ԱԿՆԱՐԿ - 45 - ԾՆՈՂՆԵՐ, ՁԵՐ ԶԱՒԱԿՆԵՐԸ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀԱՄԱՐ ՊԱՏՐԱՍՏԵՑԷ՛Ք ԵՒ Ո՛Չ ԹԷ ԱՇԽԱՐՀԻ

Այսօրուան ծնողներուն համար իրենց զաւակներուն դաստիարակութիւնը դարձած է քիչ մը տարօրինակ եւ շատ յաճախ անհասկնալի:

Ծնողները պատճառաբանելով կամ փորձելով արդարանալ այսօրուան մեր ապրած «չարացած» կամ «փոխուած» աշխարհին մէջ, կ՚ըսեն թէ ստիպուած են իրենց զաւակները ըստ այդմ դաստիարակել ու մեծցնել, որպէսզի յանկարծ կուլ չերթան կամ ասոր անոր ձեռքը խաղալիք չդառնան:

Առ այդ, ծնողները իրենց զաւակներուն դաստիարակութիւնը վերածած են անդաստիարակութեան, որովհետեւ փոքր տարիքէն իսկ՝ սկսած հինգ-վեց տարեկանէն, կը սկսին անոնց մէջ հակադարձելու, պատասխանելու, իր «իրաւունքը պաշտպանելու», խաբելու, գողնալու, ինքզինք բոլորէն իմաստուն եւ բոլորէն վեր դասելու հիւանդագին ու շա՜տ վնասակար ոգին ներարկել: Իրողութիւն մը, որ այդ փոքր տարիքէն իսկ կը խաթարէ երեխային բնական աճը, կ՚աղաւաղէ անոր մէջ անմեղ մանուկի, պատանիի կերպարը, իսկ ապագային՝ առողջ ու հաւասարակշռուած երիտասարդ մը ըլլալու հեռանկարը:

Աշխարհի փոփոխութիւնը կամ չարացումը պատճառաբանելը ո՛չ մէկ իրաւունք կու տայ ոեւէ մէկ ծնողի աղաւաղելու եւ փճացնելու իր երեխային բարի էութիւնը, ընդհակառակը, այդ պատճառաբանութիւնը ակներեւ փաստ է ծնողներուն զաւակներու դաստիարակութեան անպատրաստակամութեան, միաժամանակ փաստ է իրենց տգիտութեան ու զաւակները չսիրելուն մէջ: Սիրող ծնող մը չի՛ կրնար իր զաւակը վերը նշուած երեւոյթներուն համաձայն դաստիարակել կամ մեծցնել, ի՛նչ ալ ըլլան ընկերութեան՝ որու մէջ կ՚ապրին պայմաններն ու արժէչափերը: Մարդը չէ՛ ստեղծուած որպէսզի ենթակայ ըլլայ ինչ-ինչ հոսանքներու-համոզումներու, կամ տիրող բարքերու, կամ գոյացած սովորութիւններու, երբ այդ հոսանքներ-համոզումները, բարքերը եւ գոյացած սովորութիւնները չե՛ն համապատասխաներ մարդ կոչումին:

Մարդը առաջին հերթին ստեղծուած է Աստուծոյ պատկերով եւ նմանութեամբ. ասիկա անուրանալի փաստ է՝ ընդունինք կամ ոչ, հաւատացեալ ըլլանք կամ ոչ: Մարդուն էութիւնն է, այդպէս ստեղծուած է, եւ այս առումով մարդ ո՛չ մէկ բան կրնայ փոխել: Մարդը միայն կրնայ իր մէջ եղող աստուածային պատկերն ու նմանութիւնը աղաւաղել եւ խամրեցնել, որով պարպուելով իր մարդկութենէն, ինքզինք կ՚իջեցնէ անասուններու մակարդակին, որոնք նոյն այդ պատկերով ու նմանութեամբ չեն ստեղծուած, առաւել՝ անոնք բանականութիւն, կամք եւ տրամաբանութիւն չունին, բնազդով է որ իրենց գոյութիւնը կը պահպանեն, աւելին՝ ստեղծուած են որպէսզի մարդոց կեանքը դիւրացնեն, մարդոց կեանքի բարօրութեան նպաստեն:

Այս առումով, երբ ծնողները իրենց զաւակները վերը թուարկուած երեւոյթներով կը սնուցեն, կը դաստիարակեն ու այդպէս կը մեծցնեն, այդպիսով իրենց զաւակներուն մէջ փոքր տարիքէն իսկ կ՚եղծանեն աստուածային այդ պատկերն ու նմանութիւնը, որ գրաւականն ու արմատն է իրենց ՄԱՐԴ ըլլալուն, իրենց ՄԱՐԴԿԱՅՆՈՒԹԵԱՆ, առանց այդ պատկերին ու նմանութեան այդ զաւակները բնաւ պիտի չկարենան իրենք զիրենք դրսեւորեն որպէս լիիրաւ մարդ, ի՜նչ յաջողութեան, դիրքի, ձեռքբերումի, պաշտօնի ու հարստութեան ալ հասնին, որովհետեւ իրենց արմատը, իրենց ատաղձը առողջ չէ, փճացած է:

Ծնողներուն առաջին եւ գլխաւոր պարտաւարութիւնն ու պարտականութիւնը պէտք է ըլլայ իրենց զաւակները դաստիարակել Աստուծոյ համար, այլ խօսքով՝ գիտակցելու իրենց մէջ եղող աստուածային պատկերին ու նմանութեան, ճանչնալու զԱստուած եւ Աստուծմով ապրելու, որով մնացեալ բոլոր պարագաները իրենց տրամաբանական լուծումն ու ընթացքը կ՚ունենան ու կը գտնեն:

Ոմանք հիմա կրնան ըսել, թէ 21-րդ դարուն մէջ կ՚ապրինք իսկ դուք ի՜նչ վերացական ու ժամանակավրէպ բաներու մասին կը խօսիք…: Չեմ առարկեր, պարզապէս այդպէս մտածողներուն հարցում մը կու տամ: Աշխարհի վրայ երբեք եղա՞ծ է ուժ մը կամ գոյութիւն մը, որ յայտարարած ըլլայ, թէ՝ «Ես եմ Սկիզբը եւ Ես եմ Վախճանը: Ես եմ կենդանի եղողը եւ Ես եմ որ մեռայ եւ ահաւասիկ կենդանի եմ յաւիտեանս յաւիտենից: Մահուան ու դժոխքի բանալիները Իմ ձեռքս են» (Յյտ 1.17-18). կամ՝ «Ես Իմ սիրած անձերս կը յանդիմանեմ ու կը խրատեմ. ուստի նախանձախնդիր եղիր եւ ապաշխարէ՛: Ահա Ես դռան առջեւ եմ ու կը բախեմ: Եթէ մէկը Իմ ձայնս լսէ եւ դուռը բանայ՝ ներս պիտի մտնեմ եւ անոր հետ պիտի ընթրեմ, ան ալ՝ Ինծի հետ: Ով որ յաղթանակէ՝ անոր իրաւունք պիտի տամ նստելու Ինծի հետ Իմ գահիս վրայ, այնպէս՝ ինչպէս որ Ես յաղթեցի եւ բազմեցայ Հօրս հետ Իր գահին վրայ» (Յյտ 3.19-21): Սրբազան Պօղոս առաքեալը այդ Միակ Ուժին մասին այսպէս կը վկայէ. «Յիսուս Քրիստոս նո՛յնն է միշտ՝ երէկ, այսօր եւ յաւտիեան» (Եբր 13.8): Հետեւաբար, անոնք որոնք կը մտածեն, թէ մեր այս գրածները ժամանակավրէպ կամ վերացական բաներ են, անգամ մի քանի անգամ թող կարդան վերոնշեալ մէջբերումները, Աստուծմէ իմաստութիւն խնդրելով՝ որպէսզի լուսաւորէ իրենց միտքերը ճիշդ կերպով հասկնալու եւ ըմբռնելու համար եւ ըստ այնմ դաստիարակելու իրենց զաւակները:

***

Նախքան աւարտելս կ՚ուզեմ հետեւեալ սխալ հասկացողութեան մասին անդրադառնալ: Մեզմէ շատեր Աստուծոյ համար, Աստուծմով եւ Անոր պատուիրաններով ապրիլը, հոգեւոր կեանքով ապրիլը տկարութեան եւ թուլութեան դրսեւորում որպէս կ՚ընկալեն, քրիստոնէութիւնը թուլութեան եւ տկարութեան կրօնք հռչակելով: Առաջին հերթին, մեզմէ իւրաքանչիւրիս համար պէտք է յստակ դառնայ, թէ քրիստոնէութիւնը կրօնք ըլլալէ անդին ու վեր ապրեկակերպ է, եւ այդ ապրելակերպը կապում ունի իւրաքանչիւր անհատի որդեգրած ապրելակերպէն: Քրիստոնէութիւնը երբեք տկարութեան կամ թուլութեան կրօնք, ուսմունք կամ համոզում չէ եղած, ընդհակառակը քրիստոնէութեամբ մարդ ազատագրուած է խաւարի ու տգիտութեան ճիրաններէն եւ իր հայեացքը դէպի լոյսը ուղղած է այլեւս: Քրիստոնէութիւնը սիրոյ եւ ներողամտութեան կրօնք ու ապրելակերպ ըլլալու կողքին, առաւելապէս է՛ նաեւ իրաւունքի եւ զօրութեան կրօնք ու ապրելակերպ, եւ այս ապրելակերպով միայն զօրաւորներն են որ կրնան ապրիլ ու միայն կամքի տէր մարդիկն են, որոնք կրնան այս ապրելակերպը որդեգրել: Կամքով տկարները, իրենց հաճոյքներու գերին եղողները չե՛ն կրնար այս ապրելակերպը որդեգրել, որովհետեւ իրենց մեղկ հոգիները ի զօրու չեն քայլ կատարել դէպի Արդարութեան Արեգակ, դէպի ճշմարտութիւն:

Հետեւաբար, երբ կ՚ըսենք՝ թէ ծնողներ ձեր զաւակները Աստուծոյ համար պատրաստեցէք եւ ո՛չ թէ աշխարհի, այդպիսով ծնողներուն ըսել կ՚ուզենք, որ սորվեցուցէք ձեր զաւակներուն զօրաւոր ըլլան, արդարութեան հետեւող, արդարութեան զրահակիր ըլլան, իրաւունք պաշտպանող ըլլան՝ բայց արդարացիութեամբ եւ ճշմարտացիութեամբ եւ ո՛չ թէ խաբէութեամբ եւ շողոքորթութեամբ: Ձեր զաւակները Աստուծոյ պատրաստելով՝ զանոնք երկնային քաղաքացիութեան արժանի ըլլալու կարեւորագոյն քայլը առած կ՚ըլլաք, իսկ երկնային քաղաքացիութեան գիտակցութիւնը ունին անոնք՝ որոնք հոգիով ու կամքով զօրաւոր են, միտքով ու բանականութեամբ լուսաւոր:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

11 դեկտեմբեր 2023, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2023