ՍՈՒՐԻՈՅ ԱՊԱԳԱՅԻՆ ՄԱՍԻՆ ՄԵԾ ՅՈՅՍԵՐ. ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ ՀԱԼԷՊԱՀԱՅ ԳՈՐԾԱՐԱՐԷ
Սուրիոյ ընդհանուր իրավիճակը կը շարունակէ մնալ ծանր, բայց կայուն։ Կայուն այն իմաստով, որ հակառակ հիւսիսային շրջաններէն ներս անիշխանական ու խառնակ իրավիճակին, երկրի գլխաւոր քաղաքներուն մէջ գերկշռողը կայունութիւնն է։
Այս բոլորին զուգահեռ, կարգ մը ուղենշային քաղաքներու մէջ, ինչպիսին է Հալէպը, կը նշմարուին վերականգնումի փոքր նշոյլներ, որոնք միայն քաղաքական իրավիճակի կայունութեամբ չեն պայմանաւորուած, այլ նաեւ տնտեսութեամբ, բայց մանաւանդ ճարտարարուեստի ոլորտէն ներս տարուող անդուլ եւ աննահանջ ճիգերով։
Այս ծիրին մէջ ալ օրեր առաջ Սուրիոյ պետական ու Հալէպի տեղական ինքնակարավառման մարմիններու ճիգերուն շնորհիւ կը վերականգնուէր քաղաքի Շէյխ Նաժժար շրջանի ելեկտրական հոսանքի գործարանը։ Ամբողջ Հալէպի կտրուածքով սոյն գործարանը կը համարուի քաղաքին ելեկտրականութիւն մատակարարող գլխաւոր կայանը։
Այս կէտին իմ ընթերցողներուն յիշեցնեմ, որ Սուրիան հարուածած պատերազմը ծանր վնաս հասցուց մասնաւորապէս Հալէպ քաղաքի տնտեսական օղակներուն, որոնց ամենէն ազդեցիկը կը համարուէր Շէյխ Նաժժար շրջանը որուն մէջ ալ փոքր չէր թիւը այն հայորդիներուն, որոնք մեծ գործարաններ ունէին։ Այսօր ահա այդ շրջանն է, որ մտած է վերականգնումի փուլ։ Իսկ ամենաուշագրաւը այն է, որ պետական մարմիններու ճիգերով այդ շրջանի մեծ գործարարնները կամաց-կամաց նոր աշխատանքային հունի մը պիտի անցնին։
Ամէն պարագայի աւելի մօտէն իմանալու համար, թէ ինչպիսին է մասնաւորապէս տնտեսական դրութիւնը Սուրիոյ, նաեւ Հալէպի մէջ, օրերս հեռավար կապով հարցազրոյց մը ունեցանք հալէպահայ գործարար Վազգէն Գարճեանին հետ։
Գարճեան, որ ճարտարարուեստի ոլորտին մէջ շեշտակի անունով հիմնարկութեան մը սեփականատէրն է, կը զբաղի նոր հիմնուող գործարաններուն արտադրական ամբողջական համակարգեր ծրագրելով, պատրաստելով ու ապա տեղադրելով։ Ան անցած է բաւականին դժուար ճանապարհ մը ու «ճաշակած»՝ ողջ պատերազմի ահն ու սարսափը, սակայն չէ ընկճուած։ Ան կը շարունակէ հաւատալ Սուրիոյ ապագային ու այդ յոյսով ալ լծուած է նոր նախաձեռնութիւններ իրականացնելու աշխատանքին։
Հայու կամք է այս, որ մեծ հաշուով ալ ջուրին կու տայ մեզմէ շատերուն համար կարծրատիպ հանդիսացող «հայու բախտ» թերի մօտեցումը։
Ստորեւ կը ներկայացնենք հարցազրոյցին սղագրութիւնը։
*
-Այսօր ի՞նչ են Սուրիոյ մէջ սովորական քաղաքացիին դժուարութիւնները, յատկապէս, Հալէպի մէջ:
-Այս օրերուն Սուրիոյ մէջ քաղաքացիները կը դիմագրաւեն շատ մը դժուարութիւններ, որոնց հիմնական պատճառը արեւմտեան երկիրներու կողմէ Սուրիոյ դէմ կիրառուած ամպարկոն ու պատժամիջոցներն են: Պատժամիջոցներու հետեւանքով ստեղծուած դժուարութիւններն են ապրուստի հիմնական մթերքներու՝ կաթի, շաքարի, բրինձի, ինչպէս նաեւ դեղօրայքի պակասը։ Նաեւ Սուրիոյ հիւսիս-արեւելեան շրջաններու ամերիկեան զօրքերու հսկողութեան տակ գտնուելու պատճառով երկիրը զուրկ մնացած է բարեբեր շրջաններէն, զրկուելով ցորենի, բամպակի եւ մանաւանդ քարիւղի իր պաշարներէն, ինչ որ յառաջացուցած է նաեւ հացի, վառելանիւթի՝ պենզինի, մազոթի, հետեւաբար անշուշտ ելեկտրականութեան տագնապ: Գալով Հալէպ քաղաքին, ինչպէս Սուրիոյ մնացեալ բոլոր քաղաքները, Հալէպը եւս առանց բացառութեան նոյն ճակատագրին ենթակայ է։
-Մենք գիտենք, որ Սուրիոյ պետութիւնը մեծ ճիգեր կը գործադրէ երկրի արհեստանոցները, ճարտարարուեստի կեդրոնները վերականգնելու համար: Իբր այդ, ընդհանուր ի՞նչ իրավիճակ կը տիրէ այն շրջաններուն մէջ, ուր կային հայ արհեստաւորներ, որեւէ շարժ նկատելի՞ է:
-Սուրիոյ կառավարութիւնը պատերազմի սկիզբէն մինչեւ օրս մեծ ճիգեր կը գործադրէ երկրի ճարտարարուեստի գործարանները ու արհեստանոցները ոտքի պահելու համար: Պատերազմի դժուար ու դաժան օրերուն, երբ ելեկտրականութիւն բնաւ գոյութիւն չունէր երկրին մէջ՝ ելեկտրակայանները վնասուած ըլլալուն պատճառաւ, կառավարութիւնը ճարտարարուեստի կեդրոններէն ներս գործող եւ աշխատող գործատեղիներուն եւ արհեստանոցներուն ամէն շաբաթ վառելանիւթ կը տրամադրէր՝ ելեկտրածին շարժակները միացնելու եւ աշխատանքը շարունակելու համար:
Ներկայիս ալ բոլոր ճարտարարուեստի կեդրոններուն օրական տասն ժամ ելեկտրականութիւն կը տրամադրուի, առաւել, փափաքողներուն մազոթ ալ կը տրուի՝ քաջալերելի գիներով: Բայց, դժբախտաբար, հայ արհեստաւորներու մեծ մասի արհեստանոցները բնակելի շրջաններու մէջ կը գտնուին եւ չեն կրնար օգտուիլ իրենց հասանելի ելեկտրականութենէն:
-Լսելով ձեր սեփական փորձին մասին, մեզի ծանօթ է, որ պատերազմի ընթացքին մեծ ճիգ ըրիք, որպէսզի պահպանէք ձեր ասպարէզը, ոտքի պահէք ձեր գործը: Ի՞նչ կը պատմէք այդ փորձառութեան մասին:
-Պատերազմի ընթացքին շատ մեծ վտանգներէ անցանք, դժուար օրեր ունեցանք, բայց անտեսելով այդ բոլորը, շարունակեցինք ամէն օր ուղղուիլ դէպի գործատեղի, շարունակելու համար մեր գործը եւ պաշտպանելու համար մեր գործատեղիները, թոյլ չտալով, որ զինեալ աւազակները կողոպտեն ու քանդեն մեր տարիներու վաստակը: Անշուշտ այդ ընթացքին եղան պահեր, երբ մահը շատ մօտ կը զգայի, բայց ետքը արդէն վարժուեցայ այդ զգացումին:
-Այսօր ըլլալով Սուրիոյ մէջ յառաջատար տնտեսվար մը, ինչպէ՞ս կը գնահատէք ձեր սեփական ասպարէզին վիճակը, ի՞նչ են ձեր մտահոգութիւնները եւ ի՞նչ ակնկալիքներ ունիք:
-Այսօր, իբր ճարտարարուեստի գործարար, հպարտ կը զգամ, որովհետեւ մեր բոլոր արտադրութիւնները կը շարունակեն մեծ գնահատանքի եւ հետաքրքրութեան արժանանալ: Սուրիոյ մէջ մեր ասպարէզէն ներս արդէն մեծ անուն ունինք, նաեւ մեծ փափաք ունինք դուրսի երկիրներու հետ գործակցելու եւ մեր արտադրութիւններուն համար արտաքին նոր շուկաներ գտնելու՝ ոչ միայն արաբական, այլ զանազան երկիրներու մէջ: Այս առումով ունեցած ենք գործակցութիւն կարգ մը երկիրներու մէջ: Ներկայիս Սուրիոյ դրացի երկիրներու հետ ճանապարհները փակ կամ անապահով ըլլալուն պատճառով մեծ դժուարութիւններ կ՚ունենանք, բայց յոյս ունինք, որ երկրի քաղաքական եւ տնտեսական վիճակը կը բարելաւուի եւ մենք կը կարողանանք հանգիստ միտքով նոր շուկաներ գտնել եւ ընդարձակել մեր գործը:
-Բոլորիս ծանօթ է, որ Սուրիոյ պատերազմի տասն տարիներու ընթացքին հայութիւնը դժուար եւ բարդ ճանապարհէ անցաւ: Այսօր հայաբնակ շրջանները համեմատաբար խաղաղ են, սակայն մեծ հաշուով տակաւին մտավախութիւններ կան: Ի՞նչ են այդ մտահոգութիւնները:
-Պատերազմի յատկապէս առաջին հինգ տարիները շատ ծանր եղան սուրիահայութեան համար եւ անշուշտ ամբողջ Սուրիոյ տարածքին: Շատ նահատակներ ունեցանք, մեծ մասը երիտասարդներ, որու պատճառով ալ շատ մը հայ ընտանիքներ գաղթեցին: Ներկայիս արդէն պատերազմէն շուրջ տասն տարի անց վտանգաւոր համարուած բոլոր շրջանները կամ անոնց մեծ մասը համեմատաբար խաղաղութեան մէջ են, ներառեալ բոլոր հայաբնակ շրջանները, սակայն, ինչպէս ըսիք, տակաւին կան մտահոգութիւններ։ Հիմա երկիրը մեծ տագնապի մէջ է, հիմնականը խնդիրները երկրի դրամի անկումը եւ քարիւղի պակասն են եւ անոնց հետեւանքով ստեղծուած սղաճը դժուար կացութեան առջեւ կը դնէ ժողովուրդը:
-Հայաստանի հետ որեւէ գործակցութեան հեռանկար կը տեսնէ՞ք, եթէ այո, ի՞նչ ոլորտներու մէջ:
-Այո՛, Հայաստանի հետ ունեցած ենք գործակցութիւններ, կարգ մը ընկերութիւններու հետ աշխատանքներ, բայց որպէսզի կարենանք կայուն գործակցութիւն հաստատել, պէտք է թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Սուրիոյ մէջ տնտեսական եւ քաղաքական վիճակը բարելաւուի, խաղաղ մթնոլորտ պէտք է տիրէ: Յոյս ունինք, որ մօտ օրէն կը հանդարտի վիճակը եւ շուտով կը բարեկարգուի ամէն ինչ:
-Սուրիահայութիւնը ապագայ ունի՞ հայութեան համար այդ խիստ առանցքային եւ կարեւոր հիւրընկալ երկրին մէջ:
-Սուրիոյ մէջ հայ-արաբական յարաբերութիւնները միշտ եղած են կայուն եւ հաստատ, նոյնպէս ալ բոլոր փոքրամասնութիւններու հետ, եղած ենք իբր մէկ ընտանիք, բոլորն ալ մեզ շատ կը յարգեն: Մեր գործարանի արաբ դրացիները շատ կը սրտնեղին, երբ կը լսեն, թէ հայու մը սեփականութիւնը եղող գործարան մը կը փակուի եւ սեփականատէրը երկրէն կը գաղթէ: Այսօր հայութեան թիւը շատ պակսած է Սուրիոյ մէջ, ունեցած ենք մեծ թիւով գաղթականներ՝ զանազան երկիրներ: Սակայն Սուրիոյ կառավարութիւնը ամէն ճիգ կ՚ընէ, որպէսզի հայութիւնը եւ երկրի քրիստոնեայ հատուածները շարունակեն մնալ երկրին մէջ, անոնց համար օժանդակութեան ծրագիրներ կ՚իրականացնէ։ Եւ այդ մօտեցումը արդիւնաւէտ դարձնելու համար նիւթական յատկացումներ կը տրամադրէ բոլոր անոնց, որոնք իրենց գործարանները պիտի վերանորոգեն, կամ նոյնիսկ նոր գործարաններ հիմնեն։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան