ՄԻ՛ ԽՄԵՐ
9
ԱՐԲԵՑՈՂ ՄԱՅՐԸ ԵՒ ԾԾՄԱՅՐԸ
Մօր կամ ծծմօր խմած գինիին մէկ մասը կաթին մէջ կ՚անցնի եւ կ՚արբեցնէ ծծկեր երեխային: Իսկ եթէ մայրը գինեմոլ է, անոր կաթը անպէտք կը դառնայ, երեխան վատ կը սնուի, վատ կը զարգանայ եւ երկար չ՚ապրիր:
10
ԱԼՔՈՀՈԼԻԿԸ ԱՒԵԼԻ ԴԻՒՐԻՆ ԿԸ ՀԻՒԱՆԴԱՆԱՅ ՈՒ ԱՒԵԼԻ ՈՒՇ ԴԺՈՒԱՐ՝ Կ՚ԱՌՈՂՋԱՆԱՅ
Ալքոհոլը կը թուլացնէ ամբողջ մարմինը, որ իւրաքանչիւր չնչին պատճառէ կը հիւանդանայ: Վարակիչ հիւանդութիւնները (քոլերա, ժանտախտ, տիֆ, եւ այլն) աւելի շատ զոհեր կը տանին ալքոհոլամոլներուն մէջէն, քան չխմողներէն:
Բացի այդ, միեւնոյն հիւանդութիւնը արբեցողին վրայ աւելի երկար կը տեւէ եւ աւելի դժուար կը բժշկուի, քան լուրջ մարդոց: Խմողին վրայ հասարակ վէրքը մեծ բան կը դառնայ: Անոր թեթեւ մէկ մրսածութիւնը երբեմն սարսափելի հետեւանքներ կ՚ունենայ: Ինֆլուէնզան, որ ուրիշներուն վրայ ընդհանրապէս հեշտ կ՚անցնի, խմողին վրայ յաճախ թոքերու բորբոքումով կը բարդուի, որ կրնայ սպաննել զինք:
11
ԵՐԵԽԱՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ՊԱՏԱՆԻՆԵՐՈՒՆ ԳԻՆԻ ԽՄՑՆԵԼՈՒ ՎՆԱՍԸ
Մենք տեսանք, թէ ի՛նչ սոսկալի վնասներ կը հասցնէ ալքոհոլը մեծահասակներուն:
Ո՜րքան աւելի մեծ պիտի ըլլայ անոր վնասը երեխաներուն եւ դեռահասներուն վրայ. չէ՞ որ ասոնց թոյլ կազմուածքը աւելի դիւրին կը թունաւորուի: Որովհետեւ երեխան փոքր է, այնքան ալ մեծ է խմիչքին վնասները անոր վրայ:
Մանր երեխաները, որոնց երբեմն-երբեմն գինի կը խմցնեն ծնողները, որպէս թէ զանոնք կազդուրելու համար, զարմանալի կերպով կը բթանան, կը նուաղին ու կը հիւանդանան:
Քրիստոսէն 400 տարի առաջ իսկ, մեծ գիտնական մը կ՚արգիլէր խմիչքներ տալ դեռահասներուն:
Ալքոհոլը պատանիներուն կ՚արգիլէ զարգանալ գանալ, անոնց ուժը կը պակսի, ընդունակութիւնները չեն զարգանար:
Խմիչքը վաղաժամ կը գրգռէ տղայի սեռական կիրքը: Առհասարակ երիտասարդ արբեցողները զարմանալի կերպով անբարոյական կը դառնան: Միայն Գերմանիոյ մէջ տարին 200 հազար երիտասարդ կը դատապարտուի զանազան անկարգութիւններու եւ յանցանքներու համար, զորս գործած կ՚ըլլան արբած ժամանակ:
12
ԱԼՔՈՀՈԼԱՄՈԼԻՆ ՍԵՐՈՒՆԴԸ
Ալքոհոլիկները ո՛չ միայն իրենց սեփական առողջութիւնը կը քանդեն, այլեւ իրենց որդիներուն, որդիներու որդիներուն (ամբողջ սերունդին) հիւանդանալու եւ ոչնչանալու պատճառ կը դառնան:
Գիտնականները բազմաթիւ փորձեր կատարած են կենդանիներուն վրայ եւ հաստատ իմացած են, որ սպիրտի ազդեցութեան տակ կենդանիները հիւանդոտ, թուլակազմ ձագեր կը ծնին, որոնք երկար չեն ապրիր:
Նոյնը մարդոց մէջ կը կրկնուի:
Ֆրանսայի մէջ 814 երեխաներէն, որոնք արբեցող ծնողներէ ծնած էին, 174-ը մի քանի ամսական հասակին մեռած էին:
Կին մը կ՚ամուսնանայ արբեցողի մը հետ. անկէ հինգ զաւակ կ՚ունենայ, որոնցմէ չորսը, տասը օրական չդարձած, կը մեռնին, իսկ հինգերորդը միայն մինչեւ հինգ տարեկան հասակը կ՚ապրի: Այս արբեցող ամուսինը կը մեռնի եւ կինը ուրիշ լրջակեաց (չխմող) մարդ մը կ՚առնէ ու անկէ երկու երեխայ կ՚ունենայ՝ բոլորովին առողջ:
Եթէ խմողներուն զաւակները չեն մեռնիր փոքր հասակին, անոնց հարիւր տեսակի հիւանդութիւններ կը սպասեն, նոյնիսկ թոքախտ. այնպէս որ, մէկ-երկու սերունդէ ետք, արբեցողին ցեղը կը ջնջուի… Ալքոհոլիկի ժառանգներուն մէջ յաճախ նոյնպէս գինեմոլներ կը պատահին: Ատոնք ժառանգական արբեցողներ են, որոնց մէջ խմելը, գինովնալը պահանջք մը, հիւանդութիւն մըն է. անոնք շատ յաճախ անկարող կ՚ըլլան զսպել իրենք զիրենք -չխմելու, բայց տարբերակ չկայ.- ատոնք արդէն հիւանդներ են եւ գրեթէ անբուժելի հիւանդներ: Ողորմելիները ծնած ու սնուած են թունաւորուած ծնողներէ եւ սարսափելի, անդիմադրելի ծարաւ ժառանգած են դէպի ալքոհոլը: Աւելորդ է ըսել, թէ ի՛նչ սոսկալի դրութեան մէջ կ՚իյնան այդ խեղճերը եւ ինչպէս կը մեռնին:
Ալքոհոլիկներուն սերունդները նոյնպէս յանցաւորներու ահագին թիւ մը կու տան (գողերու, մարդասպաններու, հրդեհ վառողներու, եւ այլն), ապուշներու, անընդունակներու, ծոյլերու, անբաններու, որոնք ողորմութիւնով կ՚ապրին. սակայն ամենէն սարսափելին այն է, որ անբարոյական կիներու (պոռնիկներու) խոշոր մաս մը ալքոհոլիկներու աղջիկներ կ՚ըլլան:
Բժիշկ մը կը յիշատակէ արբեցող ընտանիքի մը պատմութիւնը 1710 թուականէն ի վեր: Այս ընտանիքին մէջ այնքան անբան աղքատներ կային, որ զանոնք կերակրելու համար տարեկան միայն 2500 ռ. կը ծախսուէր, բացի այդ, 76 հոգի յանցաւորներ եղած էին, 181 աղջիկ պոռնկութիւնով պարապած էին եւ 142-ը թափառականներ էին:
Ըստ ուրիշ բժիշկի մը, որ բոլոր յանցաւորներէն 41 տոկոս (100-էն 41-ը) արբեցող են կամ արբեցողներու սերունդէ կ՚ըլլան… Արբեցող ընտանիքի մը սերունդը, որ 761 անդամէ բաղկացած էր, 322 վատասեռուած անդամներ տուած է, 171 ընկաւորներ եւ 155 խելագարներ:
ՎԵՐՋԻՆ ԽՕՍՔ
Մարդս հազար տեսակ հիւանդութիւններու, միլիոն տեսակ վտանգներու կը հանդիպի իր կարճատեւ կեանքի ընթացքին: Աղէտները միշտ մարդկութեան գլուխէն անպակաս եղած են:
Միլիոնաւոր մարդիկ զոհ կ՚երթան ամէն տեսակ հիւանդութիւններու:
Ժանտախտ, քոլերա եւ զանազան ուրիշ վարակիչ հիւանդութիւններ սոսկալի աւերիչ հեղեղի նման երկրիս վրայով կ՚անցնին եւ հազարաւոր, միլիոնաւոր մարդիկ կը սրբեն, կը տանին:
Այս սարսափելի համաճարակ հիւանդութիւնները սարսափ կ՚ազդեն մարդկութեան վրայ. մենք բոլոր միջոցներով կը կռուինք անոնց դէմ, այն ինչ մենք զմեզ գիտակցօրէն մենք մեզ արբեցութեան ախտին կու տանք, ինչ բանը պակաս վնաս չի պատճառեր, քան յիշուած հիւանդութիւնները: Գոնէ անոնք մարդոց առանձին-առանձին կը սպաննեն եւ ժառանգներուն չեն դպնար, այն ինչ ալքոհոլիզմը կը հիւանդացնէ եւ անպէտք կը դարձնէ ո՛չ միայն առանձին մարդիկ, այլեւ՝ ամբողջ սերունդներ:
Այս առումով միայն սիֆիլիսն (վատ ցաւը) ու թոքախտը կրնան հաւասարիլ ալքոհոլիզմին:
Ամէն մարդ իրաւունք ունի իր կեանքին վրայ, բայց սարսափելի չարագործութիւն է ամբողջ սերունդի մը հիւանդութեան եւ մահուան պատճառ դառնալ:
Թող բոլո՛րը հասկնան այս պատուէրը:
Թող իւրաքանչիւր ոք, երբ արաղի թասը կ՚առնէ իր ձեռքը, թող հասկնայ, որ թոյն կը խմէ, -սարսափելի թոյն մը, որ ո՛չ միայն իր մարմինը պիտի քայքայէ ու դժբախտացնէ զինք, այլեւ անոր երեխաներուն ու սերունդին կործանումին պատճառը պիտի դառնայ:
Մովսէս Մարգարէն մարդկութեան տասը պատգամներ տուաւ: Եթէ ան մեր դարերուն ապրէր, եթէ ան ալ տեսած ըլլար ալքոհոլիզմի գործած սարսափելի աւերումները, անշուշտ ան տասնմէկերորդ պատգամ մըն ալ կու տար մարդկութեան, թէ՝ «Մի՛ խմեր»։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 4 եւ վերջ
Վաղարշապատ