ՊԻՏԻ ԴԱՒԱՃԱՆԵ՛Մ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՍ (ԶԱՌԱՆՑԱՆՔ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԱԽԻ ՄԱՍԻՆ)
ԱՒԼՈՂԸ
Սիոնիզմը, գաղութատիրութիւնն ու կայսերապաշտութիւնը, պաղեստինեան յեղափոխութեան գլուխը կ՚ուզեն:
Պաղեստինեան յեղափոխութիւնը սիոնիզմի, գաղութատիրութեան եւ կայսերապաշտութեան գլուխը կ՚ուզէ:
Դաւադիրները յառաջադէմ վարչակարգերուն գլուխը կ՚ուզեն:
Յառաջադէմ վարչակարգերը՝ դաւադիրներուն գլուխները:
Հարաւային Եեմէնը Հիւսիսային Եմէնի գլուխը կ՚ուզէ:
Հիւսիսային Եմէնը Հարաւային Եմէնի գլուխը կ՚ուզէ:
Պոլիսարները Մարոքոյի գլուխը կ՚ուզեն:
Մարոքոն Պոլիսարիոյի գլուխը կ՚ուզէ:
Լիբանանի մէջ օրինականութիւնը Սուատ Հատատի գլուխը կ՚ուզէ:
Սուատ Հատատն ալ օրինականութեան եւ Րաըս ալ-Նաքուրային գլուխը կ՚ուզէ:
Ալ-Սետաթը բոլորին գլուխը կ՚ուզէ:
Եւ բոլորը՝ ալ-Սետաթին գլուխը կ՚ուզեն:
Այս բոլորին վրայ տարածաշրջանի հանդիսութիւններու բոլոր սրահները սկսան «Յօշոտող դունչը» ֆիլմը ցուցադրել… Աստուա՜ծ իմ, սպանդանոցի մէ՞ջ կ՚ապրինք:
Եւ պահուըտեցայ առաջին հանդիպած ամենէն խորունկ փոսին մէջ: Այնտեղի կոյուղիներու, աղբի, ամերիկեան պահածոյ դատարկ տուփերու շատութենէն հասկցայ, որ ասիկա բռնատիրտութեան եւ կայսերապաշտութեան դէմ արաբական պայքարի խրամատներէն մէկն է, որ մեծ թիւով տարածուած են երրորդ աշխարհի բոլոր փողոցներուն եւ թաղերուն մէջ: Խորքին մէջ, այն կը փորէ դիմադրելու համար որեւէ մէկ արտաքին վտանգի: Օրերը եւ տարիները անցնելով անոնք կը վերածուին հեռախօսներու պողպատէ պարաններու, կամ միզարանի՝ հակամարտութեան ուշացումէն բարկացած ժողովուրդին համար:
Ապահով տեղ մը հասնելէ ետք՝ հեռու ամէն տեսակի վտանգէ, ուշ գիշերին աւլողներէն մէկը երեւցաւ ինծի ու զարմացած հարցուց. ի՞նչ կ՚ընես այս փոսին մէջ, շուտ դուրս ել ատկէ:
Ըսի անոր. խե՞նթ ես: Լուրերը չե՞ս լսեր:
Ըսաւ. սակայն պահուըտիլդ խնդիր պիտի յարուցէ… աշխարհը իրար պիտի անցընէ:
Ըսի. մարդիկը Մուսա ալ-Սատըրը1 մէկ շաբաթ վերջ մոռցան:
Տխուր շեշտով մը ըսաւ. իրապէս: Սակայն, ընտանիքիդ եւ հարազատներուդ մասին չե՞ս մտածեր:
Ըսի. ես եսասէր մարդ մըն եմ եւ ինձմէ զատ ուրիշ ո՛չ ոքի մասին կը մտածեմ: Այստեղէն դուրս պիտի չելլեմ, մինչեւ յստակ պատասխաններ չստանամ իմ հարցումներուս: Արաբական մամուլին լուր տուր, որ բանագնաց մը ղրկեն, որպէսզի բանակցի ինծի հետ:
Իր աւելը հպարտութեամբ բարձրացնելով, ըսաւ. ե՛ս եմ՝ ով կը փնտռես: Ամբողջ կեանքս անցուցի աւլելով թերթերը, խմբագրականները, արձագանգերը, մարդոց հարցումներն ու անոնց կարծիքները: Իմ այդ աւելս տարածաշրջանի մամուլը Կէպելսն2 է:
Ըսի. բայց հարցումներս շատ անձնական են:
Ըսաւ. կեանքիս մէջ բազմաթիւ անձնական եւ ընդհանուր խնդիրներ աւլած եմ:
Ըսի. լաւ. պատահականութի՞ւն է, որ ամէն անգամ երբ հայրենիքէն ճամբորդեմ կամ հայրենիք վերադառնամ ու առաջին թերթը բանամ, դէմս կ՚ելլէ Մուհյի ալ-Տին ալ-Պարատիի3 նկարը:
Պատահականութի՞ւն է, որ Քլոտ Ֆրանսուայի4 նման երգիչ մը մահանայ փոքրիկ ելեկտրական լապտերի մը պատճառով, մինչ մեր մօտ, եթէ տեղացի երգիչ մը «աթոմակայան» մը կուլ տայ, մազ մը անգամ չի՛ շարժիր անոր վրայ:
Տակաւին, պատահականութի՞ւն է, որ արաբական ռատիոկայաններն ու թատերասրահները ազգային, հայրենական կամ սահմանային որեւէ մէկ առիթի, այլեւս ոչի՞նչ ունին արաբ ժողովուրդներուն ներկայացնելու, բացի Սամիրա Թաուֆիքէն: Սամիրա Թաուֆիքը Սաթէէ ալ-Հասրի՞5 եղաւ:
Ըսաւ. այս հարցումները շա՜տ անձնական են: Ներողութիւն, որ պիտի չպատասխանեմ ատոնց:
Ըսի. լա՛ւ. պատահականութի՞ւն է, որ ընկերվարական բոլոր երկիրները մէկ անգամէն իրենց յարաբերութիւնները կտրեցին Իսրայէլի հետ, 1967-ին պատերազմէն ետք, բացի մէկ երկիրէ: Ապա, այդ երկիրը դառնայ ամենէն ընկերվարական երկիրը, հաւատարիմ՝ արաբ ժողովուրդներուն եւ ամենէն անկեղծն ու ազնիւը անոնց ղեկավարներուն եւ դեսպաններուն նկատմամբ:
Տակաւին, պատահականութի՞ւն է, որ երբ ազգայնական հանդիսութիւն մը կազմակերպուի յառաջադէմ երկրի մը մէջ, առաջին շնորհաւորողները կ՚ըլլան յետադիմականներն ու պահպանողականները: Իսկ եթէ նման հանդիսութիւն մը կազմակերպուի յետադիմական կամ պահպանողական երկրի մը մէջ, առաջին շնչասպառ հասնողները՝ շնորհաւորելու համար, կ՚ըլլան յառաջադէմներն ու յեղափողականները:
Ի՞նչ է այս անհեթեթութիւնը: Ի՞նչ է այս «կալա-կալա»յի քաղաքականութիւնը: Պէտք է հասկնա՛մ. «Խնդրեմ, օգնութեան ձեռք երկարէ ինծի»:
Ան իր աւելը երկարեց ինծի ու ըսաւ. ասոնք հարցումներ չեն, ասոնք ձերբակալութեան հրամաններ են: Ե՛լ այս փոսէն ու վերադարձի՛ր տունդ, եւ ձգէ՛, որպէսզի ես ալ վերադառնամ իմ տունս:
Ըսի. պիտի չելլեմ՝ մինչեւ ուզածս չլսեմ:
Ըսաւ. ամբողջ կեանքդ առանձին ու զրկուա՞ծ պիտի անցընես, այս փոսին մէջ:
Ըսի. այո՛: Առանձին պիտի ապրիմ, առանց սիրոյ, առանց յոյսի, Ֆարիտ ալ-Աթրաշին պէս:
Ըսաւ. սակայն խոնաւութիւնը պիտի սպաննէ քեզ: Չե՞ս տեսներ, որ ջուրը տակէդ կը վազէ:
Ըսի. այս մէկը շա՜տոնց գիտեմ. ջուրը մեր տակէն կը վազէ, իսկ քաղաքականութիւնը՝ մեր վրայէն… ո՞ւր թռչինք:
Ըսաւ. կը թուի, թէ բազմաթիւ երկիրներ պիտի թռչին:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 45
Վաղարշապատ
1 Պարսիկ-լիբանանցի կրօնական ղեկավար: Ամալ շարժումի հիմնադիրն է (1974, Լիբանան): Ծնած է Պարսկաստան 15 ապրիլ 1928-ին: 25 օգոստոս 1978-ին երկու ընկերներու հետ մեկնած է Լիպիա՝ Մուամմէր ալ-Քատտաֆիի հրաւէրով: Անյայտ պայմաններու մէջ անհետացած են: Վերջին անգամ անոնք տեսնուած են 31 օգոստոս 1978-ին եւ մինչ օրս անոնց մասին որեւէ մէկ տեղեկութիւն չկայ:
2 Ժոզէֆ Կէպելս (29 հոկտեմբեր 1897-1 մայիս 1945): Նացիական Գերմանիոյ պետական եւ քաղաքական գործիչ: Յայտնի եղած է հրեաներուն նկատմամբ իր ունեցած ատելութեամբ: Ատոլֆ Հիթլէրի մտերիմներէն եղած է: 1933-1945 թուականներուն եղած է Գերմանական կայսրութեան մշակոյթի պալատի նախագահը: Նոյն թուականներուն եղած է նաեւ կայսրութեան լուսաւորութեան եւ քարոզչութեան նախարար: 1944-1945-ին եղած է Պերլինի քաղաքային նախագահ: Զբաղեցուցած է նաեւ այլ բազմաթիւ պաշտօններ:
3 Խալէտ Մուհյի ալ-Տին ալ-Պարատի: Սուրիացի բանաստեղ, գրաքննադատ, թատերագիր: Ծնած է 1934-ին, մահացած՝ 2008-ին:
4 Եգիպտական ծագումով ֆրանսացի երգիչ ու դերասան: Ծնած է 1 փետրուար 1939-ին, Եգիպտոս, մահացած է 11 մարտ 1978-ին, Փարիզ: Ծանօթ է Կլօկլօ մականունով:
5 Սաթէէ Պըն Մուհամմէտ Հիլալ ալ-Հասրի, սուրիացի մտաւորական եւ գրող: Ծնած է 5 օգոստոս 1879-ին, Հալէպ, մահացած է 24 դեկտեմբեր 1968-ին: Ներկայ դարուն արաբական ազգայնականութեան ամենէն նշանաւոր ներկայացուցիչներէն մէկն է: Սուրիոյ կրթութեան նախարարութեան հիմնադիրն է, 1919-ին: Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ մշակած է կրթական ծրագիրներ: Մասնակցութիւն ունեցած է նաեւ Պաղտատի համալսարանի Իրաւագիտութեան կաճառի հիմնադրութեան: Արաբական գագաթաժողովին խորհրդական եղած է: