ՍԷՐՈՒԺ ԳՐԱՃԵԱՆ

-Ապրիլ 24-ին, հայութեան համար «բախտորոշ» օր մը, ծնայ Լիբանանի մէջ եւ ծնողքս որոշեց սէր եւ ուժ բառերը միացնելով անուանել զիս: Կարծեմ այդ օրուընէ իմ ճակատագիրը որոշուած էր, որ ես շատ պէտք է սիրեմ իմ ազգը, շատ պէտք է սիրեմ իմ հայրենիքը:

Այսպէս ներկայացուց ինքզինք երգահանը իր համերգին ընթացքին. համերգ մը, որուն երաժշտական կտորները տարիներէ ի վեր պատրաստ են եւ կը սպասեն յարմար առիթի, որպէսզի ներկայացուին Հայաստանի մէջ: Համավարակէն բացի 44-օրեայ պատերազմը եւ սեպտեմբերի ցաւոտ դէպքերը կանխեցին համերգը, բայց.

-Վերջին 44-օրեայ պատերազմէն ետք ինծի համար միակ չխելագարուելու միջոցը յօրինելն էր: Պատերազմի աւարտին յաջորդող օրերուն ծնաւ «Կորուստ եւ պայքար» երաժշտական կտորը, նուիրուած մեր հազարաւոր երիտասարդ նահատակներուն:

Կտոր մը, ուր կը լսուէր պոռթկումը, ցաւը, կսկիծը պատահածներուն առիթով, կոչը վերջակէտի մը, ափսոսանքը նաեւ կտորին վերջաւորութեան, ուր կը ձայնակցէր երգահանը դաշնամուրի հանգիստ հարուածներով՝ «Եարիս փոխան զէնքս եմ գրկել, մի տեղ հանգիստ քուն չունեմ...» բառերով:

Արամ Խաչատուրեանի համերգասրահը լի էր հանդիսատեսներով, լուռ կը հետեւէր ամէն ոք, որ յանկարծ թրթիռ մը չսպրդի եւ լիութիւնը չնուազի ձայնին զգացողութեան:

-Չորս տարեկան էի, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ամենաթէժ օրերն էին, երբ ծնողքս շատ խենթ գաղափար մը ունեցաւ, դաշնամուր մը բերաւ տուն: Դաշնամուրը հետզհետէ դարձաւ ոչ միայն մեր ընտանիքին, այլ ամբողջ շէնքի բնակիչներուն սիրոյ աղբիւրը, սփոփանքը պատերազմի օրերուն, դուրսի դժբախտութիւնները լռեցնողը: Իսկ ես սկսայ նուագել, ապա յօրինել նոթաներ լսելով: Առաջին նուագս եղաւ Գուսան Աշոտի «Սարի սիրուն եար»ը:

Այսպէս իւրաքանչիւր կտորէ առաջ եւ վերջ երգահանը կարծես կը պտտէր իր կեանքի էջերուն մէջ եւ հաղորդակից կը դարձնէր իր ապրածին, սորվածին, առիթներուն, պատճառներուն: Հարազատութիւն մը կը ստեղծուէր, անմիջականութիւն մը, որմէ կարծես ինք եւս ուժ կը ստանար:

Սրահը կ՚օրօրուէր հայկականին զուգահեռ մէյ մը Շարլ Ազնաւուրի, մէյ մը սպանական ֆլամինկոյի, մէյ մը արեւելեան երաժշտութեան նմոյշներով:

«Հայաստանի սիրոյ երգիչ» Առնօ Բաբաջանեանէն կտորով մը, Ռոպերթ Ամիրխանեանէն՝ «Երազ իմ երկիր»ով միասնութեան կոչ կ՚ուղղէր երգահանը, եւ իր յօրինումներով երաժշտական նոր ոճ կը հաղորդէր, ապա՝

-Աշխարհահռչակ երգահան Անթոնիօ Վիվալտին թող ղափամա չուտէ՞:

Եղաւ վերջին երաժշտական կատարումէն առաջ երգահանին խօսքը, ուր կը կայանար իր ամբողջ երաժշտական ուղիին առաքելութիւնը՝ օտարներուն ծանօթացնել հայկական երաժշտութիւնը:

Գանատահայ երաժիշտ, երգահան, դաշնակահար, բազմաթիւ մրցանակներու տէր, Գանատայի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ բազմաթիւ երաժշտական համերգներ կազմակերպած Սէրուժ Գրաճեանի ելյթն էր, որ տեղի ունեցաւ կիրակի, 11 դեկտեմբերի երեկոյեան Արամ Խաչատուրեանի համերգասրաին մէջ, նուագախումբի անդամները հայրենի երաժիշտներ են. Եւա Գէորգեան քոնթրապաս, Արամ Փայասեան հարուածային գործիքներ եւ թրոմփէթ, Արամ Ասատրեան ջութակահար, Տիգրան Այվազեան ֆլամինկօ կիթառ:

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 16, 2022