ԱՌԱՋ ԿԸ ՍԻՐԷԻ, ՀԻՄԱ ՉԵՄ ՍԻՐԵՐ

Երէկ Նայիրի Զարեան կը կարդայի: Պատահմամբ հանդիպեցայ այն երբեմնի գեղեցիկ (ինծի համար) բանաստեղծութեան, զոր քանիցս արտասանած եմ բեմերէն եւ, ինչու չէ, նաեւ առանձին, սենեակիս մէջ, ընթերցումներուս ժամանակ: Իրողութիւնը այն է, որ անցեալին կը սիրէի զայն, կը խանդավառուէի անով, սակայն այսօր ան ոչ մէկ նշանակութիւն ունի արդէն ոչ-պատանիիս համար: Եթէ պատանի մնայի, թերեւս այդ բանաստեղծութիւնը շարունակէր դիւթել զիս, սակայն հիմա որ արդէն շատոնց անցած եմ այդ ուղիէն, ա՛լ դժուար թէ բան մը ըսէ ինծի:

Ահաւասիկ այդ բանաստեղծութիւնը.

Արի՛, եղբա՛յր, փառաբանե՛նք մեր քաղցրաբառ հայոց լեզուն,
Մեր արտի ջուր, մեր ձեռքի թուր, մեր հոգու լար հայոց լեզուն:

Հոսել է նա մեր դարերից, մեր սարերից ու մեր սրտից,
Արաքսի պէս միշտ կենդանի, միշտ անսպառ՝ հայոց լեզուն:

Նա առաջին կանչն է եղել դիւցազնական մեր նախահօր,
Օրօրոցից մեզ փայփայել է մայրաբար հայոց լեզուն:

Քերթողահայր Նարեկացուց մինչեւ Քուչակն ու ձեր ծառան,
Տուել է մեզ երազ ու երգ եւ ճանապարհ՝ հայոց լեզուն:

Կը մոլորուէր մեր կարաւանն ամպրոպաշունչ գիշերներին,
Կը կորչէինք, եթէ ճամբին չըբոցկլտար հայոց լեզուն:

Քանի՜ ցեղեր ցամաքեցին, ինչպէս հեղեղն աւազի մէջ,
Բայց նոր դարի ծովին հասաւ մեսրոպատառ հայոց լեզուն:

Նրան իր ձեռքն է վերցրել մեր պետութիւնն աշխարհաշէն,
Այդ վեհ ձեռքով է բարձրանում դէպի կատար՝ հայոց լեզուն:

Այսօր էլ նա բռնութեան դէմ փայլատակում է բարկացայտ,
Հերոսական լեզուների հերոս եղբայր հայոց լեզուն:

Ուրեմն եկ, փառաբանե՛նք, փայլեցընենք թրի նման,
Որ զրընգայ արեւի տակ յաւէտ պայծառ հայոց լեզուն:

Նայիրի Զարեան «քաղցրաբառ» կը կոչէ հայոց լեզուն: Ըստ իրեն՝ ան «մեր արտի ջուր»ն է, «մեր ձեռքի թուր»ն է, «մեր հոգու լար»ն է: Ի հարկէ համամիտ ենք անոր, բայց զիս շփոթի մատնողը հետեւեալն է. արդեօք «հայո՞ց», թէ՞ արեւելահայոց լեզուն. ո՞ր մէկը: Ահա թէ ուր է բուն հարցը:

Այսօր Հայաստանի Հանրապետութեան պետական մաքուր լեզուն (այսպէս կը կոչեն մեր սիրելի հայաստանցիք) արեւելահայերէնն է, որուն քով արեւմտահայերէնը կրնայ ընդամէնը «ժարկոնային լեզու» համարուիլ, ո՛չ աւելի:

Հայաստանի մէջ քիչ են անոնք, որոնք իրապէս կը տիրապետեն արեւմտահայերէնին: Բացի այդ՝ դպրոցներու մէջ արեւմտահայ կամ սփիւռքահայ գրականութիւն շա՜՜՜տ թռուցիկ կ՚անցնին: Կը հարցնես՝ «գիտե՞ս (այսինչ) արեւմտահայ գրողը»: Կը պատասխանեն՝ «ծանօթ չէ»: Մինչդեռ սփիւռքահայերս քաջատեղեակ ենք արեւելահայ գրականութեան: Կարդացած ենք գործեր, որոնցմէ շատեր նոյնիսկ այնքա՜ն սիրելի են մեզի համար, որ առանց անոնց թերի կը նկատենք մեր գրական գանձարանը:

Օր մը Երեւանէն բանաստեղծի մը հարցուցի, թէ ի՞նչ կարծիք ունի Ինտրայի մասին: Ան պատասխանեց՝ «Ով է Ինտրան՝ չգիտեմ»: Եթէ բանաստեղծը ի՛նք առաջին անգամ ըլլալով կը լսէ Ինտրա անունը, ուրեմն խնդիրը լուրջ է:

Անշուշտ իրաւացի է Զարեան, երբ կը գրէ՝ «Կը կորչէինք, եթէ ճամբին չըբոցկլտար հայոց լեզուն»: Այո՛, մեր ոսկեղէնիկը ազգիս գոյութեան ուղղակի երաշխիքն ու ապաւէնն է: Շատ հաւանական է, որ առանց անոր շատոնց ոչնչացած ու վերացած ըլլայինք աշխարհէն: Սակայն եթէ իրօք այդպէս է, ինչո՞ւ «այնտեղ» կ՚աշխատին «թրի նման» փայլեցնել լոկ ու մինակ արեւելահայերէնը: Արեւմտահայերէնին խօսքը անգամ չկայ: Այլ հարց, թէ նոյն ատեն ի՛նչ աւերներ կը գործեն՝ գրական արեւելահայերէնը ողողելով օտար բառերով:

Ահաւասիկ այս պատճառով նմանօրինակ բանաստեղծութիւններ անիմաստ կը թուին աչքիս: Պարզ է, որ անոնք անիմաստ չեն: Մերո՛նք այդպիսին դարձուցին զայն՝ դպրոցներու մէջ դասաւանդելն անգամ աւելորդ համարելով: Թերեւս այդպիսով աշխատանքի աւելի լայն հնարաւորութիւններ բացուէին հայագիտութեամբ զբաղողներուն առջեւ: Անոնք պէտք չէին ունենար հեռու-հեռաւոր Ամերիկաներն ու Գանատաները արտագաղթելու: Կը ներգաղթէին Հայաստան՝ իրենց հայրենիքը, արեւմտահայերէնի վերածաղկումին ականատես կ՚ըլլային հոն: Ի՜նչ լաւ կ՚ըլլար, չէ՞:

Սակայն, ի՜նչ խօսք, այդպէս չեղաւ:

Եւ ահա այսօր այնպիսին է իրավիճակը, որ պաշտօնական հայերէնը բացառապէս արեւելահայերէնն է, իսկ արեւմտահայերէնը՝ ո՛չ աւելի ու ո՛չ պակաս, քան բարբառ մը, ինչը վիրաւորական է սփիւռքահայերուս համար:

Ներէ՛ ինծի, սիրելի՛ Զարեան, բայց քու բանաստեղծութեանդ մէջ կարծես ինչ-որ «ժամանակավրէպ» բան կայ: Մեծ բանաստեղծութիւն է որպէս արուեստ, կասկած չկայ, սակայն փոքրիկ՝ իրական գետնի վրայ:

ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ

Երկուշաբթի, Օգոստոս 16, 2021