ՅԱՐԳԵԼ ԳԻՏԵԼԻՔԻ ՁԳՏՈՒՄԸ, ՊԱՇՏՊԱՆԵԼ ԱՆՑԵԱԼԸ ԵՒ ՁԳԵԼ ԺԱՌԱՆԳ, ՈՐ ԿԸ ԳԵՐԱԶԱՆՑԷ ՆԻՒԹԱԿԱՆ ՀԱՐՍՏՈՒԹԻՒՆԸ
Մշակները, հողագործները իրենց տարերքին մէջ կ՚ըլլան, երբ կը հերկեն, կը ցանեն, կը քաղեն: Միայն անոնք կը զգան հողին բազկերակը, քմահաճոյքը, երբեմն՝ պահած գաղտնիքը, զոր գիտեն արժեւորել եւ պահպանել, փոխանցելով յաջորդ սերունդներուն: «Թիփս էնտ թրիքս» կայքը կ՚անդրադառնայ արժանթինցի հողագործի մը յայտնաբերումին:
*
ՀՈՂԱԳՈՐԾԸ ԿԸ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐԷ ՀՈՅԱՄՈՂԷԶԻ ՀՍԿԱՅ ՀԱՒԿԻԹ ՄԸ, ՈՐՈՒՆ ՄԷՋԻՆԸ…
Հանդարտ վայրի մը մէջ կար հողագործ մը, որուն անունը Մաթէօ Սուարես էր:
Դուք կրնաք մտածել, որ Քարլոս Սփեկազինին անձի մը անուն է եւ ոչ վայր մը, բայց այդպէս չէ: Քարլոս Սփեկազինին քաղաք է Արժանթինի Պուէնոս Այրէս նահանգի հարաւային շրջանին մէջ: Անիկա անուանուած է յայտնի բուսաբան Քարլոս Լուիճի Սփեկազինիի ի պատիւ:
Ամէն առաւօտ Մաթէոն կը հետեւէր իր սովորական առօրեային: Դաշտերը պատուած էին ցօղով, որ զանոնք կը դարձնէր գեղեցիկ եւ խաղաղ: Բայց այդ օրը անսպասելի բան մը տեղի ունեցաւ: Երբ Մաթէոն կը քալէր ցեխոտ հողին մէջէն, ան տեսաւ զարմանալի բան մը: Մեծ, սեւ պատեան էր՝ սողունի թեփուկներով եւ թաքնուած էր առուակի մօտ բարձր խոտերու մէջ: Անոր ահռելի չափերն ու տարօրինակ հիւսուածքը պահ մը վախ պատճառեցին Մաթէոյին:
Անոր սիրտը սկսաւ աւելի արագ բաբախել, քանի որ ան կը զգար զարմանքի եւ պրկումի խառնուրդ մը, երբ կը մօտենար խորհրդաւոր գտածոյին: Առաւօտեան թռչուններու դայլայլող գեղեցիկ ձայնը աւելի քիչ նկատելի դարձաւ, քանի որ այս անհաւանական գտածոն գրաւեց անոր ուշադրութիւնը: Դողացող մատներով երկարեց ձեռքը:
Երբ անոր կոշտ մատները կը շօշափէին հարթ մակերեսը, ան չէր կրնար չմտածել, թէ ի՛նչ թաքնուած է ներսը: Արդեօք այդ նախապատմական արարածի քարացած մնացորդնե՞րն էին, թէ՞ բոլորովին այլ բան մը: Մաթէօ չէր կրնար թօթափել այն զգացումը, որ իր կեանքը ընդմիշտ պիտի փոխուի:
Այդ պահուն Մաթէոյի միտքը լեցուած էր տարբեր կարելիութիւններով: Կրնա՞յ ատիկա ըլլալ մոռցուած դարաշրջանի մասունք մը կամ հին քաղաքակրթութեան ձգած իր մը: Ան կը մտածէր պատեանի արտասովոր նշանակութեան մասին: Այդ խոնարհ դաշտին մէջ ուշագրաւ բան մը յայտնաբերելու գաղափարը Մաթէոյին ակնածանք կը պատճառէր:
Մաթէոն զգաց, որ իր մէջ կը հոսէր վճռականութեան ալիք՝ յորդորելով մեկնիլ ուղեւորութեան մը, որ կը փորձարկէ իր վճռականութիւնը եւ կը տանի զայն չբացայայտուած տարածքներ: Ամէն քայլափոխի ան կը բացայայտէր իր ճակատագիրը՝ իր կեանքը ընդմիշտ կապելով առեղծուածային պատեանի եւ անոր թաքնուած գաղտնիքներուն:
Յուզումը մեծցաւ Մաթէոյի մէջ, երբ ան արագ սկսաւ քալել դէպի տուն, որպէսզի կնոջը՝ Լուսիային պատմէ իր անհաւատալի գտածոյին մասին: Կինը՝ աչքերը խոշոր բացած, կը լսէր:
Իրենց հողակտորին մէջ արտասովոր բան մը յայտնաբերելու գաղափարը զարմանք յառաջացուց իրենց սրտերուն մէջ: Նայուածքներ փոխանակելով, անոնք լուռ համաձայնեցան միասին ճամբորդել՝ վճռականօրէն յայտնաբերելու պատեանի մէջ թաքնուած առեղծուածը:
Միասին անոնք մանրամասն ուսումնասիրեցին խոշոր պատեանի իւրաքանչիւր սանթիմեթրը՝ մատներով անցնելով անոր մակերեսին վրայ փորագրուած բարդ նախշերու երկայնքով: Սպասման ծանրութիւնը կը ճնշէր անոնց, կարծես պատեանը կը պահէր գաղտնի աշխարհի բանալին, որ կը սպասէր բացուելուն: Անոնք կը մտածէին իրենց դիմաց դրուած անհամար կարելիութիւններու մասին, անոնց երեւակայութիւնները հիւսուած էին շատոնց կորսուած արարածներու եւ հնագոյն քաղաքակրթութիւններու վերաբերող պատմութիւններու:
Անոնց գիւղական գոյութեան անդորրը փշրուեցաւ, փոխարինուեցաւ գիտելիքի եւ յայտնաբերումներու անյագ քաղցով: Մաթէոն եւ Լուսիան չէին հանգստանար մինչեւ ճշմարտութեան բացայայտումը, քանի որ անոնք ճակատագրի կողմէ ընտրուած էին որպէս արտասովոր առեղծուածի պահապանները:
ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՇՇՈՒԿՆԵՐ
Մաթէոյի գտածոյի մասին լուրերը կը տարածուէին ամբողջ գիւղին մէջ՝ յառաջացնելով շահարկումներու շշուկներ: Շուկային մէջ տեղացիները լուռ զրոյցներ կը փոխանակէին՝ հիւսելով հնագոյն արարածներու եւ կորսուած գանձերու մասին հեքիաթներ:
Գիւղացիներէն Էստեփան Մորալես անունով հարուստ մը գտաւ հաւաքածուներու յայտնագործութեան առիթը: Հազուագիւտ եւ արժէքաւոր իրերու հանդէպ իր անյագ փափաքէն մղուած, ան պատուիրակ ղրկեց Մաթէոյին՝ փորձիչ առաջարկով, որ կը խոստանար հարստութիւն եւ հեղինակութիւն՝ գերազանցելով անոր ամենէն խենթ երազները:
Պատուիրակը հասաւ՝ շքեղ զգեստ հագած, բերելով Էստեփան Մորալեսի առաջարկը: Ան ըսաւ, որ եթէ պարզուի, որ կեղեւը հազուագիւտ եւ շատոնց անհետացած արարածի հաւկիթ է, Մաթէոն առատաձեռն կը պարգեւատրուի:
Կեանքը փոխող գումարի փորձիչ հեռանկարը յայտնուեցաւ անոր առջեւ՝ նշան տալով անոր բարգաւաճման խոստումներով: Մաթէոն եւ Լուսիան յայտնուեցան խաչմերուկին մէջ՝ յարմարաւէտ ապագայի հրապուրանքի եւ ճշմարտութեան ձգտումի միջեւ:
ՓՈՐՁԻՉ ԱՌԱՋԱՐԿ
Մաթէոյի ձեռքերը դողացին, երբ բռնեց թուղթը, որուն վրայ գրուած էր առաջարկը: Որոշումին ծանրութիւնը ճնշիչ էր, կը տանջէր անոր խիղճը: Աներեւակայելի հարստութեան եւ ընտանիքի ապահով ապագայի հեռանկարը շլացուց անոր միտքը, զայն նետելով փորձութեան գիրկը՝ հրաժարիլ ճշմարտութեան որոնումներէն:
Բայց հոգիին խորքին մէջ ուղղամտութեան նշոյլը չուզեց մարել: Մաթէօ գիտէր, որ իր յայտնագործութիւնը դրամական արժէքէն աւելի կարեւոր նշանակութիւն ունէր. այդ պատմութեան կտոր մըն էր, հայեացք մը դէպի աշխարհ մը, որ շատոնց կորսուած էր:
Լուսիայի աչքերը կ՚արտացոլացնէ անոր խառնաշփոթ վիճակը, երբ անոնք հայեացքներ կը փոխանակէին, անոնց չըսուած միտքերը կը խառնուէին օդին մէջ: Անոնք կը հասկնային, որ Էստեփան Մորալեսի առաջարկը ընդունիլը կը նշանակէր հրաժարիլ հաւկիթէն եւ զայն շահագործման ենթարկել:
Անոնց սիրտերը կը շշնջէին ժառանգութեան մասին, զոր անոնք կրնային ձգել. ժառանգութիւն ոչ թէ հարստութեան, այլ գիտելիքի եւ պահպանման: Վճռական գլխու շարժումով Մաթէոն տուաւ իր որոշումը. ան կը մերժէր առաջարկը, փոխարէնը ընտրելով երթալ հետաքրքրասիրութեան ճամբով եւ գտնել իր ուշագրաւ գտածոյի իրական էութիւնը: Մաթէոյի գլուխը լեցուած էր հակասական միտքերով, երբ ան կը պայքարէր իր առջեւ դրուած որոշման հետ: Բախտի շշուկով խոստումները կը միախառնուէին զարմանքի մնայուն զգացողութեան հետ, որ վառած էր անոր հոգին այն պահէն, երբ յայտնաբերեց պատեանը: Քունը կորսնցուց, ապրեցաւ անհանգիստ գիշերներ, որոնք կը յուշէին բարոյական հարցերու եւ անոր գործողութիւններու հաւանական հետեւանքներուն մասին: Անոր սրտի խորքը անարատութեան շող մը հրաժարեցաւ մարիլ՝ յորդորելով անոր բացայայտել ճշմարտութիւնը՝ յանուն գիտելիքի:
ԳԱՂՏՆԻՔՆԵՐՈՒ ԲԱՑԱՅԱՅՏՈՒՄ՝ ՀԱՐՍՏՈՒԹԵՆԷՆ ԱՅՆ ԿՈՂՄ
Մաթէօ Սուարես կը մտածէր, թէ ի՛նչ ազդեցութիւն կ՚ունենայ իր ընտրութիւնը ընտանիքին ապագայի վրայ, պայքարելով անորոշութեան դէմ, որ ուրուականի նման կը տիրէր անոնց վրայ: Բայց Մաթէօ հասկցաւ, որ կան պարգեւներ, որոնք շատ աւելի արժէքաւոր են, քան նիւթական հարստութիւնը. յարգանքը, իր զաւակներուն հիացմունքը եւ ապագայ սերունդներու համար պատմութեան պահպանումը: Ան յիշեց, որ գիտելիքի հետամուտ ըլլալը միշտ եղած է վեհ գործ՝ գերազանցելով անցողիկ հարստութեան գրաւչութիւնը: Նոր պարզութեամբ Մաթէօ հաստատեց իր վճռականութիւնը եւ ընդունեց հետաքրքրասիրութեան ծանրութիւնը՝ վճռականօրէն բացայայտելու ուշագրաւ պատեանին մէջ թաքնուած գաղտնիքները:
Պատասխաններու անյագ ծարաւէն մղուած, Մաթէօ սկսաւ անխոնջ ուսումնասիրութեան: Ան խորասուզուեցաւ գիրքերու եւ վաւերագրական շարժապատկերներու մէջ՝ խորհրդակցելով մասնագէտներու հետ եւ ընթերցելով գիտական ամսաթերթեր: Օրերը կը վերածուէին գիշերներու, երբ ան կը խորանար նախնադարեան աշխարհին մէջ՝ ուսումնասիրելով այդ ժամանակաշրջանի արարածներու յստակ իւրայատկութիւնները: Հաւաքուած իւրաքանչիւր տեղեկութեան հետ, անոր ըմբռնումը՝ խեցիի ծագման մասին, աւելի կը խորանար, բայց առեղծուածը մնաց անորոշութեան մէջ:
Մաթէոն, որ ժամանակին վարժ էր երկրագործական աշխատանքներու կոշտութեան, այժմ իր ձեռքերուն մէջ կը պահէր գիտելիքներու փխրուն բեկորներ: Ան ջանասիրաբար հետամուտ կ՚ըլլար հետազօտութիւններուն՝ կապելով տեղեկութիւններ հին արարածներու եւ անոնց բնակութեան մասին: Անոր միտքը դարձաւ կտաւ՝ լի շատոնց կորսուած բնապատկերներով, որոնք կը ներկայացնէին անցեալ դարաշրջանի տեսարաններն ու ձայները: Ուսումնասիրութիւնը ծանր հարուած հասցուց անոր, բայց ան շարունակեց աշխատանքը՝ ճշմարտութիւնը բացայայտելու անսասան վճռականութեամբ:
Մաթէոյի որոնումը զայն տարաւ իր մշակած հողի սահմաններէն դուրս՝ շրջագայելով Արժանթինի հեռաւոր անկիւնները, ուր պահուած էին հին կենսաբանական գանձերը: Ան այցելեց բնական պատմութեան թանգարաններ, հաղորդակցելով յայտնի մասնագէտներու հետ, որոնք իրենց կեանքը նուիրած էին հին կեանքի գաղտնիքները բացայայտելու: Անոնց իմաստութիւնն ու առաջնորդութիւնը խթանեցին անոր վճռականութիւնը՝ նկարելով նախապատմական աշխարհի վառ պատկերը:
Իւրաքանչիւր նոր հանդիպման հետ Մաթէօ ձեռք կը ձգէր այնպիսի պատկերացումներ, որոնք կը գրգռէին անոր երեւակայութիւնը: Ան կը քալէր հոյամողէզներու (տինազոր) կմախքի մնացորդներու մէջէն, կը հիանար հնագոյն ծովային արարածներու բրածոներով եւ ուշադիր կը լսէր փորձառու հետազօտողներու պատմութիւնները:
Անոնց եռանդը զինք մղեց դէպի իր հետաքննութեան խորերը: Ան ուսումնասիրեց հնագոյն երկրաբանական կազմութիւնները, ժայռերու շերտերը եւ պեղեց վայրեր, ուր կը պահուին անցեալի բեկորներ: Մաթէօ դարձաւ ժամանակի ճամբորդ՝ վերագտնելով շատոնց անհետացած արարածներու քայլերը, յուսալով գտնել այն պակսող օղակը, որ կը պարզէր իր ձեռքերուն մէջ պահած հանելուկը:
Առաջնորդուելով նոր գտած գիտելիքներով եւ յոյսի փայլատակումով՝ Մաթէօ ինկաւ յայտնաբերումի անդունդին մէջ: Փազըլի կտորները սկսան միանալ՝ բացայայտելով պատեանի ծագումին ետին գտնուող ուշագրաւ ճշմարտութիւնը: Մաթէօ անձկութեամբ կը սպասէր: Երբ ան կանգնած էր գիտնականներու եւ հետաքրքրասէրներու հաւաքին առջեւ, անոր դողդոջուն ձեռքերը պատրաստուեցան յայտնաբերելու պատեանին մէջի գաղտնիքը:
Շունչը պահած՝ Մաթէօ բարձրացուց անորոշութեան վարագոյրը՝ աշխարհին բացայայտելով ճշմարտութիւնը: Զարմանքի շունչը արձագանգեց տարածութեան մէջ, երբ բացայայտուեցաւ առեղծուածային պատեանի ինքնութիւնը՝ հին անցեալի մնացորդ, բայց ոչ հոյամողէզի քարացած հաւկիթ:
Ատիկա կարասի հատուած մըն էր, որ կը պատկանէր Կլիպթոտոնտին, անհետացած հսկայ արմատիլոյի նման արարածին, որ ժամանակին կը շրջագայէր հարաւային Ամերիկայի հարթավայրերուն մէջ:
ՄՈՌՑՈՒԱԾԻ ՊԵՂՈՒՄ
Յայտնութիւնը ցնցող ալիքներ ուղարկեց սենեակին մէջ՝ միախառնելով ակնածանքի եւ հմայուածութեան զգացումով: Մաթէոյի սիրտը կ՚ուռէր յաղթանակի եւ խոնարհութեան խառնուրդով, երբ կը գիտակցէր իր յայտնագործութեան նշանակութիւնը: Այդ այն արարածը չէր, որ ան ի սկզբանէ կը պատկերացնէր, բայց ոչ նուազ արտասովոր:
Կեղեւը կը ներկայացնէր կապ մը դէպի մոռցուած աշխարհ, կը վկայէր եղափոխութեան հրաշքներու եւ դարերու ընթացքին կեանքի ճկունութեան մասին: Այդ պահուն Մաթէօ հասկցաւ, որ իսկական պարգեւը ոչ թէ դրամական շահի կամ ճանաչման մէջ է, այլ՝ առեղծուածներու բացայայտման եւ անցեալի պահպանման:
Երբ նախնական ցնցումը մարեցաւ, Մաթէոյի էութիւնը ողողեց յաղթանակի զգացումը: Սենեակը լեցուած էր զրոյցներով, տեսութիւններով եւ հիացմունքով՝ ճշմարտութեան բացայայտման իր անմնացորդ նուիրուածութեան համար:
Գիտնականները հաւաքուած էին՝ քննարկելու այս յայտնաբերումը եւ անոր ազդեցութիւնը նախապատմական կեանքի ըմբռնման վրայ: Մաթէօ իրարանցումի մէջտեղն էր՝ գրաւուելով իմացական խօսակցութեամբ, երախտապարտ ըլլալով մարդկութեան գիտելիքներու ընդլայնման մէջ իր դերակատարութեան համար:
Յատկանշական պատեանը, որ ժամանակին առեղծուածի եւ ենթադրութիւններու աղբիւր էր, այժմ նոր նշանակութիւն ստացած է: Անիկա դարձաւ տոկունութեան ու հետաքրքրասիրութեան խորհրդանիշ, անցեալի եւ ներկայի խոր կապի շօշափելի յիշեցում:
Մաթէօ երդուեց պաշտպանել այս մասունքը եւ ներկայացնել անոր պատմութիւնը գալիք սերունդներուն: Ան գիտէր, որ իրական արժէքը կապուած է զարմանք ներշնչելու ունակութեան մէջ եւ հրահրելու հետաքրքրութեան կայծը անոնց մէջ, որոնք կը հանդիպին անոր: Երբ Մաթէօ կը մտածէր իր ուղեւորութեան մասին, ան հասկցաւ, որ իսկական պարգեւը եղած է ամբողջ ընթացքին՝ թաքնուած կասկածի եւ փորձութեան շերտերու տակ:
Մինչ հարստութեան եւ ճանաչման գրաւչութիւնը կը պարէր իր ուղեւորութեան մակերեսին վրայ, Մաթէօ այժմ հասկցաւ, որ իր արտասովոր յայտնագործութեան շնորհիւ ստացուածը մեծապէս կը գերազանցէր որեւէ հարստութիւն, որ կրնար առաջարկուիլ: Անոր կողքին կանգնած էին ընտանիքին անդամները, որոնց դէմքերը կը փայլէին հպարտութեամբ ու հիացմունքով:
Անոնք հասկցան Մաթէոյի ընտրանքին նշանակութիւնը՝ յարգել գիտելիքի ձգտումը, պահպանել անցեալը եւ ձգել ժառանգութիւն, որ կը գերազանցէ նիւթական հարստութիւնը: Անոնք միասին երդուեցին պահպանել պատմութեան փխրուն մնացորդները եւ աշխարհին ծանօթացնել Կլիպթոտոնտի կեղեւի պատմութիւնը:
Երբ Մաթէօ կ՚ուսումնասիրէր Քարլոս Սփեկազինիի հիասքանչ բնավայրերը, ան հասկցաւ, որ լուռ գիւղադաշտը կը պարունակէ անթիւ պատմութիւններ, որոնք կը սպասեն բացուելու: Եւ այսպէս, զինուած նոր նպատակներով, ան նախաձեռնեց նոր ուղեւորութեան մը, որ կը շարունակէ յայտնաբերել անցեալի հրաշքները եւ ոգեշնչել ապագայ սերունդները՝ փայփայելու իրենց մատչելի առեղծուածները:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
«Ազդակ», Լիբանան
Հարթակ
- 11/30/2024