ԱՇԽԱՐՀԱՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՀԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ռուսաստանի վերլուծաբաններու մեծամասնութիւնը կը ծառայէ նախագահ Վլատիմիր Փութինին։ Սա գաղտնիք չէ, երբ մանաւանդ՝ կը մտածենք, թէ գործ ունինք մեր ժամանակներու երկաթեայ բռունցքով գործող Քրեմլինի իշխանութիւններուն հետ, որոնց հիմնական եւ առաջնային երազն է վերադառնալ կամ իրենց տիրապետած տարածքներուն մէջ վերադարձ մը կատարել դէպի Ցարական Ռուսաստանի ժամանակներ։

Անշուշտ, Փութինի եւ իր փակ օղակներուն եւ անոր խելք տուողներուն մեծ երազները ճամբայ ելան, երբ Ռուսաստան երկար տարիներու սպասումէ ետք հասաւ մինչեւ Սուրիոյ տաք ջուրերը։ Ճիշդ է, որ Սուրիոյ պատերազմի ընդհանուր հունը փոխուեցաւ, սակայն այդ ժամանակներէն սկսեալ կամաց-կամաց Փութին դարձաւ հաւաքական Արեւմուտքի ամենակարեւոր եւ ամենամեծ թշնամին։ Փրակմաթիզմի վրայ հիմնուած եւ քաղաքակրթական արժէքները գետին նետած իշխանութիւնը (Ռուսաստանի մասին է խօսքը) ճիշդ է՝ կարողացաւ կարեւոր միաւորներ հաւաքել Սուրիոյ մէջ, սակայն սա միայն խաղի սկիզբն էր։

Մենք արագօրէն ականատես դարձանք, թէ ի՛նչ պայմաններու տակ ընթացք առաւ Ուքրայնայի պատերազմը եւ այս անգամ փրկչական գործ մը կատարելու մեծ երազը մէկդի դրած, Ռուսաստան գրոհեց Ուքրայնայի վրայ։ Պատերազմ, որ առ այժմ կը շարունակուի եւ որուն աւարտը չի թուիր մօտիկ ըլլալ։ Պատերազմ, որ նաեւ ցոյց տուաւ, թէ ինչքա՛ն խոցելի կողմեր ունի Փութինի Ռուսաստանը եւ ինչքա՛ն առանձին է ընդհանուր խաղին մէջ։ Այն երկիրները՝ յատկապէս Չինաստան, որոնք առերեւոյթ պատրաստ էին ամէն ինչ ընել յանուն Ռուսաստանի, խաղէն քաշ-ւեցան։ Ռազմական գետինը եւ ռազմական բեռը մնաց Մոսկուայի ուսերուն, իսկ բարեկամ համարուած երկիրները յայտարարեցին, որ պատրաստ են միայն տնտեսական գործակցութիւն մը յառաջ տանիլ ռուսներուն հետ։

Ուքրայնայի պատերազմը, որ Ռուսաստանի կողմէ ընթացք առաւ՝ որպէս «յատուկ գործողութիւն», հետզհետէ բարդացաւ՝ ջուրի երես հանելով Քրեմլինի թէ՛ քաղաքական եւ թէ յատկապէս՝ ներքին-անվտանգային թոյլ կողմերը։ Ու այս առումով ալ խելքէ վեր բան մը համարուեցաւ, երբ Ուքրայնայի անօդաչուները սկսան հարուածներ հասցնել Մոսկուայի դէմ։

Այս բոլորի լոյսին տակ ամէն պահ սկսաւ բացորոշ դառնալ, որ Մոսկուա կրնայ ետ մղուիլ իր իսկ սկսած խաղերէն ու նոյնիսկ իր զօրքերը դուրս բերել այն շրջաններէն, որոնք վերջին տարիներուն նուաճուած էին։ Խօսքը մասնաւորապէս Սուրիոյ մասին էր, բայց Ռուսաստան շատ լաւ հասկցաւ, որ այնտեղ Թուրքիոյ հետ գոյացած համերաշխական մթնոլորտին մէջ մեծ ներուժի կարիք պիտի չունենար իր զօրքերը պահելու համար։ Նոյնը չենք կրնար ըսել Հարաւային Կովկասի պարագային, ուր Մոսկուա մինչեւ այս պահը յայտնուած է բաւական բարդ վիճակներու մէջ։ Ուրեմն մէկ կողմէ կայ Սուրիոյ հրաբուխը, որ տանելի վիճակ մը ունի, իսկ միւս կողմէ Ռուսաստան դէմ յանդիման կը գտնուի Հարաւային Կովկասի հրա-բուխին հետ, որուն լաւաները դեռ չեն սառած, իսկ ներքին հրաբխային իրավիճակը կը շարունակէ եռալ ու եռալ։

Այս վիճակներուն մէջ Մոսկուայի համար կը շարունակէ դիւրագրգիռ կացութիւն ստեղծել, երբ Երեւան պաշտօնապէս որեւէ խօսք չի հնչեցներ կամ որեւէ քայլի չի դիմեր։ Այս վերջին նրբութիւնները մեծ հաշուով ընկալելի կը դառնան, երբ յիշատակենք Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ Ռուսաստանի ուժերու անգործունեայ ըլլալու մասին արձակած նետերը, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հետ խաղաղապահ ուժերու զօրափորձերը, հակառակ որ առաջինը չեն եւ մեծ նշանակութիւն մըն ալ չունին ռազմական տեսակէտէ, նաեւ վարչապետի տիկնոջ՝ Աննա Յակոբեանի Քիեւ այցելութիւնը։ Տակաւին չենք խօսիր յաջորդած իրադարձութիւններուն եւ երկու մայրաքաղաքներուն միջեւ ստեղծուած բանավէճին մասին։

Այս բոլորը մեծապէս զայրացուցած են Մոսկուան եւ կը նկատուի, որ Երեւանի հետ մեծ լարուածութիւն մը յառաջացած է։ Յամենայնդէպս, ամենակարեւոր հարցադրումն է, որ Մոսկուա պիտի պահէ՞ իր դիրքերը Հարաւային Կովկասի մէջ կամ պիտի լքէ իր ռազմաքաղաքական դարաւոր դաշնակից Հայաստանը։ Ու այս հիմնական հարցադրումին առընթեր, ռուս վերլուծաբանները ամբողջ մեղքը կը թափեն Հայաստանի վարչապետին վրայ, կը նոյնացնեն անոր դերն ու Ատրպէյճանի նախագահին դերակատարութիւնը՝ փոխանակ սպասելի կամ հասկնալի պատասխաններ տալու։ Ամէն տեսակ խնդիր, դիտարկում, սադրանք գործի կը դրուի՝ միայն թէ մոռացութեան տրուին Ռուսաստանի թուլութիւնն ու չկամութիւնը իր դարաւոր դաշնակից Հայաստանի նկատմամբ։

Ու այս բոլորը ներկայացնելէ ետք կ՚արժէ հաշուի առնել ռուս վերլուծաբան Սթանիսլաւ Թարասովի վերջին խորհրդածութիւններէն մին։ Սա փորձ մըն է հասկնալու համար, թէ ի՛նչ նուրբ թելերով կը մանուի Հարաւային Կովկասի պայթիւնավտանգ քարտէսը։ Վերլուծաբանը կը նշէ, որ Փաշինեան եւ Ալիեւ միասին յայտնուած են աշխարհաքաղաքական ծուղակի մէջ։ Յօդուածը կը բովանդակէ մէջբերումներ՝ Փաշինեանի արեւմտեան մամուլին տուած հարցազրոյցներէն, որոնցմէ մէկուն ընթացքին հանդէս եկաւ հակառուս աղմկայարոյց յայտարարութեամբ, ուր ռազմավարական սխալ որակեց Հայաստանի անվտանգութեան ճարտարապետութիւնը Ռուսաստանի հետ կապելը։ Ան քննադատեց Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութիւնը եւ ռուս խաղաղապահները մեղադրեց՝ Ղարաբաղի մէջ իրենց ուսերուն վրայ դրուած խնդիրները չկատարելու մէջ։ Ըստ վերլուծաբանին, աւելի վերջ պարզ դարձաւ, որ ան սադրիչ հակազդակ համադրութիւն մը կը մշակէ։ Ասոր համար կարեւոր էր ստուգել արտաքին խաղացողներու իրավիճակին արձագանգելու մակարդակը՝ անոնց հաւանական գործնական պատասխան գործողութիւններու տեսանկիւնէն եւ առաջին հերթին, ի հարկէ, Ռուսաստանի տեսանկիւնէն։

Ան պատասխան ստացաւ ռուսական անանուն դիւանագիտական աղբիւրէ մը։ Այդ աղբիւրը ԹԱՍՍ-ին յայտնեց, որ Մոսկուա Փաշինեանի յայտարարութիւնները կը գը-նահատէ՝ որպէս թոնայնութեամբ եւ բովանդակութեամբ անընդունելի, նաեւ սեփական սխալ հաշուարկներու ու սխալներու համար պատասխանատուութիւնը Ռուսաստանի վրայ բարդելու նպատակին հետամուտ։ Ըստ նոյն աղբիւրին, փորձեր կը կատարուին Ռուսաստանը արհեստականօրէն դուրս մղելու Հարաւային Կովկասէն, ընդ որում Արեւմուտքը կ՚օգտագործէ Հայաստանը՝ որպէս այդ նպատակի իրագործման միջոց։ Դիւանագիտական աղբիւրը նաեւ ընդգծած է, որ Ռուսաստան՝ որպէս Հայաստանի ամենամօտ բարեկամ եւ հարեւան, մտադիր չէ լքելու տարածաշրջանը եւ կոչ ուղղած է, որպէսզի Երեւան գործիք չդառնայ Արեւմուտքի ձեռքերուն մէջ։

Ինչ կը վերաբերի Արեւմուտքին, ապա անոր արձագանգը նոյնպէս իւրայատուկ կը թուի ըլլալ։ Սկիզբին, ՆԱԹՕ-ի նախկին գլխաւոր քարտուղար Անտերս ֆոկ Ռասմուսէն ընկերային հարթակներու վրայ հրապարակած էր շրջափակուած Արցախի մասին BBC-ի նիւթը։ Յաջորդեց ՆԱԹՕ-ի ընդլայնման Եւրոպայի կոմիտէի նախագահ Կիւնթեր Ֆիւլինկերի յայտարարութիւնը, որով կոչ ուղղուեցաւ, որպէսզի Հայաստան միանայ դաշինքին։ Իր խօսքով, ԱՄՆ-ի նախագահ Ճօ Պայտըն նաեւ կը պաշտպանէ Հայաստանը։ Բայց սա Փաշինեանի կողմէ ակնկալուած արձագանգի մակարդակը չէր։

Այս առումով կան ընդհանուր յատկութիւններու ենթադրութիւններ։ Առաջինը՝ Փաշինեան հասկցաւ, որ ինք հնարաւորութիւն չունի Ռուսաստանը ներքաշելու Ատրպէյճանի հետ պատերազմի մէջ։ Երկրորդ՝ արեւմտամէտ յայտարարութիւնները չնշանակեցին, որ Հայաստան Արեւմուտքի կողմէ ուժեղ յաւելեալ պարգեւներ պիտի ստանայ, բացի ֆրանսացի դիւանագէտներու եւ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարութեան կողմէ ընդամէնը քննադատութիւններէ՝ Ատրպէյճանի քաղաքականութեան վերաբերեալ։ Այս իմաստով ոչինչ պիտի փոխուի, թէեւ Փաշինեան յայտարարած է, որ Հայաստան Ռուսաստանի դաշնակիցը չէ Ուքրայնայի հակամարտութեան մէջ եւ իբր թէ Ռուսաստան կը հեռանայ տարածաշրջանէն։

Իրան լռած է։ Թուրքիան կը զգուշանայ Փաշինեանի քաղաքական խուսանաւումներէն եւ Ֆրանսայի հետ անոր դաշինքէն՝ հաշուի առնելով, որ Միջերկրական ծովու կապակցութեամբ Փարիզ ներքաշուած է Անգարայի հետ առճակատման։

Այժմ՝ Փաշինեանի Ռուսաստանի վրայ յարձակելու պատճառներուն մասին աւելի յստակ յատկանիշներ… 2018-ի մայիսին, Հայաստանի մէջ Փաշինեանի իշխանութեան գլուխ գալէն ի վեր Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը գտնուի տեւական ճգնաժամային վիճակի մէջ։ Ընդ որում, գլխաւոր իրադարձութիւնները կը ծաւալուէին Լեռնային Ղարաբաղի խնդրին շուրջ։ Փաշինեան պարտուեցաւ Ղարաբաղի երկրորդ պատերազմին, մսխեց աշխարհաքաղաքական ամբողջ ժառանգութիւնը, որ իրեն հասած էր երկրի նախկին ղեկավարներէն։ Ան չկարողացաւ խնդիրը լուծել դիւանագիտական միջոցներով։ Յետոյ փորձեց ու կը շարունակէ փորձել սեփական սխալներու ու սխալ հաշուարկներու պատասխանատուութիւնը բարդել Ռուսաստանի վրայ։ Ըստ միջազգային մետիային, այս բոլորէն վերջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ դիմակայութիւնը աւելի ու աւելի ռազմատենչ բը-նոյթ կը ստանայ՝ որքան որ ալ Փաշինեան ակնյայտ զիջումներ կատարած ըլլայ Ալիեւին։ Բայց ան Փաշինեանի առջեւ այլ խնդիրներ ալ դրած է։ Ռուս վերլուծաբանը համոզուած է, թէ Փաշինեան եւ Ալիեւ միասին յայտնուած են աշխարհաքաղաքական ծուղակի մէջ։

Այժմ դադրեցուած են երկու երկիրներու միջեւ բանակցութիւնները։ (…) Ատրպէյճան կը կրակէ Հայաստանի վրայ, որ 1987 թուականի հակամարտութեան սկիզբէն ի վեր առաջին անգամ ճանչցաւ իր գերիշխանութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի պարագային։ Այժմ ակնյայտ է, որ իրադարձութիւններու ընթացքը կրնայ նեղացնել Փաշինեանի եւ Ալիեւի խուսանաւելու կարելիութիւնը, կը խափանէ անոնց ձեռնարկած բազմաքայլ աշխարհաքաղաքական համադրութիւնները։ Անոր համար ալ Փաշինեան սկսած է մէկ կողմէ միւս կողմ նետուիլ, որովհետեւ, այսպէս կոչուած, յետհակամարտային կարգաւորումը կրնայ իշխանութիւնը փոխել Երեւանի մէջ։ Այնպէս որ, խաղը կը շարունակուի ու կը մնայ միայն գուշակել, թէ դուրսի խաղացողներէն ո՛վ պիտի որոշէ օգտուիլ տրուած պատմական առիթէն։

«ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՄԻՇՏ ԿԸ ԴԱՌՆԱՅ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ԶՈՀԸ ԵՒ ԺԱՄԱՆԱԿԸ ԵԿԱԾ Է, ՈՐ ՀԵՏԱՄՈՒՏ ԸԼԼԱՅ ՍԵՓԱԿԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ՇԱՀԵՐՈՒՆ»

Միջազգայնագէտ տքթ. Սահակ Անտէքեան համոզուած է, թէ Հայաստան միշտ ալ Ռուսաստանի զոհը եղած է եւ ժամանակն է, որ դուրս գայ այդ կարգավիճակէն։ Տարածաշրջանային իրադարձութիւններու համայնապատկերին վրայ ան մեզի հետ բաժնեց հետեւեալ խորհրդածութիւնները։

*

-Դէպի ո՞ւր կ՚երթան Թուրքիա-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւնները։

-Թուրքիան շատ կարեւոր դեր ունի ԱՄՆ-ի արտաքին քաղաքականութեան մէջ՝ մանաւանդ, որ 1920-ական թուականներէն ի վեր ան յառաջ գնաց՝ ունենալով Արեւմուտքի, Եւրոպայի ուղղուածութիւն։ Այդ օրերէն ի վեր Թուրքիան արեւմտեան երկիրներու կողքին է։ 1996-էն ետք իրողութիւնը որոշ չափով փոխուեցաւ, իշխանութիւնները հետզհետէ աւելի իսլամական ուղեգիծ մը որդեգրեցին։ Երբ Ռուսաստան Ուքրայնայի վրայ յարձակեցաւ, Թուրքիա փորձեց իր դերը աճեցնել եւ տեղը ընդլայնել տարածաշրջանին մէջ։ Միջազգային խաղացողներ այնպէս կ՚ընկալեն, որ ան սկսած է ուրիշ պետութիւններու ներքին հարցերուն միջամուխ ըլլալ. օրինակ՝ Լիպիա, Սուրիա ու նոյնիսկ Իրաք։ Ան Քաթարի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ ալ փորձեց միջնորդ ըլլալ եւ իր շահերը պաշտպանել, երբ անոնք խնդիրներ ունէին իրարու հետ։ Պէտք է խոստովանիլ, որ Թուրքիան այսօր տարածաշրջանի հիմնական խաղացողներէն մին է։ Էրտողանի վերընտրումէն վերջ կառավարութիւնը որդեգրեց «զերօ հարցի» քաղաքականութիւնը։ Այս պատճառով կը տեսնենք, որ Թուրքիա ներկայիս կը փորձէ հարցերը կամաց-կամաց պաղեցնել եւ վերադառնալ իր բնական տեղը եւ խաղալ իր բնական դերը։ Այս ուղղութեամբ  Պայտըն խօսեցաւ Էրտողանի հետ՝ Շուէտի ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան շուրջ։ Թուրքիա պայմաններ դրած էր զանազան պատճառներով, բայց անոր մտավախութիւնները փարատուեցան եւ Թուրքիա համաձայնութեան հասաւ ԱՄՆ-ի հետ, որպէսզի Շուէտը դառնայ ՆԱԹՕ-ի անդամ։ Այս որոշումը, բնականաբար, ճամբայ պիտի բանայ այլ առիթներով ալ գործակցութեան։

-Ներկայիս Ռուսաստան շատ ուրախ չէ վերջին իրադարձութիւններէն։ Այսօր Ռուսաստան Թուրքիոյ շատ աւելի պէտք ունի, քան հակառակը։

-Այո՛, ճիշդ է, այսօր Ռուսաստանը Թուրքիոյ աւելի կարիքը ունի՝ քան Թուրքիան Ռուսաստանին։ Զանազան պատճառներ կան։ Օրինակ, երբ Ռուսաստան յարձակեցաւ Ուքրայնայի վրայ, Թուրքիա չդժուարացուց Ռուսաստանի գործը։ Երբ Սեւ ծովու հացահատիկի գործարքը եղաւ, Թուրքիան էր միջնորդը։ Թեհրանի մէջ Թուրքիա ժողովի մասնակցեցաւ Ռուսաստանի եւ Իրանի հետ, որպէսզի Ուքրայնայի հարցը յստակացուի։ Այդ փուլին, Թուրքիան կողմ եղաւ Ռուսաստանին եւ Իրանին։ Այս երկու օրինակները ցոյց կու տան, որ Ռուսաստանը աւելի պէտք ունէր Թուրքիոյ։

Այստեղ  Հայաստանի վերաբերեալ փակագիծ մը բանանք՝ մանաւանդ, որ Արցախի պարագային, անշուշտ, Թուրքիան պէտք ունէր Ռուսաստանին, որովհետեւ փոխադարձ շահ կար անոնց միջեւ։ Ծանօթ է, որ Ռուսաստան ժխտական դեր խաղաց 2020 թուականի Արցախի պատերազմին եւ աչք փակեց Ատրպէյճանի կողմէ կատարուածներուն, որոնք կը խրախուսուէին Թուրքիոյ կողմէ։ Բնականաբար, այսօր եղածը Հայաստանի դէմ մեծ դաւաճանութիւն մը կը նկատուի Ռուսաստանի կողմէ, իսկ Ռուսաստան հիասթափուած է Թուրքիայէն, որ հաւանութիւն տուաւ Շուէտի անդամակցութեան ու այսպէսով դաշինքի ազդեցութիւնը սկսաւ ընդլայնիլ եւ հասնիլ մինչեւ իր հիւսիսային սահմանը։ Բնականաբար, սա Ռուսաստանին համար վնասակար է։ Այսօր արդէն քաղաքական ձայներ կը լսուին Ռուսաստանէն այս կապակցութեամբ։ Կարգ մը ռուս քաղաքական գործիչներ կը յայտնեն, որ Թուրքիա անկիւնադարձային քաղաքականութիւն մը կ՚իրականացնէ, որովհետեւ չէզոք դիրքերէ սկսած է անցնիլ Արեւմուտքի կողմը։ Սա Ռուսաստանի տեսակէտէ կը համարուի կռնակէն դաշոյնի հարուած մը, որովհետեւ Թուրքիան ձեւով մը առիթ տուած է, որպէսզի ՆԱԹՕ յայտնուի Ռուսաստանի հիւսիսային սահմանին վրայ։ Սա արդէն Ռուսաստանի կողմէ Ուքրայնայի վրայ կատարուած յարձակման պատճառներէն մին էր։

-Թուրքիա եւ Ռուսաստան  յարաբերութիւններու ընթացքը ինչպէ՞ս կրնայ ազդել Հայաստանի վրայ։

-Երբ Ռուսաստանն ու Թուրքիան հարցեր ունենային իրարու հետ, Հայաստան կ՚օգտուէր, բայց, դըժ-բախտաբար, Հայաստան փոքր երկիր մըն է եւ ընդհանուր քաղաքական գետնի վրայ մեծ դեր մը չունի խաղալու։ Այդ պատճառով մենք միշտ «ապտակը կ՚ուտենք» եւ վնասը կը կրենք։ Թերեւս այս ըսածս շատեր չհաւնին, բայց պէտք է զգացումները մէկ կողմ դնել եւ ուղեղով մօտենալ այս հարցին։ Ըստ իս, որպէսզի Հայաստան գոյատեւէ եւ աւելի փայլուն ապագայ մը կարենայ ունենալ, պէտք է դրական ցնցում մը ընէ՝ առկայ իրավիճակէն դուրս գալու համար։ Հայաստան շրջապատուած է չորս հիմնական երկիրներով, որոնց մեծ մասը թշանամութիւն ունին անոր հետ։ Հայաստան պէտք է որդեգրէ այն ռազմավարութիւնը, որ 1979-ին Էնվեր Սետատ որդեգրած էր Իսրայէլի պարագային։ Հայաստան պէտք է լաւ յարաբերութիւններ ունենայ զինք շրջապատող այս չորս երկիրներէն մէկուն հետ։ Ատրպէյճանը մոռնանք՝ զանազան պատճառներու համար։ Ինչո՞ւ պիտի երթանք Ատրպէյճանին քով, երբ իր վարպետը՝ Թուրքիան կայ։ Ուղղակի աղբիւրը պէտք է երթալ։ Հայաստան ձեւ մը պէտք է գտնէ, որ Թուրքիոյ հետ մօտենայ ո՛չ թէ զիջելով, այլ օգտուելով, որպէսզի կարենայ ոտքի կանգնիլ։ Շատեր ըսածս պիտի չհաւնին, բայց այս է իրականութիւնը։ Ասիկա աշխարհագրութեան անէծքն է։

-ԱՄՆ բան մը կրնա՞յ ապահովել Թուրքիա-Հայաստան մերձեցման նկատմամբ։

-Բնական է։ ԱՄՆ այսօր ինչ արտաքին ռազմավարութիւն որ կ՚ունենայ, կը բխի սեփական շահերէն։ Բնական է, որ երբ Հայաստանն ու Թուրքիան մօտենան, ան ռազմավարական նպատակ մը իրականացուցած պիտի ըլլայ, որովհետեւ այդ մերձեցումով Ռուսաստանի շահերուն հարուածած կ՚ըլլայ։ Ինչպէս գիտէք, երբ Նենսի Փելոզին Երեւան այցելեց, բաւական դրական բաներ ըսաւ Հայաստանի մասին։ Անշուշտ, ԱՄՆ Հայաստանի «սեւ աչքերուն» համար չ՚ուզեր մօտենալ, բայց հայկական կողմն ալ այստեղ որոշ դեր մը կրնայ կատարել։ Հայաստան պէտք է այս իրավիճակէն օգտուի եւ փորձէ իր ազգային շահերը հետապնդել եւ իրականացնել՝ առկայ իրարանցումին եւ տաղտուկին մէջ։ Բնական է, որ հայկական կողմն ալ ունի իր ռազմավարութիւնը, իր տեսիլքը, իր նպատակները։ Այժմ հասուն առիթի մը պահն է, որպէսզի այդ նպատակները հետապնդուին ու իրականացուին։ Անշուշտ, Հայաստան պէտք է շատ զգոյշ ըլլայ, որովհետեւ մինչեւ հիմա, ան միշտ Ռուսաստանի զոհը դարձած է։ Բայց, այլեւս կը բաւէ։ Հայաստանն ալ պէտք է պաշտպանէ իր շահերը, նոյնիսկ եթէ այդ բանը ըլլայ ԱՄՆ-ի միջոցով։ Երբ Հայաստան մերձենայ Թուրքիոյ հետ, ապա կրկնակի կը շահի։ Թէ՛ շունչ մը կ՚առնէ եւ թէ ԱՄՆ-ի օգնութեամբ տնտեսապէս աւելի յառաջ կ՚երթայ։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 13, 2023