ՎԱՏ ՑԱՒ ԿԱՄ ՍԻՖԻԼԻՍ
Ե. ՈՒՂԵՂԻ ԵՒ ՈՂՆՈՒՂԵՂԻ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Ուղեղը մեր խելքին ու շարժողութեան կեդրոնն է: Անոր ամէն մէկ տկարութիւնը մեր բանականութեան եւ շարժումներուն վրայ կ՚ազդէ:
Սիֆիլիսը յաճախ ուղեղին մէջ կ՚իյնայ եւ անոր որեւէ մէկ մասը կը հիւանդացնէ, եւ այն ատեն հիւանդը կը կորսնցնէ զգացողութիւնը, եւ բազմաթիւ ու զանազան խանգարումներ կը պատահին անոր՝ թէ՛ բանականութեան եւ թէ՛ շարժումներուն մէջ:
Այսպիսի հիւանդները կը կորսնցնեն կամ [մարմինի] որեւէ մէկ անդամին շարժումները, ձեռքի մը, ոտքի մը, կամ ուղղակիօրէն երկուքը միասին կը թուլնան եւ անպէտք կը դառնան: Կամ ալ կը կաթուածահարուին եւ անդամալոյծ կ՚ըլլան: Այն ատեն խեղճին դրութիւնը սարսափելի կը դառնայ: Այն մարդը, որ պէտք է աշխատէր, ինքզինք եւ իր ընտանիքը պէտք է կերակրէր, հիմա անկողին ինկած է, անկարող է ձեռքը կամ ոտքը շարժելու, եւ ծանր բեռ դարձած է իր ընտանիքին համար: Այդ խանգարումներուն հետ միասին, կամ անոնցմէ անկախ կերպով, կը յառաջանայ առնական անկարողութիւն (հիւանդները կը զրկուին «տղամարդկութենէ» եւ անկարող կը դառնան սերունդ արտադրելու), կուրութիւն, խլութիւն, մտաւոր ընդունակութիւններու պակասում, եւ որ ամենէն զարհուրելին է՝ խելագարութիւն1:
Մարդուն վրայ սարսուռ կ՚ազդէ, երբ ան կը դիտէ այդպիսի հիւանդները եւ կը ծանօթանայ անոնց ընտանեկան անբախտութիւններուն հետ:
Ահաւասիկ երիտասարդ մարդ մը. ան անդամալոյծ է, քոթուկի նման տունը մնացած է, անտանելի ծանր բեռ դարձած է իր տնեցիներու վիզին, ընդմիշտ զրկուած է աշխատելու կարողութենէն, միշտ տրտնջող ու դժգոհ. իսկ կինը դատապարտուած է տաժանակիր աշխատանքի, որպէսզի կարողանայ կտոր մը հաց ճարել իր անօթի ու մերկ մանրիկներուն եւ անպէտք դարձած տղամարդուն համար:
Ահաւասիկ ուրիշ մը. մի քանի տարի է միայն, ինչ ան ամուսնացած է: Կինը գեղեցիկ ու երիտասրդ է: Առաջ խեղճը լաւ պարապմունք ունէր եւ ապահով կ՚ապրէր, իսկ հիմա երկու աչքով կուրցած է, սնանկացած է եւ իր վերջին ռուբլիները կը ծախսէ, եւ ո՛վ գիտէ, թէ ապագային ի՞նչ վիճակ կը սպասէ իրեն եւ իր ընտանիքին:
Ահաւասիկ երրորդ մըն ալ. ասիկա չլսեց բժիշկին խորհուրդը եւ ամուսնացաւ: Անմիջապէս վարակեց իր կինը, մատաղահաս գեղեցիկ աղջնակ մը, ով կուրօրէն իր բախտը, իր կեանքը հաւատացած էր անոր: Հիմա ան խելագարուած է, իսկ երիտասարդ կինը, սոսկալի ախտով վարակուած է, անվերջ տանջանքներով քարշ կու տայ իր ցաւալի գոյութիւնը՝ իր երկու մանուկներու հետ միասին:
Այսդպիսի դէպքերը անհաշիւ են:
Սարսափելին այն է, որ ուղեղի հիւանդութիւնները ընդհանրապէս անբուժելի են. այն դեղերը, որոնք սիֆիլիսի միւս արտայայտութիւնները կը բժշկեն, գրեթէ անզօր են ուղեղի եւ ողնուղեղի հիւանդութեան դէմ…:
Զ. ԻՆՉՊԷ՞Ս ՄԱՐԴ ԻՆՔԶԻՆՔ ՎԱՏ ՑԱՒԷՆ ՊԷՏՔ Է ՊԱՀՊԱՆԷ
Սիֆիլիսը այնքան տարածուած ախտ է, որ անզգոյշ մարդը ամէն օր կրնայ վարակուիլ:
Մենք տեսանք, որ սիֆիլիսի գլխաւոր աղբիւրը վատ բարքի տէր կիներն են, որովհետեւ անոնց գրեթէ բոլորը այդ ցաւով հիւանդ կ՚ըլլան: Մեր բանուորները եւ վաճառականները, որոնք ուրիշ երկիրներ կ՚երթան, պէտք է շատ զգոյշ ըլլան, իրենք զիրենք պէտք է զսպեն եւ յարաբերութիւն չունենան կասկածելի կիներու հետ:
Շատերը չափազանց թեթեւ կը նային այս հիւանդութեան, բայց մենք ցոյց տուինք, թէ ինչքա՜ն սարսափելի են անոր վնասները: Ուրեմն, ամէն մէկը, որ իր կեանքը եւ իր ապագայ երջանկութիւնը կը սիրէ, պէտք է ժուժկալ մնայ:
Աւելորդ կը համարեմ ամուսնացածներուն մասին խօսիլ. անոնք պէտք է այդ ցաւէն սարսափին, եթէ կը խղճան իրենց ընտանիքին:
Սակայն, ինչպէս ըսած ենք, մարդ նաեւ կրնայ վարակուիլ հիւանդին իրերուն միջոցով: Մեր մէջ շատ վատ սովորութիւններ կան: Օրինակ, բանուորները մէկ ամանի մէջէն կ՚ուտեն եւ կը խմեն, միեւնոյն դգալը փոխն ի փոխ կ՚օգտագործեն, կամ իրարու ձեռքէ ծխախոտ ու զայլան կը վերցնեն, կամ միեւնոյն բաժակով կը խմեն, եւ այլն: Այդպիսով, եթէ մէկը հիւանդ է, միւսներն ալ կրնան այդ հիւանդութիւնով բռնուիլ: Իւրաքանչիւր բանուոր անպատճառ պէտք է իր ամանը, իր դգալ եւ իր բաժակը ունենայ, որոնց արժէքը մի քանի կոպէկ է եւ իւրաքանչիւր մարդ կրնայ գնել:
Աշխատած ատեն մարդ պէտք է զգոյշ ըլլայ, ուրիշին բերանին մէջ եղած գամերը կամ թելը իր բերանը չտանի, եւ այլն: Ընդհանրապէս, բերանը չդնէ այնպիսի բաներ, որոնց վրայ կրնայ ինկած ըլլալ ուրիշի մը թուքը կամ թարախը:
Ցաւակցաբար, ժողովուրդը ո՛չ միայն այդ զգուշութիւնը չունի, այլեւ զարմանալի կերպով անուշադիր է դէպի իր սեփական ցաւերը:
Այնպիսի անզգոյշ եւ անուշադիր մարդիկ կ՚ըլլան, որոնք նոյնիսկ չեն ալ հասկնար, թէ հիւանդ են: Շատերը, թէեւ կը նկատեն ալ, որ խոցեր ու պզուկներ ունին, բայց ուշադրութիւն չեն դարձներ, որովհետեւ այդ «պստիկ [փոքրիկ] բաները» զիրենք չեն նեղացներ եւ չեն արգիլեր իրենց գործը շարունակել եւ որովհետեւ անոնք յոյս ունին, թէ «ինքն իրեն կ՚անցնի»:
Բայց ժամանակ կ՚անցնի, հիւանդութիւնը կը հնանայ, կը հաստատուի տուեալ անձին վրայ, եւ այդ ժամանակ դէմքին, մարմնին վրայ զանազան խոցեր եւ դուրս տուածներ կը սկսին երեւալ, յառաջ կու գան յօդացաւեր, ոսկրացաւեր, որոնք խիղճին հանգիստ չեն տար, ու այս անձը կը սկսի նիհարնալ եւ ուժերը կորսնցնել:
Եթէ այդ ընթացքն ալ անուշադրութեան կը մատնէ իր ցաւը, վրայ կու գան սիֆիլիսի երրորդ կարգի սոսկալի հետեւանքներ, որոնք ամբողջովին կը քայքայեն խեղճին կազմուածքը եւ կը հասցնեն վերը նկարագրուած ուղեղային եւ ողնուղեղային հիւանդութիւններուն:
Այն ատեն հիւանդը ուշքի կու գայ: Ան կը տեսնէ, որ իրապէս հիւանդ է, առաջուան նման չի կրնար աշխատիլ եւ որ կարեւորն է՝ բժշկուիլ, որովհետեւ, եթէ այդպէս շարունալուի, ան պէտք է կորսնցնէ աշխատանքը եւ գերդաստանը անօթի ձգէ:
Շատերն ալ ամօթին պատճառով գաղտնի կը պահեն իրենց հիւանդութիւնը եւ չեն հասկնար, որ հիւանդանալը ամօթ չէ. անբախտութիւն է, ոեւէ մարդու կրնայ պատահիլ: Հիւանդին տնեցիներն ալ պէտք է այդ բանը հասկնան եւ հիւանդին երեսով չտան եւ չհայհոյեն, այլ՝ ամէն կերպ օգնեն անոր, որպէսզի բժշկուի: Այսպիսով թէ՛ հիւանդը փրկած կ՚ըլլան եւ թէ՛ իրենք զիրենք վարակուելէ ազատած կ՚ըլլան:
Քանի որ սիֆիլիսը օդի միջոցով չ՚անցնիր, հիւանդը կրնայ ուրիշներուն հետ ապրիլ, բայց իր սպիտակեղէնը, իր աման-չամանը, իր բաժակը, պատառաքաղ-դանակը պէտք է առանձին պահէ եւ ամէն անգամ գործածելէ ետք եռացած ջուրով լուայ, որովհետեւ այդպէս մաքրուած իրերը անվնաս կը դառնան:
Բայց չէ՞ որ շրջապատողները յաճախ չեն գիտեր, թէ այն մարդը, որուն հետ գործ ունին, կը շփուին, հիւանդ է: Ուրեմն, սիֆիլիսոտը ի՛նք, պէտք է այնքան խիղճ ունենայ, որպէսզի ուրիշներուն մեղքին տակ չիյնայ:
Մեծ մեղք կը գործեն այն հիւանդները, որոնք հասկնալով՝ թէ կրնան ուրիշները վարակել, այնուամենայնիւ իրենց ցաւը գաղտնի կը պահեն, նոյն ձեւով բոլորին հետ կը նստին-կ՚ելլեն, կ՚ուտեն-կը խմեն, եւ ուրիշներն ալ կը հիւանդացնեն:
Հիւանդը պէտք է շատ զգոյշ ըլլայ, որպէսզի ո՛չ ոքը վարակէ: Ան ոչ ոք պէտք է համբուրէ, իր թարախոտած հագուստները, իր թաշկինակը, շապիկը, երեսին սրբիչը, մանաւանդ խոցերուն կապերը առանձին պէտք է պահէ ու առանձին լուայ: Ան այս ու այն կողմ պէտք չէ թքէ եւ ոչ ալ իր բերանին մէջ եղածը (օր. ծխախոտը, զայլանը, խածած թիքան, խածած միրգը) ուրիշին տայ: Բերանին ծխախոտը պէտք չէ գետին ալ նետէ, որովհետեւ երեխաները կրնան իրենց բերանը առնել ու վարակուիլ:
Աւելորդ է ըսել, որ մինչեւ լաւ առողջանալը, ան իրաւունք չունի իր կնոջ մօտենալ. անոր անկողինը պէտք է առանձին ըլլայ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 3
Վաղարշապատ
1 Տե՛ս Բժկ. Բուդուղեանի «Ուղեղի սիֆիլիս»: