ԵՐԿՈՒ ՔԵՐԹՈՒԱԾ ՄԱՀՄՈՒՏ ՏԷՐՈՒԻՇԷՆ

ԱՆՏԱՌԸ

Անտառին մէջ ձայնս չեմ լսեր,
Նոյնիսկ եթէ անտառը հրէշին սովէն դատարկուի...
Եւ յաղթուած կամ յաղթական զօրքը վերադառնայ,
Տարբերութիւն չունի ուր,
Անյայտ մահացածներուն աճիւններուն վրայ 
Կամ զօրանոցներուն մէջ 
Եւ կամ՝ գահ բարձրանայ:

Անտառին մէջ ձայնս չեմ լսեր,
Նոյնիսկ եթէ քամին բերէ զայն եւ ըսէ.
-Ասիկա ձայնդ է...
Չեմ լսեր զայն:

Անտառին մէջ ձայնս չեմ լսեր,
Նոյնիսկ եթէ գայլը երկու ոտքի վրայ կենայ 
Եւ ձայն տայ՝ ըսելով.
-Ես ձայնդ կը լսեմ, հրամայէ՛ ինծի:
Կ՚ըսեմ.
-Անտառը անտառին մէջ չէ, 
Գա՛յլ, հա՛յրս, զա՛ւակս,
Ձայնս կը լսեմ միայն այն ատեն,
Երբ անտառը ինձմէ դատարկուի
Եւ ես պարպուիմ անտառին լռութենէն:

ԱՂՋԻԿԸ / ԿԱՆՉԸ

Ծովուն եզերքը աղջիկ մը կայ,
Ան ծնողք մը ունի,
Ծնողքը՝ տուն մը,
Իսկ տունը՝ երկու պատուհան եւ դուռ մը...

Ծովուն վրայ ռազմանաւ մը կայ,
Որ կը զբաղի ծովափէն անցնողները որսալով. 
Չորս հոգի, հինգ, եօթ...
Կ՚իյնան աւազին վրայ:

Աղջիկը կը փրկուի կարծես,
Քանի մշուշոտ ձեռք մը,
Աստուածային ձեռք մը 
Օգնութեան կը հասնի: 

Աղջիկը կը կանչէ.
-Հա՛յր, հա՛յրս, ե՛լ վերադառնանք,
Ծովը մեզի պէսերուն համար չէ:

Իր ստուերին տակ գտնուող հայրը 
Չի պատասխաներ,
Բացակայած է:

Արմաւին մէջ արիւն,
Ամպերուն մէջ արիւն...:

Ձայնը կը բարձրանայ աւելի վե՛ր 
Եւ ծովափէն աւելի հեռո՜ւ:
Կը կանչէ ամայի գիշերները.
Արձագանգը անարձագանգ է:

Ու յաւիտենական կանչը կը յայտարարուի 
Շտապ լուրերով, 
Իսկ լուրերը կը դադրին շտապ ըլլալէ,
Քանի սաւառնակները կը վերադառնան 
Հարուածելու տուն մը՝ 
Երկու պատուհանով եւ մէկ դուռով: 

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 14, 2022