ՊԱՔՈՒ Կ՚ԱՃԱՊԱՐԷ

Սիւնիքի մարզի սահմանակից Տեղ գիւղին մէջ օրեր առաջ պատահեցաւ միջադէպ մը, որուն հետեւանքով հայկական բանակէն 4 զինուոր նահատակուեցաւ։ Աւելի ուշ հետզհետէ պարզ դարձաւ Ատրպէյճանի սադրանքին տարողութիւնը, ինչ որ նոր լարուածութիւն մը յառաջացուց հայկական մեծ օրակարգին մէջ։ Ենթադրութիւններու, վերլուծութիւններու եւ կանխատեսումներու մէջ յստակօրէն կ՚ուրուագծուէր, որ այս դէպքը, դժբախտաբար վերջինը պիտի չըլլայ։ Պատճառներու շարքին է այն հանգամանքը, թէ տարածաշրջանէն ներս ամբողջական խաղաղութիւն չէ հաստատուած։

Այս բոլորին կապակցութեամբ հեռավար զրուցեցինք Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանին հետ՝ «Առաջին» լրատուական առցանց հեռուստակայանին համար։ Նկատի ունենալով, որ զրոյցը շահեկան էր՝ այսօր մեր այս սիւնակը կը յատկացնենք Շահան Գանտահարեանի հետ մեր խօսակցութեան սղագրութեան։

*

-Ինչպէ՞ս կը գնահատէք պատահածը։

-Պաքուի դասական վարքագիծը կ՚ունենայ իր հերթական դրսեւորումը։ Առաջին անգամը չէ, որ նման ոտնձգութիւն կ՚ըլլայ սահմանին դէմ՝ կրակոցներով, ականանետերով, ներխուժումով, շփման գծի խախտումով։ Նոյնը կը տեսնենք Արցախի մէջ՝ սահմանի վրայ ներթափանցման գործողութիւններով։ Այս բոլորը Պաքուի շարունակական, հետեւողական ռազմաքաղաքական դասական վարքագիծի հերթական դրսեւորումն է։ Այս բոլորին քաղաքական գնահատականն է, որ Պաքու կ՚աճապարէ խաղաղութեան պայմանագիրը պարտադրելու համար։ Ուրեմն այնտեղ՝ իրենց ըսելաձեւով, հարցը «Զանգեզուրի միջանցք»ն է։ Ընդ որում, նաեւ 9 նոյեմբեր 2020 թուականի հրադադարի յայտարարութեան ընտրովի կէտերու արագ իրականացման պահանջն է, սահմանազատումն ու սահմանագծումն է, բնականաբար, Պաքուի նախընտրած քարտէսներով։ Այս բոլորը իրարու շաղկապուած են եւ կը կարծեմ, թէ ճնշամիջոց են ու պիտի շարունակուին, որովհետեւ մինչեւ այս պահը Պաքու չէ կրցած իրականացնել իր առաջադրանքները։ Ընդհանուր տեսքով, այդ առաջադրանքները, ըստ էութեան երկու հատ են։ Անշուշտ, բոլորը իրենց ենթաբաժինները, ենթակէտերը ունին։ Առաջինը՝ հրադադարի յայտարարութեան 9-րդ կէտն է, բայց Ատրպէյճանի ընկալումով, անոր բառապաշարով՝ «Զանգեզուրի միջանցք»ն է։ Բայց եւ այնպէս, ինչպէս գիտենք, 9-րդ կէտին մէջ «միջանցք» բառը չկայ։ Խօսքը ճանապարհներու ապաշրջափակման եւ հաղորդակցութիւններու մասին է։ Երկրորդ՝ աւելի ընդհանուր առումով, խաղաղութեան պայմանագիրն է, ուր նաեւ յատուկ կէտ ներառուած է տարածքային պահանջներ չունենալու մասին՝ ներառեալ ապագային եւս նման հարցերու, պահանջներու չարծարծուիլը։ Խնդիրը այն է, որ տարածաշրջանին մէջ կրնայ իրավիճակ փոխուիլ՝ յատկապէս, որ այս բանին նախադրեալները սկսած են երեւիլ։ Մոսկուա-Անգարա նախկին մերձեցման վիճակը նոյնը չէ այսօր։ Սա զգալի է ո՛չ միայն Հարաւային Կովկասի, այլեւ Միջին Արեւելքի մէջ։

-Մոսկուայի գործօնը հայկական կողմին համար ո՛չ միայն անհասկնալի է, այլեւ՝ անմարսելի։ Ռուսաստան օրերս դարձեալ սկսաւ խօսիլ ՀԱՊԿ-ի միաւորներ ուղարկելու մասին՝ պաշտօնապէս ազդանշաններ սպասելով Հայաստանէն։ Այս նիւթը վաղուց չկար։ Կ՚երեւի սա յառաջ կը տարուի ի հակազդեցութիւն Եւրոմիութեան դիտորդներուն, որոնք «անընդունելի» կը համարուին Ռուսաստանին համար։ Կը տեսնենք, որ մինչեւ այս պահը սահմաններու հարցով Մոսկուայի կողմէ քար լռութիւն կը տիրէ։ Հայաստանի միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմանները կը խոցուին։ Ի՞նչ բանի վերագրել Ռուսաստանի «ամենաթողութիւն»ը, այս բոլորը ինչպէ՞ս մեկնաբանել։

-Ճիշդ է, որ տարածաշրջանին մէջ երաշխաւորի կամ միջնորդական առաքելութիւն իրականացնելու աշխարհաքաղաքական մրցապայքար մը կայ։ Փաստօրէն Արեւմուտքի նպատակը Ռուսաստանը դուրս մղելը կամ չէզոքացնելն է։ Բայց երանգային նորութիւններ, տարբերութիւններ կան։ Յատկապէս Լաւրով-Միրզոյեան հանդիպումէն ետք, այդ գործընթացին առընթեր, Մոսկուայի հռետորաբանութիւնը փոխուած է։ Նկատի ունիմ թէ՛ Լաւրովի եւ թէ Զախարովայի յայտարարութիւնները, որոնք բովանդակային եւ ոճային փոփոխութիւն կրած են՝ հանդէպ կամ յարաբերակցութեամբ Երեւանի։ Այստեղ աւելի ընդհանուր դիտարկումով պէտք է նկատել, որ Մոսկուա-Անգարա մերձեցման միտումները նախկինին պէս չեն։ Պէտք է ըսել, որ Թուրքիոյ կողմէ Ֆինլանտայի՝ ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան արգելքի վերացումը, ըստ էութեան, հարուած էր Ռուսաստանի դէմ։ Պարզ է, որ յատկապէս երկրաշարժէն ետք Թուրքիոյ կախուածութիւնը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն որոշ չափով խորացած է։ Այս բանի ցուցիչը կարելի է նկատել Մոսկուայի քառակողմ հանդիպումը՝ Թուրքիա, Ռուսաստան, Իրան եւ Սուրիա։ Այնտեղ պարզ դարձաւ, որ գործընթացները արագ չեն։ Վերապահութենէ աւելի ուղղակի եւ շատ սուր քննադատութիւն հնչեց Սուրիոյ ներկայացուցիչին կողմէ։ Նախ պէտք է ձեւաչափին մասին ընդհանուր բնութագրում մը ընել։ Քառակողմանի հանդիպումի այդ ձեւաչափը արտաքին գործոց փոխ-նախարարներու մակարդակով էր։ Այստեղ մակարդակը ցուցիչ կը համարուի, որովհետեւ խնդիրը հանգուցալուծման արագ, անմիջական հանգրուանի սեմին չէ։ Նախատեսուած էր երկրորդ հանդիպում մը՝ համեմատաբար արագ կազմակերպելու եւ նշաձողը արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակին բարձրացնելու համար։ Յայտարարուեցաւ, որ սա կը յետաձգուի մայիսին՝ առանց յստակ օր նշելու։ Սա կը խօսի խոր հակասութիւններու մասին, որովհետեւ Սուրիա՝ Մոսկուայի քառակողմանի հանդիպման ընթացքին ուղղակի նախապայմաններ յառաջ քշեց։ Ըսաւ, որ մինչեւ Սուրիոյ տարածքէն Թուրքիոյ վերջին զինուորի չհեռանալը, կարելի չէ խօսիլ յարաբերութիւններու վերահաստատման կամ բնականոնացման մասին։ Շատ խիստ նախապայման մըն է ա՛յս մէկը՝ տարածաշրջանային գործընթացները եւ իրավիճակը նկատի ունենալով։ Աւելի՛ն, այս քննադատութիւնները պարզ դարձուցին, որ Սուրիոյ ամբողջ պատերազմը դուրսէն պարտադրուած, քաջալերուած եւ գանձատրուած է։ Աւելի՛ն, ըսուեցաւ նաեւ, որ Թուրքիա տակաւին որեւէ դրական քայլ չէ առած՝ Սուրիոյ առկայ ահաբեկչական խումբերը հեռացնելու առումով։ Այս բոլորէն ետք երեւելի դարձաւ, որ հանգուցալուծումը մօտալուտ չէ։ Շատ աւելի պարզ կը դառնայ նաեւ, որ ինչո՛ւ յետաձգուած է Մոսկուայի մէջ նախատեսուած արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով քառակողմանի երկրորդ հանդիպումը։ Յատկանշական է նաեւ, որ Սուրիոյ ներկայացուցիչը շնորհակալութիւն յայտնեց Իրանին եւ Ռուսաստանին՝ ողջունելով Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու վերահաստատման այս նախաձեռնութիւնը։ Հետաքրքրական է, որ այս օրերուն Իրանի պաշտօնական լրատուամիջոցները կ՚ընդգծեն, որ Թուրքիա որեւէ դրական քայլ չէ առած ահաբեկիչները Սուրիայէն տարհանելու ուղղութեամբ։ Բառացիօրէն այդ կէտը չէր նշուած, բայց Իրանի պաշտօնական լրատուամիջոցներու փոխանցածին առանցքային բաժինը այդ մէկն էր։ Շատ կարեւոր է նշել, որ նախքան քառակողմանի հանդիպումը Սուրիոյ ներկայացուցիչը տեսակցութիւն մը ունեցած էր իր ռուս պաշտօնակցին հետ։ Անկարելի է պատկերացնել, որ Դամասկոս այսքան կը բարձրացնէ իր պահանջքներուն նշաձողը՝ առանց Մոսկուայի համաձայնութեան։ Այս բոլորը նախադրեալներ են, բաղկացուցիչներ են՝ ընկալելու համար Անգարա-Մոսկուա «ապամերձեցումը», եթէ կարելի է այդպէս բանաձեւել։

Ուրեմն, վերադառնալով Հարաւային Կովկաս, տարածաշրջանի մէջ իրավիճակի փոփոխութենէն առաջ Պաքու կ՚աճապարէ։ Այսօրուան կացութեան ամբողջ հիմքը Անգարա-Մոսկուա ընդհանուր համաձայնութիւններու պարունակին մէջ է։ Հետաքրքրական էր նաեւ Չավուշօղլուի յայտարարութիւնը, ըստ որու մինչեւ Թուրքիոյ ընտրութիւնները բարձր մակարդակով որեւէ հանդիպում չէ նախատեսուած Ռուսաստանի հետ։

Ըսել կ՚ուզեմ, որ իրավիճակը փոխուած է եւ այդ փոփոխութեան զգալի դառնալէն՝ առարկայացումէն առաջ, Ատրպէյճան կ՚աճապարէ։ Ահա այս աճապարանքով կը բացատրուին սահմանի դէպքերը, ճնշման միջոցները՝ Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական հերթական դրսեւորումներով։

-Կրնա՞նք ըսել, որ Ատրպէյճան չի կրնար այս փուլին լայնածաւալ գործողութիւններու դիմել Հայաստանի կամ Արցախի դէմ՝ կանաչ լոյս չունենալով թէ՛ Թուրքիայէն եւ թէ Ռուսաստանէն։ Ի՞նչ է ամբողջական եւ իրական պատկերը։

-Կ՚ենթադրեմ, որ լայնածաւալ, մեծ պատերազմական գործողութիւններ չեն ըլլար, բայց Ատրպէյճանի այս վարքագիծը, ճնշամիջոցը նորութիւն չէ եւ կը շարունակուի։ Չմոռնանք, որ Ռուսաստան կլանուած է Ուքրայնայի պատերազմով։ Թուրքիա արդէն ելմտական, տնտեսական ծանր ճգնաժամի մէջ էր նախքան երկրաշարժը, իսկ երկրաշարժէն յետոյ՝ շատ աւելի։ Իբրեւ կարեւորագոյն հանգրուան ընտրութիւնները կրնան ազդել Թուրքիոյ ապագայ արտաքին քաղաքականութեան վրայ։ Արդէն տեսանելի են զանազան նախադրեալներ։ Բացի Ֆինլանտայի դէմ արգելքի վերացումէն, քննարկումներ սկսած են նաեւ Շուէտի՝ ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան շուրջ։ Այս բոլորը, ըստ էութեան, հարուած է Ռուսաստանի դէմ։ Սա Ռուսաստանի սահմանամերձ շրջաններուն ՆԱԹՕ-ի ուժերու տեղակայման նախադուռն է։ Առաւել եւս, կը կարծեմ, թէ ցուցանշային կարեւորութիւն ունէր Արեւմտեան ապրանքներու Թուրքիոյ վրայով Ռուսաստան մուտքի արգելքը։ Պահ մը երեւցան նաեւ լուրեր, ըստ որոնց թրքական օդակայաններու մէջ սկսած են վառելանիւթ չմատակարարել Ռուսաստանի եւ Սպիտակ Ռուսիոյ օդանաւերուն։ Ի վերջոյ, այս բոլորը նախկին համաձայնութիւններու խախտում կը համարուի կամ նախկին իրավիճակի որոշակի փոփոխութիւն։

Գործընթացները արագ են եւ այդ արագութեամբ կը բացատրուի նաեւ Պաքուի շտապողականութիւնը՝ ճնշամիջոցներու կիրառումով իր առաջադրանքներուն հասնելու համար։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Ապրիլ 15, 2023