ՏԻՏՂՈՍՆԵՐՈՒ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆ ԿԱՄ ԿԱՅԱՑՈՒՄԻ ԱՆՅԱՋՈՂ ՓՈՐՁ
Կ՚ապրինք տիտղոսներով «հարուստ» ժամանակաշրջանի մը մէջ: Գոյնզգոյն եւ բազմազան տիտղոսներ, ճոռոմ եւ պսպղուն տիտղոսներ:
Այսօրուան մարդուն համար կարծէք տիտղոսը շատ աւելի տեղ սկսած է գրաւել, քան մասնագիտութիւնը, քան անհատականութիւնը, նկարագիրն ու ունեցած համոզումները: Այս բոլորը կարծէք մէկ կողմ դրուած են, եւ ասոնց եկած է փոխարինելու տիտղոսը, կոչումը, պատիւը, որ մարդ կը ստանայ իր շուրջիններէն, եւ առհասարակ՝ ընկերութենէն:
Ընթերցողը կրնայ զարմանալ եւ հարցնել, բայց միթէ՞ կարելի է տիտղոսն ու կոչումը իրարու համեմատել: Մեր օրերուն տիրող վիճակը այդպիսին է դժբախտաբար…:
Պահ մը սակայն մտաբերենք, ի՞նչ կ՚արժէ մարդու մը տրուած այդ տիտղոսը, կոչումը կամ ընծայուած պատիւը, եթէ մարդ ինք դատարկուած է իր մարդկութենէն: Ի՞նչ արժէք ունին այդ բոլորը, եթէ ատոնք իրենց համար ո՛չ թէ միջոց, այլ՝ նպատակ դարձած են: Ի՞նչ արժէք ունին այդ բոլորը, եթէ ատոնց հասնելու համար մարդ կ՚ոտնահարէ ամէն բան, ամէն սրբութիւն, արժանիք եւ նոյնիսկ մարդիկ: Ի վերջոյ ի՞նչ արժէք ունին այդ տիտղոսները, եթէ այդ տիտղոսներուն համապատասխան վերաբերմունք կամ կեցուածք չկայ, չէ՞ որ ամէն բան իմաստ կը ստանայ, երբ զայն իմաստաւորենք մեր գործերով, մեր ընթացքով, մեր վարք ու բարքով:
Բնականաբար մեզմէ շատեր իրենց ապրած միջավայրերուն մէջ հանդիպած են նման երեւոյթներու, այլ խօսքով, մեզմէ շատեր կը ճանչնան մարդոց, որոնք տիտղոսներ ունին, սակայն իրենց կեանքը՝ առօրեան կը փաստէ, որ անոնք իրենց կրած այդ տիտղոսէն կամ կոչումէն շա՜տ-շատ հեռու են: Աւելի՛ն, մարդիկ, որոնք մինչեւ իրենց այդ տիտղոսներուն հասնիլը կը ձեւանային կամ տպաւորութիւն կը ձգէին, թէ իրենք լուրջ, պարզ, գործունեայ եւ աշխատասէր անձնաւորութիւններ են, յանկարծ՝ երբ արդէն «տէր» ու «տիրական» կը դառնան որեւէ մէկ տիտղոսի կամ կոչումի, ամբողջութեամբ անճանաչելի ու անծանօթ կը դառնան, իրենց քիթերը մինչեւ երկինք բարձրացուցած, առանց աջ ու ձախ նայելու կը սկսին ապրիլ, կարծէք միայն ի՛րենք է, որ այդ կոչումին կամ տիտղոսին արժանացած են. այսքանն ալ բաւարար չէ, կը սկսին ասոր անոր երեսին նետել իրենց տիտղոսը կամ կոչումը, ըսելով՝ «ես փաստաբան եմ, դոկտոր եմ, բժիշկ եմ, գրող եմ, դուն ի՞նչ ես որ եկած ինծի հետ կը փորձես չափուիլ»:
Այս տիտղոսներու կամ կոչումներու ախտով տառապողները միայն որոշ ոլորտի մը կամ մասնագիտութեան մը պատկանող մարդիկ չեն, այլ գրեթէ մեր ընկերութիւնը կազմող բոլոր ոլորտներուն մէջ կրնանք հանդիպիլ նման ախտաւորներու, բժշկութեան ոլորտէն սկսած, մինչեւ համալսարանի դասախօս, հոգեւորական, արուեստագէտ, պատմաբան, լեզուաբան, երբեմն նոյնիսկ մսավաճառ ու նպարավաճառ…, եւ, եւ, եւ, ընթերցողը ի՛նք թող շարունակէ…
Սակայն, չէ՞ որ տիտղոսը կամ կոչումը չէ, որ մարդուն մարդ կը դարձնէ, կամ մարդուն արժէք կու տայ, չէ՞ որ այդ տիտղոսը ոչինչ կրնայ աւելցնել մարդու կեանքին մէջ, եթէ մարդ ճիշդ կերպով չկարենայ վարուիլ այդ իր ունեցած տիտղոսին կամ կոչումին հետ, եւ երբ չկարենայ ճիշդ վարուիլ բնականաբար բացասական հետեւանքներու եւ արդիւնքերու կը հասնի, որոնք շատ յաճախ ծանր եւ անդարմանելի կ՚ըլլան: Ո՞ւր մնացած են մարդկային պարզութիւնն ու համեստութիւնը, ո՞ւր մնացած է մեր մէջ մարդկայնութիւնը՝ որ միւռոնուած է աստուածայնութեամբ, աստուածանմանութեամբ, ո՞ւր մնացած է մեր մարդասիրութիւնը, որով միայն կրնանք արժեւորել մենք մեզ ու մեր ապրած միջավայրը:
Տիտղոսները կամ կոչումները կրնան մարդուս որոշակի փայլք մը կամ կարեւորութիւն տալ այն ընկերութեան կամ միջավայրին մէջ, ուր կ՚ապրի, երբ ատոնք երկրորդական կամ երրորդական նոյնիսկ տասներորդական տեղ գրաւեն մեր առօրեային մէջ, միշտ առաջնային համարելով մեր մասնագիտութիւնը, մեր աշխատանքը, մեր մարդկային տեսակի կոչումը: Եթէ նման կերպով վարուինք տիտղոսներու եւ կոչումներու նկատմամբ, շատ յաճախ ակամայ կերպով կը վայելենք մեզ շրջապատող մարդոց յարգանքն ու ակնածանքը, եւ այս յարգանքն ու ակնածանքը մեզի համար ո՛չ թէ հպարտանալու կամ սոնքալու առիթ կը հանդիսանան, ընդհակառակը, մեզ կը պարտաւորեցնեն ա՛լ աւելի ուշադրութեամբ եւ նուիրուածութեամբ շարունակելու մեր ընթացքը:
Լուսահոգի Արտաւազդ Արքեպիսկոպոս Թրթռեանը յաճախ հետեւեալը կը կրկնէր.
-Ի՜նչ իմաստ ունին այն բազմաթիւ վկայականներն ու տիտղոսները, որոնցմով կը զարդարենք մեր պատերը, երբ կեանքի փորձ չունինք, երբ կեանքը չե՛նք ապրած ու չե՛նք ալ ապրիր…, պարզապէս թուղթի կտորներ, որ այսօր կան, վաղը սակայն պիտի անհետանան:
Արժան եւ իրաւ:
Այսօր ինչքա՜ն մեծ է թիւը անոնց, որոնք ինչ-ինչ միջոցներով յաջողած են որեւէ մէկ մասնագիտութեան մէջ տիրանալ տիտղոսի մը կամ կոչումի մը, սակայն իրականութեան մէջ իրենք շա՜տ հեռու են այդ մասնագիտութենէն: Անդին, կան շատեր, որոնք իրենց կեանքէն տարիներ մսխած են գրասեղաններու ետին, կամ գրադարաններու դարակներուն դիմաց, գիրքեր կարդալով, փնտռտուքներ ու ուսումնասիրութիւններ կատարելով՝ յանուն տիտղոսի կամ կոչումի տիրանալուն, այսինքն՝ այդպիսիներուն դրդապատճառը ո՛չ թէ ուսումը, գիտելիքը կամ փորձը եղած է, այլ՝ տիտղոսի, կոչումի տիրանալը: Անդին, սակայն, տարիներով իրենց աչքերուն լոյսը մշուշոտած մարդիկ, որոնք ուղղակիօրէն հանճարներ են, մնացած են մութին ու մոռացութեան մէջ, ինչո՞ւ, որովհետեւ չեն յաջողած, աւելի ճիշդ չե՛ն փափաքած շողոքորթութեան արուեստին տիրանալ ու շողոքորթութեամբ իրենց ճանապարհը բանալ… Այս ուղղութեամբ ի՜նչքան խօսուն են Օշականին սա՛ տողերը. «Անվաւեր անցեալով, եղկելի աւանդութիւններով մեր մշակոյթը ինկած է գարշապարին տակ մարդոց, խայտաբղէտ ու ճարտար, տիտղոսով թէ անվերադիր, պատուելի թէ անպատիւ, որոնք կը մեկնաբանեն, կը յարգեն, կը գործադրեն այդ աստուածային ճշմարտութիւնը, որ հայերէն կը թարգմանուի ապրիլ, ինքն ու իրեններով, մարդավայել կեանքով, բայց անօթի մեռցնել արուեստագէտը։ Ողբ չէ ասիկա, ոչ ալ՝ հեքիաթ։ Ազգային թերութիւն մը…»:
Գրիգոր Զօհրապ խօսելով իր ժամանակուան Պոլսոյ բժիշկներուն մասին, այսպէս կը գրէ.
«Պոլսոյ հայ բժշկական դասը իր վայելած համակրութեան ու ակնածութեան համապատասխանող արժանիք մը ունենալէ հեռի գտնուած է միշտ։
Սկիզբները՝ Եւրոպիոյ մէջ ուսած այս մարդոց արժանիքն ու կարողութիւնը քննելու, իմանալու գաղափարն իսկ մեր միտքը եկած չէր։ Իրենց տօքթէօռի տիտղոսը՝ սովորական մահկանացուներէն տարբեր, գեր ի վեր արարած՝ որ ենթադրել կու տար զանոնք հասարակութեան։
Վերջէն, աւելի սերտ յարաբերութիւններ հաստատուելով Եւրոպիոյ համալսարանաց հետ, տեսնուեցաւ որ ադկից մեզ վերադարձող բժիշկները իրենց կրած ահագին տիտղոսը արդարացնող գիտական վիճակ մը չունին. բայց ասոնց Պոլսոյ պէս համազգային քաղքի մը մէջ գրաւած դիրքը այնքան փայլուն ու շահաւէտ եղած է որ մեր պատրանքը չենք կրցած դիւրութեամբ մէկ կողմ թողուլ, որ մեր բժշկաց նիւթական յաջողութիւնն՝ իրենց գիտական կացութեան խնդիրն յուզելու պէտքը զգալի դարձուցած չէ»։
Միթէ այսօր ալ նոյն վիճակը չի՞ տիրեր մեր իրականութենէն ներս, Հայաստանով ու սփիւռքով…, մէկ տարբերութեամբ սակայն, եթէ անցեալին քիչ մը երկար կը տեւէր հասկնալու համար տուեալ անձի մը արժանիքը, այսօր, սակայն, համացանցի ընձեռած դիւրութիւնները այդ թնճուկները շատ շուտ կը պարզեն ու կը յստակեցնեն:
Յակոբ Օշական Լեւոն Էսաճանեան անունով մէկու մը (բանաստեղծ, մշակութային գործիչ) մասին հետեւեալ կոշտ նկարագրութիւնը տուած է.
«Գիշերաջան կատաղի տքնութիւններու այս հոյակապ ասպետը բռնի իր անունին կապած է բանաստեղծի տիտղոս մը, եւ երկու-երեք տարիէ ի վեր լրագրական բարքերուն թուլութենէն օգտուած, կը շարունակէ իրարու ետեւէ ոտանաւորներ, պրոշիւրներ, հատորներ հրապարակ նետել: Պ. Էսաճանեանի մէջ իր յարատեւութիւնը գովելի է անշուշտ, նոյնիսկ քիչ մը արգահատելի։ Իր հաւատքը սակայն իր տաղանդին վրայ՝ զինքն այնքան կուրցուցած է, որ հետզհետէ փոխանակ ինքզինքը գտնելու, վտանգած է յաջողութեան ամէն հաւանականութիւն»։
Եւ այսօր մենք մեզ արդեօք չե՞նք կուրցուցած, շատ յաճախ կամովին, երբեմն ալ ակամայ… Կուրութիւնը ամօթ կամ մեղք չէ, կոյր մնալն է ամօթանք ու նախատինք, մանաւանդ երբ կողքէն գտնուին ազնուաբարոյ մարդիկ, որոնք այսպէս կամ այնպէս փորձեն խրատել, թելադրութիւններ տալ եւ փորձել ճիշդ ուղղութեան բերել: Հակառակ ընթացքը, այսինքն՝ վիրաւորելով, հայհոյախառն բառապաշար օգատագործելով եղած սխալը ո՛չ թէ կը սրբագրուի, ընդհակառակը՝ ա՛լ աւելի կը խորանայ ու կը մեծնայ:
Աւետիս Թէրզիպաշեան կը գրէ. «Նաւավար Մինասը իր նմաններէն զատող այս զարտուղութիւնները հեգնելու համար էր որ իր արհեստակիցները անոր անունին կցած էին գաբթան տիտղոսը, որմէն սակայն բնաւ դժգոհ չէր մնացած նաւավար Մինաս։ Ան ոչ միայն լուրջի տեղ կ՚առնէր իրեն՝ հեգնօրէն տրուած տիտղոսը, այլ եւ - ամէն անգամ որ իր ականջին կը հնչէր իր անունը շոյող այդ տիտղոսը, երբ մանաւանդ այդ հնչիւնը կու գար քիչ շատ հեղիանակաւոր բերաններէ, Գաբթան Մինասի կուրծքը կարծես թէ կ՚ուռէր քիչ մը եւ լայն ժպիտ մը, զոր աւելի բան գիտցողները միայն կրնան ունենալ, կ՚անցնէր անոր կլոր եւ վարդագոյն դէմքին վրայէն։
Այս երեւոյթը այնքան ալ անբնական չէ այնպիսիներու համար, որոնք՝ կոչումի փոխարէն, ա՛յսպէս թէ այնպէս, տիտղոս մը փակած ունին իրենց անունին»:
Այսօր ինչքան շա՜տ է թիւը գաբթան Մինասներուն, միւս կողմէ կոչումն ու տիտղոսը մեր օրերուն սկսած են նոյն նժարին վրայ դրուիլ, տիտղոս մը եթէ չըլլայ, կոչում մը գտնենք, կոչում մը եթէ չըլլայ, գոնէ տիտղոս մը:
Պէտք է սթափինք քանի ուշ չէ տակաւին, վաղը կրնայ շա՜տ ուշ ըլլալ:
Մարդիկ, հաւատարիմ մնացէք ձեր ՄԱ՛ՐԴ կոչումին եւ փորձեցէք ՄԱՐԴ տիտղոսը ընդմիշտ կրել ձեր վրայ, որով միւս բոլոր կոչումներն ու տիտղոսները իրենց ճիշդ տեղն ու դերը կը գտնեն ձեր կեանքերուն մէջ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
27 սեպտեմբեր 2021, Վաղարշապատ