ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հարցում. Չարին չարով պատասխանելու մասին բան գրուա՞ծ է Առակացին մէջ:
Պատասխան. Այո՛, գրուած է: Գրուածը աւելի թելադրութիւն մըն է ուղղուած բոլոր ժամանակներու հաւատացեալներուն համար: Կը կարդանք. «“Չարութեան փոխարէնը պիտի հատուցանեմ”, մի՛ ըսեր, Տիրոջը սպասէ ու Անիկա քեզի պիտի օգնէ» (Առ 20.22): Տիրոջ ապաւինելու եւ Անոր Արդարութեան կառչած մնալու բացառիկ համար մըն է Առակացի այս համարը, ուր առակողը յստակ կերպով կը խրատէ մեզի, որ նոյնիսկ չմտածենք չարութեան պատասխանել, այլ՝ համբերենք Աստուծոյ, յուսանք Անոր, վստահելով Անոր մեզի ընծայելիք օգնութեան:
Իմաստունին այս տողը կարդալով, վստահաբար շատեր յիշեն Սրբազան Պօղոս առաքեալին հետեւեալ խօսքերը. «Ոեւէ մէկուն չարիքին՝ չարիքով մի՛ հատուցանէք: Ջանացէք ընել այն՝ ինչ որ բոլոր մարդոց աչքին բարի է: Որքան կրնաք՝ ամէնուն հետ խաղաղ ապրեցէք: Սիրելինե՛ր, երբեք դուք անձամբ վրէժ լուծելու մասին մի՛ մտածէք, այլ ձգեցէք որ Աստուծոյ բարկութիւնը ընէ ատիկա. որովհետեւ Տէրը Սուրբ Գիրքին մէջ կ՚ըսէ. «Ի՛մս է դատելու եւ պատժելու իրաւունքը. Ե՛ս պիտի հատուցանեմ», իսկ ուրիշ տող մը կ՚ըսէ.
«Եթէ թշնամիդ քաղցած է՝ հաց տուր իրեն.
եթէ ծարաւ է՝ ջուր տուր:
Այսպէս վարուելովդ արդէն ամօթը զինք կ՚այրէ»:
Մի՛ պարտուիր չարէն, այլ՝ բարիով յաղթէ չարին» (Հռ 12.17-21):
Կարծէք Առակացի վերոնշեալ համարի կրկնութիւնը, աւելի ճիշդ ընդլայնումը ըլլայ: Նոյն բանը կը թելադրէ նաեւ առաքեալը, չարութեան չպատասխանել, այլ՝ ձգել որ Աստուած Ի՛նք մեր փոխարէն պատասխանէ:
Այսօրուան մարդուն համար բնականաբար նման մօտեցումը կրնայ որպէս թուլութիւն կամ տկարութիւն դիտուիլ: Դժբախտաբար, սակայն, այս մօտեցումն է այսօրուան մարդուն դժուարութիւններուն եւ կրած անյաջողութիւններուն գլխաւոր եւ թիւ մէկ թշնամին: Սատանան, այս մտայնութեամբ կը խաբէ մարդիկը, զանոնք լեցնելով վրէժխնդրութեան ոգիով, ինչպէս նաեւ դրդելով մարդիկը, որ լուռ չմնան, ընդհակառակը, անպայմանօրէն պատասխանեն, հակադարձեն, իրենց իրաւունքը «պաշտպանեն»…: Նման մօտեցումը սատանայական է:
Տեսանք, թէ Աստուածաշունչը թէ՛ Հին կտակարանով՝ առակողին միջոցաւ եւ թէ՛ Նոր կտակարանով՝ Սուրբ Պօղոս առաքեալին միջոցով ի՛նչ կը թելադրեն մեզի: Աւելին, չմոռնանք նաեւ, որ մեր Տէրը Ի՛նք եւս վրէժխնդրութեան, չարին չարով պատասխանելու մասին խօսեցաւ եւ ուսուցանեց: Մատթէոսի Աւետարանին մէջ կը կարդանք, թէ Տէր Յիսուս լերան քարոզի ընթացքին ի՞նչ ուսուցանած է մեզի վրէժխնդրութեան մասին. «Լսեր էք որ ըսուած է. «Աչքի դէմ աչք պիտի հատուցանես եւ ակռայի դէմ՝ ակռայ»։ Իսկ ես կ՚ըսեմ ձեզի.- Մի՛ հակառակիր քեզի չարիք ընողին։ Եթէ մէկը երեսիդ ապտակ զարնէ՝ միւս երեսդ ալ դարձուր անոր։ Եւ եթէ մէկը ուզէ քեզ դատի կանչել՝ շապիկդ առնելու համար, բաճկոնդ ալ տուր անոր։ Եթէ մէկը քեզ բռնադատէ մէկ մղոն միասին երթալ՝ իր բեռը շալկելու համար, անոր հետ երկու մղոն ալ գնա։ Եթէ մէկը քեզմէ բան մը խնդրէ՝ տուր, եւ եթէ մէկը քեզմէ բան մը փոխ առնել ուզէ՝ երես մի՛ դարձներ» (Մտ 5.38-42): Յստակ եւ պարզ են մեր Տրոջ խօսքերը:
Յովհաննէսի Աւետարանին մէջ չարութիւն գործելու եւ լոյսը ատելու հետեւանքներու մասին հետեւեալ դատապարտութիւնը արձանագրուած կը գտնենք. «Եւ դատապարտութիւնը այս է. լոյսը աշխարհ եկաւ, բայց մարդիկ խաւարը լոյսէն աւելի սիրեցին, որովհետեւ չարութիւն կը գործէին։ Ով որ չար գործ կը կատարէ՝ կ՚ատէ լոյսը եւ լոյսին չի գար, որպէսզի իր գործերը չյայտնուին։ Սակայն ով որ կատարէ ինչ որ ճշմարիտ է՝ լոյսին կու գայ, որպէսզի յայտնի ըլլայ թէ իր գործերը Աստուծոյ կամքին համաձայն գործուած են» (Յհ 3.19-21):
Ընթերցողներուն փունջ մը մտածումներ ներկայացնենք եկեղեցւոյ հայրերէն, որոնք եւս այս մասին գրած են.
• Սուրբ Եւագր Պոնտացին գրած է.
- Չարին չարով մի՛ պատասխաներ եւ վիրաւորանքով՝ վիրաւորողին, որովհետեւ ատոնցմով Աստուած կը խոնարհեցնէ քեզ՝ տեսնելով, որ դուն չես ուզեր խոնարհիլ:
• Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետը կը գրէ.
- Չարութիւնը ծուլութենէն կը բխի, իսկ առաքինութիւնը՝ յարատեւ պայքարէն: Չարերը եւ նոյնիսկ սատանան չե՛ն կրնար վնասել արթուն մարդուն:
• Սուրբ Մակար Մեծի համաձայն, եթէ մարդ իր սիրտին մէջ չարութիւն ունենայ, ապա Աստուած այդպիսիին մէջ չի՛ բնակիր: Սուրբ Հայրը կը գրէ.
- Եթէ զիրար սիրեցիք, ապա Աստուած ձեր մէջ կը բնակի, իսկ եթէ ձեր սիրտերուն մէջ չարութիւն ըլլայ, հետեւաբար Աստուած ձեր մէջ պիտի չբնակի:
• Սուրբ Սերաֆիմը չարութիւն չգործելը Աստուծոյ հանդէպ երկիւղ ունենալուն հետ կը կապէ, ըսելով.
- Աստուծմէ երկիւղելու երկու տեսակ կայ. առաջին տեսակին համաձայն, երբ Աստուծմէ կը վախնաս, ապա չարութիւն չես գործեր: Իսկ երկրորդ տեսակին համաձայն, որովհետեւ Աստուծմէ կը վախնաս, արդար գործեր կը գործես:
Սուրբ Սերաֆիմի այս խօսքը ա՛լ աւելի կ՚իմաստաւորուի եւ հասկնալի կը դառնայ մեզի, երբ անգամ մը կարդանք Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին «Հաւատով խոստովանիմ» աղօթքի հետեւեալ տունը.
- Բոլորը խնամող Տէր, Քու սուրբ երկիւղդ պահապա՛ն դիր աչքերուս՝ որ այլեւս անառակ ու ցանկացող աչքով չնայիմ, եւ ականջներուս՝ որ ախորժ չզգամ չար խօսքեր լսել, եւ բերանիս՝ որ ստութիւն չխօսիմ, եւ սիրտիս՝ որ չարութիւն չխորհիմ, եւ ոտքերուս՝ որ անօրէնութեան ճամբաներէն չքալեմ. այլ ուղղէ՛ ասոնց շարժումը, որպէսզի միշտ քու պատուիրաններուդ համաձայն ըլլան՝ ամէն բանի մէջ. եւ ողորմէ՛ Քու արարածներուդ եւ ինծի՝ բազմամեղիս։
• Երջանկայիշատակ Զարեհ Սրբազանը կը բացատրէ, թէ երկու տեսակի չար կայ, սակայն այդ երկու տեսակի չարերը մարդուն ազատ կամքին, ազատ որոշումին արդիւնքն են: Լուսահոգի Սրբազանը կը գրէ.
- Երկու տեսակ չար կայ. մէկը կու գայ սատանային կողմէ, իսկ երկրորդը՝ մեր միտքին մէջ է, որ մենք կ՚ուզենք չարութիւն ընել: Երկուքին պատճառն ալ նոյնն է սակայն. ինչպէս մարդուն պարագային չարին պատճառը իր ազատութիւնն է, ընտրելու իր կարողութիւնն է, սատանային, չարին պարագային դարձեալ եւ նոյնպէս միայն իր կամքն է չարին պատճառը, ուրիշ բան չի կրնար ըլլալ: Ներկայիս, այո՛, չարին պատճառը կրնայ զոյգ ըլլալ, կրնայ այդ ըլլալ թելադրութիւնը չարին, կրնայ գալ մեր կամքէն, այսինքն՝ մղումը կրնայ ներսէն գալ: Մղումը կրնայ նաեւ դուրսէն գալ: Երկու պարագաներն ալ կրնան ըլլալ: Մարդս ազատ չէ՞ որոշելու բարիքը եւ չարիքը, երբ դուրսէն ազդեցութիւն մը կայ: Այո՛, մարդը ազատ է որոշելու՝ նոյնիսկ եթէ արտաքին ազդեցութիւն կայ, քանզի մարդը այդ ազդեցութեան ընդդիմանալու կարողութիւնը ունի: Այստեղ նորէն մարդուն ազատութիւնն է որ պիտի որոշէ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 90
Վաղարշապատ