ գործադրէ, ապա բարիք եւ օրհնութիւն կը սփռէ իր շրջապատին:
Հոգեւոր ու բարոյական շրջագիծէն դուրս գալով, այստեղ մեր ընթերցողներուն արաբերէնէ թարգամանաբար կը ներկայացնենք զաւակներ դաստիարակելու առողջ կերպեր, որով ծնող-զաւակ, զաւակ-ծնող կապը ամուր եւ ջերմ կը դառնայ, ուր սէրն ու համերաշխութիւնը եւ իրերհասկացողութիւնը կը տիրեն: Կարդա՛նք.
* Երեխային վրայ ջղայնանալը դաս պատրաստելու ժամանակ, կ՚ուշացնէ անոր հասկնալը, իրար կ՚անցընէ զինք, որով իր բնական կարողութիւններէն նուազ կ՚երեւի:
Խրատ. եթէ սկսիս ջղայնանալ, կա՛նգ առ, որովհետեւ դուն իրեն համար կ՚աշխատիս, եւ ո՛չ թէ իր դէմ:
* Ինչո՞ւ համար շուտով կը բարկանանք մեր երեխաներուն:
- Յիշե՛նք, թէ անոնց ըմբռնելու կարողութիւնը մեծերէն փոքր է, եւ կարիք ունին համբերութեան, կրկնելու եւ փորձելու: Յիշենք, որ մեր պոռալը կը վնասէ իրենց եւ մեզմէ կը հեռացնէ:
* Երեխային հետ նախքան քնանալը խօսիլը, դրական ազդեցութիւն ունի.
- Հարցում մը օրուայ իրադարձութիւններէն:
Գովել զինք իր դրական ու լաւ յատկութիւններուն համար:
Սէր ցուցաբերել:
Կարճ պատմութիւն մը:
* Սորվեցո՛ւր զաւակիդ խօսելու եւ լսելու քաղաքավարութիւնը, ինչպէս նաեւ յարգել դիմացինին կարծիքը…
Այս մէկը պիտի չիրականանայ, բացի եթէ դուն իր հետ խաղաղութեամբ խօսիս ու լսես անոր կարծիքները, եւ սորվեցնես անոր աւելի լսել՝ քան խօսիլ: Լսելը, արդարեւ, ցոյց կու տայ խօսողին ազնուութիւնը եւ ուրիշները յարգելու ունակութիւնը:
* Զաւակիդ երեսին մի՛ հարուածեր… Մի՛ զարներ անոր՝ խոստանալէդ ետք թէ ալ պիտի չզարնես, որպէսզի այդպիսով վստահութիւնը չկորսնցնէ քու նկատմամբդ…:
* (Դուն ո՛չ մէկ բանի կը ծառայես):
Այս նախադասութիւնը շատ վտանգաւոր է, եւ երեխային կը տանի ինքն իր վրայ ունեցած վստահութիւնը կորսնցնելու, եւ զգացնել պիտի տայ իրեն, թէ ո՛չինչ կրնայ ընել:
* Շատ յաճախ չնչին բանի մը համար կը բարկանանք մեր երեխաներուն վրայ. կը բարկանանք կեանքի ծանր ճնշումներուն պատճառով, սակայն պէտք է զանազանութիւն դնենք կեանքի մեր վրայ ունեցած ճնշումին, եւ մեր՝ մեր երեխաներուն վրայ գործադրած ճնշումին, որով մեր երեխաները մեր կրած ճնշումները թեթեւցնելու գործիքի չվերածուին…
* Վայելէ՛ զաւակներդ երբ դեռ անոնք փոքր են, քանի որ օրերը շուտով պիտի անցնին եւ անոնց անկեղծութենէն ու մանկութենէն քեզի ուրիշ բան պիտի չմնայ, եթէ ոչ անոնց խաղերուն յիշատակները… Խնդա՛, կատակէ՛, պտտէ՛ անոնց հետ, երեխայի մը նման եղիր անոնց հետ, եւ ուսումն ու դաստիարակութիւնը խաղին ու զուարճանքին հետ տուր անոնց…:
* Զաւակէդ՝ զբաղումներուդ պատճառով հեռու մնալդ անոր փոքր եղած տարիքին, զինք պիտի մղեն դէպի ան՝ ով կը լսէ զինք ընտանիքի պարիսպներէն դուրս, եւ շատ յաճախ փորձանք կ՚ըլլան անոր գլխուն…
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 106
Վաղարշապատ