ՄԱԼԱՐԻԱ ԿԱՄ ԴՈՂԷՐՈՑՔ
6. ԻՆՉՊԷ՞Ս ՊԱՇՏՊԱՆԵՆՔ ՄԵՐ ԱՆՁԸ, ՄԵՐ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԵՒ ՄԵՐ ԵՐԿԻՐԸ ՄԱԼԱՐԻԱՅԷՆ
3. Ճահճոտ եւ մոծակաշատ տեղերուն մէջ պէտք է ցանցեր գործածել դռներուն եւ պատուահաններուն առջեւ: Այս ցանցերը պէտք է մարլիայէ կամ երկաթէ թելերէ շինուին եւ շրջանակի մէջ ամրացուցած, հագցուին պատուհաններէն ու դռներէն: Այդ ցանցերը ինչէ ալ շինուած ըլլան, անոնց ծակերը պէտք է այնչափ մանր ըլլան, որ մոծակը անկարող ըլլայ մէջէն անցնի:
Տաք երկիրներու մէջ բնակիչները պատշգամները կամ տանիքներու վրայ եւ ընդհանրապէս՝ դուրսը կը քնան:
Երբեք պէտք չէ բակերուն մէջ՝ ցած տեղեր քնանալ, որովհետեւ, ինչպէս ըսած ենք, մոծակները վարի մասերը կը հաւաքուին, աւելի լաւ է տանիքներուն վրայ քնանալ: Բայց ուր որ ալ քնանան, անհրաժեշտ է թափանցիկ (ցանցաւոր) գործուածքներէ վրան վարագոյր շինել կամ մահճակալին վրայ՝ կէսէն վարագոյր դնել, ինչպէս այդ մէկը շատոնց ի գործ կը դրուի տաք տեղերու մէջ:
4. Ճամբորդբները երբ ստիպուած ըլլան տաք վայրերու մէջ բացօթեայ գիշերելու, իրենց մօտ պէտք է կրակ վառեն, որովհետեւ ծուխը մոծակները կը փախցնէ:
5. Փորցերը ցոյց տուին, որ մոծակները զանազան հոտերէ կը փախչին. օրինակ՝ կերոսինի կամ կարբոլեան թթւուտի: Այնպէս որ կարելի է սենեակին մէջ այս հեղուկներուն մէջ թաթխած կտորներ կախել. ափսոս միայն, որ ատոնց հոտը մարդուն նաեւ անախորժ է: Լաւ է բնակարաններուն մէջ դալմատեան փոշի (հացի 1-2 դգալ) ծխել, որու ծուխէն մոծակները բնակարաններէն դուրս կը փախչին:
6. Երեկոները (արեւը մայր մտած ժամանակ) պէտք է աշխատիլ տուն վերադառնալ, որովհետեւ ա՛յդ ժամերուն կը սկսի մոծակներուն արշաւանքը:
7. Օտարականները տաք երկիր երթալով, նախազգուշութեան համար պէտք է ամէն օր խինին (քինաքինա) ընդունին, հինգէն մինչեւ ութ գրան1 (երեխաները 2-4-5 գրան): Խինինը յաճախ դողերոցքէն կը պահպանէ: Բնիկներն ալ կրնան այդ միջոցէն օգտուիլ:
Ասոնք են անհրաժեշտ զգուշութիւնները:
7. ԽՆԱՄՔ ԵՒ ԲԺՇԿՈՒԹԻՒՆ
Դողի ժամանակ պէտք է հիւանդը լաւ ծածկել, ոտքերուն տակն ու կողքերը շիշերով տաք ջուր դնել կամ ագուր եւ խուփեր տաքցնել ու անկողինին մէջ դնել: Տաքութիւնը վրայ կու տայ, ընդհակառակը, վերմակները թեթեւցուցէք, շիշերն ու խուփերը վերցուցէք եւ սառն խմելիք տուէք հիւանդին, որպէսզի սիրտը հովանայ, իսկ երբ քրտինքը եկաւ, հանգիստ ձգեցէք մինչեւ վերջ եւ յետոյ միայն (երբ տաքութիւնը իջած ըլլայ) սպիտակեղէնը փոխեցէք:
Եթէ գլխացաւը զօրաւոր է, եթէ դէմքը արիւնակալած է, պէտք է գլուխին սառն ջուրով քաթաններ եւ նոյնիսկ սառոյցով պարկ դնել: Եթէ հիւանդը պաղած է եւ չի՛ կրնար տաքնալ, ոտքերն ու թեւերը շփեցէք, նոյնպէս տաքցուցած ջուրեր եւ աղուսներ շարեցէք անոր չորս կողմը:
Խինան մալարիային դէմ չափազանց զօրաւոր դեղ մըն է, բայց ժողովուրդը վեր ի վարոյ, առանց չափի կը գործածէ:
Խինին պէտք է տալ, նայելով հիւանդին հասակին, օրական 5-6-10 գրան.: Օրինակ, տարեկան երեխային օրական երկու անգամ երկուքուկէս գրան: Այս դեղը դողցոցի ու ջերմի ժամանակ կարելի չէ խմեցնել, այլ՝ ինչքան կարելի է դողցոցէ առաջ: Օրինակ, եթէ նոպան ժամը 12-ին սկսած է, խինին առաւօտեան ժամը 7-8-ին կու տաք: Լաւ կ՚ըլլայ մէկ մասը ժամը 7-ին տալ, միւսը՝ 10-ին (օրինակ, հինգ-հինգ գրան): Եթէ տուեալ վայրին մէջ բժիշկ կայ, անոր խորհուրդով պէտք է բժշկել:
Արմատացած մալարիային դէմ (եթէ ո՛չ մէկ բան կ՚օգնէ), միակ միջոցը օդափոխութիւնն է: Երբ կը տեսնէք, որ հիւանդը անդադար կը ջերմի, կամ տաքութիւնը շուտ-շուտ կը նորոգուի, որ ան կը նիհարնայ եւ կը գունատուի, փայծաղը կ՚ուռի, եւ այլն, զինք տարէք առողջ (ոչ մալարիային) երկիր մը, սարոտ տեղ մը: Երբեմն, հիւանդը միայն ջերմոտ երկրէն հեռանայ, կը լաւնայ:
Արեան պակասութեան (սակաւարինութեան) եւ հիւծուածքի դէմ նոյնպէս օդափոխութիւն հարկաւոր է:
Հիւանդը պէտք է ապահով տեղ մը տանիլ, լաւ օդի մէջ պահել. մաքուր ջուր խմցնել, լաւ սնունդ տալ: Այսպիսիներուն բժշկութիւնը մկնդեղով եւ երկաթով կ՚ըլլայ, բայց այդ դեղերը մի միայն կարելի է գործածել բժիշկի խորհուրդով:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 4 եւ վերջ
Վաղարշապատ
1 Հատիկ: Ռուսական դեղաբանական հին չափ մը: