ՄՂՁԱՒԱՆՋԱՅԻՆ ԲԵՄԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

«Քարնեկի» հիմնարկի աւագ գիտաշխատող Թոմաս տը Վաալ Լեռնային Ղարաբաղի ապագան կը նկատէ անորոշ։ Իր դիտարկումով՝ Արցախի ղեկավարները տակաւին կը հաւատային, թէ Մոսկուա զիրենք չի ծախեր, բայց ճիշդ այդ բանը տեղի ունեցաւ։ Թոմաս տը Վաալ միջազգային բեմահարթակի վրայ կը համարուի Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի, Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու եւ ընդհանրապէս Հարաւային Կովկասի հարցերու հեղինակաւոր վերլուծաբան մը։ Վերջերս «Ազատութիւն» ռատիօկայանին տուած հարցազրոյցին մէջ ան հանգամանօրէն անդրադարձած է Արցախի վերջին իրադարձութիւններուն, որոնց թիւ մէկ պատասխանատուն կը նկատէ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը։ Թոմաս տը Վաալ մասնաւորապէս նշած է Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբին կողմէ գործուած սխալները՝ զանոնք որակելով յանցանք։ Իր խօսքով՝ ռուսերը ծախեցին Արցախի ղեկավարութիւնը եւ Ալիեւ, ըստ էութեան, կարողացաւ գրաւել Ղարաբաղը։

«Ազատութիւն» ռատիօկայանէն Հրայր Թամրազեանի հետ զրուցելու ժամանակ Թոմաս տը Վաալ Արցախի մէջ վերջին պատահածները որակած է մեծ ողբերգութիւն։ «Սա, ըստ էութեան, Լեռնային Ղարաբաղի վերջն է։ Մենք գիտենք, որ Լեռնային Ղարաբաղի պատմութիւնը սկիզբ առած է 1923 թուականին, երբ ան առաջին անգամ հիմնադրուած է Խորհրդային Միութեան մէջ, բայց, ի հարկէ, հայկական Ղարաբաղի պատմութիւնը կը սկսի անկէ դարեր առաջ: Անոր ապագան շատ անորոշ է։ Մենք կը տեսնենք, որ հայ բնակչութիւնը կը լքէ Ղարաբաղը։ Սա մեծ ողբերգութիւն է: Եւ մենք կրնանք խօսիլ այն մասին, թէ ո՛վ է պատասխանատուն: Ակնյայտ է, որ առաջին պատասխանատուութիւնը կը կրէ նախագահ Ալիեւ, որ ուժ կիրառեց: Բայց, ակնյայտ է, որ անկէ զատ, տարիներ առաջ ետ երթալով, մենք կրնանք տեսնել, թէ ի՛նչ սխալ եղած է: Արդեօք սա անսպասելի՞ էր: Ո՛չ, անսպասելի չէր։ Կը կարծեմ, թէ մարդիկ ամիսներ շարունակ անհանգստացած էին այս հարցով։ Մենք կը տեսնէինք, որ Արեւմուտքի դիւանագէտները կը խօսէին Պաքուի հետ, որպէսզի այդ բանը չընէ, ինչպէս նաեւ կը խրախուսէին Ղարաբաղի հայերը՝ խօսելու Պաքուի հետ: Կը կարծեմ, թէ այնտեղ բանակցութիւնները արդէն սկսած էին։ Կը կարծեմ, թէ Շուշիի մէջ գաղտնի բանակցութիւններ կը վարուէին։ Այսպէսով, անոնք իրականութեան մէջ յառաջ կ՚ընթանային։ Յետոյ մենք պէտք է հարցնենք, թէ ի՞նչը այնպէս չընթացաւ։ Ակնյայտ է, որ նախագահ Ալիեւ ունէր բոլոր խաղաքարտերը։ Ան ունէր Ղարաբաղը, որ լիովին մեկուսացած էր։ Այսպէսով, ինչո՞ւ ան համարձակեցաւ անտեսել Արեւմուտքի յորդորները։ Ալիեւ գիտէր, որ այդ բանը անպայման կը վնասէ իր յարաբերութիւններուն Արեւմուտքի հետ: Կը կարծեմ՝ պատասխանը պարզ է։ Ան Մոսկուայէն կանաչ լոյս ստացաւ։ Ան կը խօսէր Ռուսաստանի հետ։ Գործողութեան օրը ռուս խաղաղապահները մէկ կողմ քաշուած էին։ Մոսկուան չդատապարտեց Ալիեւը, դատապարտեց Փաշինեանը։ Ալիեւ կարողացաւ, ըստ էութեան, գրաւել Ղարաբաղը։ Կը կարծեմ՝ այս բեմագրութենէն շատերը կը վախնային։ Յոյս կար, թէ հնարաւոր պիտի ըլլար այս բանէն խուսափիլ, բայց, այսօր մենք ունինք այն՝ ինչ որ ունինք», նշած է Թոմաս տը Վաալ այժմու համայնապատկերին վրայ:

Հարցազրոյցի տեւողութեան վերլուծաբանին հարց տրուած է, թէ 2020-ի պատերազմը պէտք չէ՞ր սթափութեան զանգ մը ըլլար՝ պահանջը իջեցնելու համար։ Ի՞նչ պէտք է կատարուէր, որպէսզի հնարաւոր ըլլար Արցախը փրկել՝ որպէս ինքնավար մարզ։ Տը Վաալ այս կապակցութեամբ խորհրդածած է ըստ հետեւեալի.

«Ղարաբաղը ունէր իր հաստատութիւնները։ Ան ունէր իր խորհրդարանը, Ստեփանակերտը ունէր իր քաղաքապետարանը, նաեւ համալսարանը։ Այս բոլորը կառուցուած էին տարիներու ընթացքին: Եւ ես կ՚ենթադրեմ, թէ անոնց բոլորը հիմա պիտի անհետանան: Ո՞վ գիտէ, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ, օրինակ, համալսարանին հետ։ Ի՞նչ կարելի էր այլ կերպով ընել։ Ակնյայտօրէն մենք գիտենք, որ Ատրպէյճան յարձակողական մտադրութիւն ունէր։ Հայկական կողմին մէջ, կը կարծեմ, դեռ պատրանք կար 2020 թուականի պատերազմէն յետոյ, թէ Ղարաբաղը կրնայ նոյն կերպով շարունակուիլ։ Կը կարծեմ, թէ սա մեծ սխալ մըն էր։ Կը կարծեմ, թէ 2020 թուականի պատերազմը պէտք է սթափութեան զանգ մը ըլլար, պէտք էր իջեցնել պահանջը, պէտք էր լրջօրէն խօսիլ Ատրպէյճանի հետ, սկսիլ խօսիլ ինքնավարութեան մասին, սկսիլ խօսիլ Ատրպէյճանի հետ տնտեսական յարաբերութիւններու մասին։ 2020 թուականի պատերազմէն ետք հայերը պէտք է հասկնային, որ սպառնալիքը շատ աւելի իրական է։ Այսպիսով, կը կարծեմ, թէ այդ էր սխալը: Ինչպէս ըսի, ես տարբեր աղբիւրներէ լսած եմ, թէ Ղարաբաղի իշխանութիւնները կը խօսէին Պաքուի, Ատրպէյճանի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ. օրինակ՝ պետական անվտանգութեան ծառայութեան ղեկավար Ալի Նաքիեւի հետ եւ այդ բանակցութիւնները Շուշիի մէջ տեղի կ՚ունենային մինչեւ ռազմական յարձակումը: Անոնք կը խօսէին Պաքուի հետ, բայց այդ մէկը արդէն քիչ մը ուշ էր։ Սա նշան մըն էր, թէ պատերազմէն դեռ կարելի էր խուսափիլ, բայց կը կարծեմ, թէ հայկական կողմին տրուելիք հարցերը շատ են ակնյայտօրէն։ Ինծի համար գլխաւոր հարցը Ղարաբաղի ղեկավարութեան կողմէ Ռուսաստանի պարագային բաւական միամիտ վստահութիւնն էր։ Անոնք տակաւին կը հաւատային, թէ Մոսկուան զիրենք չի ծախեր, բայց ճիշդ այդ բանը տեղի ունեցաւ»։

Ընդհանուր տպաւորութիւնը այն էր, որ Ռուսաստան ամենեւին շահագրգռուած չէ Ատրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի նուաճումով, որովհետեւ պիտի կորսնցնէր իր դիւանագիտական շատ կարեւոր լծակները տարածաշրջանէն ներս։ Իսկ այսօր ստեղծուած պատկերը վերստին մտածելու կը մղէ ռուսական դերակատարութեան մասին։ Թոմաս տը Վաալ հարցումներու այս խճուղիին վրայ կը դիտարկէ հետեւեալը.

«Ուքրայնայի պատերազմի սկիզբէն ի վեր մենք ականատես կ՚ըլլանք փոփոխութեան, մենք տեսած ենք, թէ ինչպէ՛ս Ռուսաստան կը հրաժարի Ղարաբաղի հարցով իր աւանդական քաղաքականութենէն, որ կ՚ենթադրէր աշխատանք երկու կողմերուն հետ եւ իր հիմնական առաջնահերթութիւնը կը տեղափոխէ դէպի Ատրպէյճան: Թէ ինչո՞ւ կարեւոր է Ատրպէյճանը։ Քանի մը պատճառով։ Ատրպէյճան Ռուսաստանի համար երթուղի մըն է դէպի հարաւ՝ դէպի Իրան եւ Թուրքիա, թէ՛ ցամաքով եւ թէ Կասպից ծովու վրայով: Եւ սա ակնյայտօրէն աւելի կարեւոր է այն պայմաններուն տակ, երբ Եւրոպայի հետ սահմանները այժմ փակ են: Կը կարծեմ՝ Ատրպէյճանի վարչախումբը նոյնպէս Ռուսաստանի համար ծանօթ է։ Անոնք զիրար կը հասկնան, նոյն լեզուով կը խօսին՝ մինչդեռ Մոսկուան եւ Երեւանը նոյն լեզուով չեն խօսիր։ Ժողովրդավարութեան կամ մարդու իրաւունքներու մասին Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խօսք չկայ։ Անոնք զիրար կը հասկնան:

«Եւ կը կարծեմ, թէ միւս հանգամանքն է՝ Ատրպէյճանի դէպի Թուրքիա իւրօրինակ կամուրջ մը ըլլալը։ Հայաստանի եւ Արեւմուտքի համար, ցաւալիօրէն, մենք այժմ կը տեսնենք տեսակ մը Ռուսաստան-Ատրպէյճան-Թուրքիա առանցքը, ուր անոնք ընդհանուր շահեր ունին Կովկասի մէջ։ Սա կ՚ենթադրէ՝ Արեւմուտքը դուրս թողել, ունենալ տկար Հայաստան մը, փոխադրային միջանցք մը կառուցել՝ Ռուսաստանի Անվտանգութեան դաշնակցային ծառայութեան, խաղաղապահներու հսկողութեամբ։ Այսպէսով, ես կը կարծեմ, թէ սա մէկ կողմն է: Ակնյայտ է, որ միւս կողմն է՝ Փաշինեանի ու անոր կառավարութեան շրջադարձը դէպի Արեւմուտք՝ բազմաթիւ գործողութիւններով, Միջազգային քրէական դատարանին Հայաստանի հաւանական միացումով, կասկածի տակ դնելով Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան արժէքը, վարչապետի տիկնոջ Քիեւ մեկնիլը, ամերիկացիներու հետ կատարուած զօրավարժութիւնները։ Այս բոլորը ակնյայտօրէն զայրացուց Ռուսաստանը։ Կը կարծեմ՝ Փաշինեանի կողմէ խիզախ քայլ էր, բայց, գուցէ չափազանց հապճեպ։ Սա չափազանց համարձակ էր ստեղծուած հանգամանքներուն տակ: Հետեւաբար, յստակ է, որ որոշուած է, թէ կարելի է զոհաբերել Ղարաբաղը Փաշինեանը պատժելու համար՝ աշխատելով Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ»։

Ճի՞շդ է Փաշինեանի որդեգրած ճանապարհը։ Անշուշտ, այս մասին կան իրերամերժ մօտեցումներ, իսկ Տը Վաալ կը մտածէ հետեւեալը.

«Կը կարծեմ, թէ սա անխուսափելի է։ Հայաստան, հաւանաբար, հիմա կը կարծէ, թէ ունի եւրոպամէտ ճակատագիր՝ հետեւելով Վրաստանի օրինակին: Եւ սա, հաւանաբար, երիտասարդ սերունդի մեծամասնութեան տեսակէտը ըլլայ: Ի՞նչ իմաստ ունի Ռուսաստանի հետ դաշինք ունենալ՝ զուտ անվտանգութեան նկատառումներէ զատ։ Սա ակնյայտօրէն երկընտրանք է։ Դուք ունիք եւրոպական ինքնութիւն եւ ճակատագիր, բայց ձեր անվտանգութիւնը կախուած է Ռուսաստանէն: Եւ ես կ՚ենթադրեմ, թէ Փաշինեանն ու իր կառավարութիւնը որոշեցին ամէն պարագայի յառաջ երթալ՝ քանի որ Ռուսաստան յամենայնդէպս իրենց պիտի չպաշտպանէր։ Թերեւս այն, ինչ որ անոնք չէին կանխատեսեր՝ Ռուսաստանի այս սերտ համագործակցութիւնն էր Ատրպէյճանի հետ։ Բայց, ի հարկէ, Հայաստանի համար սա շատ բարդ իրավիճակ է։ Մենք կրնանք խօսիլ այդ մասին, բայց Հայաստանի պաշտպանութիւնը զգալիօրէն բարձրացած է Արեւմուտքի օրակարգին վրայ՝ ԱՄՆ-ի եւ Ֆրանսայի մէջ, թէեւ ակնյայտօրէն Ֆրանսայի մէջ սա միշտ ալ բարձր կէտի վրայ էր, բայց նաեւ Գերմանիոյ նման երկիրներու մէջ։ Կը կարծեմ՝ բուն հարցը այն է, թէ բացի քաղաքական ու ելմտական աջակցութենէ, ի հարկէ, ի՞նչ կարելի է ընել Հայաստանի պաշտպանութեան համար: Ես կը կարծեմ, թէ արեւմտեան կառավարութիւններու մօտ կամքը, անշուշտ, կը մեծնայ»:

Այս շրջանին նկատելի է նաեւ Հնդկաստանի հետաքրքրութիւնը՝ Հայաստանի հետ անվտանգութեան ոլորտէ ներս համագործակցութեան համար։ Հայաստան զարգացած կապեր ունի նաեւ Իրանի հետ։ Այս բոլորը ի՞նչ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ։ Թոմաս տը Վաալ այս նիւթերուն կը մօտենայ վերապահութեամբ՝ պատճառաբանելով, թէ անվտանգութեան կամ ռազմական մասնագէտ մը չէ ու չի կրնար դատել այս բոլորին նշանակութիւնը։ Այս վերապահութեան հիման վրայ վերլուծաբանը նշած է հետեւեալը.

«Ակնյայտ է, որ եթէ Սիւնիքի, Զանգեզուրի մէջ ռազմական առումով ինչ-որ բան տեղի ունենայ, ապա հայկական զինեալ ուժերը շատ թոյլ են: Հայաստան պէտք է յոյսը դնէ Իրանի վրայ։ Իսկ մենք, իրականութեան մէջ, չենք գիտեր, թէ Իրան ի՞նչ կը մտածէ։ Մենք գիտենք, թէ Իրան ի՛նչ կ՚ըսէ, բայց չենք գիտեր, թէ ինչպէ՞ս կ՚արձագանգէ: Ակնյայտ է, որ սա մղձաւանջային բեմագրութիւնն է: Մենք, անշուշտ, 2023 թուականէն ետ գացինք դէպի 1918-1920 թուականները, երբ սահմաններէն այն կողմ մեծ մարտեր կ՚ընթանային եւ այլն: Բայց յուսանք, թէ չենք հասնիր այդ կէտին, յուսանք, թէ Արեւմուտքը ունի որոշակի լծակներ միջազգային հարթակներու վրայ, պատժամիջոցներու ուժ եւ այլն։ Ատրպէյճան ուժեղ, բայց միջին չափով տէրութիւն մըն է, ան մեծ տէրութիւն մը չէ։ Ակնյայտ է, որ այս հարցումներուն վրայ պէտք է կեդրոնանալ»:

Ատրպէյճան, Թուրքիա եւ Ռուսաստան կրնա՞ն միաւորել իրենց ջանքերը եւ ռազմական ներխուժում կատարել դէպի Զանգեզուր, ի հարկէ, Ատրպէյճանի միջոցաւ՝ Զանգեզուրի միջանցքը բանալու համար։ Սա իսկապէս կարմիր գի՞ծ մըն է։ Տը Վաալ կը պատասխանէ. «Ակնյայտ է, որ սա մղձաւանջային բեմագրութիւնն է, որ մեզ ետ կը տանի դէպի 1918 թուականը: Եւ ակնյայտ է, որ ըլլան բազմաթիւ նախազգուշացումներ, կը կարծեմ, Ատրպէյճանի դէմ կ՚ըլլան պատժամիջոցներ, կը ծագին բազմաթիւ հետեւանքներ: Այսպէսով, կը յուսամ, թէ կարելի կ՚ըլլայ խուսափիլ այս բանէն: Կ՚ենթադրեմ, թէ ասոր փոխարէն ըլլայ շատ մեծ քաղաքական ճնշում՝ գուցէ այն, ինչ որ մենք կը տեսնենք։ Շատ յայտարարութիւններ Ալիեւի, Էրտողանի, գուցէ Փութինի կողմէ, թէ Հայաստան պէտք է համաձայնի այս միջանցքին, թէ Հայաստան չի համագործակցիր: Եւ, ի հարկէ, ինչպէս գիտենք, Ռուսաստան Հայաստանի մէջ շատ գործիքներ ունի։ Հետեւաբար, կ՚ենթադրեմ, որ սա կապուած է նաեւ Հայաստանի ներքին քաղաքական իրավիճակին հետ։ Քանի դեռ Հայաստան ունի կայուն իշխանութիւն, կը կարծեմ՝ դիմակայելու միջոցներ կ՚ունենայ։ Եթէ Հայաստանի մէջ ներքին քաղաքական խժդժութիւններ ըլլան, եթէ Փաշինեանը հեռացնելու փորձեր ըլլան, ապա Հայաստան, անշուշտ, պիտի տկարանայ ու այդ ժամանակ ալ կը կարծեմ Սիւնիքը կամ Զանգեզուրը աւելի վտանգուած պիտի ըլլայ»։

Թէ ի՞նչ կը զգայ անձամբ Թոմաս տը Վաալ Լեռնային Ղարաբաղի մասին, որու վրայ շատ ժամանակ եւ աշխատանք ծախսած է։ Վերլուծաբանը կը նշէ. «Ես անձամբ շատ տխուր եմ։ Ես Ղարաբաղի հակամարտութեան մասին գիրք գրած եմ։ Ես շատ ժամանակ անցուցած եմ Ատրպէյճան, Ղարաբաղ, Հայաստան՝ զրուցելով պարզ մարդոց հետ։ Ինչպէս գիտէք, ես կը նկարագրեմ հակամարտութեան երկու կողմերու հասարակ մարդոց տառապանքները: Հարիւր հազարաւոր ատրպէյճանցիներ եղած են տեղահանուած։ Այնպէս որ, իմ կարծիքով, այս հակամարտութեան կողմերէն ոչ մէկը բարոյական առումով առաւելութիւն ունի: Ու պարզ է, որ ես շատ ժամանակ անցուցած եմ այնտեղ: Կը կարծեմ՝ տասն անգամ գացած եմ Ղարաբաղ։ Ես այնտեղ ընկերներ ձեռք բերած եմ։ Ես կը սիրէի այցելել եկեղեցիներ: Ի հարկէ, ես կ՚աղօթէի, որ այս «վէճ»ը աւարտի խաղաղ կարգաւորմամբ, որպէսզի ղարաբաղցիները մնային իրենց տունը եւ պաշտպանուած ըլլային։ Չեմ կարծեր, թէ կը հաւատայի Արցախի անկախութեան, բայց կը հաւատայի պայմանաւորուածութեան մը, որ ունենար միջազգային անվտանգութեան որոշ երաշխիքներ, որոնցմով ղարաբաղցիները կրնային մնալ իրենց տուները եւ իրենց հայրենի հողին վրայ։ Այդ էր իմ յոյսը եւ սա ակնյայտօրէն պիտի չըլլայ։ Եւ ես շատ տխուր եմ՝ տեսնելով, թէ ինչպէ՛ս մարդիկ կը հեռանան. մարդիկ, որոնք կը ճանչնամ: Ես անհանգստացած եմ Ղարաբաղի հայկական եկեղեցիներու ճակատագիրով։ Մի գուցէ որոշ մարդիկ մնան՝ յատկապէս Ստեփանակերտի մէջ։ Կը կարծեմ՝ շահագրգռութիւն կայ, որպէսզի որոշ մարդիկ մնան Ստեփանակերտի մէջ, որովհետեւ ռուսերը կ՚ուզեն, որ անոնք մնան, որպէսզի իրենց ռազմակայանը նպատակ ունենայ։ Ատրպէյճանցիները կը ցանկան աշխարհին ցոյց տալ փոքրիկ ցուցափեղկ մը, որ հայերը կ՚ուզեն ապրիլ Ատրպէյճանի մէջ։ Ես կ՚ենթադրեմ, որ Հայաստանի իշխանութիւնն ալ կը ցանկայ, որ մարդիկ մնան այնտեղ: Չեն ուզեր, որ բոլորը գան Հայաստան։ Այսպէսով, կայ ընդհանուր շահագրգռուածութիւն, թէ գուցէ քանի մը հազար մարդ մնայ Ղարաբաղի մէջ։ Բայց մնացեալ Ղարաբաղը` խօսքը Մարտակերտի, Մարտունիի, Ասկերանի մասին է, կը վախնամ, թէ արդէն կորսուած է»։

Երբ մարդոց մեծամասնութիւնը արդէն փախած է Լեռնային Ղարաբաղէն, կարելի՞ է հաւատք ընծայել Ալիեւի խոստումներուն։ Թոմաս տը Վաալ յստակ պատասխան կու տայ այս հարցումին. «Ի հարկէ, անոնք չեն կրնար հաւատալ Ալիեւին։ Ատրպէյճան պետութիւն մըն է, որու պետական գաղափարախօսութիւնը, ինչպէս գիտենք, հակահայկական է։ Այն ինչ, որ կը սորվեցնեն երախաներուն դպրոցը եւ այն ինչ, որ կ՚ըսուի լրատուամիջոցներով… Սա այս երկրի պետական գաղափարախօսութիւնն է, որ պիտի չփոխուի մէկ օրուան մէջ։ Ատրպէյճան պէտք է հիմնովին փոխէ իր կրթական համակարգը, լրատուամիջոցները, փոքրամասնութիւններու իրաւունքներուն վերաբերեալ օրէնսդրութիւնը: Այդ ամէնը պէտք է փոխուի, որպէսզի հայերը ապահով զգան: Կը կարծեմ, թէ Ղարաբաղի մէջ եթէ ըլլայ մշտական միջազգային ներկայութիւն մը, գուցէ ՄԱԿ-ի կողմէ, ապա սա կը նպաստէ որոշ մարդոց այնտեղ մնալուն: Ինչ կը վերաբերի հակամարտութեան, անոր աւարտած կամ չաւարտած ըլլալուն, կը կարծեմ՝ հակամարտութիւնը կ՚աւարտի միայն այն ժամանակ, երբ բոլորը զգան, թէ խաղաղ են։ Պարզ է, որ շատ հայերու ու յատկապէս շատ ղարաբաղցիներու համար սա խաղաղութիւն չէ, սա պարտութիւն է: Ու անոնք կը ցանկանան վրէժի եւս մէկ փուլ: Համոզուած եմ, թէ պիտի ըլլան ղարաբաղցիներ, որոնք պիտի ուզեն այս կամ այն ձեւով պայքարիլ: Ես վստահ եմ, թէ սա այսպէս է: Անոնց պիտի աջակցին սփիւռքէն որոշ հայեր»։

Ինչպէ՞ս մեկնաբանել Ղարաբաղի ղեկավարներու ձերբակալութիւնները, ներառեալ Ռուբէն Վարդանեանի պարագան։ Ի պատասխան Թոմաս տը Վաալ կը նշէ. «Կը կարծեմ՝ իւրաքանչիւր պարագայ տարբեր է։ Չեմ ուզեր այստեղ շատ կոպիտ հնչեցնել, բայց, կը կարծեմ, թէ Վարդանեանի պարագային մենք հաւանաբար ականատես կ՚ըլլանք առեւտրական գործարքի մը։ Սա գրեթէ կը նմանի պատանդ վերցնելու: Ի՞նչ պիտի ըլլայ փրկագինը, որ պէտք է վճարուի իր ազատ արձակուելուն համար։ Մենք գիտենք, որ ան շատ հարուստ է: Չեմ ուզեր, որ այստեղ շատ կոպիտ հնչէ։ Ես գիտեմ, որ միջազգային մակարդակով կոչեր պիտի ըլլան, որպէսզի ան ազատ արձակուի։ Ակնյայտօրէն մտահոգիչ է, որ այդքան ղարաբաղցի կալանաւորուած է։ Սա պիտի դառնայ խնդիր մը, որ պիտի կանխէ յառաջընթացը այլ ուղիներու վրայ. օրինակ՝ Պաքու-Երեւան բանակցութիւնները։ Արդէն կան 30-է աւելի հայ կալանաւորներ, որոնք տակաւին կը գտնուին Ատրպէյճանի բանտերը։ Ես ճշգրիտ թիւ չեմ գիտեր, թիւերը կը փոխուին։ Այսպէսով, սա պիտի դառնայ եւս մէկ խնդիր, նաեւ խոչընդոտ, եթէ Ատրպէյճան ուզէ, թէ ղարաբաղցիները մնան։ Եթէ կ՚ուզէ փոքրիկ ցուցափեղկ մը ունենալ, ապա ակնյայտօրէն այս ձերբակալութիւնները մարդիկ պիտի համոզեն, թէ հեռանան»:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 16, 2023