ՊԱՄ, ԵՐԵՒԱՆ, ՊԱՄ (31)

Ամիս մը անցեր էր արդէն Նորայի հետ առաջին դասէն։

Մաշտոցի պուրակի հանդիպման յաջորդեր էին երեք-չորս ուրիշները։ Ու Զանան սորվեր ու հասկցեր էր երկու բան։ Առաջինը՝ հայերէն լեզուի շարք մը նոր բառեր, ասացուածքներ, քերականական օրէնքներ։ Երկրորդը, որ կատարելապէս ու խելակորոյս սիրահարուած էր Նորային։

Այնինչ կը զգար նոր էր իրեն համար ամբողջովին։ Ոչ թէ որպէս գաղափար, այլ որպէս անձնապէս ապրուող փորձառութիւն։ Գիտեր, լսած էր, Պամի քիչ մը աւելի մեծ ընկերները պատմած էին այդ «կախարդանք»ին մասին, անցուցած էր նաեւ մտքէն, որ օր մը իրեն ալ կրնայ այցելել անիկա, բայց երբեք չէր ապրած մինչ օրս։ Հիմա, եւ այն օրէն սկսեալ երբ առաջին անգամ տեսեր էր Նորան Փակ Շուկայի մէջ, այնպիսի հմայքով մը կպչած էր «Նորա» գաղափարին, այնպէ՛ս բան մը կ՚եռար կրծքէն ներս ամէն անգամ, երբ տեսնէր զայն, որ վստահ էր, թէ «կախարդանք»ն էր այդ։ Ոչինչ իր վրայ այդպէս ազդած էր, զինք այդ աստիճանի չէր գերած երբեք. ո՛չ Արք է Պամ բերդը, ո՛չ երկինքը Պամի, ո՛չ իսկ աղաւնիները, որոնք ամենէն թանկ սեփականութիւնը եղած էին իրեն։

Գարնան կէսը անցեր էր արդէն. ծառերուն բացուած ծաղիկները արեւուն տակ կամաց-կամաց կքիլ սկսած էին, իսկ հողն աւելի ջուր կ՚ուզէր։ Մզկիթի բակի ծառերն ու թուփերը ջրելէ ետք, Զանան գնաց ներս, եփող ճաշին հետեւելու։ Գետնախնձորի ապուր էր դարձեալ դրուած կրակին, շէյխին նախասիրած ուտեսներէն մէկը։ Ջուրը կ՚եռար արդէն, եւ դեղին շերտերը փափկեր, փխրուելու վրայ էին. անջատեց կրակը։ Կաթսան տարաւ դրաւ ճաշասենեակի սեղանին։ Վերադարձաւ, լեցուց երկու բաժակ թան, ու գնաց դարձեալ դէպի սենեակը ճաշի, որն արդէն կլանուեր էր շոգիին ու բոյրին մէջ ապուրի։

Շէյխը ներս մտաւ կողքի սենեակէն, հաճոյքով քաշեց քաղցր հոտը, ընկերաբար զարկաւ Զանայի ուսին, ու «Ա՜ֆերին Զանա՛», շնորհաւորեց օրուայ խոհարարը, անմիջապէս նստաւ աթոռին։ Զանան միացաւ անոր, առաւ ամանը, երկու շերեփ լեցուց գրեթէ մինչեւ բերան, եւ զգուշութեամբ տեղադրեց շէյխին դիմաց, տեսնելով ինչպէս շոգին բարձրացաւ ու գրկեց մօրուքը անոր։ Յետոյ մէկ շերեփ լեցուց իր ամանին, քիչ մը աղ ցանեց, եւ դգալը մէջը սուզելով՝ դանդաղ խառնել սկսաւ ժամացոյցի ուղղութեամբ։

Շէյխը երկու-երեք դգալ քաշեց շուրթերով, յետոյ նայեցաւ Զանային. վերջինս ապուրը կը խառնէր տակաւին։ «Վերջերս լաւ չես ուտեր Զանա... բա՞ն մը եղեր է»։ Չպատասխանեց Զանան։ «Վերջերս գիշերը տանիք շատ կ՚ելլես Զանա... բա՞ն մը կայ, երիտասարդ...», խելացի աչքերով նայեցաւ ան Զանային, որ հարցումէն խուսափելու համար ումպ մը ապուրը տարաւ բերնին ու խմեց։ Գուշակեր էր շէյխը. «դուն շէյխ ըլլալիք մարդ չես», ըսաւ առանց չարութեան, ու շարունակեց. «ուշադիր եղիր. հայերը լաւ մարդիկ են, բայց մեր Ալլահին չեն հետեւիր... քեռիդ պիտի չուզէր...»։

Զանան թանի բաժակը մինչեւ գլուխը քաշեց ամօթէն։ Գիտէր, որ շէյխը խելացի էր ու նրբազգաց. բայց այդքա՞ն։ «Եւ քանի որ կրօնքի մարդ ըլլալիք չես», շարունակեց շէյխը, «քեզի համար ուրիշ գործ գտայ։ Կը դառնաս շինարար, Պամը անո՛ր ալ պէտք ունի։ Հայերէնդ բաւարար է արդէն. ես խօսեր եմ ծանօթներու հետ, երկուշաբթի առտու կու գան հոսկէ կը տանին քեզ... պարտէզը ինծի ձգէ՛, դուն գնա՛, արհեստ սորվէ՛, ժամանակն է արդէն»…

ԵՐԱՄ

•շարունակելի

Չորեքշաբթի, Յուլիս 15, 2020