ԵՐԿՈՒ ՔԵՐԹՈՒԱԾ ՄԱՀՄՈՒՏ ՏԷՐՈՒԻՇԷՆ

ՅՈՅՍ ՄԸ ԿԱՅ ՄԷՋՍ ԿՈՒ ԳԱՅ ԵՒ Կ՚ԵՐԹԱՅ, 
ԲԱՅՑ ՀՐԱԺԵՇՏ ՉԵՄ ՏԱՐ ԻՐԵՆ

Կու գայ եւ կ՚երթայ:
Կու գայ, երբ ստուերներէն բաժնուիմ
Եւ մոռնամ ժամադրութիւնս իրենց հետ:

Երբեք չենք հանդիպիր,
Խախտում մը կայ մեր ժամերուն մէջ
Եւ ոչ ալ հեռուէն նշան կ՚ընէ,
Որ հետեւիմ իրեն:

Կարծես քերթուած մըն է
Կամ ինչ որ կաքաւը կը թողու
Երեւակայութիւն մը,
Որ կը ստիպէ ինծի վերականգնել զայն:

Այն ի՞նչ է որ կու գայ եւ
Կը հասնի միայն բացակայութեամբ
Եւ կը սոսկամ զայն կորսնցնելէ:

Ոչինչ,
Երբեմն կ՚երազեմ
Եւ կը ստեղծեմ երազ մը
Այլ երազ մը գրկող,
Որպէսզի ընդարձակի ան:

Երազէս բացին չեմ ըլլար.
Լեռ մը ունիմ ամպի մը վրայ նետուած,
Կը հրաւիրէ,
Որ բարձրացնեմ զայն:

Ամպերէն վեր է շողումը
Եւ յոյս մը կայ մէջս,
Որուն հրաժեշտ չեմ տար՝
Կու գայ եւ կ՚երթայ:

ԵՐԿՐՈՐԴ ՏՈՂԸ

Առաջին տողը անտեսանելիին պարգեւն է տաղանդին,
Իսկ երկրորդ տողը կրնայ ոտանաւոր մը ըլլալ
Կամ հիասթափութիւն մը (Ֆրոսթ):
Երկրորդ տողը յայտնիին եւ անյայտին պայքարն է.
Ճանապարհներուն դատարկութիւնը նշաններէ եւ
Կարելիին լիութիւնը հականիշերով,
Քանի ամէն կարելի՝ կարելի է:

Արարիչը կրկնօրինակելու խառնաշփոթն է:
Խօսքը կը ղեկավարէ՞ խօսողին
Կամ խօսողը կը ղեկավարէ զայն:

Երկրորդ տողը չի տրուիր,
Այլ կը ստեղծուի գերազանցօրէն
Յարմարեցուելու անտեսանելիին:
Կը տեսնես եւ չես տեսներ՝
Լոյսի եւ խաւարի շփոթին զօրութենէն,
Եւ դուն... դուն ես,
Որուն նուիրեց ոգեշնչումը սկիզբի ազդանիշը եւ
Քեզ լքեց, որ առանձին քալես
Այս արկածախնդրութեան մէջ՝
Առանց կողմնացոյցի:

Դուն կը նմանիս անոր, որ անտառ կը մտնէ
Առանց գիտակցելու, թէ ի՛նչ կը սպասէ իրեն.
Ծովահէննե՞ր, կապա՞ր մը,
Փայլա՞կ մը կամ կին մը, որ կը հարցնէ.
-Ժամանակը ի՞նչ է:
Եւ դուն կ՚ըսես.
-Ժամանակը դադրեցաւ, անցի՛ր:

Կարելին անտառ մըն է,
Եւ դուն անոր ո՞ր ծառին
Ճիւղին կը յենես երեւակայութիւնդ եւ
Ո՞ր հրէշէն կը փրկուիս
Եթէ հասնիս երկրորդ տողը:

Կարելիի լաբիւրինթոսին մէջ
Գտար կառուցուած ճամբան,
Որ կը տանի հանդիպումի անկարելիին հետ:

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Յուլիս 15, 2022