ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ 175-ԱՄԵԱԿԸ
Մեր տան մէջ ոչ մէկ առթիւ խտիր դրուած է մեր ժողովուրդի յարանուանութեանց միջեւ։ Մայրս Հայ կաթողիկէ եւ Առաքելական եկեղեցւոյ ծառայասէր մայրերէն էր, քոյրերէս մին աւետարանական կրթութիւն ստացած հայ մայր դարձաւ, իսկ հօրենական կողմէ մեծ հօրս ընտանեկան շառաւիղին մէջ եղած են Հայ աւետարանական Եեկեղեցւոյ ծառայած հովիւներ։
Այդպիսի մթնոլորտի մէջ հասակ առինք, այդ ոգիով շփուեցանք ու այդ ընթացքներուն մէջ աւելիով ու մօտէն ճանչցանք մեր երեք եկեղեցիներու պատմութիւնն ու մանաւանդ ներկան։
Քաջաբար կրնամ ըսել, որ այս բազմազանութիւնը, որ ինքնին հարստութիւն է, աճած էր գեղեցիկ Պէյրութի ափերուն եւ մինչեւ հիմա ալ կը շարունակուի։ Ո՛չ մէկ խտիր, ո՛չ մէկ տարբերութիւն, կարեւորը՝ Քրիստոսի հանդէպ հաւատք, աղօթելու եւ կրօնը սիրելու ունակութիւն։
Այս բոլորը յիշեցի անցեալ ուրբաթ երեկոյ, երբ ներկայ եղայ Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 175-ամեայ յոբելենական հանդիսութեան։
Նախքան աւետարանական համայնքին մասին գրելս, քանի մը տողով ներկայացնեմ այն առանցքները, որոնք մեծապէս օգտակար եղան ինծի, որպէսզի կարողանամ մօտէն ճանչնալ մեր միւս երկու համայնքները եւ այդպէսով ալ կարողանամ ամբողջական պատկեր մը ունենալ թէ՛ մեր ընկալումներուն եւ թէ իմ ապրած քաղաքին մէջ մեր հասարակութեան ունեցած ընկալումներուն։
Անշուշտ, Պէյրութի հայկական թաղամաս Պուրճ Համուտի մէջ աչքերս բացած ըլլալով, մեզի համար շատ բնական էր, որ դպրոցի կողքին նկատէինք եկեղեցին, նաեւ վարժարանի առաջին տարիներէն իսկ մղում ունենայինք եկեղեցի յաճախել, յաճախ շապիկ հագուիլ եւ կիրակի օրերը անպայման Ս. Պատարագի մասնակցիլ։
Մեր թաղի եկեղեցին կը կոչուէր Սրբոց Քառասնից Մանկանց, որ հիմնուած էր մեծ մասամբ մարաշցի հայրենակիցներու աջակցութեամբ։ 70-ականներուն, երբ Պէյրութը երկուքի բաժնուեցաւ, համայնքի պատկան մարմինները յարմար նկատեցին Արեւմտեան Պէյրութ գտնուող Ազգային առաջնորդարանը Պուրճ Համուտ փոխադրել։ Այդ ժամանակներէն ի վեր ալ Լիբանանի թեմի առաջնորդ սրբազանը իրեն որպէս նստավայր կ՚ունենար Պուրճ Համուտի հայահոծ աւանը։
Առաջնորդարանի գոյութենէն անդին, ըլլալով սանը Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ, պատեհութիւնը ունեցայ յաճախելու մեր թաղի եկեղեցին, նաեւ աւելի ուշ ալ շապիկ հագուելու եւ Ս. Պատարագի արարողութեանց մասնակից դառնալու առիթին տիրացայ։ Կարճ տեւեց այդ ժամանակաշրջանը, ոեւէ պատանիի նման ունեցայ տարբեր ոլորտներու հետաքրքրութիւններ, որոնց մէջ մեր վրայ ազդեցութիւն ունեցաւ Պէյրութը արիւնաքամ ընող պատերազմը։
Այդ ժամանակներուն էր նաեւ, որ նկատեցի, թէ մայրիկս՝ Սրբուհի Ղազարեան, որ անդամ էր մեր թաղին մօտ գտնուող քրիստոնէական եղբայրակցութեան, յաճախ կը խօսէր մայիսեան աղօթքներու մասին։ Ինձ եւ քոյրերս կը մղէր մասնակցելու մեր թաղի Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցին, ուր տեղի կ՚ունենային Մայիս ամսուան արարողութիւնները։ Մայիսը իւրայատուկ երանգ մը ունէր մեզի համար, որովհետեւ այդ ամիսը ո՛չ միայն իմ ծննդեան օրով կը յատկանշուէր, այլեւ՝ այդ ամսուան ընթացքին հայ կաթողիկէները մեծ նուիրուածութեամբ եւ խորհուրդով կը տօնախմբէին Ս. Մարիամի օրերը։ Ամէնօրեայ դրութեամբ տեղի կ՚ունենային Ս. Մարիամը փառաբանող աղօթքի արարողութիւններ, իսկ մեր մայրերը, որպէս Ս. Մարիամին խնդրանքով մը, փափաքով մը եւ ամենակարեւորը՝ աղօթքով մը դիմող մայրեր կապոյտ կը հագնէին ի նշան հաւատարմութեան եւ սիրոյ, նաեւ Ս. Կոյս Մարիամը դարձնելով միջոց մը հասնելու համար Յիսուսի սրտին։ Կար այդպիսի աւանդութիւն, եւ Սուրբ Մարիամի ամիսը կ՚աւարտէր ու ընթացք կը տրուէր յունիս ամսուան առաջին կիսուն տեղի ունեցող արարողութեանց, որոնք կը նշանաւորուէին Յիսուս Քրիստոսի սրտին հասնելու ճիգով ու ատոր համար ալ կը կոչուէին «Սիրտ Յիսուսի»։ Ճիշդ է, այդ արարողութիւնները չունէին մայիսեան աղօթքներուն շքեղութիւնն ու պերճանքը, բայց կար այդպիսի արարողակարգ, որ նաեւ կը շարունակուի ցայսօր։
Շատ լաւ կը յիշեմ, թէ ինչքան մեծաթիւ կ՚ըլլային Մարիամ Աստուածածնին նուիրուած արարողութեանց մասնակիցները, որոնք մեծ մասամբ կապոյտ հագած հայ մայրեր, որոնք կու գային տարբեր խաւերէ ու յարանուանութիւններէ եւ ջերմեռանդութեամբ կը հետեւէին այդ աղօթքներուն։
Ի դէպ, կաթողիկէ համայնքի պարագային ալ արարողութիւնները կը դառնային աւելի գրաւիչ, իսկ հաւատացեալները իրենց մասնակցութիւնը կը բերէին ի ձեռին ունենալով յատուկ վարդարաններ։ Այդ վարդարան-համրիչներու քարերը հաւատացեալները մէկիկ-մէկիկ կը շրջէին հասնելու համար 33-րդ քար-հլունին, որ ինքնին խորհրդանշանականօրէն կը ներկայացնէր մեր Տիրոջ Յիսուսի Քրիստոսի երկրային տարիներու թուային պատկերը, այսինքն անոր ապրած տարիները։
Այս բոլորը անշուշտ կ՚ապրուէին առանց խտրականութեան, նաեւ կաթողիկէ եկեղեցի յաճախողները, որոնց ջերմեռանդութիւնը իր գագաթնակէտին կը հասնէր մայիս ամսուան ընթացքին, նոյն ոգիով կը շարունակէին իրենց հոգեւոր ճամբորդութիւնը յաճախելով այլ եկեղեցիներ, որոնց հանդէպ հետաքրքրութիւնը այլ որակի աճ կ՚արձանագրէր առաքելականներու պարագային՝ Ս. Զատկի, կամ ինչպէս բոլորս գիտենք, Աւագ շաբթուան արարողութեանց ատեն։
Կերպով մը կենսակերպ էր այս ամէն ինչը. մեր ծնողները՝ յատկապէս մայրերը, վարժութիւն մը, սէր մը կը հաղորդէին մեզի, սիրոյ հունտ մը կը սերմանէին մեր փոքր սրտերուն մէջ՝ քրիստոնէական հաւատալիքներու, նաեւ մեր եկեղեցիներու հանդէպ։
Բաց աստի, մեր տան մէջ կարեւոր ներկայութիւն էր նաեւ Հայ աւետարանական համայնքը, ոչ միայն անոր համար, որ մեծ հայրս՝ Սարգիս Ղազարեանը կու գար բողոքական ընտանիքէ մը, այլ կրտսեր քոյրս՝ Սեդան, իր ուսումնառութեան մեծ մասը անցուցած էր Հայ աւետարանական վարժարանի մէջ։ Ան յաճախած էր Պուրճ Համուտի սրտին գտնուող Սոֆիա Յակոբեան ազգային քոլէճը, բայց մեծ հաշուով իմ մտապատկերին մէջ աւելի ուրոյն գիծերով երփնագրուած մնաց ու կը շարունակէ մնալ Հայ աւետարանական բարձրագոյն քոլէճը՝ «Հայ Սքուլ»ը, որ ունէր երկու մասնաճիւղեր. մին՝ Արեւելեան, իսկ միւսնը Արեւմտեան Պէյրութի մէջ։ Հակառակ Պէյրութ քաղաքի դէմ եղած մեծ դաւադրութիւններուն, արեան ու աղէտներուն, մասնաւորապէս Արեւմտեան Պէյրութի մէջ հայ աւետարանականները «ղայիմ» մնացին։ Անոնք Լիբանանով մէկ հռչակ ու որակ բերած վարժարանին կից ալ հիմնադրեցին Լիբանանի, նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի մէկ ու միակ հայկական՝ Հայկազեան համալսարանը, որ ցայսօր ալ կը շարունակէ իր մեծ երթը՝ զարմանք, հիացում եւ հպարտութեան միախառնուած զգացումներ ու պահեր շնորհելով ո՛չ միայն Լիբանանի, այլ ամբողջ հայութեան։
Աւետարանական գործիչներուն, պատուելիներուն, նուիրեալ եղբայրներուն ու քոյրերուն համար համայնքի ալֆան եւ օմեկան կը շարունակէ մնալ կրթութեան խնդիրը, որուն մէջ անոնք հեզասահօրէն կը ներդնեն, կը ներարկեն քրիստոնէական հաւատքն ու սէրը։
Այդ հաւատքի, հաւատամքի ոչ-ձեւական ընկալումներուն մեծ շրջանակը ինքը՝ մարդն է։ Մարդ անհատը, կամ հօտի անդամը, կամ պարզ հաւատացեալը, որուն համար պաշտամունքը, աղօթքի պահը, արարողութիւնը սոսկ պարտականութիւն մը, պարտաւորութիւն մը չէ, այլ ապրում է ու մասնակցութիւն։ Այդ մասնակցութեան ոգին է, որ կը զարմացնէ զիս ու ատոր համար ալ միշտ հիացական աչքերով կը նայիմ Հայ աւետարական համայնքի տարբեր մակարդակի նուաճումներուն ու մեծ կամ փոքր գործերուն։
Անոնք ունին սպիտակ ձեռքեր, որոնց մասին շատ են վկայութիւնները։ Յաճախ ես ինծի հարց կու տամ, արդեօք նոյն ոգիով պիտի կարողանայի՞ն ընկալել այդ հաւատամքը, որ կայ Հայ աւետարանական եկեղեցիին մէջ, եթէ ըսենք քոյրս, կամ մօրաքրոջս զաւակները՝ Ռաֆֆին եւ Թալինը իրենք եւս չանցնէին այդ դպրոցներու գրասեղաններէն, կամ թէ պիտի հասկնայի՞ ու ճիշդ մեկնաբանէի՞ այդ համայնքի մեծ գործունէութիւնը, եթէ որպէս լրագրող չմասնակցէի այդ համայնքի միջոցառումներուն։ Պատասխաններս ստոյգ չեն, սակայն միով բանիւ կրնամ վկայել, թէ ինծի համար Պոլսոյ Կէտիկփաշա թաղի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած պաշտամունքին ներկայ ըլլալն ու վեր. Գրիգոր Աղապալօղլուի քարոզխօսութիւնն ու աղօթքը մէջս տարբեր առիթներով բացած են հաւատքի մեծ ակօսներ։ Փոքր ճանապարհներ, շաւիղներ ու կածաններ, որոնք զիս Քրիստոսի իրական հաւատքին կը տանին...։ Կը տանին տեղ մը, ուր լրագրութիւնը կը մարէ իր բոլոր վառ գոյնի լոյսերը եւ կը տրուի այն ինչին, այն ԲԱՆ-ին, որ յաւիտենութեան մէջ միայն կը շնչաւորուի։ Այն բանին, որ յօդուածներէն, ակնարկներէն, բարի ու յաճախ կասկածամիտ ակնարկներէն ու տոմսակներէն վեր բան մը. բան մը, որ մեզի «աչքի բիբի պէս պիտի պահէ», ինչպէս կ՚ըսէ ինքը՝ Սուրբ Գիրքը։
Ի դէպ, այս բոլորը գրելու հիմնական միտումը սոսկ Հայ աւետարանական եկեղեցիի յոբելեանին առթիւ իմ ունեցած մտորումներս չեն միայն, այլ այն միասնութեան ջանքը, որուն զինուորուիլ է պէտք, որպէս հայ եւ որպէս քրիստոնեայ, Քրիստոսի մեծ մարմնին՝ Հայ Եկեղեցիին մէջ միասնականութեան գաղափարը կենարար ոգի եւ անմար ջահ տեսնելու համար։ Շատեր կրնան քննադատել, կամ կրնան գտնուիլ սքեմաւորներ, որոնք նոյնիսկ այս տողերուն մէջ ժպրհում մը կրնան նկատել, բայց այդ երկրորդական է։
Ճանապարհը մէկ է ու այդ ճանապարհը Աստուծոյ մօտենալու ճանապարհն է. այն ճանապարհը, որմէ անցած են մեր երանաւէտ հայրերը ու որոնցմէ շատեր ալ իրենց արիւնն ու քրտինքը տուած են այդ մեծ երազին համար։
Գալով Հայ աւետարական համայնքին, ապա պարտիմ նկատել, որ անոնք պարզութեան զինուորներ են։ Պարզութեան մէջ սէր, սիրոյ խորհուրդին մէջ նուիրում եւ առաւել նուիրումը գործի վերածելու մաքուր առաքելութիւն։
Գիտէի, որ մեծ ճանապարհ անցած է Հայ աւետարանական եկեղեցին, գիտէի, որ Հայ ժողովուրդի արգանդէն սերած այս հաւատքի ամրոցը քալած է մեր ժողովուրդի խաչելութեան գողգոթայէն, բայց կային կարեւոր մանրամասնութիւններ, որոնք կը պակսէին իմ մօտ։ Սերումը եղած էր Մայր Եկեղեցիէն, իսկ վայրը՝ Կոստանդնուպոլիսն էր, ուր ճրագը կը վառուէր ու կը տարուէր մինչեւ պատմական Հայաստանի ամենահեռաւոր աւաններն ու շէները։
Աւետարանականները, որոնք առաջին օրէն մեծ արժէք տուած էին կրթելու գործին, կը բանային հարիւրաւոր վարժարաններ, կը կրթէին սերունդ եւ կը հասցնէին ունակ գործիչներ։ Այդ կերտուած եկեղեցիներն ու դպրոցները ստիպուած կ՚ըլլային լռել պահու մը համար, սակայն Օսմանեան կայսրութեան մեր ազգին տուած ծանր հարուածէն ետք, դարձեալ կը վերայառնէին ու այս անգամ ծիլեր կու տային Հալէպի, Դամասկոսի, Պէյրութի, Այնճարի ու տարբեր վայրերու մէջ։ Աւետարանական եկեղեցին նուիրումի նաւակ կը դառնար. նաւակ, որուն մէջ տեղ կը տրուէր բոլորին ու աւելի քան յիսուն տարի համայնքը իր լաւագոյն պարգեւները կը վերադարձնէր մեր ժողովուրդին։
Սուրբ գիրքի, հաւատքի, կրթութեան, արդիականութեան եւ դաստիարակութեան ջահերը իրենց ձեռքերուն, Հայ աւետարանական համայնքի հովիւները նոյն բարի լուրը իրենց հետ կը բերէին Հայաստան ու Երեւանի մէջ ընթացք առած գործունէութիւնը կը տարածուէր ամէն դի, հասնելով մինչեւ Արցախ։
Եւ այսօր ալ այդ ջահը բարձր պահող նուիրեալները կը շարունակեն ու պիտի շարունակեն իրենց անբասիր գործը, լոյս մը տալով խաւարին մէջ, մոմ մը վառելով եւ ի վերջոյ հաւատքի կայծ մը մեր հանրութեան հետ կիսելու։
Ճիշդ է, որ Հայաստանի ողջ տարածքով մեր հայրենակիցները շատ լաւ գիտեն ու շատ լաւ կը գիտակցին, թէ ինչպիսի վսեմական գործ կը տանին աւետարանական հայերը, բայց ցաւալիօրէն կան մարդիկ, որոնք ո՛չ լսած են այդ գործին մասին, ո՛չ ալ ընկալած են եղած աշխատանքներուն կարեւորութիւնը։
Այդ մօտեցումը, անշուշտ, համայնքի ղեկավարութեան համար ոչ մէկ առթիւ զարմանքի կամ զայրոյթի առիթ հանդիսացաւ, որովհետեւ եկեղեցին ինքը սիրոյ աղբիւր է եւ ինչպէս մեր միւս համայնքները, Հայ աւետարանական եկեղեցին ալ այդ հաւատքին տուն տուող եւ այդ հաւատքին ծառայող Քրիստոսի տունն է ու մարմինը, ինչպէս որ մենք այդ սուրբ եկեղեցիին անքակտելի մասնիկն ենք։
Յ.Գ. Երբ Հայ Աաւետարանական եկեղեցի կ՚ըսենք, պէտք է անպայման հասկնալ ԱՀԱԸ, ՄԱՀԵՄ եւ ՀԱՀԽ ու տակաւին այլ մարմիններ ու խորհուրդներ, որոնք բոլորն ալ կը գործեն յանուն մէկ ու միակ նպատակի, որն է Քրիստոսի փրկագործութեան բարի լուրը տարածելու առաքելութիւնը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան