Շաբաթ 30, Նոյեմբեր 2024
ՍԱ ՄԵՆՔ Ե՛ՆՔ, ԵՒ ՄԵՆՔ ՉԵ՛ՆՔ
Կ՚ըսենք եւ չենք ըսեր,
Կ՚ապրինք նկարներովը երազներու,
Կը քալենք առանց տեսնելու,
Կը լսենք առանց հասկնալու,
Չենք հրաժարուիր, բայց չենք ալ ընդունիլ,
Կը նախընտրենք օտարը կապկելով ապրիլ,
Սա մենք ենք, եւ մենք չենք,
Արդ,
Ինչպէ՞ս հաշտուիլ անըմբռնելիին հետ,
Ինչպէ՞ս ճոխացնել յոյսը վաղուան,
Ինչպէ՞ս գտնել մշուշոտ ճամբան,
Ինչպէ՞ս թաքուն ձայներուն ականջ դնել,
Ինչպէ՞ս փլած կեանքը վերաշինել,
Ինչպէ՞ս ուրախն ու տխուրը չափել,
Ինչպէ՞ս ճշմարիտն ու ճշմարտանմանը զանազանել:
Չեմ ուզեր հաւատալ,
Այլ՝ միայն յուսալ:
Պարզապէս...
Սա մենք ենք, եւ մենք չենք...:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Չորեքշաբթի, Մայիս 15, 2024
Հարթակ
- 11/30/2024