ԳԻՏԱԿՑԱԲԱՐ ԵՒ ԱՆԳԻՏԱԿՑԱԲԱՐ

Պատարագիչ քահանան Սուրբ Հաղորդութիւն տալէ ետք ոտքի կը կանգնի, դէմքը դէպի ժողովուրդը, սկիհը բարձրաձնելով բարձրաձայն կ՚ըսէ.

- Ո՜վ Տէր, ապրեցո՛ւր ժողովուրդ եւ օրհնէ՛ ժառանգութիւնդ. հովուէ՛ եւ բարձրացո՛ւր ասոնց մինչեւ յաւիտեան:

Այսինքն, հիմա երբ Քու ժառանգութիւնդ, Քու ժողովուրդդ հաղորդուեցաւ Քեզի հետ, ապրեցո՛ւր եւ օրհնէ՛ զանոնք, Քու Սուրբ հովանիիդ տակ պահէ, բարձրացուր զանոնք, այսինքն՝ պահէ ու պահպանէ ամէն տեսակի փորձանքներէ ու դիւային հալածանքներէ եւ պատերազմներէ, մինչեւ յաւիտեան:

Ապա պատարագիչ քահանան դէպի խորան կը դառնայ, վարագոյրը կը փակուի եւ դպիրները կը սկսին երգել «Լցաք ի բարութեանց…» հոգեւոր երգը: Մինչդ դպիրները այս երգը կ՚երգեն, պատարագիչ քահանան ցած ձայնով հետեւեալ գոհաբանական աղօթքը կ՚ընէ.

- Ամենակալ Հայր, կը գոհանանք Քեզմէ, որ մեզի համար Սուրբ Եկեղեցին [որպէս] նաւահանգիստ եւ սրբութեան տաճար պատրաստեցիր, ուր Սուրբ Երրորդութիւնդ կը փառաբանուի: Ալէլուիա:

Կը գոհանանք Քեզմէ, Քրիստոս Թագաւոր, որ Քու կենարար մարմինով եւ Սուրբ Արեամբ մեզի կենդանութիւն պարգեւեցիր: Քաւութիւն եւ մեծ ողորմութիւն շնորհէ՛ մեզի: Ալէլուիա:

Կը գոհանանք Քեզմէ, Հոգի ճշմարիտ, որ Սուրբ Եկեղեցին նորոգեցիր. Սուրբ Երրորդութեանդ հաւատքով անարատ պահէ՛ զայն այժմէն մինչեւ յաւիտեան: Ալէլուիա:

Գոհաբանական աղօթք մըն է, որ ուղղուած է Սուրբ Երրորդութեան, եւ իւրաքանչիւր քրիստոնեայ հաւատացեալ, որ Սուրբ Հաղորդութիւն կը ստանայ, ստանալէ ետք պարտի ծածուկ կերպով պատարագիչի աղօթքին միանալով ինք եւս այս աղօթքը ընէ, երախտագիտութեան որպէս նշան:

Մինչ պատարագիչ քահանան այս աղօթքը կ՚ընէ, դպիրները՝ ինչպէս վերը նշեցի, «Լցաք ի բարութեանց…» հոգեւոր երգը կ՚երգեն.

Տէ՛ր, ճաշակելով Քու մարմինդ եւ արիւնդ, Քու բարիքներովդ լեցուեցանք. փա՜ռք բարձրունքներուն մէջ՝ մեզ կերակրողիդ: Դուն, որ միշտ մեզ կը կերակրես, ուղարկէ՛ հոգեւոր օրհնութիւնդ. փա՜ռք բարձրունքներուն մէջ՝ մեզ կերակրողիդ:

Այս երգին ի պատասխան խորանին սպասարկող սարակաւագները հետեւեալ քարոզը կ՚եղանակեն.

- Խաղաղութեան համար Տիրոջ աղաչենք:

Դպիրները կը պատասխանեն.

- Տէ՛ր, ողորմեայ:

Սարկաւագները դարձեալ կ՚եղանակեն.

- Առաւելաբար դուք, այս աստուածային, սուրբ, երկնային, անմահ, անարատ եւ անապական խորհուրդը հաւատքով ընդունածներ, գոհացէ՛ք Տիրոջմէն:

Որմէ ետք դպիրները կ՚երգեն հետեւեալ հոգեւոր գոհաբանական երգը.

- Տէ՛ր, կը գոհանանք Քեզմէ, որ մեզ Քու անմահական սեղանէն կերակրեցիր՝ մարմինդ եւ արիւնդ բաշխելով, որպէս աշխարհի փրկութիւն եւ կեանքի՝ մեր անձերուն համար:

Ընթերցողը պիտի նկատէ, որ Սուրբ Հաղորդութենէն ետք թէ՛ քահանային կողմէ ըսուած ծածուկ աղօթքն ու թէ՛ դպիրներուն եւ սարկաւագներուն կողմէ երգուած հոգեւոր երգերն ու ըսուած կարճ քարոզը գոհաբանական, շնորհակալական եւ երախտագիտական բնոյթ կը կրեն, այսինքն՝ այդ աղօթքին, երգերուն ու քարոզին նպատակը շնորհակալութիւն եւ գոհութիւն յայտնել է Աստուծոյ՝ Իր մեզի պարգեւած Սուրբ Հաղորդութեան համար, որ մեզի համար կեանք է եւ փրկութիւն:

Այսօր, սակայն, ցաւալի է տեսնել եւ վստահաբար մեզմէ շատեր կը տեսնեն ու կը նկատեն, թէ Սուրբ Հաղորդութենէն ետք եկեղեցիները գրեթէ կը դատարակուին, մարդիկ առ ի պարտականութիւն կը մօտենան Սուրբ Խորանին, առ ի սովորութիւն Սուրբ Հաղորդութիւն կը ստանան եւ անմիջապէս դուրս կու գան եկեղեցիէն, այդ օրուան իրենց «պարտականութիւնը» կատարածի հոգեբանութեամբ: Նման վերաբերմունքը սակայն ամօթալի է եւ անպատուաբեր հանդէպ Աստուծոյ, որու հետ կը հաղորդուինք:

Պահ մը պատկերացուցէք, թէ ձեր հարազատներէն կամ մտերիմներէն մէկը հրաւիրած է ձեզ իր տուն ճաշի կամ ընթրիքի: Բնականաբար, նախքան երթալը կը պատրաստուիք, դուք ձեզ կը խնամէք, լաւ կը հագուիք, յետոյ ձեր ձեռքը նուէր մը, կամ անուշեղէն մը առնելով կ՚երթաք ձեզ հրաւիրողին տունը, ուր լաւ ժամանակ անցընելէ ետք, ի պատիւ ձեզի պատրաստուած ուտելիքներն ալ վայելելէ ետք երկար ժամեր կը նստիք տակաւին, եւ այդ ընթացքին քանի՜-քանի անգամներ շնորհակալութիւն կը յայտնէք տան տիկնոջ, որ ինքզինք յոգնեցնելով այդքան համով ու տեսակաւոր ուտելիքներ պատրաստած էր ի պատիւ ձեզի, բազմաթիւ բարեմաղթութիւններ քաջառողջութեան, բարօրութեան, եւ այլն: Այդպէս է չէ՞. կը կարծեմ, որ այլ կերպ չէք վարուիր…

Լաւ, ուրեմն, ինչո՞ւ համար նոյն վերաբերումը եւ աւելին չունինք Աստուծոյ՝ մեր Արարիչին, մեր Փրկիչին եւ մեզի կեանք՝ յաւիտենական կեանք պարգեւողին նկատմամբ, երբ Անոր տունը կ՚երթանք, կը մասնակցինք Սրբազան Արարողութեան, կը ճաշակենք Անոր Սուրբ Մարմինն ու Սուրբ Արիւնը, եւ անմիջապէս կը շտապենք դուրս գալ Անոր տունէն, առանց շնորհակալական կամ երախտիքի որեւէ մէկ արտայայտութեան: Միթէ՞ նման վերաբերումը նախ եւ առաջ վիրաւորական չէ նոյնինք մեր անձերուն, մեր արժանապատուութեան, ինչի մասին յաճախ կը մտածենք… Ո՞ւր մնաց մեր ուշադրութիւնը, մեր զգուշացումը մեր արժանապատուութեան մաքուր մնալուն…, թէ չէ մտածելով, որ զԱստուած դէմ առ դէմ չենք տեսներ, պէտք չեն այդ շնորհակալական խօսքերն ու երախտիքի արտայայտութիւնները:

Ճի՛շդ է, որ մեր մտերիմը կամ ծանօթ, որ մեզ հրաւիրած էր իր տուն, իր լաւագոյնը կատարած էր, որպէսզի գոհ ձգէ մեզ, սակայն այդ տարուած աշխատանքը միայն այդ որոշ ժամանակին համար էր, այսինքն՝ անցաւոր վայելք մըն էր, որ ամենէն շատը մէկ-երկու օր ազդեցութիւն ունենայ մեր վրայ եւ յետոյ մոռացութեան գիրկը նետուի, եւ կամ պարզապէս գեղեցիկ յիշատակ մը դառնայ…, եւ ա՛յդքան միայն: Մինչ, Սուրբ Հաղորդութիւնը, ինչպէս սարկաւագին ըսած քարոզը կը բնութագրէ՝ աստուածային, սուրբ, երկնային, անմահ, անարատ եւ անապական խորհուրդ է, որ կեանք կը պարգեւէ բոլոր անոնց, որոնք հաւատքով, յոյսով, երկիւղածութեամբ եւ սրբութեամբ կը մօտենան այդ Սրբազան Խորհուրդին:

Հետեւաբար, ի տարբերութիւն աշխարհիկ ճաշկերոյթներու՝ որոնք անցողիկ են եւ ժամանակաւոր, Կիրակնօրեայ ճաշկերոյթները, եւ ընդհանրապէս՝ ամէն անգամ երբ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ կը մատուցուի, այդ օրուան ճաշկերոյթը յաւիտենականութեան տանող ճանապարհ է, մնայուն է, անկորնչելի ազդեցութիւնը կը գործէ բոլոր անոնց վրայ, որոնք գիտակցութեամբ եւ երախտագիտութեամբ կը մօտենան անոր ու կը ճաշակեն անկէ, եւ ճաշակելէ ետք շնորհակալութիւնը կը յայտնեն Տիրոջ, որ զիրենք արժանի նկատեց այդ ճաշակումին, կը գոհանան Աստուծմէ, որ հակառակ իրենց անարժանութեան՝ իրենց համարձակութիւն տուաւ մօտենալու Իր Սուրբ Մարմինին եւ Արիւնին եւ ճաշակելու զայն, շնորհակալութիւնը կը յայտնեն Աստուծոյ, որ Իր այդ անմահարար եւ կեանք տուող Խորհուրդը ձրիաբար կը բաշխէ բոլոր անոնց, որոնք մաքուր սիրտով եւ անկեղծ հաւատքով կը մօտենան հաղորդուելու այդ Խորհուրդով:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 15

29 օգոստոս 2022, Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 13, 2022