ՌՈՊԵՐԹ ԲԵԳԼԱՐԵԱՆ. «ԻՐԱՆ ՇԱՀԱԳՐԳՌՈՒԱԾ Է՝ ՏԱՐԱԾՔԱՇՐՋԱՆԻՆ ՄԷՋ ԿԱՅՈՒՆ ԵՒ ՎԵՐՋՆԱԿԱՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍՏԱՏՄԱՄԲ»

Երեւանի մէջ առիթն ունեցանք զրուցելու Իրանի խորհրդարանի հայազգի երեսփոխան Ռոպերթ Բեգլարեանի հետ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք հարցազրոյցին սղագրութիւնը։

*

-Պրն. Բեգլարեան, ըստ շրջանառուող վերջին լուրերուն, Միացեալ Նահանգներ կ՚ըսէ, թէ ինք պատրաստ է Իրանի հետ միջնորդաւորուած բանակցութեան։ Միւս կողմէ, թէ՛ եւրոպական երկիրները եւ թէ Ռուսաստան կարծես դրական նշաններ կ՚ուղարկեն Իրան-Միացեալ Նահանգներ բանակցութիւններու առընթեր: Ի՞նչ կը կատարուի ընդհանուր մեծ ծրագրով:

-Պայտընի վարչակարգին մէջ կարելի է որոշակի փոփոխութիւններ հաշուի առնել, հիմնուելով նախկին յայտարարութիւններուն ու սկզբունքներուն վրայ։ Շօշափելով Իրանի լրջութիւնը որոշ հարցերու վերաբերեալ կամ անոր կեցուածքը, Պայտըն կը փորձէ հակառակ Թրամփին բոլոր դռները չփակել կամ բոլոր կամուրջները չայրել Թեհրանի հետ։ Անոնք քանի մը շաբաթ առաջ այնպիսի յայտարարութիւններ ըրին, որ ըստ իրենց գնդակը նետեցին Իրանի գետին: Հաւանաբար երրորդ ուժի մը միջնորդութիւնը ինչ-որ նախաքայլ կ՚ըլլայ, այս սառեցման սպառնալիքը հալեցնելու: Ի հարկէ, Իրանի տեսակէտը այն էր, որ ան ընդհանրապէս երբ ուղղակի Ամերիկայի հետ չէ բանակցած՝ վնասուած է, քանի որ միջնորդներու փոխանցած ոճը կամ յայտարարութեան ձեւը չէ կրցած լիակատար տեսակէտները փոխանցել: Անշուշտ, Իրանի այս մօտեցումը ունի որոշ պատճառաբանութիւններ, որովհետեւ Օպամայի իշխանութեան օրերուն կնքուած համաձայնութենէն մենք սահմափակումներ նկատեցինք ու այդ պատճառով ալ կայ տեսակէտ, որ ուղղակի բանակցութիւնները կրնան արդիւնաւէտ չըլլալ: Կայ նաեւ նախագահական ընտրութիւններու հարցը, որ ենթահող կը պատրաստէ, որպէսզի երկու կողմերը իրարու տրամադրութիւնները շօշափեն եւ, անշուշտ, այդ ընտրութիւններուն արդիւնքները, որոնք լոյսին պիտի բերեն, թէ ինչ տիպի վարչակարգ մը պիտի ունենայ Իրանը։

-Արցախի 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին նկատեցինք Իրանի դիւանագէտ Ապպաս Արաքճիի այցելութիւնը Երեւան։ Մամուլը գրեց, որ Իրան որոշ նախաձեռնութեամբ մը հանդէս պիտի գայ, սակայն այդպէս չեղաւ։ Ինչ կրնա՞ք ըսել Իրանի նախաձեռնութեան մասին։

-Իրանը չէր ուզեր անտարբեր մնալ Հարաւային Կովկասի զարգացումներուն վերաբերեալ, սակայն ձեւով մըն ալ ուշացած էր...։ Իրանի քաղաքական, ընկերային, աշխարհաքաղաքական եւ հասարակական բարդ մթնոլորտը եւ այն հանրային կարծիքը, որ վերջին ամիսներուն ձեւաւորուած էր, պատճառ դարձան, որ Թեհրան կամայ-ակամայ համակերպի ու ընդունի, թէ ինչպիսի ընթացք պիտի ունենայ Արցախի մէջ սկիզբ առած պատերազմը։ Թեհրան ընդունեց պատերազմը՝ հակառակ անոր, որ երկար տարիներու ընթացքին իրանցիք միշտ ալ շեշտած էին, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի լուծումը պէտք է ըլլայ բացառապէս խաղաղ ճանապարհով։

Այստեղ կարեւոր փակագիծ մը բանալով հարկ է յիշեցնել, որ պատերազմի վերջին օրերուն, երբ Իրանի հոգեւոր առաջնորդ Այէթուլլահ Խամանէյ ելոյթով մը հանդէս եկաւ Մուհամմէտ մարգարէի ծննդեան օրուան առթիւ, ի շարս այլ նիւթերու անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանին եւ հայութեան։ Ան ըսաւ, որ հայերու անվտանգութիւնը պէտք չէ խաթարուի։ Բաց աստի, Խամանէյ շեշտեց, որ Իրան ճիշդ կը համարէ, որպսզի Հայաստան վերադարձնէ Ատրպէյճանին պատկանող տարածքները։ Անշուշտ, այս մօտեցումը հայկական կողմին համար ընդունելի չէր։ Հետեւաբար, այն ինչ, որ Արաքճին կատարեց, կարծեմ պատրաստելն էր յետպատերազմեան Իրանի դիրքորոշման ենթահողը, նաեւ գաղափարներ յայտնել Արցախի խնդրի վերջնական լուծման համար։

Ի վերջոյ Իրան այսօր ալ ուշադրութեամբ կը հետեւի ընդհանուր իրավիճակին, որովհետեւ իրեն համար շատ կարեւոր է, թէ ի՛նչ հունով պիտի զարգանան ապաշրջափակման գործընթացները կամ կնքուած համաձայնութիւններու գործնականացումը ի՛նչ հունով պիտի յաջողի։

-Պատերազմի ամենաթէժ փուլերուն Երեւան եւ ընդհանրապէս Հայաստանի հասարակութիւնը, դժգոհ էին Թեհրանի կեցուածքէն։ Արդեօք Հայաստանի սխալ գործելաոճը եւ Իսրայէլի մէջ դեսպանատուն բանալը ազդեցի՞ն, որ Իրան աշխոյժ կերպով չմտնէ այս գործին մէջ։

-Ես այդ կարծիքին համաձայն չեմ, որովհետեւ այդ օրերուն տարբեր հանդիպումներ ունեցած եմ երկու երկիրներուն՝ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Իրանի մէջ: Անշուշտ, Իրան նեղացած ու վրդոված էր, Իսրայէլի ուղղութեամբ Հայաստանի տարած քաղաքականութենէն, սակայն չեմ կարծեր, որ նման տագնապալի ու ճգնաժամային ռազմավարական ու աշխարհաքաղաքական իրադարձութիւններու պահուն, Իրան հաշուի կ՚առնէր Իսրայէլի հետ յարաբերութեան հարցը: Անշուշտ, որ յարաբերութիւններու հարցով՝ մանաւանդ Հայաստանի կողմէ բացթողումներ եղած են, սակայն ինչպէս ըսի, այդ բոլորը էական դեր մը չունին Իրանի ընդհանուր կեցուածքին վրայ ազդելու առումով։ Եթէ կը սպասէինք, որ Իրան զէնքով ու բանակի միջամտութեամբ այդ պատերազմին մասնակցէր, այդ մօտեցումը շատ միամիտ եւ ոչ-իրատեսական է։

-Բացի ռազմական միջամտութենէն, որուն ակնրակեցիք, Իրան կրնա՞ր դիւանագիտական ճամբով դադրեցնել կրակը, երբ հայկական բանակը եւ արցախահայութիւնը մեղմ ըսած «կ՚արիւնահոսէր»...։ Այդ մասին ի՞նչ կը խորհիք։

-Օրին մենք այդ մասին, մեր յստակ մտահոգութիւնները փոխանցեցինք Իրանի իշխանութեան։ Ճիշդ է, որ Իրանն ալ ունէր իր տեղեկատուական հիմքը, բայց այն ինչ որ տեղի կ՚ունենար, օրինակ՝ վարձկաններու ներկայութիւնը, առաջին օրէն Թեհրանի համար յստակ չէր, եւ ժամանակ առաւ մինչեւ, որ Իրան տարբեր աղբիւրներու վրայ հիմնուելով իմացաւ, որ վարձկան զինեալներու մասին տեղեկութիւնները իրականութիւն են: Պատերազմի ընթացքին Իրան զօրքեր բերաւ թէ՛ Նախիջեւանի եւ թէ Հայաստանի սահման, բնականաբար սպառնալիք կար, այդ ընթացքին Թեհրան քանիցս զգուշացուց Պաքուն: Աւելի վերջ մտահոգութիւն կար, որ Իրան-Հայաստան սահմանը վտանգի կ՚ենթարկուի կամ դէպի Սիւնիք ա-տըրպէյճանցին մտնէ։ Այդ պատկերին վրայ ալ երկրին ղեկավարը յայտարարեց, որ այդ սահմանները կարմիր գիծ են նաեւ Իրանի համար։ Իրան ներկայիս աշխարհաքաղաքական մեծ հարցեր կը դիմագրաւէ եւ երբեք պիտի չուզէ, որ իր հիւսիսային սահմաններուն լարուած մթնոլոտ տիրէ։ Անշուշտ կայ նաեւ տեսակէտ, որ պատերազմի ծանր օրերուն Իրան կը սպասէր, որ Ռուսաստան աւելի արագ քայլերու դիմէր կամ նոյնիսկ աւելի մեծ թափով հանդէս գար:

-Պատերազմի աւարտէն ետք, Հայաստանի մէջ զանազան խօսակցութիւններ կան նաեւ հայ-թրքական կնճռոտ նիւթին մասին: Հաշուի առնելով Իրանի փորձառութիւնը Թուրքիոյ հետ, արդեօք այս ընդհանուր գործընթացին մէջ Իրան ինչ-որ դեր կրնա՞յ ունենալ։ Մենք գիտենք, որ նախապէս զանազան փուլերու Իրան այնքան ալ ջերմ յարաբերութիւններ չէ ունեցած է Թուրքիոյ հետ: Հիմա այդ յարաբերութիւնները այնպիսի փուլի մըն են, որ միայն շահերը չեն գերակշռեր, այլ կան զանազան ու յաճախ խորքային գործօններ։ Այդ մասին ի՞նչ կը մտածէ պրն. Բեգլարեանը։

-Ես կը կարծեմ, որ Իրան կողմ է, որ տարածքաշրջանին մէջ վերջանական խաղաղութիւն հաստատուի. այս համապատկերին վրայ ալ Իրանի, նաեւ Հայաստանի սահմանները պահպանուած ըլլան։ Հետեւաբար, ելլելով այդ աշխարհաքաղաքական խաղաղութենէն, Իրան պիտի ողջունէ համակեցութիւնը։ Անշուշտ, կրնայ պատահիլ, որ ճանապարհներու խնդրով եւս Հայաստան ինչ-որ հարցերու առընթեր, խնդիրներ ունենայ Ատրպէյճանի հետ ու այստեղ եւս Իրանի համար շատ կարեւոր է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ի՛նչ մակարդակի նշաձող պիտի պահէ եւ ինչ միջոցներով պիտի պահպանէ իր սահմաններու անվտանգութիւնը։ Իմ կարծիքով՝ Իրան միշտ ալ պատրաստ պիտի ըլլայ ողջունելու Հայաստանի քայլերը, նաեւ պահպանէ շրջանին մէջ առողջ համագործակցութիւն ստեղծելու առիթներն ու հնարաւորութիւնները։

-Կը կարծէ՞ք, որ Երեւան հասկցած է Թեհրանի ուղերձները՝ կապուած Սիւնիքի անվտանգութեան, նաեւ Իրանի համար խիստ կարեւոր Հայաստան-Իրան սահմաններու անվտանգութեան հիմնարար մօտեցման կապակցութեամբ։

-Ես կրկին կ՚ուզեմ մատնանշել, որ Իրան կը շեշտէ երկիրներու քարտէսը, հողային ամբողջականութիւնը, տարածքաշրջանի աշխարհագրական դիրքերը եւ սահմանը: Ճիշդ է, որ երկու երկիրները այսօր ալ ունին բարձր մակարդակի շփումներ ու կապեր, ուր կը կատարուին հարցերու խորքային քննարկումներ։ Կայ նաեւ Իսրայէլի նիւթը. ես վստահ եմ, որ Հայաստանի իշխանութիւնները աւելի յստակ եւ զգօն կը վարուին այդ առումով, որովհետեւ Իրանի համար ալ լուրջ սպառնալիքներ կան։ Իբր այդ, շատ լուրջ հարց է Իսրայէլ-Ատրպէյճան համագործակցութիւնը եւ անկէ բխող սպառնալիքները։

-Իրան այսօր իր սահմաններէն դուրս ալ ներկայութիւն ունի. ինչպէս Եմէնի, այնպէս ալ Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ: Այս բոլորով հանդերձ, ի՞նչ է Իրանի արտաքին քաղաքականութեան ընդհանուր գիծը։

-Իրան աշխարհաքաղաքական ու ռազմավարական առումով աշխարհագրական դիրքով պաշարուած երկիր կը համարուի։ Այսինքն, եթէ նայինք իր հարեւանները ովքեր են, թէ՛ սիւննի շիի տարբերութեամբ, թէ՛ արաբ ոչ-արաբ զանազանութեամբ, թէ՛ Փաքիստանի ու Աֆղանիստանի հարցը, թէ՛ հիւսիսային կողմը թուրքերն ու ազերիները եւ թէ Կովկասը՝ հայերը եւ այլ բաղկացուցիչ տարրերը: Իրանը անընդհատ կը փորձէ խորքային դաշինքներ ունենալ. օրինակ՝ Իրանի եւ Չինաստանի միջեւ վերջին շրջանին ընթացք առած յարաբերութիւնը։ Այս բոլորը Իրան կ՚ընէ այն նպատակով, որ իր ռազմավարական խորքը անվտանգ դարձնէ։ Հետեւաբար եթէ կ՚ըսէք Եմէն, Սուրիա, Լիբանան կամ այլուր, պարզապէս այդ անվտանգութիւնը պահպանել կը հետապնդէ: Ես նոյնիսկ հաւատացած եմ, որ Իրանի պետական այրերը կ՚ըսեն, թէ մեր ներկայութիւնը կը բխի մեծամասնաբար մեր բարոյական հիմքերէն, սկզբունքներէն ու յարաբերութիւններէն, զորս ունինք տարածքաշրջանի հարեւան երկիրներու ժողովուրդներու եւ ի մասնաւորի շիիներու հետ։

Մինչ այդ, քանի որ Իրանի յեղափոխութիւնը նոր աշխարհընկալում յառաջ բերաւ՝ վերջին քառասուն տարուան ընթացքին, Արաբական աշխարհի կարգ մը վահաբական հիմքով ստեղծուած երկիրներու մօտ մտահոգութիւն յառաջացաւ եւ անոնց հակազդեցութիւնը այն եղաւ, որ անոնք փորձեցին եւ կարծեցին, թէ շիիները պէտք է սահմանափակուին, որպէսզի Իրանի վտանգը նուազեցնեն։ Այդ մօտեցումը շատ բնական մղումով մը թէ՛ Իրանը եւ թէ այդ երկիրներու շիիները իրարու մօտեցուց։ Բնականաբար այդ փոխըմբռնումներու յառաջացումը երկար ժամանակ պահանջեց։ Կար Իրաք-Իրան պատերազմը, որ տեւեց ութ տարի, նաեւ կային մի քանի կարեւոր գործօններ՝ կապուած Իրանի մէջ կատարուող յետյեղափոխութեան գործընթացներուն։ Անշուշտ յեղափոխութիւնը մեծ եւ սթափեցուցիչ ցնցում էր Իրանի քաղաքակրթութեան համար: Նաեւ նկատի ունենալով վերջին քառասուն տարիներու իրադարձութիւնները՝ Ռուսաստանի դերը Աֆղանիստանի պատերազմին, Խորհրդային Միութեան փլուզումը, նաեւ այն գերիշխանութիւնը, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները զգաց, այդ բոլորը պատճառ դարձան ու ճանապարհ բացին, որ Իրան հասնի այսօրուան իր կարեւոր դերին։

-Դրական կը գնահատէ՞ք Իրան-Չինաստան նոր խարսխումները։ Բազմաթիւ արաբ վերլուծաբաններ սկսած են գրել, որ մենք ականատես պիտի դառնանք նոր տեսակի Մերձաւոր Արեւելքի մը։ Այլ խօսքով՝ Իրանի դիմադրողականութեան եւ Չինաստանի ապագայի տեսիլքը իրարու հետ նոր խաղ մը մէջտեղ պիտի բերեն, որուն հիմքով ալ Արեւմուտքը ստիպուած պիտի ըլլայ վերատեսութեան ենթարկել իր մօտեցումները։ Այս առումով դուք լաւատե՞ս էք. արդեօք Հայաստանն ալ կրնա՞յ օգտուիլ այս նոր դաշինքէն:

-Տակաւին վաղ է կարծիք յայտնելու համար այդ մասին, սակայն առաջին նախանշանները այդ մասին է, որ կը խօսին։ Յատկապէս որ Չինաստան քսան-երեսուն տարուան ընթացքին լռութեամբ հզօրացաւ: Անշուշտ կը կարծեմ, որ Հայաստան կրնայ օգտուիլ այս բոլորէն, սակայն դեռ կանուխ է կանխատեսումներ կատարելու համար, որովհետեւ ցարդ պարզ չէ, թէ Իրան-Չինաստան-Ռուսաստան այս «ենթադրեալ դաշինք»ին մէջ ի՛նչպիսի հունով եւ ի՛նչ հիմքերով յառաջ պիտի տարուին համագործակցութիւնները։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Ապրիլ 17, 2021