ՔԱՐԻՒՂ ԵՒ ՔԱՐԻՒՂ ՈՒՆԵՑՈՂ ԵՐԿԻՐՆԵՐ
Քարիւղի յայտնաբերումը երկար պատմութիւն մը չունի։ Ան անցեալ դարու սկիզբներէն ի վեր սկսաւ կամաց-կամաց փոխել միջազգային տնտեսութեան կառուցուածքը. հասնելով մեր թուականներու ամենաբարձր այսպէս կոչուած՝ քարիւղային վիճակին, ինչ որ կրնանք բնութագրել երկու դրսեւորումներով՝
1. Քարիւղի տնօրինում՝ իր բոլոր փուլերով. պեղել-գտնել, հանել-մշակել, ապա արտահանել ու վաճառել:
2. Քարիւղային պետական ու միջազգային տնտեսութեան կազմաւորում:
Հակիրճ անդրադառնալով այս երկու հիմնական կէտերուն՝ կրնանք ըսել, որ քարիւղի տնօրինման պատմութիւնը կապակցուած է հիմնականապէս Անգլիայի ու ԱՄՆ-ի եւ անոնց յառաջացուցած ընկերութիւններուն հետ: Եւ ներկայիս «փեթրոտոլար» հասկացողութիւնը ամենաբնութագրող բառակապակցութիւնն է միջազգային տնտեսութեան մէջ, որ կը ղեկավարուի Նիւ Եորքի եւ Լոնտոնի ուղղորդմամբ ու դասաւորումներով:
Ներկայ ժամանակները կրնանք համարել գագաթնակէտը՝ քարիւղի տիրապետութեան, քանի ըստ կարգ մը ուսումնասիրութիւններու, յառաջիկայ յիսուն տարուան ընթացքին կտրուկ պիտի նուազին ներկայ քարիւղի համաշխարհային պաշարները, հետեւաբար միջազգային տնտեսութեան քարիւղային ալ բնութագիրը կամաց-կամաց պիտի փոխուի: Արդէն կը վկայենք այլընտրանքային ուժանիւթներու փնտռտուքներուն ու յայտնաբերումներուն, որոնց կ՚օգնէ տեղեկատուական արհեստագիտութեան մեծ զարգացման ընթացքը:
Յաջորդ դարու միջազգային տնտեսութիւնը բնականաբար պիտի ունենայ ուրիշ կառուցուածք եւ քարիւղին ապրած մօտաւորապէս 150 տարուան տիրակալութիւնը յայտնապէս եւ կտրականապէս կրնայ աւարտիլ:
Գալով քարիւղի սեփականատէրերուն, անոնք նախ եւ առաջ կը ծլարձակին երկիրներէն եւ բնականաբար միջազգային քարիւղը հանող-մշակող եւ առեւտուր ընող ընկերութիւններէն եւ առանց մի առ մի յիշելու տարածքային կազմակերպութիւնները, կրնանք յիշել հիմնականապէս կարեւորագոյն միջազգային կազմակերպութիւնը, որ կը կարգաւորէ քարիւղի վաճառքը, իմա՝ ՕՓԷՔ-ը:
Նկատի ունենալով որ քարիւղը համեմատաբար նոր բնական հարստութիւն մըն է։ Անով հարուստ երկիրները արդէն անկախ էին եւ ենթակայութիւն չէր անոնց լիակատար անկախութիւն շնորհելը կամ ոչ, կրնանք համարել, որ անկախ սոյն երկիրներու միջազգային տնտեսական քաղաքականութեան կախուածութեան մակարդակէն, անոնք իրենց քարիւղով աւելի կայացան ու կրցան տեղ գրաւել միջազգային բեմին վրայ։ Անոնք նաեւ կարգ մը պարագաներու սկսան յարաբերաբար օրակարգ ու քաղաքականութիւն պարտադրել, ինչ որ ներկայ դարուն համընդհանուր տնտեսական ու արհեստագիտութեան բացուածութեան ալ արդիւնք է։ Այդ մէկը ձեւով մը ակամայ ստեղծեց նաեւ ազատականութեան մթնոլորտ:
Քարիւղի տէր երկիրներուն մեծամասնութիւնը ոչ-զարգացած երկիրներ են, որոնց վարչակարգերը աւելի կը յարին ամբողջատիրութեան, բացառաբար Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններն ու Քաթարը, որոնք իրենց քաղաքացիական օրէնքներու շնորհիւ կրցած են իրենց բնիկ քաղաքացիներուն միայն յարաբերաբար հաւասար բաշխում վերապահել քարիւղի եկամուտներէն։ Իսկ միւս երկիրներուն մէջ քաղաքացիները չեն օգտուած քարիւղի բարիքներէն, այլ ընդհակառակը կարգ մը երկիրներու մէջ քարիւղը պատճառ դարձած է աւելի լայն փտածութեան եւ տեղական ու միջպետական շահարկումներու:
Հետաքրքրական է, քարիւղի հարցով օրինակ ցոյց տալ զարգացած Նորվեկիան, ուր այդ ընդհանուր տպաւորութիւնը կայ, որ ան թէեւ քարիւղային երկիր չէ, սակայն քարիւղի եկամուտները քաղաքացիներուն միջեւ արդար ու հաւասար կը բաշխուի։ Իբր այդ, Նորվեկիոյ մէջ քարիւղի գոյութիւնը նշանակալի ու շրջադարձիկ տնտեսական ու անկէ բխած քաղաքական գործօնի չէ վերածուած:
Քարիւղ արտադրող ու ծախող երկիրներու մեծամասնութիւնը իրենք չեն պեղեր ու հաներ իրենց քարիւղը, այլ միջազգային մեծ ընեկերութիւններ կ՚ընեն այդ մէկը իրենց համար: Եւ այս կէտին կը ծագին՝ քաղաքական թեքուածութեան, ուղղուածութեան մեծ արդարացումներ: Եթէ չըլլայ քարիւղի պեղում-հանումն ու տարածումը միջազգային մեծ շուկաներու մէջ, ինչպէս նաեւ գնողներ ապահովելը, այդ քարիւղը անպէտք կը դառնայ: Հոս կրնանք յիշել Միացեալ Նահանգներու նախագահներէն Ճորճ Պուշ կրտսերին խօսքը. «Քարիւղը միջազգային հարստութիւն է եւ կը պատկանի մարդկութեան»: Եթէ չզարգացած ու ամբողջատիրական երկիրները քարիւղը պիտի համարեն իրենց համար առաւելութիւն մը՝ զարգացում ու տնտեսական յառաջդիմութիւններ ապահովելու համար, անոնք ակամայ իբրեւ յաջողած բարձրագոյն փորձ նկատի պիտի ունենան Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններն ու Քաթարը։ Բայց այդ հասարակական երկիրներ-պետութիւնները կը գիտակցին, որ անկարելի է իրենց համար Տուպայիի կամ Տոհայի օրինակով ունենալ քիչ բնակչութիւն, քաղաքացիական օրէնքներ, վարչարարութիւն, նաեւ շատ մը առաւելութիւններ, որոնք առիթ կու տան մեծ զարգացումներու: Մինչ այդ, ոչ-զարգացած, ամբողջատիրական ու բռնատիրական երկիրները իրենց քարիւղի հաշւոյն հարստացումն ու «զարգացումը» չեն օտագործեր մարդկութեան ու գիտութեան յառաջընթացին, այլ շատ մը պարագաներու իրենց դրացիներուն ու տարածաշրջաններուն համար անկայունացման պատճառ կը դառնայ:
Մեծ ջանքեր կան քարիւղը փոխարինելու եւ արդէն զարգացած երկիրներու մէջ կանաչ շարժումներն ու անվտանգ ուժանիւթներու որոնումներն ու նման գիւտարարական փորձերու գործադրումները մեծ թափ կ՚առնեն, բայց դեռ կանուխ է անոնց մասին եզրակացութիւններ ընելու:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
14 նոյեմբեր 2022