ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԵՒ ՀԱՅԵՐՈՒՆ ՆԵՐԴՐՈՒՄԸ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Բնականաբար, բոլոր ազգերն ու ժողովուրդները իրենք զիրենք կը համարեն քաղաքակրթութիւններու կերտիչ, միաժամանակ տարբեր ժողովուրդներու միջեւ եղած բնածին մրցակցութիւնները կը մղեն՝ զանոնք ըլլալու ստեղծագործ ու յառաջադէմ, թէեւ տարբեր ժամանակներու մէջ, տարբեր միջոցներով օգտագործուած է ստեղծարար ըլլալու հասկացողութիւնն ալ:

Անհերքելի իրողութիւն է, որ մարդկային քաղաքակրթութեան պատմութիւնը մասամբ կը պատկանի բոլոր ժողովուրդներուն, բայց ի հեճուկս եղած գովազդներուն-քարոզչութեան (կատարուած կարգ մը ժողովուրդներու կողմէ իրենց պատմութեան ու ներդրումներուն շուրջ), պատմական անհերքելի իրականութիւններ կան ժողովուրդներու-ազգերու ստեղծագործ ու արարող ըլլալու մասին, որոնք ուրիշ ժողովուրդներէ աւելի մարդկութեան բարիքներ, գիւտեր ու յառաջդիմութիւններ տուած են:

Նոյն մարդկային քաղաքակրթական աշխարհագրութիւնը չենք կրնար գծել յատուկ ուղեգիծով ու տեղայնութեամբ, այդ ամէն տեղ է սկսեալ արեւելքէն հասնելով ծայրագոյն արեւմուտք: Ներկայ աշխարհին մէջ այդ քաղաքակրթութիւնը յարաբերաբար խտացած ու մարմնաւորուած է արեւմուտքով (ստեղծագործ գիտութեան ու արհեստագիտութեան արտադրութեան-տնօրինման եւ մարդկային ապրուստի բարօրութեան հասնելու եւ կեանքի հանգստութիւն արտադրելու ալ իմաստներով): Արեւմուտքը կամայ թէ ակամայ ղեկավարն է մարդկային արդի կեանքին եւ անոր քաղաքակրթութեան:

Եւ հոս կարեւոր է հակիրճ ձեւով ներկայացնենք, որ ի՞նչ է քաղաքակրթութիւնը եւ ինչէ՞ կը բաղկանայ այն:

Ուղղակի-անմիջական ու կիրառական իմաստով՝ քաղաքակրթութիւնը մարդու անհատական ու հաւաքական յառաջդիմութիւնը իրականացնող զօրութենական իրագործման անուանումն է, իսկ անոր պարզունակ մարնաւորումով քաղաքակրթութիւնը նոյնինքն գիտութեանց, արհեստագիտութեան, մշակոյթ-արուեստի իրագործումն ու այսպէս ըսած, արտադրութիւնն է, ինչ որ կը կատարուի կա՛մ բարձրագոյն բուրգաւորմամբ՝ հաւաքական-ընդհանուր կառոյցի մը (պետութիւն, կայսրութիւն, թագաւորութիւն, կազմակերպութիւն, եւ այլն) կողմէ եւ այդ կառոյցի նոյն քաղաքակրթական աստիճանը կը դրսեւորուի անոր քաղաքակրթութիւն արտադրելու կազմակերպիչը ըլլալու կարողականութեան մէջ ու համակարգ ստեղծելու տարազին ի գործ (ներկայիս ինչքան ալ քննադատուի՝ Ամերիկան է այդ մէկը), կա՛մ պարզ հանճարեղ անհատ մարդոց կրած ու մանաւանդ ստեղծած հոգեւոր ու շօշափելի արտադրանքներու ու արժէքներու ստեղման միջոցաւ:

Գալով հայ ժողովուրդին (թէ՛ իր հաւաքական, ազգային պարունակով եւ թէ՛ իր անհատական մակարդակով), միշտ կ՚արժէ յիշել, որ անոր քաղաքակրթական ներդրումը միջազգային քաղաքակրթութեան մէջ տեւաբար կար եւ կայ։ Եւ հոս ո՛չ միայն հայու աչքերով, այլ անզէն ու անաչառ ու նոյնիսկ ոչ-հայու պրիսմակով ալ նայելով հարցին՝ երեւելի է, որ հայ ժողովուրդն ու հայերը մեծ դեր ունեցած են քաղաքակրթութիւններու կառուցման ու նոյնիսկ իրենց սեփական քաղաքակրթութիւնը հիմնելու իմաստով։ Այս մէկը որեւէ ազգ-ժողովուրդի հաւաքական բարձրագոյն ստեղծագործական կարգի նուաճման հաստատումն ու անոր մարդկութեան տուած հաւաքական ներդրումն է:

Հայերը գիտութեանց զանազան ճիւղերու, մշակոյթ-արուեստի եւ տարբեր բնագաւառներու մէջ եւ ամէնուրեք հետք ու ներդրում ունին: Այդ անուրանալի է նոյնիսկ իրենց հակառակորդներու կողմէ, որեւէ ծաղկուն ու քաղաքակիրթ քաղաքի մէջ մեծ է հայերուն աւանդն ու կատարած գործը եւ այդ ամուր միաթրծումն ու մարդկային մեծ քաղաքակրթութեան միշտ մաս ու շաղախ դառնալու աննկուն փորձն ու ջանքը ցայտուն է հայերուն ստեղծագործ միտքին-բնաւորութեան ու կատարած գործին մէջ:

Այս իրականութիւնները կը յայտնենք ո՛չ  թէ իբրեւ ազգայնամոլութիւն ու սոսկ պարծանք, այլ նոյնիսկ ժողովրդային մակարդակով եթէ նայինք Հալէպի, Պէյրութի, Թիֆլիզի, Պաքուի, Իսթանպուլի եւ հասնելով մեծ քաղաքաներ՝ Փարիզի, Լոս Անճելըսի մէջ հայերուն կատարած գործերուն, կը տեսնենք հիմական ներդրումներ, հիմական մասնաբաժիններ յառաջդիմութեան ի գին:

Եթէ առաքելութեան վերագրուի հայ ժողովուրդին կատարած գործը, ամէնուրեք կրնանք գտնել հոն ազնուագոյն մղիչ ուժ մը եւ առանց դասակարգելու ժողովուրդները պարզապէս ստեղծագործ ըլլալու ձգտումն ու տեսակը ակնբախ կրնանք համարել հայերուն քով:

Ներկայ բաց, արհեստագիտական եւ ձեւով մը գովազդային-մակնիշային աշխարհին մէջ կան երկիրներ, որոնք միլիառաւոր տոլարներ կը ծախսեն իրենց պատկերն ու վարկը բարձրացնելու եւ իրենց եղած եւ երբեմն ալ շինծու մշակոյթը տարածելու համար, տեւաբար նախընտրելի, ինքնեկ, ընդունելի ու պանծացման առարկայ կը համարուի ու կը մնայ իրականն ու չաղաւաղուածը, մաքուրն ու ազնիւը: Քաղաքակրթութիւնը, մարդկայնութիւնը, պայծառութիւնն ու գիւտարարութիւնը աննկուն ու հոսուն ստեղծագործութիւններ կը սիրեն:

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

11 սեպտեմբեր 2022

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 13, 2022