ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ ԵՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ
ԱՒԱՆԴՈՒԹԵԱՆ ԱԿՈՒՆՔՆԵՐԸ
(The Tradition)
Հարցում. Որո՞նք են Եկեղեցւոյ որդեգրած Աւանդութեան ակունքները:
Պատասխան. 1. Առաջին ակունքը Եկեղեցւոյ կանոններն են, որոնք իրենց մէջ կ՚ընդգրկեն Հայր Առաքեալներուն օրէնքներն ու ուսուցումները, ինչպէս նաեւ Տիեզերական եւ Եկեղեցւոյ ընդունած տեղական ժողովներու կանոնները: Ինչպէս նաեւ Մեծ Հայրերուն կանոնները:
2. Երկրորդ ակունքը Եկեղեցւոյ ծէսերն են, որովհետեւ իրենց մէջ ունին աստուածաբանական եւ դաւանաբանական բազմաթիւ ճշմարտութիւններ, ինչպէս նաեւ եկեղեցական առողջ ընկալումը, զոր Եկեղեցին դրած է իր աղօթքներուն ու ծիսակատարութիւններուն մէջ, մանաւանդ եթէ այդ ծէսերը շա՜տ հին են եւ իրենց մէջ առաքելականութեան դրոշմը կը կրեն, որ դարէ դար սերունդներու միջեւ փոխանցուած է: Ծէսերը, որովհետեւ, Եկեղեցւոյ գործնական կեանքն են՝ սուրբ աստուածպաշտութեան մթնոլորտին մէջ:
3. Աւանդութիւնները մեզի հասած են նաեւ Սուրբ Հայրերու գրութիւններուն ընդմէջէն, որոնք ապրած են Եկեղեցւոյ կեանքն ու ուսուցումները՝ անոր ամենէն ծաղկուն ժամանակաշրջանին, եւ այդ բոլոը մեզի փոխանցեցին իրենց գրութիւններով…
4. Աւանդութիւնները կրնան պարունակուած ըլլալ նաեւ սկզբնական Եկեղեցւոյ ժառանգ ձգած արուեստին մէջ, յատկապէս ճարտարապետութեան եւ սրբանկարներու (icon) մէջ, քանի որ չենք կրնար սրբանկարը բաժնել դաւանաբանութենէն ու պատմութենէն. եւ ի՜նչ շատ բան կը սորվինք սրբանկարներէն: Այս հարցը երկար հարց է, եւ այստեղ առիթ չկայ զայն բացատրելու:
Ճարտարապետութիւնն ալ, օրինակ, մեզի դաւանաբանական մտածողութիւն կու տայ. ինչպէս օրինակ, եթէ Մկրտարանը Եկեղեցւոյ արեւմտեան կողմին վրայ ըլլալը…: Կամ Մկրտութեան Աւազանին փոքր ըլլալը, կը մատնանշէ մանուկներու մկրտութեան փաստը…, եւ այլն:
ՍՐԲԱՊԱՏԿԵՐՆԵՐՆ ՈՒ ՆՆՋԱՐԱՆՆԵՐԸ
Հ. Ննջարաներուն մէջ սրբապատկերներ կախելը արտօնուա՞ծ է, թէ՞ արգիլուած:
Պ. Սկսելու համար, զանազանենք սրբապատկերներն ու կրօնական նկարները:
Սրբապատկերները, արդարեւ, Միւռոնով օծուած պատկերներն են, զորս եկեղեցիէն ներս կը պահենք ու քահանան անոր դիմաց կը խնկարկէ: Ասիկա յատուկ պատիւ ունի, որովհետեւ սրբացուած է Սուրբ Միւռոնով:
Միւռոնով օծուած սրբապատկերները ննջարանի մէջ չեն դրուիր:
Որովհետեւ, Միւռոնով օծուած սրբապատկերը տան մէջ եթէ դրուի, ապա պէտք է պաշտամունքի համար յակտացուած տեղ մը դրուի, եւ ո՛չ թէ ննջարաններու մէջ: Ընդհանրապէս սակայն, խորհուրդ չի՛ տրուիր, որ Միւռոնով օծուած սրբապատկերները տուներուն մէջ դրուին…
Թերեւս քու ըսածդ կրօնական նկարներն են…
Կրօնական սովորական նկարները կրնաս որեւէ մէկ սենեակի մէջ դնել: Ասոր մէջ արգիլուած բան չկայ, որովհետեւ այդ նկարները խորհրդածութիւններու դրդապատճառ են:
ՈՎ ՈՐ ՀԵՌԱՑԱՒ ՈՒ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ
Հ. Եկեղեցւոյ դատաստանը ի՞նչ է մարդու մը նկատմամբ՝ ով ձգեց իր կրօնքը եւ ապա ետ վերադարձաւ: Այս մէկը Սուրբ Հոգիին հայհոյութի՞ւն (ուրանալ) կը համարուի: Եկեղեցին ինչպէ՞ս կ՚ընդունի անոր վերադարձը:
Պ. Հանգի՛ստ եղիր, այդ մէկը Սուրբ Հոգիին հայհոյութիւն չի՛ համարուիր:
Քրիստոնէութեան առաջին երեք դարերուն եւ չորրորդ դարու սկզբնաւորութեան հռոմէական հալածանքներու ժամանակ նման բազմաթիւ դէպքեր պատահած են, որով շատեր քրիստոնէութենէն հեռացած են, անոնցէ ոմանք կուռքերու խնկարկած են, կամ անոնց զոհեր մատուցած… Սակայն, երբ 313-ին Միլանի հրովարտակը հրապարակուեցաւ կրօնական ներողամտութեան մասին, այդ մարդիկը վերադարձան Եկեղեցւոյ գիրկը, որ ընդունեց զանոնք՝ դաստիարակչական որոշ կանոնով մը անոնց հեռանալուն պատճառով:
Այդ ընդունելութիւն այն ժամանակ կազմակերպեցին Անգարայի՝ 314 եւ Նոր Կեսարիայի՝ 315 ժողովներուն կանոնները: Անոնց ընդունումը կը հիմնաւորուի նաեւ Տէր Յիսուսի ըսածին վրայ. «Ինծի եկողը պիտի չմերժեմ» (Յհ 6.37):
Այս տեսակի մարդու մը հաւատքին վերադառնալէն ետք, զինք կրկին անգամ չեն մկրտեր, այլ՝ բաւարար է Ապաշխարութեան (զղջումի) Խորհուրդը: Ինչպէս նաեւ Սուրբ Հոգին հայհոյած չի՛ համարուիր, շատ պարզ պատճառով մը, որովհետեւ՝ անոր վերադարձը փաստ մըն է անոր պատասխանին՝ Սուրբ Հոգիին իր մէջ գործելուն: Այս մէկը նաեւ փաստ մըն է Սուրբ Հոգիին հետ միութեան: Այս մէկը, անկասկած, հակառակ է Սուրբ Հոգիին դէմ հայհոյելու:
ՎՍՏԱՀ ՉԵՄ ԵԹԷ ՄԿՐՏՈՒԱԾ ԵՄ
Հ. Իմ գլխաւոր խնդիրս այն է, որ վստահ չեմ եթէ մկրտուած եմ կամ ոչ: Ի՞նչ կը խրատես ինծի: Ի՞նչ ընեմ:
Պ. Բնականաբար առաջին թելադրութիւնս է, որ մեծ ազգականներուդ հարցնես. հայր, մայր, հօրեղբայրներ, քեռիներ, մեծ մայր…, եւ այլն: Ասոնք բոլո՞րն ալ վստահ չեն, թէ՞ այլեւս չկան:
Եթէ հարցը տակաւին կասկածելի է, ապա հանգիստ խիղճով կրնաս մկրտուիլ. որովհետեւ չես կրնար հոգիին փրկութեան հարցը կասկածի տակ պահել (Սղ 16.16: Յհ 3.5):
Եթէ իսկապէս չես մկրտուած, ապա այս Սուրբ Խորհուրդին օրհնութիւնը կը ստանաս, ինչպէս նաեւ միտքի հանգստութիւն կ՚ունենաս, եւ կասկածը իրական իրողութեամբ կը փոխարինես:
Իսկ եթէ մկրտուած ես, սակայն չէիր գիտեր ու ազգականներդ ալ այդ չէին գիտեր, ապա առաջին մկրտութիւնը իսկականը կ՚ըլլայ, իսկ երկրորդը՝ կարծես թէ չ՚ըլլար, եւ Աստուած հաշիւ չի՛ պահանջեր քեզմէ ատոր համար, ինչպէս նաեւ Եկեղեցւոյ օրէնքներն ալ այդպէս կը հրամայեն…:
ԱՆՁՆԱՍՊԱՆ ԸԼԼԱԼՈՒ ՄԱՍԻՆ ԿԸ ՄՏԱԾԵՄ
Հ. Հակառակ 24 տարեկան ըլլալուս, սակայն անձնասպան ըլլալու մասին կը մտածեմ, եւ յանցանքի զգացումէն ալ կը տառապիմ: Ի՞նչ է ձեր խորհուրդը:
Պ. Տարօրինակ է, որ այդ տարիքիդ անձնասպան ըլլալու մասին կը մտածես: Չէ՛, զաւակս, մի՛ մտածեր դուն քեզ սպաննելու մասին: Ձգէ, որ մահը իր ժամանակին գայ քեզի (Աստուծոյ կամքով երկար կեանքէ մը ետք): Մի՛ փափաքիր դուն անոր, այլ՝ ձգէ՛, որ ան փափաքի քեզի: Կը յուսամ, որ այն ատեն հոգեւոր պատրաստուածութեան մէջ կ՚ըլլաս՝ յաւիտենականութիւնը ընդունելու համար:
Դուն քեզի ըսէ. ես անձնասպան չեմ ըլլար, որովհետեւ եթէ անձնասպան ըլլամ՝ ինքզինքս սպաննած կ՚ըլլամ եւ մահը կը դիմաւորեմ որպէս մարդասպան, ու յաւիտենականութեան մէջ բաժինս մարդասպաններու բաժինը կ՚ըլլայ՝ դժոխքին մէջ:
Չկարծես, որ անձնասպանութիւնը քեզ կեանքէն եւ անոր մէջի ցաւերէն կ՚ազատէ, այլ՝ այն ուրիշ կեանքի մը սկիզբը պիտի ըլլայ, որ լեցուն է բազմագոյն, անտանելի եւ ժամանակի մէջ սահման չունեցող ցաւերով:
Անձնասպանութիւնը նաեւ ցուցանիշ է յուսահատութեան եւ անկարողութեան, որով հակառակ է յոյսին եւ հաւատքին, որոնք մեծագոյն առաքինութիւններէն են (Ա. Կր 13.13):
Իսկ յանցաւորի զգացումը որ ունիս, ատոր լուծումը զղջումն է: Եթէ ոեւէ մէկուն հետ գէշութեամբ վարուած ես, կրնաս հաշտուիլ անոր հետ ու սրբագրես յանցանքիդ հետեւանքները. իսկ մեռնիլդ ո՛չ անոր օգուտ է եւ ո՛չ ալ քեզի…։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ