ՊԱՄ, ԵՐԵՒԱՆ, ՊԱՄ (47)
Նորան իջաւ աստիճաններէն բակ, վազեց մտաւ շէնք, վերջին պահին անգամ մը եւս նայելով Զանային, որ վերը՝ մայթին կանգնած, ձեռքերը գրպաններուն մէջ, սիրահարուած կը նայէր իրեն։ Եւ անհետացաւ մուտքէն ներս։
Զանան մնաց մինակ։ Թօթափեց ուսերը, երջանիկ հոգոց մը հանեց, դարձաւ ու շարունակեց ճամբան դէպի ետեւի բլուր՝ Կոնդ, դէպի տուն, անհոգ ու դանդաղ։ Մի քանի քայլ առած էր ընդամէնը, երբ նկատեց, որ Նորայի բակէն, մութ պատի մը տակէն, երկու սեւ բաճկոնաւոր տղայ ելան դուրս, քալեցին դէպի աստիճաններ, բարձրանալու համար փողոց։ Յատուկ ուշադրութիւն չդարձուց, այլ նկատեց պարզապէս, ու շարունակեց քալել։ Մօտաւորապէս յիսուն մեթր կար մինչեւ անցումը հետիոտնային, որ զինք պիտի հասցնէր մատոյցներուն Կոնդի։
Քանի մը անհոգ քայլ ետք, երկու շուքերը մօտեցան Զանային, ինկան իրմէ առջեւ։ Լոյսի խա՞ղն էր, անցաւ մտքէն, ու ճշդելու համար նայեցաւ ետեւ։ Երկու տղաքը մօտեցած էին իրեն, բայց կարծես չէին շտապեր անցնիլ ու երթալ։ Անբացատրելի, գրեթէ բնազդային զգացողութիւնն իր զեկուցեց, որ բան մը սխալ էր։ Քայլերն արագացուց, եւ անցումին լիովին չհասած իսկ կտրեց փողոցը։ Տղաքը՝ ետեւէն։
Անմիջապէս բռնեց առաջին աստիճանները, բարձրացաւ վեր, ոտքը դրաւ Կոնդի սալիկապատ փողոցին ու վերջին յոյսով մը, թէ սխալած էր, նայեցաւ վար։ Առաջին աստիճանները կ՚ իյնային երկու տղոց ասպատակման տակ արդէն։ Պարզ էր. ու վազեց Զանան։
Առաջին զառիվերը կտրեց, հասաւ խաչմերուկին. աջ ընելով հարիւր քայլ մը եւս պէտք էր անցներ ու հասներ տուն, ու փրկուեր եթէ... եթէ ոտքը չսահէր սալիկին վրայ հնամաշ։ Ինկաւ. եւ վախն ու անակըն-կալը բերնէն հանեցին ճիչ մը փոքր, բայց բարձր այնքան, որ կէսգիշերային լռութեան մէջ պիտի հասնէր պատուհանին Նորայի։
Անմիջապէս ոտքի կեցաւ ու փորձեց շարունակել վազքը։ Բայց մինչեւ կարենար թափ հաւաքել, հասան ետեւէն։ Մէկուն ձեռքը բռնեց թեւն իր ու քաշեց, շրջեց զինք. միւսն անմիջապէս երկու թաթերը բռնցքած բռնեց Զանայի օձիկէն, հրեց զինք ետեւ, մէջքը սեղմեց հին քարքարոտ պատին։ Կոպտագոյն հայհոյանք մը դեռ չմարսած՝ դէմքին հարուած մը ստացաւ. յետոյ հատ մը ստամոքսին ուղղութեամբ, ապա արդէն քացիներ։ Եւ ուշքը գրեթէ կորսնցուցած՝ Զանան ինկաւ գետին։
-Մի անգամ էլ ենք քեզ իրա հետ տեսել, էլ արեւդ չես տեսնի...
լսեց պղտոր, խուլ, կծու։
Տղաքը վազեցին ետ վար։
Զանան տնքաց ցաւէն, շրջուեցաւ կռնակին վրայ, հայեացքը ուղղեց երկնքին։ Աղօտ լուսինը կամաց-կամաց կերպարանք ստացաւ, Զանայի աչքերը գտան զայն, միտքը տեղն եկաւ, եղածը սկսաւ հասկնալ, մարսել, ու տնքալով, բայց առանց լացի, նայուածքը լուսնին՝
-Շուներ... շուներ... շուներ... շուներ...
ԵՐԱՄ
•շարունակելի