ԻՐԱՆ-ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ. ԽՆԴԻՐԸ ԱԹՈՄԸ ՉԷ, ԱՅԼ «ՊԱԼԻՍԹԻՔ» ՀՐԹԻՌՆԵՐԸ

Նորութիւն մը ըսած պիտի չըլլամ, եթէ շեշտեմ այն միտքը, որ այսօրուան նիւթին ընդհանուր վերնագիրն է։ Այսինքն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու համար այսօրուան գերխնդիրը Իրանի միջուկային ծրագրի իրականացման «վախ»ը չէ, ոչ ալ ուրանիումի չափաքանակի ամէնօրեայ աճը, որ ըստ արեւմուտքին, բայց մասնաւորապէս՝ ԱՄՆ-ին, Իրանը պիտի մօտեցնէ կորիզային զէնք ունենալու։ Խնդիրը ընդհանրապէս կը վերաբերի «Պալիսթիք» հեռահար հրթիռներու արտադրութեան դադրեցման, որ Իրանի համար ալ բոլոր առումներով կը համարուի անընդունելի նախապայման։

Լայն եւ հզօր ռազմական արդիւնաբերութեան տէր դարձած Իրան կ՚ապրի տնտեսական դժուարին ժամանակներ։ Մէկ կողմէ քորոնաժահրի ստեղծած իրավիճակը, միւս կողմէ երկրին մէջ համատարած դարձած կաշառակերութիւնը՝ Իրանի նախագահ Ռայիսիի վարչակարգը դրած են բաւականին բարդ դրութեան մը առջեւ։ Այս բոլորը հաշուի առնելով է, որ իրանցիք պատրաստ են ամէն գնով մարմին տալ ու մեծ յոյսեր կապել Վիեննայի մէջ նախատեսուած բանակցութիւններուն, որոնք շատ հաւանաբար յառաջիկայ շաբաթներուն սկիզբ պիտի առնեն։

Ամէն պարագայի աւելի ընդգրկուն կերպով հասկնալու համար Իրան-ԱՄՆ «պարանաձգութիւն»ը՝ կ՚անդրադառնանք ծանօթ իրանագէտ Գոհար Իսկանտարեանի վերջերս կատարած յայտարարութիւններուն, որոնք լոյս տեսան «news.am» կայքէջին վրայ։

*

Կ՚ակնկալուի, որ 2015-ին Վիեննայի մէջ կնքուած միջուկային պայմանագիրը վերանայուի, բայց կը կասկածիմ, որ լուրջ փոփոխութիւններ կատարուին, չեմ կարծեր, թէ Իրանը կը համաձայնի պայմանագրին մէջ ներառել նաեւ իր հրթիռաշինական ծրագիրը։

2015-ին Վիեննայի մէջ երկար տարիներու բանակցութիւններէ յետոյ կողմերը, ի վերջոյ, կարողացան գալ համաձայնութեան, ինչ որ փաստացիօրէն, երկու կողմին ալ ձեռնտու էր: Համաձայնագիրը Իրանի՝ ուրանիումը հարստացնելու իրաւունքի մասին էր, քանի որ վերջինս տակաւին 1960-ականներուն կնքած էր Միջուկային զէնքի տարածումը կանխարգիլող պայմանագիրը, որուն շնորհիւ իրաւունք ձեռք բերած էր «Խաղաղ աթոմ» ծրագրի ծիրէն ներս ուրանիում հարստացնելու: 2015-ին որոշուեցաւ Իրանի կողմէ խաղաղ նպատակներով ուրանիում հարստացնելու ծաւալը նուազեցնել մինչեւ 3.2 առ հարիւրի, որ ձեւով մը Իրանի զիջումն էր: Բաց աստի, երբ ԱՄՆ-ի մէջ իշխանութեան գլուխ եկաւ Տանըլտ Թրամփ, նոր մօտեցումներ որդեգրեց՝ նշելով, որ միայն ուրանիումի հարստացման նկատմամբ պատժամիջոցներ կիրառելն ու այդ ծիրէն ներս համաձայնագիր կնքելը սխալ էր, եւ պէտք է պայմանագիր կնքուէր նաեւ Իրանի հրթիռաշինութեան ծրագրի վերաբերեալ, որպէսզի ամբողջովին թափանցիկ դառնար Իրանի միջուկային ծրագիրը: Իրանը, սակայն, նշած է բազմիցս, որ հրթիռաշինութիւնը իր ազատ իրաւունքն է, ինչպէս աշխարհի որեւէ անկախ պետութիւն, ինք ալ որեւէ կերպ պարտաւորուած չէ հրթիռաշինութեան հարցով եւս պայմանագիր կնքել: Իրանի դիրքորոշումը այս հարցով խիստ ընդգծուած եղած է: ԱՄՆ-ի ներկայ նախագահը՝ Պայտըն, նշած է, որ ամէն ինչ պէտք է ըլլայ՝ Վիեննայի պայմանագրին վերադառնալու համար, որ, փաստացի, կնքուած էր Օպամայի նախագահութեան օրերուն, երբ Պայտընն էր ԱՄՆ-ի փոխ-նախագահը: Կ՚ակնկալուի, որ պայմանագիրը կը վերանայուի, բայց լուրջ փոփոխութիւններ կը կատարուի՞ն, փոքր ինչ կը կասկածիմ: Խօսքը հրթիռաշինութեան մասին է, ես չեմ կարծեր, որ Իրան կը համաձայնի այդ համաձայնագրին մէջ ներառել նաեւ հրթիռաշինութեան հարցը եւ զայն դնել միջազգային ուսումնասիրողներու ուշադրութեան կեդրոնին: Կը կարծեմ, որ կը վերանային խնդիրները՝ շեշտը դնելով ուրանիումի հարստացման ծրագրին վրայ։

Քանի որ 2015-ին Օպամայի կառավարման օրօք կնքուած էր միջուկային համաձայնագիրը, իսկ ԱՄՆ-ի փոխ-նախագահը Ճօ Պայտընն էր, այդ ինծի յոյս կը ներշնչէ, որ ան, այնուամենայնիւ, կրած է այդ գաղափարները իր մէջ ու հասած այն եզրակացութեան, որ լաւագոյն լուծումը Իրանի հետ պայմանագիր կնքելուն մէջ կը կայանայ։ Յուսանք, որ նոր փոփոխութիւններ չեն կատարուիր, հակառակ պարագային, վիճակը կրնայ աւելիով վատթարանալ, այլ խօսքով՝ կողմերը կրնան փակուղիի մատնուիլ։

Անշուշտ այս բոլորի կողքին մեծ դեր կ՚ուզէ խաղալ Իսրայէլ։ Թել Աւիւ մասնաւորապէս վերջին ամիսներուն, անընդհատ կ՚ահազանգէ, որ Թեհրան մօտ է միջուկային զէնք ստեղծելու:

Եթէ դիտարկենք 15-20 տարի առաջ Իսրայէլի իշխանութիւններու յայտարարութիւնները, ապա պիտի նկատենք, որ անոնք նոյնը ըսած են նաեւ այն ժամանակ եւ անընդհատ նշած, որ Իրանը մօտ է «կարմիր գիծ»ին, եւ եթէ հիմա չհարուածեն Իրանը ու չկանգնեցնեն ընթացող գործընթացները, ապա այդ երկիրը մէկ-երկու տարուան ընթացքին միջուկային զէնք պիտի ստեղծէ: Իսրայէլը ամէն կերպով կը փորձէ օգտագործել իր ազդեցութիւնը եւ գործի դնել ԱՄՆ-ի հետ իր կապերը՝ Իրանի դէմ: Միւս կողմէ, ՄԱԿ-ի միջուկային ուժանիւթի միջազգային գործակալութիւնը քանի մը անգամ ուսումնասիրութիւններ կատարած եւ յայտարարած է, որ իրենք չունին յստակ փաստեր, թէ Իրան միջուկային զէնքի ստեղծման ճանապարհով կ՚ընթանայ։ Հակառակ պարագային, փոխանակ Իրանի հետ համաձայնագիր կնքելու, կ՚առնէին աւելի կոշտ քայլեր։ Յստակ փաստեր ու փաստաթուղթեր չկան այս առումով: Նոյնիսկ Իսրայէլի նախկին վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահու գրեթէ կէս թոն փաստաթուղթեր հաւաքած էր ու ցուցադրած, թէ ինչպէս Իրան կը զարգացնէ միջուկային իր ծրագիրը, սակայն անոնք հաւատք չներշնչող փաստաթուղթեր դուրս եկան, անկէ ետք ալ Իրանի դէմ ոչ մէկ լուրջ գործողութիւն իրականացուեցաւ: Ի վերջոյ, Իսրայէլ իր ձեռքին տակ եղած բոլոր գործիքները պիտի օգտագործէ Իրանի դէմ:

Հարկ է նշել, որ 2015-ի Վիեննայի պայմանագիրով՝ Իրանի ուսերէն հանուեցան ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի պատժամիջոցները, իսկ 2018 թուականին ԱՄՆ առանձին պատժամիջոցներ կիրառեց Իրանի դէմ: Եթէ յառաջիկային կողմերը համաձայնութեան գան ու ԱՄՆ դարձեալ մաս կազմէ համաձայնութեան, ապա վերջինս պարտաւորուած պիտի ըլլայ վերատեսութեան ենթարկել կամ նոյնիսկ ջնջել այդ պատժամիջոցները: 2015-ին եւրոպական շարք մը երկիրներու ձեռնարկատիրութիւններ կը ցանկային ներդրումներ կատարել Իրանի տնտեսութեան թէ՛ նաւթակազային ոլորտի մէջ եւ թէ որոշակի առեւտրաշրջանառութիւն իրականացնել, սակայն ԱՄՆ-ի սահմանած պատժամիջոցներէն ետք սկսան երկմտիլ։ Եթէ եւրոպական ընկերութիւնները երթային նման քայլի, ապա անոնք պիտի յայտնուէին ամերիկեան պատժամիջոցներու տակ ու ստիպուած պիտի ըլլային դադրեցնել այդ ծրագիրները։ Հիմա համաձայնութեան գալու պարագային հնարաւոր կ՚ըլլայ դարձեալ դուռ բանալ եւրոպական ձեռնարկատիրութիւններուն առջեւ:

 Այստեղ հարկ կը համարեմ նշել, որ Մարդու իրաւունքներու հարցերով ալ մինչ այժմ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի մակարդակով կան որոշակի պատժամիջոցներ, բայց անոնք կապ չունին միջուկային ծրագրին եւ անոնց առընչութեամբ առկայ պատժամիջոցներու հետ:

Այս բոլորէն անդին ինչ կը վերաբերի Հայաստանին։ Ապա պէտք է նշել, որ Հայաստան միշտ ալ ակնկալած է, որ եթէ կարգաւորուի միջուկային ծրագիրը Իրանի, որ աւելի շատ գումար կ՚ունենայ, եւ անոր մէկ մասը կը յատկացնէ այն ծրագիրներուն, որոնք արդէն նախատեսուած ու հաստատուած են նաեւ Իրանի խորհրդարանին մէջ։ 2015-ը, սակայն, ցոյց տուաւ, որ Իրան գանձատրական բաւականաչափ հոսքեր ունեցաւ, բայց այն ծրագիրները, որոնք նախատեսուած էին իրականացնել Հայաստանի հետ, կեանքի չկոչուեցան:

Ինչ կը վերաբերի Արցախի պատերազմէն ետք ընթացք առած գործընթացներուն, ապա Իրանի համար մօտեցումները փոխուած են։ Կերպով մը իրանցիք եկած են այն համոզման, որ պարտաւոր են նախաձեռնող ըլլալ ու ամէն ջանք գործադրել ներգրաւուելու համար «3+3» ծրագրին։ Իրան իր դիրքերը ամրապնդելու համար պարտաւոր է լուրջ ներդրումներ կատարել, որովհետեւ Կովկասի մէջ այդ երկրի միակ յե-նարանը, փաստացիօրէն, Հայաստանն է։

Այս առումով ալ պէտք է դիտարկել Ատրպէյճան-Իրան յարաբերութիւններու լարուածութեան մակարդակը, նաեւ Վրաստանի չէզոք դիրքի մը վրայ ըլլալու դրոյթը։ Այս բոլորը անշուշտ մեզ կը տանին այն եզրակացութեան, որ Իրանի հետ համագործակցող միակ կողմը Հայաստանն է:

Այդ կը նշանակէ, որ Իրանը պէտք է վերանայի իր մօտեցումները Հայաստանի հանդէպ մանաւանդ, որ անդամակցելով ԵԱՏՄ-ին, Իրան կրնայ իր առեւտրաշրջանառութիւնը հեշտացնել ու այդ առումով ալ հարկային որոշ դիւրութիւններ շնորհել՝ Հայաստանին:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 15, 2021