ՆՈՅԵՄԲԵՐԻ 15-ԷՆ ԱՆԴԻՆ

Նոյեմբերը բազմակողմանի առումով կարեւոր է, անկիւնադարձային թուական պիտի ըլլայ Արցախի հիմնախնդրի ընդհանուր տարեգրութեան մէջ։ Այսօրուան դրութեամբ, 9 նոյեմբերէն ի վեր հաստատուած հրադադարը ամուր կերպով կը շարունակուի, ի հեճուկս մինչ այդ յայտարարուած միւս հրադադարներուն, որոնք տապալեցան զանազան պատճառներով։ Եթէ փորձենք արագ վերլուծում մը ընել, ապա պիտի տեսնենք՝ թէ Ատրպէյճան այս պատերազմին ժամանակ ունէր ռազմական անասելի առաւելութիւն։ Ու գուցէ այդ առաւելութեան շնորհիւ էր, որ Պաքու մարտնչեցաւ այդքան երկար ու մեծ կորուստներ տալով հանդերձ՝ մերժեց նոյնիսկ մարդասիրական հրադադարի բոլոր առաջարկները։

Նոյն համայնապատկերին վրայ ալ Պաքու ռազմավարականօրէն այնպիսի «բախտորոշ» վիճակի մը հասաւ, որ վերցուց Շուշին եւ բարոյահոգեբանական մեծ հարուած մը տուաւ հայկական կողմին։ Հայ քաղաքական վերնախաւի երկու գլխաւոր ներկայացուցիչները՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան հաստատուած հրադադարէն առնուազն 48 ժամ անց հանդէս եկան յայտարարութիւններով, ուր բացէ ի բաց արտայայտուեցան հայկական կողմի զինեալ ուժերու մատնուած բարդ վիճակին մասին։ Ներկայացուեցան նոյնիսկ անհարկի մանրամասնութիւններ, որոնք հանրութեան «աչքը հանելու» ուժ ունէին եւ ձեւով մը կը միտէին ստեղծուած իրավիճակին քաղաքական պատասխանատուութիւնը ընդհանրապէս «ցրել» եւ խնդիրը դնել այլ հարթութեան վրայ։

Փաշինեան այս առումով փակագիծերը լայն բանալով կը խօսէր նոյնիսկ այն մասին, որ եթէ Շուշիի կորուստէն ետք ռազմական գործողութիւնները չդադրէին, ապա Ատրպէյճան պիտի հասնէր Արցախի մայրաքաղաքը՝ Ստեփանակերտ ու այդպէսով պաշարման տակ պիտի առնէր զանազան դիրքերու հազարաւոր զօրքեր։ Դառնաղէտ պիտի դառնար այդ զօրքերու ճակատագիրը, ու այդպէսով հայկական կողմին ունեցած մեծ ցաւին վրայ պիտի աւելնար շատ աւելի ծանր ցաւ մը՝ ծանրագոյնը մեր ժամանակներուն։

Այս մօտեցումը, ընդհանրապէս, չի հերքուիր, սակայն, կան այլ յաճախ «անհասկնալի» վարկածներ, որոնք կը յուշեն, կը պատմեն, կը բարձրաձայնեն, թէ Շուշին չէր ինկած, իսկ հայկական կողմը տակաւին ունէր պայքարելու ունակութիւն եւ ռազմական կարողութիւն։

Ի դէպ, այս նոյն համայնապատկերին վրայ երեւելի ու զգալի է իշխանութիւններուն մեծ ճիգը, որով նոյնիսկ եթեր կը բարձրացուէին Արցախի՝ օրերս հրաժարած Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Սամուէլ Պապայեանի փակ ժողովի մը ատեն կատարած յայտարարութիւնները, որոնք պարզ ու բաց ձեւով կ՚ըսէին ամէն ինչ... Պապայեան կը յայտնէր, որ հայկական զօրքի հրետանիներու թեւը ամբողջապէս ջախջախուած էր, հետեւաբար առանց հրետանի ունենալու՝ ինչ որ ալ ըլլային այլ հնարաւորութիւնները, անկարելի պիտի ըլլար նոր դրական տեղաշարժ ապահովել։ Իշխանութեան այս մօտեցումը, սակայն, կարծէք կը նմանէր ուշ լուծումներ բերողի սայթաքած մօտեցման, որովհետեւ շուրջ 45 օր հանրութիւնը «հրավառութեան» մէջ պահած եւ իրավիճակը «յաղթելու ենք» պիտակով գունաւորած իշխանութեան խօսքերը արդէն պիտի դառնային անհաւատալի եւ անվստահելի։ Անշուշտ, ստեղծուած իրադրութիւնը այսօր աւելի քան բարդ է ու հաշուըւած ժամեր մնացած է, որպէսզի խմբագրուած եւ երեք առաջնորդներուն կողմէ ստորագրուած համաձայնութիւնը գործադրուի։

Դառն է, որ հայկական կարգ մը շրջաններ, որոնք մինչեւ մարտերու աւարտը կը գտնուէին հայոց զօրքերու տիրապետութեան տակ, արդէն իսկ կը դատարկուին ու այս ընթացքով ալ պիտի անցնին Ատրպէյճանի ձեռքը։ Բայց եւ այնպէս, պատմական կենսափորձը միշտ ալ ցոյց տուած է, որ իւրաքանչիւր հակամարտութեան պարագային ուշացած լուծումներն ու նոր բախումի ատեն տրուած հարուածները աւելի ծանր ու դառն կ՚ըլլան՝ մանաւանդ այն կողմին համար, որ գրեթէ երեսուն տարի առաջ ի նպաստ իրեն աւարտած էին Արցախի հակամարտութեան առաջին փուլի ռազմական գործողութիւնները։

Պատմութիւնը անխնայ է միշտ ու յատկապէս անոնց համար, որոնք անկէ դասեր քաղելու ընդունակութիւն չունին։

Այս օրերուն Երեւանը կ՚եռայ։ Միշտ ըսուած է, որ Արցախի որեւէ գործընթաց ամբողջ Հայաստանի վրայ կ՚ունենայ անմիջական ազդեցութիւն։ Այս անգամ եւս տարբեր չէ։ Տարբեր պիտի չըլլար ու աւելի քան յստակ էր, որ 45 օր տեւած պատերազմական գործողութիւններէն վերջ, Արցախի ծանրակշիռ պատերազմի աւարտին դէպքերու ամբողջ թատերաբեմը կը փոխադրուի Երեւան։ Գուցէ այս բոլորը կ՚անցնին (եւ փափաքելի է, որ իրադարձութիւնները զարգանան տրամաբանական եւ անցնցում ձեւով) եւ վաղը մենք դարձեալ կը կարողանանք սառն աչքերով նայիլ իրերուն, վերլուծել ստեղծուած դրութիւնը, տեսնել գործուած սխալները ու մանաւանդ՝ սորվիլ անոնցմէ։

Թնդանօթներու լռումէն ու մանաւանդ՝ ծանր համաձայնագրի հրապարակումէն ժամեր անց Հայաստանի մէջ արդէն գոյացաւ նոր իրավիճակ մը, որու հիմնական օրակարգն է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարիլը։ Խնդիր, որու արծարծումը եւ որով պայմանաւորուած պահանջը շատ ալ հասկնալի է այս պարագային երկու կարեւոր թեզով։ Առաջին՝ որեւէ պատերազմի աւարտին իշխանութեան գլուխ գտնուող որեւէ առաջնորդ պարտաւոր է հեռանալ իր պաշտօնէն։ Երկրորդ՝ ժողովրդական համընդհանուր նեցուկով իշխանութեան հասած Փաշինեան, որ զանազան առիթներով խոստացած էր Արցախի բոլոր անկիւնադարձային զարգացումներուն վերաբերեալ բաց ձեւով խօսիլ հայ ժողովուրդին հետ, անասելի վատ համաձայնութիւն մը կնքած է՝ բացարձակ գաղտնի պայմաններով, հասարակութենէն հեռու եւ բոլորովին մութ վիճակի մէջ։

Այս հանգամանքին, անշուշտ, կարելի է աւելի ընդարձակ անդրադառնալ, բայց այդ բոլորը էական չեն։ Արդարեւ, նոյնինքն Փաշինեան, որ նախքան Շուշիի անկումը ամէն ճիգ ի գործ կը դնէր հեռու մնալու համար քաղաքական շրջանակներու եւ ժողովուրդի ընդհանուր տեսադաշտէն, այսօր այլեւս յայտնուած է ներքին բեկման փուլի մը մէջ։ Ան անվստահութեան եւ տարակուսանքներու ծանր բեռան մը տակ է, եթէ հաշուի առնենք անոր հակասական ելոյթները, ջղագար խօսքերը եւ մէկը միւսին հակասող անհիմն «հաստատումները»։

Անշուշտ, այս բոլորը գրելու ատեն նաեւ միտքս լայնօրէն տարուած է, որ Հայաստանի հասարակութեան ջախջախիչ մեծամասնութեան համար շաբաթ մը առաջ մէջտեղ հանուած եւ երեք երկիրներու՝ Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի առաջնորդներուն կողմէ ստորագրուած «տխրահռչակ» համաձայնութիւնը պիտի չարդարանայ։ Պիտի չընդունուի, որովհետեւ անարդար է եւ պիտի չընդունուի, որովհետեւ առնուազն հայկական կողմէն (Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի իշխանութիւններ) այս համաձայնագիրը «ընդունելու», ընկալելու եւ հանրութեան ներկայացնելու բոլոր փորձերը ո՛չ միայն տհաս են, այլեւ՝ անարդար ու կասկածայարոյց տարրեր կը պարունակեն՝ խաղաղութեան կամ առնուազն կրակը դադրեցնելու միտուած անոնց ճիգերուն տեսակէտէ։

Հայկական կողմը, որ ամբողջ քառասուն օր գետնի վրայ կացութիւնը կը ներկայացնէր՝ որպէս յաղթանակի հիմք դառնալիք ընդհանուր դիպաշար, ապա յանկարծ սկսաւ խօսիլ Շուշի բերդաքաղաքի վտանգուած ըլլալուն մասին։ Ատկէ վերջ արագօրէն սկսաւ նկարագրումը ստեղծուած գահավիժումին եւ հաղորդուեցան տեղեկութիւններ, ըստ որոնց հայկական զօրքերը ծանր վիճակի մատնուած են ու կը գտնուին վնասուած դիրքերու մէջ։

Այս բոլորը կ՚ըլլային շատ արագ եւ նոյնիսկ ակնթարթային։ Յաջորդած դիպաշարը արդէն ծանօթ է բոլորին՝ ընդհանուր հրադադար, Ռուսաստանի խաղաղապահներու Արցախ ժամանում, Ալիեւ-Փութին առաջարկուած համաձայնութեան հեռավար ստորագրութիւն, նաեւ մնացեալ կէտերը, որոնցմով Շուշին կ՚անցնի Ատրպէյճանին, Արցախի յարակից բազում շրջաններ կը տրուին Ատրպէյճանին։ Աւելի՛ն, ու ամենէն զարմանալին, նոյնիսկ անհասկնալին՝ Ատրպէյճանի համար դէպի Նախիջեւան ցամաքային անցք մը կ՚ապահովուի։ Բացի այս բոլորէն, Արցախի կարգավիճակի մասին ընդհանուր անորոշութիւն, որու վրայ եկան աւելնալ Ատրպէյճանի կողմէ միասին խաղաղ եւ համերաշխ ապրելու մասին անյօդաբաշխ խօսքեր։

Այժմ, այս կէտերէն անդին, մեր աչքերուն առջեւ կ՚ուրուագծուի Ռուսաստանի՝ Կովկասի այս հատուածէն ներս՝ որպէս ռազմական-խաղաղապահ ուժ երեւալու պարագան։ Այս մասին վստահաբար տակաւին մտորելու առիթներ կ՚ըլլան Երեւանի, բայց մանաւանդ՝ Պաքուի մէջ, հաւանական ազդեցութեան եւ խորքային պատճառներով հանդերձ։ Խաղը, ըստ երեւոյթին, նոր կը բացուի։ Մոսկուա ամբողջական զօրութեամբ իր թեւերուն տակ կ՚առնէ կողմերը եւ անկէ անդին ալ, պարզ ու յստակ կեցուածքով անգամ մը եւս կը հաստատէ հին-նոր վարկածը, թէ Հարաւային Կովկասի մէջ նոյնիսկ տերեւ մը չի շարժիր առանց Քրեմլինի որոշման։

Մինչ Պաքուի մէջ տօնախմբութիւններ կը կատարուին, անդին Երեւան ամբողջական լարումով կը պայքարի՝ Փաշինեանի հեռացման համար։ Եւ այս եռուն վիճակին զուգահեռ՝ տեղի կ՚ունենան հաւաքներ, բողոքի ցոյցեր եւ նոյնիսկ ձերբակալութիւններ։ Պետական համակարգը գրեթէ կանգ առած է եւ գետնի վրայ քաղաքական ուժերը տակաւին չեն պատրաստուած ներկայացնելու այն գլխաւոր դէմքը, որ պիտի կարողանայ դառնալ այս շարժումի առաջնորդը։ Յստակ է նաեւ, որ Հայաստանի ընդդիմադիր շրջանակները բառացիօրէն կը կռուին ժամացոյցի սլաքներուն դէմ, որովհետեւ յառաջիկայ օրերուն ստորագրուած համաձայնագիրը գործի պիտի դրուի։

Հիմնական հարցը հետեւեալն է. արդեօք կարելի՞ է ստեղծուած իրավիճակին մէջ բան մը փրկել, թէ ոչ բոլոր «երազներ»ը աւարտած են ու մտած ենք հայ ժողովուրդին համար ծանր հետեւանքներով առլցուն համաձայնութեան գործադրութեան դառն փուլը, նոյնիսկ Հայաստանի անվտանգութեան հարցականի տակ մնալով։

Յառաջիկայ ժամերը կարեւոր են ու ծանրակշիռ։ Աւելի քան պարզ է, որ Ռուսաստանի համար այս համաձայնութեան «պահպանում»ը եւ անցնցում իրականացումը դարձած են արտաքին քաղաքականութեան այս փուլի կարեւորագոյն գրաւներէն մին։ Անոր կատարումով Մոսկուա վերջնականապէս (առ երեւոյթ գուցէ) իր մեծ տոմարէն պիտի հանէ «Ղարաբաղեան հակամարտութիւն» բառակապակցութիւնը։ Ան այդպէսով նախ Պաքուն պիտի հեռացնէ Անգարայէն եւ Երեւանին ալ անգամ մը եւս պիտի յիշեցնէ, որ Մոսկուայէն հեռու որեւէ թփռտոց կրնայ ունենալ եւ ունի մահացու հետեւանքներ։ Եւս առաւել, ամենակարեւորը՝ Ռուսաստան Արեւմուտքին եւ ԱՄՆ-ին պիտի յուշէ, որ ինչպէս Սուրիոյ, այնպէս ալ Կովկասի մէջ ինքն է ամենազօր «պապա»ն։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Նոյեմբեր 14, 2020