ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ ԺԲ.

Երկրորդ հարցում. թէ ինչո՞ւ համար աւանակի վրայ նստաւ, եւ ո՛չ թէ ձիի կամ ջորիի վրայ:

Պատասխան. վարդապետները կ՚ըսեն՝ ո՛չ աղքատութեան եւ կամ կարօտութեան համար, որովհետեւ ինչպէս էշին տէրը համաձայնեցուց, նոյնպէս կրնար համաձայնեցնել ձիերու տէրերը, ինչպէս նաեւ ո՛չ թէ անբանութեան համար, քանի որ ըստ մարգարէին անբանները միապէս են, ե՛ւ ձիերը, ե՛ւ ջորիները:

Այլ, չորս պատճառով նստաւ իշու վրայ. նախ՝ որպէսզի կատարէ Զաքարիայի մարգարէութիւնը, որ կ՚ըսէ. «Ահա Թագաւորդ կու գայ՝ էշի եւ էշի աւանակի վրայ նստած» (հմմտ. Զք 9.9), քանի որ Քրիստոսի տնօրէնութեան ճանապարհը մարգարէներուն խօսքերուն մէջ գրուած էր: Երկրորդ՝ որովհետեւ աւելի կը խորհրդանշէր երկու ազգերը՝ հրեաներուն եւ հեթանոսներուն, բեռնակիր էշը եւ անկիրթ աւանակը: Երրորդ՝ քանի որ Իր փառքին հետ Իր խոնարհութիւնն ալ ցոյց կու տայ, ինչպէս ամէն տեղ, երբ աղքատ մօրմէ ծնաւ եւ անարգ վայրի՝ մսուրի մէջ դրուեցաւ, աշակերտները աղքատներէն ընտրեց եւ գարեղէն հացերով մեծ բազմութիւններ կերակրեց, խոտի վրայ նստեցուց, անպաճոյճ հագուստ հագուեցաւ, տուն չունէր, աթոռի չէր կարօտեր, ո՛չ ալ բարձի, որպէսզի գլուխը անոր վրայ դնէր, այլ՝ գետնին վրայ կը նստէր, նոյնպէս ալ աւանակին վրայ նստիլը խոնարհութիւնը կը ցուցնէր: Չորրորդ՝ Ոսկեբերանը կ՚ըսէ, որպէսզի մեզի ամէն ինչի մէջ կանոններ դնէ, եթէ եկեղեցւոյ առաջնորդներուն պէտք ըլլայ՝ տկարութեան պատճառով գրաստ ունենալ, որպէսզի հարկը վճարէ, եւ ոչ թէ ձիով ու ջորիով պարծենան ու մեծարուին:

Իսկ եթէ մէկը ըսէ՝ ինչո՞ւ համար ներկայիս շատերը ձիու վրայ կը նստին, կ՚ըսենք, թէ ասիկա արտօնութեամբ եղաւ եւ ո՛չ թէ հրամանով, երբ Յովհաննէս Աւետարանիչը ձիու վրայ նստելով եւ մոլորած երիտասարդը եփեսացիներու եկեղեցին վերադարձուց1:

Այսքանը այս մասին:

 

Ետքէն փարիսեցիներու նախանձին մասին կը ճառէ.

Խօսք. «Իսկ փարիսեցիները իրարու կ՚ըսէին» (Յհ 12.19):

Մեկնութիւն. փարիսեցիներուն համար կրկնակի կը մեկնէ. առաջին՝ բարի նախանձին համար, քանի որ փարիսեցիներէն ոմանք հաւատացին Իրեն, ինչպէս Նիկոդիմոսն ու ուրիշներ, իսկ ասոնք կ՚ուզէին ուրիշները խափանել Քրիստոսը հալածելէն:

 

Խօսք. «Կը տեսնէք, թէ ոչ մէկ բանով կ՚օգտուինք» (հմմտ. Յհ 12.19):

Մեկնութիւն. իբրեւ թէ ըսել, թէեւ կ՚աշխատինք ժողովուրդը խափանել Քրիստոսի հետեւելէն, բայց օգուտ չենք տեսներ, այդ պատճառով կը թուի, թէ Անոր գործերը աստուածային գործեր են, նոյն բանը Գամաղիէլն ալ ըսաւ՝ խափանելով հրեաներուն առաքեալները հալածել, ինչպէս Գործքին մէջ գրուած է. «Այդ մարդոցմէ ձեռք քաշեցէք եւ ձգեցէք զիրենք: Որովհետեւ, եթէ անոնց խորհուրդն ու գործը մարդոցմէ է՝ պիտի խափանուի. իսկ եթէ Աստուծմէ է՝ չէք կրնար խափանել» (Գրծ 5.38-39): Միւսը այլ կերպով կը մեկնէ այս խօսքը՝ չար նախանձին պատճառով, քանի որ չհաւատացող հրեաները Քրիստոսին նախանձելով կ՚ըսէին. «Կը տեսնէք, թէ ոչ մէկ բանով կ՚օգտուինք», այսինքն՝ ժողովուրդը չենք կրնար խափանել Քրիստոսէն:

 

Խօսք. «Ահա ամբողջ աշխարհը Իրեն կը հետեւի» (Յհ 12.19):

Մեկնութիւն. այսինքն՝ բազմաթիւ հրեաներ լքեցին մեզ եւ Անոր միաբանեցան, ինչպէս յայտնի է Մեկնիչէդ:

 

Ասկէ ետք կը ճառէ, թէ Քրիստոս ինչպէ՞ս փառաւորուեցաւ հեթանոսներէն.

Խօսք. «Կարգ մը հեթանոսներ կային» (տե՛ս Յհ 12.20):

Մեկնութիւն. նախ՝ այս հեթանոսներուն բարի ցանկութիւնը կը ճառէ: Երկրորդ՝ Քրիստոսի պատասխանը, այնտեղ. «Յիսուս պատասխանեց» (Յհ 12.23):

 

Առաջինին համար կ՚ըսէ.

Խօսք. «Տօնին առիթով կարգ մը յոյներ [հեթանոսներ] ալ եկած էին՝ երկրպագելու» (տե՛ս Յհ 12.20):

Մեկնութիւն. այս հեթանոսներուն մասին երեք տեսութիւն կայ. նախ՝ ինչպէս Մեկնիչդ կ՚ըսէ, թէ Աբգարի կողմէ էին Քրիստոսի մօտ առաքուածները, որոնք առանց կարի պատմուճան եւ նամակ բերին անկէ, եւ Ադդէ կերպասագործը իրենց հետ, եւ անոնց տուաւ պատուական դաստառակը Իր Սուրբ երեսին: Երկրորդ՝ ոմանք կ՚ըսեն, թէ հեթանոսներ էին՝ հրեաներուն հետ [Երուսաղէմ] մտած, որոնք եկամուտք կը կոչուէին, իսկ անոնք պարտական էին Զատիկի տօնին գալ, սակայն հեթանոսներ կը կոչուէին՝ հեթանոսներու բնական ազգէն ըլլալով: Երրորդ՝ խօսքը կ՚երեւի ճշմարիտ հեթանոսներուն մասին, որոնք եկամուտ չէին, եւ տաճարին սրբութեան համար տօնին կու գային ու կը պատուէին զանոնք, որոնք Հրէաստանի շուրջն էին, ինչպէս Երկրորդ Մակաբայեցիներու գիրքին մէջ գրուած է, սակայն հրեաները հեթանոսները չէին ընդուներ [հիւրընկալեր] Զատիկի գառնուկը ուտելու, ինչպէս որ Ելքին մէջ գրուած է, թէ՝ «չթլփատուածը թող չուտէ» (Ելք 12.48), նոյնպէս ալ մենք չմկրտուածներուն հաղորդութիւն չենք տար: Սակայն այս հեթանոսները լսած էին Քրիստոսի Ղազարոսին ըրած սքանչելիքին մասին, այդ պատճառով ալ կ՚ուզէին տեսնել զԻնք ու Անոր վարդապետութիւնը լսել:

 

Խօսք. «Անոնք մօտեցան Փիլիպպոսի, որ Բեթսայիդայէն էր» (տե՛ս Յհ 12.21):

Մեկնութիւն. Աւետարանիչը Փիլիպպոսին Բեթսայիդայէն է կ՚ըսէ, զանազանելու համար միւս Փիլիպպոսէն, որ եօթը սարկաւագներէն մէկն էր: Իսկ թէ ինչո՞ւ համար Փիլիպպոսին կ՚աղաչեն, կը թուի, թէ գալիլիացի էր, հեթանոսներուն մօտիկ եւ անոնց լեզուն գիտէր:

 

Խօսք. «Տէ՛ր, կ՚ուզենք Յիսուսը տեսնել» (Յհ 12.22):

Մեկնութիւն. բարի յօժարութիւնը տե՛ս եւ որ աշակերտին «Տէր» կը կոչեն, բարի խորհրդածութիւն է:

 

Խօսք. «Փիլիպպոս եկաւ Անդրէասին ըսաւ» (Յհ 12.22):

Մեկնութիւն. Փիլիպպոս առանձինն չհամարձակեցաւ Յիսուսին ըսել, որովհետեւ խիստ կերպով կը վանէր հեթանոսները ու շուն կը կոչէր, ինչպէս քանանացին (հմմտ. Մտ 15.21-31), ատոր համար երկու պատճառով եկաւ Անդրէասին մօտ. նախ՝ որովհետեւ Քրիստոսի բոլոր աշակերտներէն ամենէն առաջինն էր: Երկրորդ՝ քանի որ Փիլիպպոս անոր միջոցով Քրիստոսի դարձաւ, ինչպէս առաջին գլուխին մէջ ցոյց տրուեցաւ (հմմտ. Յհ 1.43-51), իսկ այս երկուքը չհամարձակեցան զանոնք Քրիստոսի մօտ բերել առանց Անոր հրամանին:

 

Խօսք. «Անդրէասն ու Փիլիպպոսը կ՚ըսեն Յիսուսի» (Յհ 12.22):

Մեկնութիւն. ասիկա Աստուծոյ նախախնամութեամբ եղաւ, քանի որ կը խորհրդանշէ, թէ հեթանոսները առաքեալներուն միջոցով շուտով պիտի ընդունին Քրիստոսի հաւատքը: Իսկ Աւետարանիչը չի՛ ճառեր, եթէ Քրիստոս արտօնեց հեթանոսները Իր քով բերել, այլ՝ առանց գրութեան կրնանք իմանալ, թէ Քրիստոս արտօնեց:

 

Այժմ ասոր առընթեր կը դնէ Քրիստոսի պատասխանը.

Խօսք. «Յիսուս պատասխանեց անոնց» (Յհ 12.23):

Մեկնութիւն. Քրիստոս նախ չարչարանքները կը յայտնէ: Երկրորդ՝ կը յօժարեցնէ ասոր, այնտեղ. «Ով որ իր անձը կը սիրէ՝ կը կորսնցնէ զայն» (Յհ 12.25):

Առաջինին համար գիտելի է, որ Քրիստոս հեթանոսներուն Իր նկատմամաբ ունեցած ջերմ ցանկութեան պատասխանելով, Ան յայտնեց Իր չարչարանքները՝ որոնք շուտով պիտի պատահէին, քանի որ Քրիստոսի չարչարանքներէն ետք հեթանոսները հաւատքի պիտի գային:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 119 

Վաղարշապատ


1 Տե՛ս, «Գանձասար», Բ, 1992, էջ 257-258:

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 14, 2021