ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՏԱԳՆԱՊԸ, ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՅՍՕՐԸ ԵՒ ՀԱՐՑԱԴՐՈՒՄՆԵՐ
Պէյրութի մէջ տնտեսական տագնապը կը շարունակուի։ Երկրին մէջ բարձր լարուածութիւնը, տնտեսական եւ մանաւանդ ելմտական «ջղաձգում»ը կը շարունակէ իր մէջ կլանել Լիբանանի սովորական քաղաքացին, որ իրապէս յայտնուած է ամէնօրեայ «սեւ հաց»ը ապահովելու օրհասին մէջ։
Այս բոլորին զուգահեռ, բացայայտ է, որ Լիբանանի մէջ ապրող հայութիւնն ալ կլանուած է արտաքին ազդակներով պարարտ գետին մը բացած իրավիճակին մէջ ու մեծաթիւ հայորդիներ, այսօր յայտնուած են ծանր աղքատութեան մը եզրափուլին։ Ասոր զուգահեռ, պէտք է նաեւ հաշուի առնել, որ նախքան այս տագապին սրացումը, քիչ չէր թիւը այն հայորդիներուն, որոնք պատրաստ էինք ամէն ինչ մէկդի դնել եւ հայրենադառնալ՝ հայաստանուիլ։
Այսօր սակայն ու պայմանաւորուած Հայաստանի վերջին պատերազմով, Լիբանանը վերջնականապէս լքելու գործընթացները դադար ստացած են։ Երեւի ժամանակաւոր է այս դադարը, իսկ Հայաստանէն բացի այլ ուղղութեամբ հեռանալու պայմանները կը շարունակեն մնալ ծանր ու դժուարին։ Այս պայմաններով աւելի քան բացայայտ է, որ ներքին մեծ լարուածութիւններու լոյսին տակ, Լիբանանի մէջ քաղաքական լուծումներու առագաստը կը շարունակէ մնալ աներեւելի։ Այս կէտին չի բացառուիր, որ Միացեալ Նահանգներ-Իրան լարուածութեան որպէս «արիւնատար» երակ Լիբանանը եւ մայրաքաղաք Պէյրութը օգտագործուին երկու կողմերէն ալ՝ իրենց «թաքուն» պատերազմները պահուան մը համար հեռացնելու ու թերեւս ալ պատրաստուելու խաղաղութեան նոր փուլի։
Այս բոլորի լոյսին ներքոյ եւ աւելի մօտէն ծանօթանալու լիբանանահայութեան այսօրուան խնդիրներուն՝ կարճ զրոյց մը ունեցայ լիբանանահայ բժիշկ Մկրտիչ (Մկօ) Գէորգեանին հետ։
*
-Պէյրութի մէջ ընթացող վերջին գործընթացները արդեօք ինչ-որ քաղաքական նպատակ կը հետապնդե՞ն եւ որո՞ւ կողմէ:
-Լիբանանի մէջ չկայ բան մը, որ քաղաքականցուած չէ: Վերջին օրերու ցոյցերն ու ճամբաներ փակելը անպայման քաղաքական նպատակներ կը հետապնդեն։ Մեր մօտ քաղաքականութիւնը կը գտնուի այնպիսի փակուղիի մը առջեւ, ուր ո՛չ կարելի է յառաջանալ եւ ոչ յետադիմել: Վերջին փորձերը կը կատարեն երկու հակադիր ուժերը՝ նախագահով եւ նշանակեալ վարչապետով ներկայացուած, որովհետեւ տեղ մը հասած են, որ այլեւս կարելի չէ շարունակել: Ո՛չ կրնան կառավարութիւն կազմել, ո՛չ կրնան յառաջ տանիլ երկիրը, որ այլեւս այսպէս չի ղեկավարուիր: Հասած ենք այն տեղը, ուր Լիբանան ամբողջովին ուղղակի անդունդի եզրին կը գտնուի:
-Ինչպիսի՞ն են այսօր լիբանանահայութեան մտահոգութիւններն ու մտավախութիւնները: Ի՞նչ են առկայ խնդիրները:
-Վերջին պայթումը, որ պատահեցաւ 4 օգոստոսին, որուն հետեւանքով ալ վնասուող շրջանները մեծ մասամբ հայահոծ էին, հարիւրաւոր ընտանիքներ տուներ կորսնցուցին, հարիւրաւոր գործատեղիներ վերջնականապէս փակուեցան ու մարդիկ անգործ մնացին: Տակաւին դանդաղօրէն, շատ չնչին ձեւով հազիւ կեանքը կը վերադառնայ իր բնականոն հունին: Անշուշտ, կարելի չէ ընդհանուր Լիբանանէն առանձնացնել հայութիւնը, որ ճիշդ է, լաւ վիճակի մէջ չէ, բայց կը գոյատեւէ: Լիբանանը միշտ ալ այսպիսի տագնապներէ անցած է, ասիկա ո՛չ առաջինն է եւ ոչ ալ վերջինը պիտի ըլլայ:
-Ըստ զրոյցներու՝ եթէ այսպէս շարունակուի, թէ՛ կառավարութիւնը եւ թէ Կեդրոնական դրամատունը պիտի չկարողանան դրամական հոսք ապահովել կամ գանձատրական նեցուկ տալ այն ապրանքատեսակներուն, որոնք կը ներածուին եւ անհրաժեշտութիւն կը համարուին։ Դարձեալ ըստ զրոյցներու՝ եթէ այդ փուլին մտնէ երկիրը, նախ պիտի ըլլայ շատ սղած, յետոյ երկիրը պիտի մտնէ սովի համընդհանուր փուլ մը: Դուք ի՞նչ կ՚ակնկալէք այդ առումով, իրապէս կա՞յ սովի վախը Լիբանանի մէջ:
-Լիբանանը արդիւնաբերական մեծ երկիր մը չէ, այսօր երկրի ամբողջ տնտեսութիւնը փոխկապակցուած է ներմուծման ոլորտին հետ եւ ապրանքներուն աւելի քան 80 տոկոսը կը ներմուծուի արտասահմանէն: Կեդրոնական դրամատունը նշաններ կու տայ, թէ ինք այլեւս կարող չէ եւ ամենաշատը մինչեւ մէկ ամիս եւս կրնայ տարադրամով ապահովել պետական օժանդակութեան ենթակայ ներմուծումները. ինչպէս՝ դեղերը, վառելանիւթը եւ սնունդի մէկ մասը, կը կարծեմ այդ ալ մօտ օրէն պիտի դադրի: Գիները այնպիսի սղութիւն արձանագրած են, որ ժողովուրդի 90 տոկոսը արդէն կորսնցուցած է իր բնականոն ապրուստ ապահովող գնողունակութեան ուժը եւ այդ մէկը պատկերը ա՛լ աւելիով ծանր կը դարձնէ։
-Գիտենք, որ արեւմտեան երկիրները այս մեծ ճնշումները կը բանեցնեն ո՛չ միայն ազդելու Լիբանանի քաղաքական գործընթացներուն վրայ, այլեւ նպատակ ունենալով «Հիզպուլլահ»ը ծունկի բերել։ Այդ առումով ի՞նչ կարծիք ունիք. արեւմուտքի այս ոճը դրական յոյս մը պիտի տա՞յ Լիբանանին:
-Այլեւս արեւմուտք չենք կրնար ըսել: Միջին Արեւելքի մէջ նոր բեւեռացում մը կայ, Լիբանանն ալ վերջին տասնհինգ տարուայ ընթացքին Իրանի «դիմադրութեան» բեւեռին մաս կազմած է եւ այդպէս ալ կը շարունակէ, կորսնցնելով արաբական երկիրներու նեցուկն ու արաբ վաղեմի գործընկերներու բարեկամութիւնը, անշուշտ բացի Սուրիայէն: Այս պատկերին մէջ ալ Լիբանան չի կրնար օժանդակութեան սպասել։ Օրինակ՝ տակաւին վերջերս Սէուտական Արաբիոյ ներկայցուցիչը յայտարարեց, որ թագաւորութիւնը պատրաստ չէ օգնելու Լիբանանին, իսկ վարչապետ Հարիրիի ճամբորդութիւնները՝ կարծես ապարդիւն են: Իմ կարծիքով, քաղաքականօրէն Լիբանանին բեւեռներու կողմ դառնալը ժողովուրդին օգտին չեղաւ: Յուսամ հրաշք մը կատարուի եւ լուծում մը կը ստեղծուի, որովհետեւ դժբախտաբար այսօր Լիբանանն ալ շրջանային ազդեցիկ ուժերուն ձեռքը խաղաքարտ եղած է. ինչպէս՝ Եէմէնը, Սուրիան եւ շատ մը այլ երկիրներ:
-Բազմաթիւներու կարծիքով՝ նախքան Հայաստանի այս պատերազմը, լիբանանահայութիւնը մեծ թիւերով պիտի գաղթէր եւ հաստատուէր Հայաստանի մէջ, սակայն պատերազմը ամէն ինչ շրջափոխեց: Այսօր ի՞նչ տրամադրութիւններ կը տիրեն Հայաստանի նկատմամբ:
-Լիբանանահայութիւնը ընդհանրապէս Հայաստանի նկատմամբ մեծ յոյսեր ունի, ան չէ կորսնցուցած իր հայրենասիրութիւնը: Բայց այն շրջանակը, որ կ՚ակնկալուէր, որ պիտի գաղթէ, աշխատող դասակարգը պիտի ըլլար, սակայն Հայաստանէն հասնող լուրերը այնքան ալ խրախուսիչ չեն, նախապէս գացող ու հոն հաստատուողները լաւ վիճակի մէջ չեն գտնուիր: Մի՛ մոռնաք, որ այստեղի 4 օգոստոսի պայթումէն ետք, շատ շատեր անգործութեան մատնուեցան, տարադրամի բարձրացումը, նաեւ դրամատուները պահ դրուած գումարները, որոնք կարելի է կորսուած համարել, կամ ամենալաւ պայմաններուն անոնց միայն 10 տոկոսը ձեռք բերել... եւ այս պայմաններով շատ դժուար պիտի ըլլայ մարդոց համար քաղաքէն դուրս ելլել կամ հայրենադարձութեան մասին մտածել: Ժողովուրդը այնպիսի վիճակի մէջ է, որ օրապահիկը, զաւակներուն օրուայ հացը ապահովելու մասին կը մտածէ, հետեւաբար դժուար է այսօր ձեռնարկել այդպիսի մեծ որոշումներու։ Նաեւ Հայաստանէն ալ չենք տեսներ օժանդակութիւն մը, կամ քաջալերանք մը, որ եկէք Հայաստան եւ մենք կ՚ապահովենք դիւրութիւններ, նման այլ երկիրներու, ուր օրինաւոր գաղթ կազմակերպուեցաւ: Ի վերջոյ հասկնալի պատճառներով հայրենադարձութեան օրակարգը այսօր սառած է։
-Որպէս լիբանանահայ, ի՞նչ մտավախութիւններ ունիք կապուած Հայաստանի իրավիճակին եւ ի՞նչ կ՚ակնկալէք:
-Լիբանանը տարիներու ընթացքին եղած է ամբողջ սփիւռքի սիրտը, աշխարհի սփիւռքահայութեան կեդրոնները հիմնուած են Լիբանանի մէջ, ամբողջ հայապահպանման մշակոյթը, զոր ունեցած է սփիւռքահայութիւնը, Լիբանանին մէջ աճած է, անշուշտ այսպիսի զգացումներով գաղութ մը չի կրնար հեռու մնալ Հայաստանի ներքին իրավիճակէն, կամ այն քաղաքական բեւեռացումէն, որ նաեւ եղաւ Հայաստանի մէջ: Որպէս լիբանանահայութիւն, այսօր մենք առօրեայ կեանքի առումով, ահռելի եւ բարդ տագնապի մէջ ենք։ Մէկ կողմէն քորոնան, միւս կողմէն սղաճը, անգործութիւնը, տարադրամի բարձրացումը, ո՞ր տագնապին մասին մտածենք: Դեռ չըսենք լոքտաունները (տեղաշարժման սահմանափակում եւ համընդհանուր փակում), որոնք յաճախակի դարձան եւ որուն հետեւանքով հազարներ իրենց գործերը կորսնցուցին: Լիբանանահայ գաղութը իր ողջ կեանքի ընթացքին թերեւս այսպիսի դրութեան մը մէջ չէր գտնուած, ազգային կամ հոգեւոր կառոյցներն ալ շատ բան չեն կրնար ընել, որովհետեւ հարիւրաւոր կարիքաւոր ընտանիքներու մասին չէ խօսքը, այլ ամբողջ գաղութի մը։ Քորոնան նոր պայմաններ ստեղծեց աշխարհով մէկ, եւ հայերն ալ այս աշխարհին մէկ մասնիկն են։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան