ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ
ԳԼՈՒԽ Է.
ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ
Խօսք. «Յիսուսի եղբայրները ըսին Իրեն. հոսկէ ել եւ Հրէաստան գնա» (Յհ 7.3):
Մեկնութիւն. Յակոբը եւ Յովսէն, Սիմոնն ու Յուդան Յովսէփին որդիներն էին եւ Քրիստոսի եղբայրներ կը կոչուէին, եւ կ՚երեւի, որ ասոնք չէ որոնք Քրիստոսին տօնին կը ղրկեն. նախ՝ որովհետեւ կ՚ըսէ թէ եղբայրները հաւատացեալ չէին, իսկ ասոնք՝ հաւատացեալներ: Երկրորդ, որովհետեւ ասոնցմէ երկուքը տասներկուքէն էին եւ երկուքը՝ եօթանասունէն, որ այժմ ըսաւ. «Ես ձեզ տասներկուքդ ընտրեցի» (Յհ 6.70), ապա յայտնի է, որ ասոնց եղբայրներ կ՚ըսուին, որովհետեւ Քրիստոսի ազգականներն էին ու կ՚ուզէին Քրիստոսի գործերէն ժամանակաւոր փառք ստանալ:
Եւ ասոնք երեք պատճառով կ՚ըսէին. «Հոսկէ ել եւ Հրէաստան գնա». նախ՝ աշակերտներուն համար, որոնք ետ մնացին, դարձեալ նշանները տեսնեն ու միաբանին: Երկրորդ, որովհետեւ փառասիրեցան, թէ՝ գնա՛ տօնին եւ նշաններ գործէ, այդ պատճառով Քրիստոս յանդիմանեց զանոնք, թէ՝ Իմ աշխարհ գալս փառք ընդունելու համար չէ, այլ՝ մարդոց օգուտին համար է: Երրորդ, քանի որ հրեաներուն նախանձին մասին գիտէին, որոնք կ՚ուզէին տօնին ժամանակ բռնել ու ձերբակալել զԻնք, որպէսզի սպաննեն, այնտեղ կը հրաւիրէին, որպէսզի տեսնեն Անոր զօրութիւնը, թէ կրնայ ազատիլ, թէ՝ ոչ:
Խօսք. «Որովհետեւ ոչ ոք գաղտանաբար չի գործեր» (տե՛ս Յհ 7.4):
Մեկնութիւն. Երկու բան կը յայտնեն մարդը. մէկը՝ յայտնի գործը, իսկ միւսը՝ յայտնի վայրերը: Արդ, Քրիստոս յայտնի գործերը կը կատարէր ու անապատին մէջ կը շրջէր, այդ պատճառով աս կ՚ըսեն:
ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ
Խօսք. «Ժամանակս դեռ չէ հասած» (Յհ 7.6):
Մեկնութիւն. Քրիստոս մահուան ժամանակը աշխարհի փրկութեան համար նախապէս սահմանուած էր: Եւ գիտելի է, թէ բոլոր բաներուն համար ժամ ու ժամանակ կայ, կ՚ըսէ Սողոմոն, որովհետեւ Աստուած ժամանակին ստեղծեց ամէն բան, ժամանակին փրկեց մարդը եւ ժամանակին պիտի յարուցանէ ու նորոգէ աշխարհը:
Արդ, ասոնք չորս են, այսինքն՝ Աստուծոյ գիտութիւնը եւ կամքը, ժամանակն ու իրը, որ ժամանակին պիտի ըլլայ: Ասկէ կ՚երեւի Քրիստոսի եւ Հօր Աստուծոյ կամքին ու գիտութեան միութիւնը, որովհետեւ Հօրմէն ժամանակը սահմանուած էր, եւ Հայրը կը կամենար Քրիստոսի չարչարուիլը, իսկ Քրիստոս գիտէր ժամանակը եւ Իր կամքով չարչարուեցաւ: Ապա յայտնի է, թէ Հօր եւ Որդիին կամքը մէկ է, իսկ եթէ աստղագէտները հակառակին, թէ ամէն բան ի ժամանակի է, հետեւաբար մարդոց կեանքը աստղերուն ձեռքն է: Ասոր պատասխանը առաջին հատորին մէջ կը գտնես, երկրորդ գլուխին մէջ՝ հարսանիքի մասին ըսուած:
Դարձեալ «Ժամանակս չէ հասած տակաւին» (Յհ 7.6), երեք բանի համար ըսաւ. նախ՝ չարչարանքներու ժամանակը: Երկրորդ, փառքի յայտնութեան ժամանակը, որովհետեւ վայել էր Քրիստոսին յարութենէն ետք փառքի յայտնութիւնը: Երրորդ, ձեւով մը Անոր քարոզութեան ժամանակը չէր հասած, այսինքն՝ տօնին սկիզբը պատշաճ չէր քարոզութեան ժամանակը, այլ՝ աւարտին:
Խօսք. «Բայց ձեր ժամանակը [ամէն ժամի] պատրաստ է» (տե՛ս Յհ 7.6):
Մեկնութիւն. Այսինքն՝ մահու օրհասականը, որովհետեւ Քրիստոս գիտութեամբ եւ կամքով մահը կրեց, իսկ մենք՝ անգիտութեամբ եւ ակամայ կը կրենք:
Դարձեալ՝ Քրիստոս մահուան Տէր եւ Իշխան էր, իսկ մենք՝ ամէն ժամ մահուան իշխանութեան տակ ենք, այդ պատճառով Տէրը զգուշացուց. «Արթուն մնացէք եւ ամէն ժամ աղօթեցէք» (տե՛ս Մտ 24.41): Դարձեալ, «ձեր ժամանակը ամէն ժամի հասած է», այսինքն՝ որ փառասիրութեամբ տօնին ժամանակ հանդիսացած կ՚ուրախանաք, ինչ բանին համար կ՚ըսէ.
Խօսք. «Աշխարհը ձեզ չի կրնար ատել» (Յհ 7.7):
Մեկնութիւն. Աշխարհ աշխարհասէրին համար կ՚ըսէ. նախ՝ որովհետեւ միախորհուրդ էք անհաւատութեամբ: Երկրորդ, նախանձի միեւնոյն գործը ունիք:
Իսկ «զիս կ՚ատէ». նախ՝ քանի որ բարի գործեր կը կատարեմ, երկրորդ՝ որովհետեւ չարերը կը յանդիմանեմ, ըստ այնմ. «Իրենց դռներուն վրայ ատեցին զիրենք յանդիմանողը» (տե՛ս Ամս 5.10):
Խօսք. «Դուք գացէ՛ք տօնակատարութեան, Ես չեմ երթար» (Յհ 7.8):
Մեկնութիւն. Երեք բանով յանդիմանեց զանոնք. նախ՝ «ձեր ժամանակը ամէն ժամու է»: Երկրորդ՝ «Աշխարհը ձեզ կը սիրէ»: Երրորդ՝ «Դուք գացէ՛ք տօնակատարութեան»:
Նախ՝ տօնին առաջին օրուան մասին պէտք է իմանալ, որ մարդիկ աւելի կը հանդիսանային ու ուրախ կ՚ըլլային կերակուրներէն ու խմիչքներէն, որ Քրիստոս չկամեցաւ երթալ:
Երկրորդ՝ դուք գացէ՛ք տօնակատարութեան, ուր հրեաներու յարգանք՝ հպարտութիւն եւ ունայնութիւն կայ, որ անոնք կը խնդրէին, իսկ Քրիստոս՝ ո՛չ:
Երրորդ՝ այն ուրախութեան, որ Իմ մահուանս համար է, դուք գացէ՛ք, որովհետեւ անոնց կամակից ու ընկեր էք:
Չորրորդ՝ փառասիրութիւն պէտք չէ Ինծի, դուք գացէ՛ք այդ տօնակատարութեան, որովհետեւ ձեզի պէտք է ժամանակաւոր փառք, իսկ Իմ աշխարհ գալս մարդոց օգտութեան համար է:
Եւ թէ որո՞նք էին ասոնք, որոնք կը ստիպէին Քրիստոսին տօնակատարութեան երթալ, գիտելի է, թէ ասոնք Քրիստոսի ճշմարիտ եղբայրները չէին, ինչպէս՝ Յովսէփին որդիները, ինչպէս նախապէս ցոյց տրուեցաւ, սակայն այնտեղի ազգականներէն ոմանք, որոնք ձեւով մը եղբայրներ կ՚ըսուին, այդ պատճառով կը յանդիմանէ զանոնք փառասիրութեամբ եւ հրեաներուն համախոհ կը ցուցնէ զանոնք՝ ըսելով. «Դուք գացէ՛ք տօնակատարութեան», եւ ասով ո՛չ թէ փառասիրութեան կը բերէ զանոնք, այլ՝ ցոյց կու տայ, թէ միայն աշխարհինը կը խնդրէին:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 69
Վաղարշապատ