ՀԱՑԻՆ ՔԵՐԹՈՒԱԾԸ

Խորհրդաւոր օր մըն էր...

Արեւը յուլօրէն կ՚ելլէր իր առօրեային՝
Մետաղագոյն մոխիրի պէս՝ արեւելքը լեցնող...
Ջուրը ամպերու երակներուն մէջ
Եւ բոլոր տուներու խողովակներուն մէջ՝ չոր էր:

Պէյրութի կեանքին յուսահատ աշունն էր,
Երբ մահը կը տարածուէր բերդէն 
Մինչեւ ձայնասփիւռը, 
Մինչեւ մարմնավաճառը, 
Մինչեւ կանաչեղէնի շուկան:

Ի՞նչն էր որ քեզ հիմա արթնցուց՝ ճիշդ հինգին:

Աբրահամը ջուրերը նկարող մըն էր
Եւ պատերազմները հիւսող մը:
Ծոյլ էր, երբ առաւօտը արթնցնէր զայն,
Բայց Աբրահամը յասմիկէն եւ արեւէն զաւակներ ունէր,
Որոնք հաց ու կաթ կ՚ուզէին:

Աբրահամը նկարիչ եւ հայր էր,
Ան կենդանի էր հաւէն, հարաւէն եւ զայրոյթէն աւելի
Եւ պարզ էր խաչի մը պէս:

Տարածութիւնները փոքր են՝
Նստարան մը սենեակի մը մէջ:
Ոչինչ... Ոչինչ...
Ջուրով նկարը հայրենիք մըն էր,
Իսկ մանրամասնութիւնները՝ ձեզի:
Դէմքս հեռագիր մըն է,
Ջուրը կը կարդա՞ք, որ հիմա համաձայնինք:

Սեւ սպիտակութիւնները գրաւեց տարածութիւնը.
Ես այն վարդն եմ, որ աննշան է,
Կապանքը, որ քաոսային ազատութենէն կու գայ
Կամ անկարողութիւնը, 
Որ հայրենիքին ձեւը կը ստանայ - Ոստիկանը:

Հայրենիքը տպաւորութի՞ւն էր, կամ՝ պայքար,
Կորո՞ւս կամ փրկութիւն:

Խորհրդաւոր օր մըն էր...
Դէմքս ցորենին հեռագիրն էր կապարներու դաշտին մէջ:

Ի՞նչը քեզ հիմա սթափեցուց՝
Ճիշդ հինգին.
Անոնք հացն ու մարդը կ՚առեւանգեն
Հինգէն...

Հացը օր մը օրանց չունէր այս համը, 
Այս արիւնը,
Այս շշուկով լի շօշափը,
Այս տիեզերական պաշարումը,
Այս ամբողջ էութիւնը,
Այս ձայնը,
Այս ժամանակը,
Այս գոյնը,
Այս արուեստը,
Այս մարդկային խոյանքը,
Գաղտնիքը,
Այս կախարդանքը,
Այս իւրայատուկ շարժումը
Նախնական քարայրէն
Դէպի աւազակախումբերու պատերազմը՝
Դէպի Պէյրութի ողբերգութիւնը:

Ո՞վ կը մահանար
Ճիշդ հինգին:
Աբրահամը վերջնական գոյնը կը ստանար,
Իրերուն գաղտնիքներուն կը տիրանար:
Նկարիչ մըն էր եւ ապստամբ մը.
Կը նկարէր
Հայրենիք մը խճողուած մարդոցմով, 
Ուռենիներով եւ պատերազմներով,
Պատերազմական ալիքներով, 
Բանուորներով, վաճառողներով եւ գիւղերով:

Ան կը գծէր
Մարմին մը՝ խճողուած կոտրած հայրենիքով՝
Հացին հրաշքին մէջ:
Կը գծէր
Արտին եւ մարդուն փառատօնը.
Առտուն տաք հաց մը:
Արտը հաց մըն էր,
Արեւը՝ եղնիկ մը:
Աբրահամը հացին մէջ ժողովուրդն էր
Ան հիմա յաւիտենական է... յաւիտենական...

Ճիշդ վեցին՝
Արիւնը իր հացին մէջ,
Հացը իր արեան մէջ,
Հիմա՝
Ճիշդ վեցին...

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 16, 2022