ԵՐԿԱՐԱՏԵՒ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՎՏԱՆԳ

Մինչ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի երրորդ շաբաթն է արդէն ու ռազմական գործողութիւնները կը շարունակուին, անդին կան խօսակցութիւններ՝ խաղաղարար ճիգերու մասին։ Խօսքը մասնաւորապէս Գերմանիոյ նախաձեռնութեան մասին է, որու ռահվիրան կը համարուի վարչապետ Օլաֆ Շոլց, որ արտայայտուած էր օրեր առաջ ու կը շարունակէ միջնորդաւորուած բանակցութիւններ վարել Մոսկուայի հետ։ Կը հաղորդուի, որ այդ բանակցութիւններուն համար Պերլին յատուկ բանագնաց մը նշանակած է եւ ան Մոսկուա այցելելով հանդիպած է նախագահ Փութինի հետ։

Թէեւ Մոսկուա բանակցութիւններու գաղափարը որեւէ կերպով չի մերժեր, սակայն ռուսական բանակը կը շարունակէ իր գործողութիւնները։ Ան շարք մը պարագաներու մէջ ալ ակամայ կերպով կը հարուածէ անզէն քաղաքայիններու կեդրոններ։ Պատերազմ է՝ թանձր, ծանր հետեւանքներով ու մտավախութիւն կայ, թէ երկու կողմերը որեւէ փուլի մէջ Ուքրայնան կրնան վերածել «վարձկաններ»ու պատերազմի։ Պէտք չէ մոռնալ, որ առաջինը Քիեւ դուռ բացաւ դէպի Ուքրայնա վարձկան զինեալներ «ներածելու», իսկ աւելի վերջ Մոսկուա յաջորդեց՝ հաշուի առնելով ռազմական գործողութիւններու բարդութիւնը, նաեւ ռուսական բանակին մարդկային ներուժ մը ապահովելու մտադրութիւնը։ Այս առումով ալ, անշուշտ, յաճախ լսելի կը դառնան փոխադարձ մեղադրանքներ, թէ ո՛ր կողմը, ո՛ր ուժին առջեւ ռազմաճակատ հասնելու դռները լայն բացած է։ Ընդհանուր առմամբ յայտնի է, որ Քիեւ այսօր չի կռուիր միայն իր պաշտօնական բանակին վստահելով, այլ գործի դրած է ազգայնականներու «Ազոֆ» անունով յայտնի խմբակները, որոնք արմատական են, զինուած են Արեւմուտքի արդիական զէնքերով։ Անոնք տարբեր շրջաններու մէջ կը բարդացնեն Ռուսաստանի կանոնաւոր բանակին գործը՝ մասնաւորապէս դէպի Քիեւ արշաւելու փորձերուն մէջ։ Գուցէ այս փաստը հաշուի առնելով Ռուսաստան նախ ճանապարհ բացաւ չեչեն զինուորներուն համար, որոնց ղեկավարը՝ Ռամազան Քատիրով եղաւ այն առաջին ղեկավարը, որ ռազմական ամբողջական կարողութիւնով զօրագունդ մը ուղարկեց դէպի Ուքրայնա։

Այս քայլին յաջորդած էր Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարար Շոյկուի յայտարարութիւնը, թէ արդէն 16 հազար զինեալ պատրաստ էր Ուքրայնա երթալու եւ օգնելու ռուսական բանակին։ Անշուշտ, ան երբեք չակնարկեց, որ ռուսական բանակը օգնութեան կարիք ունի։ Բայց եւ այնպէս, թէ՛ իր եւ թէ Փութինի կատարած յայտարարութիւնները ցոյց կու տային, որ այդ ձեւով ռազմականէն կամ մարդկային քանակի հաշուարկէն անդին՝ Ռուսաստան կը փնտռէ քաղաքական ազդակներ, որոնք նաեւ գաղափարական երանգ կրնան տալ այս պատերազմին։ Այլապէս, ինչպէ՞ս կարելի է հասկնալ Սուրիոյ բանակի որոշ ջոկատներու պատրաստակամութիւնը՝ մեկնելու Ուքրայնա եւ պատերազմելու անոր բանակին շուրջ հաւաքուած վարձկան-զինեալներու խմբակներուն դէմ։

Մէկ բան յստակ է. հակառակ առկայ խիստ սպասողական տրամադրութիւններուն, պարզ է, որ այս պատերազմը կրնայ տեւել աւելի՝ քան «նախատեսուած» էր ցարդ։ Իրադարձութիւնները կ՚ընթանան բաւական արագ փոփոխութիւններով եւ անոնց զուգահեռ Արեւմուտքին կողմէ ու անոր դէմ Մոսկուայի կողմէ ընթացք տրուած «տնտեսական պատերազմ»ը եւ «փոխադարձ հրաձգութիւն»ը կը հասնին անասելի թաւալումներու՝ յաճախ ներկայացնելով ստեղծուելիք վիճակներէն անդառնալիութեան մը սպառնալիքը։ Այս բոլորով հանդերձ կայ էական հարցադրում մը։ Արդեօք «միջնորդաւորուած» գործօններով, վարձակններով եւ այլ միջոցներով օրըստօրէ աւելի խորացող այս պատերազմը կրնա՞յ դառնալ նոր ճահճագետին մը Ռուսաստանի համար, որու բանակը արդէն 17 օրէ ի վեր կը մասնակցի ամենածանր գործողութիւններու։

Վերադառնալով բանակցութիւններու նիւթին՝ հարկ է միջանկեալ նշել, որ առայժմ տապալած կը համարուին Գերմանիոյ եւ Ֆրանսայի ճիգերը «լուրջ» բանակցութիւններու սկսելու վերաբերեալ։ Տապալած, որովհետեւ ռուսական կողմէն դրական արձագանգ մը չլսուեցաւ՝ նոյնիսկ այդ ճիգերուն Չինաստանի միացումէն վերջ։ Տապալած նաեւ այն պատճառով, որ Փարիզ յայտարարեց պատժամիջոցներու նոր ծրար մը, որու գործադրութեան սկիզբը նախատեսուած էր շաբաթավերջին։ Այդ պատժամիջոցներու մասին Էլիզէի պալատի յայտարարութենէն վերջ, նախագահ Մաքրոն յայտնեց, որ Ռուսաստան որեւէ ձեւով պատրաստ չէ կրակը դադրեցնելու եւ այս բանը կրնայ իրավիճակը բոլոր առումներով աւելի ծանր դարձնել։

Վերջին օրերուն Քիեւի ուղղեալ ռուսական բանակի պատրաստութիւնները շարունակեցին մնալ կիզակէտային։ Արեւմտեան մետիան «ջանասիրաբար» հաղորդեց, որ ռուսական զօրքերու դէպի Քիեւ «արշաւանք»ը արդէն մտած է ջրբաժանային փուլ։ Ռուսական բանակը փոխած է իր ռազմավարութիւնը, կը նախընտրէ չտարածուիլ տարբեր քաղաքներու ուղղութեամբ ու որոշած է բռնել «ճիշդ գիծեր» եւ ուղղակիօրէն հասնիլ Քիեւ։ Ամենաթէժ մարտերը տեղի կ՚ունենան Քիեւի արեւելեան ճակատներուն վրայ, ուր պատահած ծանրագոյն պայթումները լսելի են մայրաքաղաքի կեդրոնին մէջ։ Կայ նաեւ տպաւորութիւն, թէ ռուսական բանակը մեծ կուտակումներ ըրած է Քիեւի՝ մասնաւորապէս արեւելեան ճակատին վրայ, ուրկէ պիտի փորձէ յառաջանալ։

Մարդկային առումով ամենէն ծանր դրութիւնը կը տիրէ Մարիոփոլի մէջ, ուր սաստիկ ցուրտը, պարէնի խնդիրը, հիւանդանոցային բարդ պայմանները կրնան դառնալ տագնապալի։ Մարիոփոլի գրաւումը, անշուշտ, շատ մեծ կարեւորութիւն ունի Ռուսաստանի համար, որովհետեւ այդ ծովեզերեայ քաղաքի գրաւումը կը համարուի Ուքրայնայի Սեւ ծովու ամբողջ եզերքը ենթարկել ռուսական ուժերուն։ Բացառութիւն է Օտեսան, որ ցոյց կու տայ մեծ դիմադրութիւն։ Ըստ BBC-ի մեկնաբանին, Մարիոփոլի գրաւումը շատ կարեւոր է ռուսաց համար, քանզի այդ քաղաքը կը համարուի «Ազոֆ» թեւի հիմնական կեդրոնը։

Ամէն պարագայի տակ պատերազմի ներկայ փուլը չ՚ընթանար միայն ռազմական գետնի վրայ, կայ նաեւ տնտեսական ճակատումներու կարեւոր պատկեր մը, որուն հիմնական «գործօն»ը Արեւմուտքն է։ Վերջին օրերուն եւրոպացի քանի մը պատասխանատուներ սկսած են մտավախութիւն յայտնել, թէ իրենց կողմէ Ռուսաստանի դէմ ի գործ դրուած  պատժամիջոցները կրնան շատ աւելի ծանր հետեւանքներ ունենալ Եւրոպայի տեսակէտէ. բան մը, որու մասին օրեր առաջ ալ գրուած էր այս սիւնակին մէջ։

Այո՛, այս պատերազմը պիտի բանայ նոր ժամանակաշրջան մը, որով նոր բեւեռներ պիտի գոյանան։ Այդ բեւեռներուն մէջ առանցքային պիտի ըլլան Ռուսաստանի ուժը, Հնդկաստանի մարդուժը եւ Չինաստանի հզօր տնտեսական ուժը։ Պայքարը տակաւին ընթացք կ՚առնէ ու բոլոր կողմերուն համար Եւրոպայի «քիթին տակ» այս պայքարը պիտի ըլլայ «մեղացուցիչ դէպք յանցանաց» մը, որուն շնորհիւ ալ առնուազն յառաջիկայ տարիներուն աշխարհի օրակարգէն դուրս պիտի հանուի «աթոմային համաշխարհային պատերազմ»ի մը վտանգը։

Կան պատերազմներ, որոնք կողմերէն մէկուն համար անպայման յաղթանակ կը բերեն։ Այս պատերազմը այդ պատերազմներէն չէ, հաստատ։ Անպայմանօրէն նո՛ր օրակարգի մը, նոր քաղաքականութեան մը, նոր օրինաչափութիւններու եւ նոր մակարդակով յարաբերութիւններու պատերազմ մըն է։ Անոր սահմանները այսօր կը գծուին՝ յանուր մարդկութեան աչքերուն առջեւ արիւնով, գաղթականութեամբ եւ մեծ կորուստներով։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Մարտ 14, 2022