ԱՏՈՆԻՍԷՆ ՔԵՐԹՈՒԱԾՆԵՐ
ՏՈՒՆ
Մեր տան մէջ ուրուականներու պատմութիւն,
Որոնցմէ մեր շրթները կը յիշեն,
Կը պահեն զանոնք գութանն ու մառանը:
Հոն մեր հեռաւորութիւնները լուսաւորուեցան,
Հոն երազեցինք անորոշութիւնները:
Կ՚ոստոստէինք մոլորակէ մոլորակ,
Կը թռչէինք սերունդէ սերունդ:
Կ՚ԱՊՐԻՄ ԼՈՅՍԻՆ ՀԵՏ
Անցողիկ կեանքով կ՚ապրիմ լոյսին հետ,
Կ՚անցնի երկվայրկեանս տարիներու պէս:
Կը սիրահարիմ հայրենի շարականի մը,
Զոր առաւօտուն հովիւները կը տարածեն
Եւ կը նետեն զայն արեւին,
Որպէս արշալոյսի զուլալ կտոր մը:
... Եւ աղօթեցին անով ու մահացան...
Եթէ մահը խնդաց շրթներուդ,
Լացաւ, քու կարօտէդ, կեանքը:
ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԵԱՆ ՍԿԻԶԲԸ
Ամենագեղեցիկը եզրերուն խախտումն է:
Եւ ուրիշները- ոմանք քեզ կանչ կը սեպեն,
Ոմանք՝ արձագանգ:
Ամենագեղեցիկը պատճառ մը ըլլալն է
Լոյսին եւ խաւարին:
Մէջդ վերջին խօսքը կ՚ըլլայ առաջին:
Եւ ուրիշները- ոմանք կը փրփրին,
Ոմանք ստեղծագործ կը սեպեն:
Ամենագեղեցիկը թիրախ մը ըլլալն է,
Անջատուած՝
Լռութեան եւ խօսքի:
ԱՐԵՒԸ
Աչքերս փակեցի միայն
Երազով, երբ մահ մը կը քալէր իր ուղին,
Խորապէս կը քնանար մութին մէջ
Եւ արեւը կը ծագեցնէր ուրիշի մը վրայ:
ՈՒՂԻՆԵՐ
Երէկս վաղ մըն է եւ տիեզերքը
Մեղեդի մը դէմքիս վրայ,
Եւ սէրս կը հիւծի-կը հալի՜:
Աչքերուս մէջ կը ծնի արշալոյսին իմաստը:
Ոգիիս մէջ կը սկսին բոլոր ուղիները:
ՔԱՐ ՄԸ
Կը սիրեմ այս քարը անշարժ,
Դէմքս տեսայ անոր ծերպերուն մէջ,
Մէջը տեսայ բանաստեղծութիւնս՝ կորած:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Երեւան