ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱԿՆԱՐԿ՝ ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ
Հայութեան դերը մեծ է Սուրիոյ բժշկութեան զարգացման եւ հիւանդանոցներու հիմնադրման մէջ: Պատկառելի թիւով հայ բժիշկներ որոշիչ ներդրում ունեցած են այս ոլորտին մէջ եւ սերունդէ սերունդ այդ դերակատարութիւնը իր արդար ու գործնական տեղն ու կշիռքը գտած է Սուրիոյ բժշկական եւ ընկերային-ծառայողական կեանքին մէջ:
Նախ հայ բժիշկները իբրեւ անհատներ հայութեան դեռ առաջին ժամանակներու մեծ հաստատումէն՝ Մեծ եղեռնէն ետք, Սուրիոյ մէջ կրցած են կայանալ եւ միաժամանակ կայացուցած են բժշկութեան տարբեր ճիւղեր: Անոնք եղած են մասնագէտներ իրենց ոլորտներուն մէջ եւ կրցած են տեւաբար յառաջդիմութիւն արձանագրել:
Հայ բժիշկները ծառայած են զանազան ճիւղերու մէջ՝ ըլլան անոնք պետական կամ մասնաւոր ոլորտներ, նաեւ եղած են փնտռուածներէն: Նկատառելի է, որ անոնք յաճախ իրենց կրթութիւնն ու մասնագիտական վարժութիւնները ստանալով արեւմտեան երկիրներու մէջ, վերադարձած են Սուրիա եւ ծառայած են երկրի զանազան հաստատութիւններու եւ հիւանդանոցներու մէջ:
Երկրորդը՝ հայ անհատները, որոնք բժշկական եւ բժշկագիտական ոլորտներու մէջ գործունէութիւններ վարած են եւ իրենք անձնական ու հաւաքական ճիգերով հիմնած են հիւանդանոցներ եւ բժշկական կեդրոններ: Կարելի է անդրադառնալ նոյնպէս բժիշկ-դասախօսներուն, որոնք կրթական հաստատութիւններու եւ համալսարաններու մէջ բժշկութիւն դասաւանդած են: Անանտեսելի չէ նոյնպէս եւ բնականաբար պէտք է յիշել ոչ-նուազ կարեւորութեամբ հայ դեղագործներու երեւելի ներդրումը Սուրիոյ դեղերու արտադրութեան եւ դեղագիտական ոլորտի զարգացման մէջ: Անոնք թէ՛ իրենց բացած դեղարաններով եւ դեղերու արտադրակեդրոններով նշանակալի դեր ունեցած են:
Գալով Սուրիոյ մէջ հայութեան բերած արհեստներուն՝ շարքը երկար է եւ այդ մէկը արմատ առած է մանաւանդ գաղթակայաններէն՝ հակառակ անոնց համեստ, խեղճ պայմաններուն, բայց նոյն այդ հաւաքավայրերը կրցած են այսպէս ըսած՝ բայց յատկանշական ու նկարագրային գիծեր ստեղծել հայութեան համար: Այդտեղէն սկսած են կօշկակարութիւնը, ատաղձագործութիւնը, դերձակութիւնը, ասեղնագործութիւնը եւ տասնեակ այլ արհեստներ: Հայերը՝ Մեծ եղեռնէն ետք առաջին եւ երկրորդ տասնամեակներուն մնացին տնային եւ այսպէս ըսած՝ նոյն հիմնուած գաղթակայաններու աշխարհագրութեան ու անկէ բխած ընկերային, տնտեսական եւ մշակութային պայմաններով ստեղծուած արհեստներուն մէջ: Իսկ երրորդ տասնամեակէն սկսեալ արդէն անոնք բացուելով Սուրիոյ ընկերութեանց տարբեր շերտերուն, կրցան հիմնել իրենց արհեստանոցները տարբեր տեղեր եւ ըլլալ արհեստավարժներ եւ արհեստներ սորվեցնողներ: Հայերը մեծ դեր խաղացած են Սուրիոյ մէջ նախ արհեստի հասկացողութեան ստեղծման ու տարածման եւ յետոյ արհեստներ հիմնելու եւ սորվեցնելու գծով: Նոյնիսկ կարգ մը արհեստներ՝ ինչպէս ոսկերչութիւնը, մեքենայաշինութիւնները եւ ինքնաշարժներու վերանորոգումները ու շարք մը արհեստները եղած են հայերու մենաշնորհումները:
Հարկ է յիշել, որ տարբեր արհեստի ոլորտներու գրեթէ ամբողջ անձնակազմերը հայերէ կը բաղկանային եւ անոնք երկար ժամանակներ պահած էին հմտութիւններու յատուկ մակարդակ ու ոճ մը, որոնք մինչեւ հիմա նկատելի են Սուրիոյ արհեստաւորական ասպարէզին մէջ:
Բազում հայ արհեստաւորներ ժամանակի ընթացքին վարժեցուցած են զիրենք համաքաղաքացի դարձող Սուրիոյ մէջ բնակող տարբեր ազգութեանց՝ ըլլան անոնք արաբ, քիւրտ կամ սուրիացի եւ այլն:
Եթէ լուսանկարչութիւնը համարենք արհեստներու բաժին մը, ապա շատ կարեւոր է ակնարկել այդ բնագաւառին մէջ ալ հայերու բերած մեծ ներդումին: Հայ լուսանկարիչները առաջիններն են Սուրիոյ մէջ եւ անոնք կը համարուին երկրի լուսանկարչութեան հիմնադիրները: Հայ նկարիչներուն հիմնադրած նկարչական աշխատանոցները ամենահամբաւաւորներն էին Սուրիոյ մէջ եւ մինչեւ սոյն թուականը՝ հակառակ արհեստագիտական մեծ փոփոխութեանց, հայկական նկարչական կեդրոնները կը մնան իւրայատուկ եւ վարպետաց: Հայ նկարիչ-լուսանկարիչները եղած են նախընտրելիներէն Սուրիոյ քաղաքական դասի շատ մը ղեկավարներու կողմէ:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
•շարունակելի…
Երեւան