ԲԱՑ ԱՇԽԱՐՀԻ ՃԱՄԲՈՐԴԱԿԱՆ ՈՒ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐՄԱՆ ՅԱՏԿԱՆԻՇԸ

Մարդկային անհատական ու մանաւանդ հաւաքական շարժը շատ երկար փուլերէ անցած է, սկսեալ մեծ գաղթերէն հասնելով մեծ ներխուժումներու ու տարածքներու նուաճման, նաեւ այդ շարժերը յանգած են նպատակի կամ միջոցի ծառայեցման (նայած պատմական ու քաղաքական պատեհութիւններուն) եւ աշխարհի բոլոր ցամաքամասերու յայտնաբերման գործողութիւններուն:

Մարդու մտային ու ոգեղէն կառուցուածքը՝ ըլլալով տիեզերական յատկութեամբ օծուն, մշտապէս հակուած է յայտնաբերման գործին լծուելու, որ կը սկսի նախ մտային ու իմացական-բանական տարազով կամ եթէ ընդհանրացնենք գիտութիւններու յառաջացմամբ։ Ապա այդ գիտութիւններու գործնականացման ու փորձարկումի փուլին անցնելով, որ կը կատարուի փորձի կիրառումի միջոցներով, որոնք կայացման ու կազմաւորման հանգրուաններ նուաճելով կը դառնան շօշափելի գիւտեր ու գիտական ստեղծագործութիւններ՝ մարդկային անհատական ու հաւաքական կեանքերը զարգացնող ու մարդուն ծառայող:

Առաւելապէս քաղաքական ու տնտեսական պարունակներով կատարուած են մարդկային տեղաշարժերը, որոնց հետ կամ ետքը զուգակցած են գիտական նուաճումներ, ինչպէս ըսինք: Իսկ եթէ դիտարկենք հակիրճ շարժի բնոյթի փոփոխութիւնը՝ կը տեսնենք, որ արդի մեր ժամանակներուն մէջ այդ ամենաշատը հասած է կոչուելու ճամբորդական շարժ կամ պարզապէս աշխարհի զանազան երկիրներ ու տեղեր տեսնելու՝ այսպէս ըսած ընբոշխնելու ամենաբարձր շեմով շարժ, իրագործուած մարդոց կողմէ զանազան տեղերէ:

Այս շարժերու-ճամբորդութիւններու աճը աննախադէպ ու աներեւակայելի էր, օրինակ, մէկ դար առաջ, բայց օդային երթեւեկութեան, գնացքներու եւ զանազան փոխադրամիջոցներու, ինչպէս նաեւ արհեստագիտական յեղափոխութեան առթած դիւրութիւնները ճանբայ բացին այս բոլորին:

Անհատը (ո՛ր երկրի մէջ ալ ըլլայ եւ բաղդատմամբ նոյն այդ մարդուն անցեալի ապրուստին նոյն երկրին մէջ) աւելի ազատ է հիմա իր որոշումներու ու տեղափոխութիւններու մէջ: Այս հետեւանքը ունի շատ մը պատճառներ. օրինակ՝ յարաբերաբար ժողովրդավարութիւնը, ազատ լրատուութիւնը, մարդկային իրաւունքները եւ այլն: Հիմակուայ անհատ-պետութիւն, անհատ-հասարակութիւն, անհատ-կազմակերպութիւններ կապերը՝ նայելով նախկին դարաշրջաններուն, անհատ մարդուն ձեւով մը ինքնահաստատման առիթ ու բնագաւառ կ՚ընձեռէ: Ներկայիս շատ աւելցաւ թիւը՝ այսպէս կոչուած «յաջող մարդ» հասկացողութեան եւ այդ դարձաւ ձգտելի ու հաւատալի կերպ որեւէ անհատ-անձի համար, քանի այդ կերպարը անհատին առջեւ բացաւ ինքնակերտման ճանապարհը: Այդ ինքնակերտումը արդարացուած ու յարգուած է ներկայիս բոլոր հասարակարգերու ու պետութիւններու մէջ: Նախկին ժամանակներուն շատ քիչ էին անհատականութիւնները քաղաքական, զինուորական ոլորտներէ դուրս, իսկ այժմու ժամանակները կրնանք կոչել անհատականութիւններու, անձերու ու անոնց կերտածներու կամ նուազագոյնը արդար ապրուած անոնց կեանքերու ժամանակներ:

Ներկայիս անհատի արդարացի եւ օրինակելի կեանքն ու կերպարը, անկախ անոր ազգութենէն կամ քաղաքացիութենէն, աւելի ընդունելի ու հետեւելի են հանրութեան համար, ըլլա՛ն անոնք գիտնականներ, մարզիկներ, արուեստագէտներ... եւ այլք, քան ինքնին պետութիւնները եւ անոնց գաղափարախօսութիւններն ու քաղաքականութիւնները:

Վերոնշեալ անհատի ազատութեան կիրառումը առիթ ընծայեց ճամբորդութեան ու տեղափոխութեան աճի եւ բնականաբար բաց աշխարհի պայմաններուն մէջ մարդկային բնոյթին յարիր ճամբորդութեան ու տեղափոխումներու դարաւոր տարերքը գտաւ իր ամենամեծ մարմնաւորումը արդի ժամանակներուն մէջ: Մարդոց մեծամասնութեան համար մեծ նախասիրութիւն համարուած ճամբորդելը եղաւ իրականանալի եւ դարձաւ հասանելի բոլորին: Նոյն ամիսներ տեւած հին ճամբորդութիւնները եղան ժամական ու աշխարհը յայտնաբերուեցաւ իր բոլոր տարածքներով ու երկիրներով։ Այժմ ամէն վայրկեան աւելի քան մէկ միլիոն մարդ օդային թռիչքներու մէջ է եւ հազարաւոր օդանաւեր անդադար կը վխտան օդին մէջ, չյիշած նաւերը, գնացքները, ինքնաշարժները եւ միւս ճանաբորդութեան միջոցները:

Աշխարհի ընդհանուր զբօսաշրջութիւնը, հիւրանոցներու եւ հանգստավայրերու թիւը ահռելի աճ արձանագրեց եւ արդի մարդու բնութագիր եթէ փորձենք տալ՝ կրնանք ըսել, որ ան «տեւական զբօսաշրջիկ» մըն է: Հոս առանց դասակարգելու մարդկութիւնը, միայն յիշենք, որ նոյնիսկ անապահով խաւին տեղափոխումն ալ դիւրացաւ մեր ներկայ աշխարհին մէջ։ Ըստ ՄԱԿ-ի տուեալներուն, իւրաքանչիւր 120-րդ անձ իր տեղը կը փոխէ իր ընտրանքով, ի հակադրութիւն անցեալ ժամանակներու՝ համեմատաբար աւելի մեծ թիւով տեղահանութիւններու պարտադրանքներուն:

Եւ տեղին է յիշել, որ աւելի քան երկու տարի առաջ պատահած «Քովիտ»ը եւ անկէ յառաջացած շրջափակումներն ու արգելքները եկան փաստելու, որ մարդկութիւնը այլեւս չի կրնար ապրիլ առանց ճանապարհորդութեան։ Այդ ճամբորդութիւնները՝ վաճառականութեան, վայելքի, մշակութային ծրագիրներու եւ շատ ու շատ նպատակներու համար ըլլան:

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

12 յունիս 2022

Երեքշաբթի, Յունիս 14, 2022