ՊԱՅՔԱՐԻՆՔ ՊԱՏՈՒԷՐՈՎ ԳՐՈՂՆԵՐՈՒՆ ԴԷՄ
Ոչ, պատուէրով պիտի չգրենք։ Հակառակը, պիտի խարազանենք բոլոր անոնց, որոնք պատուէրով գրել կը փորձեն։
Գիտէք պատուէրով գրելը կը նմանի մէկու մը, որ բեմ կ՚ելլէ եւ առանց համոզուած ըլլալու, կամ նոյնիսկ իմանալով ու նախազգալով, որ իր ներկայացուցած թեզը սխալ եւ թերի է, սակայն կը շարունակէ նոյն լարով «չալել»։ Իսկ բեմին շուրջ հաւաքուածներէն շատեր, որոնք հոն հասած են նոր խօսք լսելու պարզապէս սրահը չլքելու համար կը շարունակեն բեմբասացի ըսածները հալած իւղի պէս կլլել։
Դժուար ճաշ մը մարսելու պէս է պատուէրով գրուած յօդուածը կարդալը։ Հազար տեսակ համ կը խառնուի մարդուս քիմքին, յետոյ ալ այդ տհաճութիւններէն անդին մարսողական բարդութիւններու առջեւ կը կանգնի։ Ճիշդ է, անգամ մը որ ճաշը բերանը տարաւ, ծամեց լաւ մը, վրայէն ալ աւելի թունդ ուտելիք մը հասաւ սեղան։ Աչքերը չդիմացան (կ՚ըսեն չէ՞, մեր ստամոքսէն առաջ կամ մեր ստամոքսէն աւելի աչքերն են որ նախ այդ ճաշերը «կ՚ուտեն») ու այսպէս ապուր մը, խորտիկ մը, համեմով եփուած հաւու կտոր մը, կամ ձկան կտոր մը կը նետուին դէպի մեր ստամոքսները... մնացած պատմութիւնը գիտէք. թթու համեր, տհաճութիւն եւ մարսողական ջուրերու բաց «ընդունելութիւն»...։
Խնդիրը այն է, որ մեր բարեկամ գրողը պատուէրով նիւթ պատրաստած է, հաճոյ թուիլ կը փորձէ իր պատւիրատուին ու այդ վիճակներէն «դուրս գալու» համար մեզ կը դնէ դժուարամարսութեան եւ այդ վիճակին առթած տհաճութիւններուն առջեւ։
Նորութիւն մը չէ, ի հարկէ այս վիճակը, բայց եւ այնպէս, մեզի համար շատ կարեւոր է իրապէս անդրադառնալ այս ախտահարուած երեւոյթին ու պատուէրով փափաք մը, միտք մը, անուն մը, մականուն մը, ձեւ մը եւ ապրելու եղանակ մը շինծու կերպով հանրութեան աչքը «խոթելու» հիւանդագին երեւոյթին։
Շատ հեռուները չերթալու համար հարկ է անպայման բացատրել, որ մեր ժամանակներուն եղած հրապարակախօսութեան մէջ ալ այս յոռի երեւոյթը կը շարունակէ մեր հասարակութիւնները պաշարել ամէն կողմէ։ Մինչ հայաստանեան մամուլին մէջ կը վխտան նման երեւոյթները, որոնք հասակ առած են «Սովետի օրեր»էն, կազմուած, թելուած ու մանուած են գիրքի մը, աշխատութեան մը, հանդէսի մը, ներկայացման մը բեմական շղարշումներով, անդին սփիւռքի տարածքին «ընդունելի» դարձած իրականութիւնները ոչ ամբողջական կերպով պարուրուած ու թաքնուած, այսպէս տողերուն ու բառերուն ետին պահուըտելով ըսելու եպերելի սովորութիւնը դարձած է «բնական» երեւոյթ մը։ Սովորութիւն, որ ո՛չ միայն պատուէրով գրելու կը նմանի կամ տհաճութիւն կը պատճառէ մեզի, այլ նաեւ վնաս կը պատճառէ մեր հաւաքական ընկալումներուն։
Գրողը ճիշդ պիտի գրէ։ Հաճոյանալու համար պիտի չգրէ։ Եթէ ան պիտի գովերգէ անցեալի մեր հերոսական սլացքներն ու մեր հերոսներուն նուիրական քայլերը, ապա պարտաւոր է անոնց գործած սխալներուն մասին ալ գրել։
Հիմա պիտի ըսէք գրողը դատաւո՞ր է։
Պիտի պատասխանեմ. գրողը հաւաքական ընկալումներու մեծ խորապատկերին վրայ մանուած թելերով իր ըսելիքները մարդոց ու պատմութեան յանձնողներէն է։
Գրողը անպայման միայն գովերգումներով զբաղողը չէ, այլ մեր անցեալն ու ներկան մեծ պրիսմակով, մեծ աչքերով դիտողն է։ Գալիքը տեսնել փորձողն է, նաեւ մանաւանդ ան է, որ մեզի ահազանգներ կը բաժնէ գալիք վտանգներուն մասին։
Ճիշդ է, շնորհակալ արարում մը չէ եղած առողջ հրապարակախօսութեամբ զբաղելու կամ մաքուր գիր մը տալու յանձնառութիւնը, սակայն ան որ գրիչը այդ տեղէն բռնած կ՚ըլլայ, այսինքն յանձնառութեան ոգիով կը գրէ, արդէն բանի տեղ ալ չի դներ այն պատիւներն ու կենացները, որոնք կը տրուին անոնց, որոնք դարձեալ պատուէրով կը գրեն։
Մենք դէմ պէտք է ըլլանք, որ մեր գրողները պատուէրով գրեն։ Ու քաջալերենք, որ մեր ցաւերը, մեր վիրաւոր կէտերը, մեր ցաւ պատճառող մասնաբաժինները, մեզ տկարացնող ախտերը, նոյնիսկ մեր մեղքերը հանրութեան հետ կիսեն։
Երբեք չվախնանք ու չմտածենք, որ նոյն այդ գրողները, որոնք արժանի դարձած են «ազգի պարծանք» կոչուելու իմաստակ ընկալումին, օր մը կրնան ամէն ինչ շուռ տալ եւ իրենց երբեք չսազող մօտեցումներով մեր խոհանոցներուն մէջ եղած լեղի եւ լէշ դարձած յաճախ եփուած ու յաճախ ալ թափուած ճաշերուն մասին խօսին։
Մեր օրերուն այդպիսի երեւոյթներ ալ տեսանք ու մենք ալ զարմացանք, որ ինչ հոգիով երկար ամեակներ մեր պաշտած գաղափարներու մունետիկները հանդիսացող գրչակներ այդքան թոյն ու մախանք դուրս թափեցին, մոռնալով որ երկար տարիներ ինչպիսի խմբագրականներու տակ իրենց ստորագրութիւնը նետած «ազգի պարծանք» էին։
Ճիշդ ատոր համար է, որ պէտք է զգոյշ ըլլանք, զգոյշ ըլլալէ աւելին ալ ընենք ու պայքարինք «պատուէրով գրողներ» տեսակին դէմ։
Որովհետեւ ի վերջոյ պատուէրը պիտի մեռնի եւ ազնիւ ոգին եւ մաքուր գաղափարը պիտի մնայ։
Յիշեցէ՛ք։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան