ՊԻՏԻ ԴԱՒԱՃԱՆԵ՛Մ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՍ (ԶԱՌԱՆՑԱՆՔ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԱԽԻ ՄԱՍԻՆ)
ՑԱՆ
Ծոցի երկիրներուն մասին կը գրես, Պարսկաստանը կը յուզուի:
Պարսկաստանի մասին կը գրես, Ծոցի երկիրները կը յուզուին:
Արաբական աշխարհի ձախակողմեաններուն մասին կը գրես՝ աջակողմեանները կը նեղուին:
Աջակողմեաններու մասին կը գրես՝ ձախակողմեանները կը նեղուին:
Արաֆաթի1 մասին կը գրես՝ Ապու Մուսայի2 համակիրները կ՚առնուին:
Ապու Մուսայի մասին կը գրես՝ Արաֆաթի համակիրները կ՚առնուին:
Իւրաքանչիւր ոք զգայուն ու բանաստեղծական ոգի ունի եւ այս հանգրուանին անոր քաղաքաղական մորթը մեղմ քամիին իսկ չի դիմանար: Իւրաքանչիւր ոք իր ներքին ու արտաքին, տնտեսական, անվտանգային, կրօնական, պատմական հաշիւները, ինչպէս նաեւ մամուլի միջանկեալ եւ ռազմավարական մարտավարութիւնը, որ պէտք է նկատի ունենալ եւ համադրել զանոնք գրողի գրած իւրաքանչիւր բառին հետ, կամ թատրերգութեան՝ որ թատերագիրը կը պատրաստէ, կամ երգին՝ որ երգիչը կ՚երգէ, կամ անեկդոտը՝ որ ծաղրածուն կ՚ըսէ:
Քանի որ ես ալ-Շազլի ալ-Քըլէյպին չեմ, որպէսզի հաշտեցնեմ հազարաւոր տրամադրութիւնները, բնաւորութիւններն ու հակասութիւնները, մինչ ես կը ծիծաղիմ, ապա միակ ու պատրաստ պատասխանը որ ունիմ առաջին բառին, որ ինծի համար դարձալ կը ջնջուի, անմիջապէ՛ս եւ առանց վարանելու, այս է.
Արաբական բոլոր կառոյցները գլխուս վրայ են,
Ծոցի երկիրները՝ աչքիս,
Պարսկաստանը՝ երկրորդ աչքիս,
Ազատագրութեան կազմակերպութիւնը՝ կռնակիս,
Արաբական բանակները՝ կուրծքիս,
ՕՓԷՔ կազմակերպութիւնը՝ փորիս,
Իսկ հանրային ազատութիւնները՝ ոտքիս:
Երկար ժամանակէ ի վեր կը զգամ, որ պէտք եղածէն աւելի կանգնեցայ արաբ մարդուն կողքին, որ ինք իր կողքին այդքան չէ կանգնած: Եւ քանի որ անիրաւեցի արաբական կազմակերպութիւնները եւ չափէն աւելի մեղադրեցի զանոնք՝ ինչ պէտք է ընէի, ապա սկսայ կեդրոնանալ անոր ունեցած բացասական կէտերուն վրայ, ի հաշիւ այն դրական կէտերուն վրայ, որ իրենց ժողովուրդներուն տուին, որ ո՛չ մէկ քաղաքակրթուած կամ անուս չի՛ կրնար ուրանալ կամ անտեսել անոնց ազդեցութիւնը կեանքին ու ընկերութեան վրայ, ինչքան ալ իր գլուխը աւազներուն տակ, կամ բարձերուն տակ թաղէ:
Մէկ կողմ ձգենք ճամբաներ բանալը, անապատներուն մէջ ծառեր տնկելը, ծովերուն ջուրերը քաղցրացնելը, հողերը բերրի դարձնելը, քաղաքները ընդարձակելը, գիւղերը լուսաւորելը, կրթութիւնը պարտադիր դարձնելը, բժշկութեան ձրի ըլլալը, կաշառակերութեան, թուլութեան եւ մարմնավաճառութեան դիմադրութիւնը, դատական համակարգի անկախութիւնը, ինչպէս նաեւ ամբողջ արաբական աշխարհի արդիականացումը եւ զայն տգիտութեան ու յետամնացութեան խաւարէն այնպիսի մակարդակներու բարձրանել, որ յաճախ կը յայտնուին միջազգային հանրաճանաչ թերթերու եւ ամսագիրներու «Time»ի, «News Week»ի եւ «Le Monde»ի ճակատներուն:
Արաբական եւ ազգային ասպարէզներուն վրայ կան հիմնական դրական կողմեր: Արտօնեցէք ատոնցմէ մի քանին թուել, բայց ատոնցմով չսահմանափակուիլ.
- Պէյրութի մէջ ֆրանսական ստորաբաժանումին եւ ծովային հետեւակին շտապը պայթեցնել3:
- Սուրի [Պէյրութ] մէջ հրեայ զինուորական կառավարիչին կեդրոնը4:
- Լիբանանի բռնագրաւուած հարաւին մէջ դիմադրութեան սրումը:
- Նոյն բանը շարունակել բռնագրաւուած Պաղեստինի մէջ:
- Նախագահ Ռեկընի ծրագիրին մերժումը եւ կառչիլ Ֆասի գագաթաժողովի որոշումներէն:
- Ռեկընի կառավարութեան տապալումը եւ թերեւս նոյնինքն Ռեկընի տապալումը:
- Եգիպտոսի եւ Սովետական Միութեան միջեւ յարաբերութիւններուն մօտեցումը, ինչպէս նաեւ Եգիպտոսի եւ արաբական աշխարհին միջեւ:
- Միւս կողմէ Սալվատորի եւ Քոսթարիքայի հետ յարաբերութիւններու խզումը:
- Նիւթական եւ բարոյական ամէն տեսակի օգնութիւն մատակարարել աղքատ պետութիւններուն եւ դիմադրողական շարժումներուն՝ Իրլանտայի, Ափրիկէի, Հարաւային Ամերիկայի ու Աֆղանիստանի մէջ:
***
Նոյնիսկ արաբական ահաբեկչութիւնը, որ տարածաշրջանն ու անկէ դուրս ողողեց արիւնով, գանկերով, առեւանգուածներով ու անհետ կորսուածներով ծածկեց: Ինչպէս նաեւ այն բոլոր քաղաքական ահաբեկչութիւնները, ֆիզիքական մաքրագործումները եւ հաւաքական գերեզմանները որ իրագործեց, ապա դրական ահաբեկչութիւն է եւ անբաժանելի մէկ մասնիկը արաբական կատարեալ ծրագիրին՝ յիսունականներէն ի վեր Իսրայէլ մեր թշնամիին դէմ պայքարին մէջ, սակայն ատիկա հոգեբանական կամ կենսաբանական մասն է, ինչպէս ապագային յստակ պիտի դառնայ պարզամիտներուն եւ անհեռատեսներուն համար:
Արտօնեցէք ինծի այս եւս յայտնեմ ձեզի. պատմականօրէն գիտելի է, որ ամէն անգամ երբ հորիզոնին վրայ ուրագծուի պատերազմի մը ուրուականը եւ կամ նոր պատերազմ մը՝ արաբներուն եւ հրեաներուն միջեւ, ապա ամբողջ իսրայէլեան մամուլը եւ անոր համակիրները աշխարհով մէկ կը սկսին պոռալ, ողբալ, ծաղրել, ու համաշխարհային կարծիքը մեր դէմ կը դարձնէ.
- 150 միլիոնը 3 միլիոնին դէ՞մ:
Ո՞ւր է հաւասարութիւնը: Ո՞ւր է ասպետութիւնը:
Ո՞ւր է ասպետութիւնը նման ճակատամարտի մը մէջ:
Որպէսզի ապագային վերջնականապէս ճամբան գոցեն անոնց դիմաց եւ այդ խաղաքարտը հանեն իրենց ձեռքէն, ապա արաբական ահաբեկչութիւնը որոշած է հետամուտ ըլլալ իր ֆիզիքական մաքրագործումներուն, որպէսզի 150 միլիոն արաբէն բացի, միայն 3 միլիոն մնայ, այսինքն՝ Իսրայէլի բնակչութեան համրանքով: Իսկ երբ վճռորոշ պատերազմը սկսի, չեն կրնար ո՛չ ինք եւ ոչ ալ դուրսը եղող իր համակիրները ծաղրել արաբները եւ պատճառաբանել, թէ այս պատերազմը անհաւասարակշիռ է:
Իսկ հիմա արտօնեցէք ինծի, որպէսզի Նազէմ ալ-Ղազալիէն քսան ձայներիզ դնեմ, դուռը գոցեմ իմ վրաս՝ մինչեւ յաջորդ շաբաթ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 20
Վաղարշապատ
1 Եասէր Արաֆաթ: Բուն անունը՝ Մուհամմէտ Ապըտ ալ-Րաաուֆ Արաֆաթ ալ-Քատուէ ալ-Հիւսէյնի: Պաղեստինցի փախստական, քաղաքական գործիչ, զինուորական: ՖԱԹՀ շարժումի հիմնադիրներէն մէկն է: Ծնած է 4 օգոստոս 1929-ին: Մահացած՝ 11 նոյեմբեր 2004-ին: Պաղետինի երկար տարիներու նախագահ եղած է 1969-2004:
2 Բուն անունը Սաիիտ Մըրաղա: Ծանօթ է իր ծածկանունով՝ Ապու Մուսա: Ծնած է 1927-ին, մահացած է 2013-ին: Պաղեստինցի քաղաքական գործիչ: ՖԱԹՀ շարժումի գլխաւոր քարտուղարը եղած է: Պատերազմած է 1948-ի պատերազմին: Յետագային ՖԱԹՀ շարժումի գործունէութեան համաձայն չըլլալով, ընդդիմացած է, որով հակառակութիւն ստեղծուած է իր, իր համակիրներուն եւ շարժումին մնացեալ անդամներուն միջեւ, որոնց կարկառուն դէմքերէն մէկն էր Եասէր Արաֆաթը:
3 23 հոկտեմբեր 1983:
4 11 նոյեմբեր 1982:
Հարթակ
- 11/30/2024