ՉՈՐՑԱԾ ՓԱՅՏԸ ԿԵԱՆՔԻ ԱՂԲԻՒՐ
Յանսաղարթաբեր արմատ փայտին մակադրեալ զքեզ անհպելի հպմամբ եւ սեւեռեալ բեւեռօք. եւ ի հրացայտ կողի քո ի ձեռն զինու տիգի հոսանս վտակաց գործեցեր.
(Շարական Աւագ Օրհնութեան ԲԿ)
Ահաւասիկ հասած ենք Խաչվերացի տաղաւարին։ Տարւոյն հինգ տաղաւարներէն վերջինը, որուն տօնակատարութեան կեդրոնական տեղը կը գրաւէ Խաչը, Խաչեալը եւ Խաչի խորհուրդը։ Է. դարու մատենագիր Սահակ Ձորափորեցի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը հեղինակն է Խաչի եւ Եկեղեցւոյ խորհուրդին նուիրուած շարականներուն։ Շարականագիր հայրապետը Սուրբ Գիրքէն ներշնչուելով գրի առած հոգեւոր երգերուն մէջ կը տարփողէ այն մեծագոյն հրաշքը, որ տիեզերքի պատմութեան մէջ մէկ անգամ իրագործուեցաւ Խաչափայտին վրայ, որպէս անկրկնելի պատարագ։
Շարականագիրներու շարքէն Ստեփանոս Սիւնեցի ծանօթ է իր հեղինակած աւագ օրհնութեան շարականներով։ Անոնցմէ, Յովնան Մարգարէի «Ի նեղութեան իմում» (Յովնան, 2.3-10) աղօթքի հետեւողութեամբ գրի առած պատկերի երկրորդ տան մէջ կը ներկայացնէ Խաչը եւ Խաչեալը, ըսելով. «Յանսաղարթաբեր արմատ փայտին մակադրեալ զքեզ անհպելի հպմամբ եւ սեւեռեալ բեւեռօք. եւ ի հրացայտ կողի քո ի ձեռն զինու տիգի հոսանս վտակաց գործեցեր». Եփրեմ Արքեպիսկոպոսի թարգմանութեամբ «Փայտի անսաղարթաբեր արմատին վրայ դրին քեզ անհպելիդ՝ հպումով եւ գամերով բեւեռելով եւ հրացայտ կողիդ վրայ տէգի զէնքին միջոցաւ վտակի հոսանքներ յառաջացուցիր»։
Փայտ բառը ընդհանրապէս կ՚ընկալուի «ծառի պինդ, հոծ մասը, բունը, արմատը, ոստերը» իմաստով, նաեւ՝ իբրեւ «վառելիք կամ վառելափայտ»։ Իսկ գրաբարի իմաստով կը նշանակէ նաեւ «ծառ, տունկ»։ Առաջինը պարզապէս նիւթական արժէք կը ներկայացնէ, իսկ երկրորդը՝ կեանք ունեցող գոյացութիւն մը։ Առաջինը կ՚օգտագործուի որպէս շինանիւթ եւ կամ վառելանիւթ։ Իսկ երկրորդը կ՚օգտագործուի իր պտուղներուն համար, բնականաբար եթէ պտղատու է։
Մարդկային պատմութեան մէջ դարեր առաջ չարահնար մարդիկ մտածած էին մահապատիժի, չարչարանքի գործիք մը հնարել եւ իսկապէս յաջողած էին իրենց մտածումը գործնականի վերածելով, օգտագործումովը անհաւասար երկու կտոր չոր փայտի։ Այդ օրերուն հեթանոս չարահնարը իր մտքէն իսկ չէր անցներ, թէ այդ գործիքը իր չոր վիճակին մէջ պիտի դառնար բարոյական պտղատու ծառ մը։ Չէր մտաբերեր, թէ այդ չարչարանքի գործիքը պիտի դառնար կեանքի աղբիւր։ Իր մտքէն չէր անցներ, թէ այդ չարութեան գործիքին վրայ կարեւոր խորհուրդ մը պիտի յայտնուէր եւ մարդիկ այդ խորհուրդով պիտի լուսաւորուէին, այդ խորհուրդով լուսաւորուած, չարչարանքի գործիքը պիտի ընկալէին որպէս պարծանքի նշան ու հաւատքով, յոյսով եւ սիրով լեցուած դէպի մահ պիտի քալէին անվեհեր քայլերով։
Հին կտակարանէն կը յիշենք անկէզ մորենին, որուն մէջէն Աստուած յայտնուեցաւ Մովսէսին։ Մորենին կ՚այրէր, բայց չէր սպառեր։ Մովսէս չկրցաւ մօտենալ անկէզ մորենիին, քանի որ Աստուած ազդարարեց իրեն ըսելով. «հոս մի մօտենար. կօշիկներդ հանէ ոտքերէդ, ինչու որ այն տեղը ուր կեցեր ես սուրբ երկիր է» (Ելից, 3.2-5)։ Գողգոթայի գագաթին չոր փայտեայ մահասփիւռ գործիքը վերածուեցաւ հնոցի մը, ուր Խաչեալի մարմինէն բոցավառեցաւ անտեսանելի աննիւթ կրակը աստուածային ներկայութեան, որ մնաց անշէջ եւ անսպառ, փայտը մնալով փայտ։ Այս կրակն էր, որ մեղաւոր մարդուն համար պարգեւեց փրկութիւնը եւ փայտը փոխակերպուեցաւ կեանքի ծառին։
Ի՞նչ էր այս փոխակերպման խորհուրդին գաղտնիքը։ Այդ սերտօրէն առընչուած էր Խաչեալի՝ Յիսուս Քրիստոսի Փրկիչ աշխարհի ըլլալու հանգամանքին հետ։ Աստուած անտեսանելի է եւ անշօշափելի։ Սակայն եւ այնպէս որպէսզի Աստուած մարդոց մէջ յայտնուէր եւ մեղքով ինկած մարդկութեան համար ըլլար տեսանելի ներկայութիւն, Բանն Աստուած հրաշալի պայմաններու մէջ մարմին առաւ, մարդացաւ եւ կատարելապէս ծնաւ, ծնունդ մը որ ուրախութիւն էր հրեշտակաց եւ «պիտի ըլլար ամբողջ ժողովուրդին» (Ղուկաս, 2.10-15)։ Ահաւասիկ Աստուծոյ Միածին Որդին էր, որ երեք տարիներ քարոզելէ յետոյ իր աշակերտներուն հետ վերնատան վերջին ընթրիքի սեղանին շուրջ մէկտեղուեցաւ եւ Գեթսեմանիի պարտէզի առանձնութեան մէջ աղօթքի պահուն ըսաւ. «Հայր, եթէ կ՚ուզես՝ այս բաժակը ինձմէ հեռացուր, բայց ոչ թէ իմ կամքս, այլ քու կամքդ թող ըլլայ» (Ղուկաս, 22.42)։ Հօր Աստուծոյ կամքն էր, որ անկրկնելի Սուրբ Պատարագ մը մատուցուէր «ի քաւութիւն եւ ի թողութիւն մեղաց»։ Եւ կատարեալ մարդ եւ կատարեալ Աստուած Քրիստոս, Հօր Աստուծոյ կամքով մատնուեցաւ, չարչարուեցաւ ու խաչին վրայ գամուեցաւ։ Այդ բոլորին յօժարեցաւ։ Աստուած, չանտեսելով իր մեղաւոր զաւակները մշակած էր փրկագործութեան ծրագիր մը, որուն գագաթնակէտին կը գտնուէր Քրիստոս. «Երբ ժամանակը իր լրումին հասաւ՝ Աստուած ղրկեց իր Որդին, որ ծնաւ կնոջմէ եւ մտաւ օրէնքի տակ, գնելու համար զանոնք՝ որ օրէնքի տակ էին, որպէսզի մենք որդեգրութիւն ընդունինք» (Գաղատացիս, 4.4-6)։
Ստեփանոս Սիւնեցիի հեղինակած շարականի երկրորդ տողերուն մէջ կ՚արձագանգէ Սուրբ Յովհաննէս Աւետարանիչի վկայութիւնը, ըստ որում Գողգոթայի գագաթի պահապան զինուորներէն մին, Իր հոգին Երկնաւոր Հօր ձեռքերուն մէջ աւանդած Քրիստոսի կողը «տէգով խոցեց եւ իսկոյն արիւն եւ ջուր ելաւ» (Յովհաննէս, 20.34)։ Ջուրը ծանօթ է որպէս մաքրիչ եւ սրբիչ, իսկ արիւնը՝ կեանքի աղբիւր, որուն կը պարտինք մեր կենսունակութիւնը։ Այս առումով է որ Առաքելական Եկեղեցւոյ երկու հիմնական խորհուրդները, Սուրբ Մկրտութեան Խորհուրդը կը կատարուի ջուրով, իսկ ի ժամ Սուրբ Պատարագի, Սուրբ Հոգիի վերակոչման աղօթքով Սուրբ Հաղորդութեան Խորհուրդի հացը ճշմարտապէս կը դառնայ Մարմինը Քրիստոսի, իսկ գինին՝ ստուգապէս Արիւնը Քրիստոսի։ Երկու խորհուրդներ, որոնցմէ առաջինով կը սրբուինք Ադամական մեղքէն, իսկ երկրորդով՝ Կեանքի Աղբիւրը կ՚ընկալենք մեր մարմիններուն մէջ։ Կը յիշենք Քրիստոսի խօսքը, որ տեղ գտած է նաեւ Սուրբ Պատարագի ճաշակման ծածուկ աղօթքին մէջ. «Իմ մարմինս ճշմարիտ կերակուր է եւ իմ արիւնս՝ ճշմարիտ ըմպելիք։ Ով որ կ՚ուտէ իմ մարմինս եւ կ՚ըմպէ իմ արիւնս՝ կը բնակի իմ մէջ եւ ես՝ անոր մէջ» (Յովհաննէս, 6.56-57)։ Կը հաւատանք, թէ մատուցուած իւրաքանչիւր Սուրբ Պատարագին միջոցաւ անընդմէջ կը շարունակուի Գողգոթայի անկրկնելի Պատարագի փրկարար զօրութիւնը եւ այդ պիտի շարունակուի մինչեւ աշխարհի վախճանը, երբ որ Քրիստոս երկրորդ անգամ գայ Հօր փառքով։
Մեր եկեղեցւոյ հոգեւոր գրականութեան տիտան անունն է Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետ, որուն վախճանման 850-ամեակը կը նշուի այս տարի։ Սուրբ Հայրապետը, «Տարածեալ» երգի վերջին տունին մէջ անդրադառնալով Քրիստոսի կողին գեղարդով խոցոտման, կը շեշտադրէ Խաչի եւ Եկեղեցւոյ անբաժանելի միութիւնը. «Քարոզի ի սքանչելեացս Աստուած մարմնով վասն իմ խաչեալ. մերով բնութեամբս մեռանի Աստուած անմահ խոստովանի. կրկնավտակ կողին աղբերբք եկեղեցի իւր հաստատի. ջրովն մաքրի զարիւնն ըմպէ՝ զՈրդի ընդ Հօր փառաւորէ». Եփրեմ Արքեպիսկոպոսի թարգմանութեամբ՝ «Այս սքանչելիքներէն Աստուած ինծի համար մարմնով խաչուած կը քարոզուի, մեր բնութեամբը կը մեռնի, Աստուած անմահ կը խոստովանուի, կողին կրկնավտակ աղբիւրներով եկեղեցին կը հաստատուի, ջուրով կը մաքրուի, արիւնը կ՚ըմպէ, Որդին Հօր հետ կը փառաւորէ»։ Խաչը եւ Եկեղեցին Քրիստոսի հետ նոյնացած են։ Քրիստոս կրեց խաչափայտը մեղաւորաց փրկութեան համար։ Եկեղեցին երկրի վրայ եղաւ խաչակիր միշտ մնալով հաւատարիմ Քրիստոսի «ով որ իր խաչը չ՚առներ ու իմ ետեւէս չի գար՝ արժանի չէ ինծի» խօսքին (Մատթէոս, 10.38)։ Այս առումով Պօղոս առաքեալ որպէս գիտակից Քրիստոնեայ, Խաչի կենսական կարեւորութեան նկատմամբ ունեցած խոր համոզումով կը խոստովանի ըսելով. «քաւ լիցի որ ես պարծենալու ուրիշ բան ունենամ, քան մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի խաչը միայն, որով աշխարհը խաչը ելած է ինծի համար եւ ես աշխարհի համար» (Գաղատացիս, 6.14)։
Ի սկզբանէ Խաչով պսակուած Եկեղեցին մարմինն է Քրիստոսի (Կողոսացիս, 1.24) եւ Քրիստոս գլուխն է եկեղեցիին եւ ինքն է Փրկիչը այդ մարմնին (Եփեսացիս, 5.23)։ Երանաշնորհ Մաղաքիա Պատրիարք Օրմանեանի բացատրութեամբ «եկեղեցին աստուածային հաստատութիւն մըն է եւ Քրիստոսի փրկագործութեան արդիւնք։ Եկեղեցիով ճշմարտութիւններ կ՚աւանդուին մեզի, խորհուրդներ կը մատակարարուին, շնորհքներ կը բաշխուին եւ մեղքերու թողութիւն կը տրուի»։
Խաչի պատարագին զօրութեամբ եւ շնորհքով առաքելութեան կոչուած եկեղեցին Ծաղկազարդի կիրակիին կատարուած դռնբացէքի արարողութեան ընթացքին հանդէս կու գայ իր յայտարարութեամբ. «Եկեղեցին արդարներու հանգիստ, մեղաւորներու քաւարան, Քրիստոսի արքայարան, հրեշտակներու բնակարան, սուրբերու ժողովարան է, ապաւէնի տեղ եւ տուն Աստուծոյ»։ Ապա կը շարունակէ, թէ «եկեղեցին մեզի մայր է անարատ որմէ կը ծնինք որպէս լուսոյ եւ ճշմարտութեան որդիներ։ Ան է մեզի համար կեանքի յոյս եւ անով կը գտնենք հոգիներու փրկութիւնը եւ սա է մեզի ճանապարհ արդարութեան. եւ անով կ՚ելլենք առ Քրիստոս Հայրն մեր երկնաւոր»։
Խաչվերացի տաղաւարը խաչի բարձրացման տօնն է։ Իրաւ է, թէ խաչը եղաւ տրտմութեան նշան, սակայն նկատի ունենալով Խաչեալի շնորհիւ Խաչին պտղաբերումը, հաւատացեալին համար եղաւ ուրախութեան նշան։ Եւ այս առումով Խաչվերացի տաղաւարը ցնծութեան օր է, հոգեւոր ուրախութեան օր է, խաչը բարձրացնելու եւ խաչը բարձր պահելու ուխտադրութեան օր է։ Սուրբ Խաչը բարձրացնելու եւ եկեղեցւոյ նկատմամբ անբաղձալի անտարբերութեան ախտէն ձերբազատուելու օր է։ Սուրբ Խաչը բարձրացնելու եւ Աստուծոյ Խօսքին արժէք ընծայելու կարեւորութեան անդրադառնալու օր է։ Սուրբ Խաչը բարձրացնելու եւ ընտանեկան յարկերու տակ մեր զաւակներուն հետ Պօղոս առաքեալի մաղթանքին բառերով աղօթելու օր է. «հաւատքին շնորհիւ, Քրիստոս բնակի մեր սրտերուն մէջ, եւ մենք սիրով արմատացած ու հաստատուած ըլլանք եւ կարենանք հասկնալ բոլոր սուրբերուն հետ, թէ ինչ է լայնութիւնն ու երկայնութիւնը, բարձրութիւնն ու խորութիւնը, կարենանք ճանչնալ Քրիստոսի սիրոյն գերազանցութիւնը, որպէսզի լեցուինք Աստուծոյ լրիւ ամբողջութեամբ» (հմմտ. Եփեսացիս, 3.17-20)։ Սուրբ Խաչը իր զօրութեամբ օգնական եւ պահապան ըլլայ բոլորիս. ամէն։
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
11 սեպտեմբեր 2023, Գնալը կղզի
Հարթակ
- 11/30/2024