Ի՞ՆՉ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ «ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԿԱՐԳ» ՆԵՐԿԱՅԻՍ

Շատ կը խօսուի լրատուութեամբ ու բազմազան քաղաքական ու ընկերային վերլուծութիւններով, թէ ի՞նչ կը նշանակէ ներկայիս միջազգային կարգ եւ անկէ բխած ներկայ աշխարհը ի՞նչ ձեւով կը բանի: Շատեր՝ մա՛նաւանդ այսպէս կոչուած տուժածները կամ հակառակորդները ներկայ աշխարհին կասկածի տակ կ՚առնեն այդ կարգը եւ անոր հետ կապուած ու զայն լրացնող առաջին աշխարհ կամ «ոսկեայ միլիառ» հասկացողութիւնները կը համարեն սխալ: Նոյն այդ դասակարգումին դէմ եղող վերլուծաբաններն ու քաղաքական հոսանքները, նաեւ պետութիւնները կ՚առարկեն, որ թէ՛ այդ առաջին կոչուած աշխարհը խաբկանք է եւ իրականութեան չի համապատասխաներ եւ թէ՛ բոլոր միջազգային լրատուութիւնն ու քարոզչութիւնը՝ ըլլալով արեւմուտքի ձեռքը, կեղծիքի մեքենայի մը միջոցաւ կը ստեղծէ սխալ տեղեկութիւններ ու ղեկավարման համար ատակ է շահադիտականօրէն աղաւաղել իրականութիւնները, տուեալները, հարցախոյզները, վիճակագրութիւնները եւ այլն, ազդելու հանրային կարծիքին վրայ կամ ինքնին ձեւաւորելու իրեն սպասարկող հանրային կարծիք:

Եթէ արեւմտեան պրիսմակէն նայինք՝ կայ առաջին աշխարհ կոչուածը եւ «ոսկեայ միլիառ»ը, որ աւելի հարուստ է, զարգացած ու խելացի քան միւսերը: Եւ այդ նոյն քաղաքակիրթ աշխարհին կը պատկանին ստեղծագործութիւններն ու թեքնոլոժին, ինչ որ այսպէս կոչած իրաւացիութիւն եւ տեսակ մը արդարացիութիւնը կը ստեղծէ, որպէսզի ինք ղեկավարէ աշխարհը, ինչքան ալ ըլլան սխալներ ու խախտումներ: Եւ նոյն այս պրիսմակով կամ իրողական դասաւորմամբ համաշխարհայնացումը, թափանցիկութիւնը, տնտեսական համաշխարհային կառուցուածքը արեւմուտքին կը պատկանի եւ որեւէ աճ, զարգացում եւ նոյնիսկ քաղաքական ու գաղափարական նոր հասկացողութիւններ եթէ համահունչ չեն ու չեն ներդաշնակուած միջազգային կարգին հետ, շատ տեղ չունին աշխարհին մէջ, չըսելու համար՝ չեն ալ կայանար: Միջազգային կարգ կրնանք համարել, օրինակ, ՄԱԿ-ի եւ համաշխարհային անվտանգութեան, գոնէ անուանական կերտիչը, նոյն՝ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը, որուն երկու անդամները (Չինաստանն ու Ռուսաստանը) նոյն արեւմուտքի անմիջական անդամը չեն կամ անմիջական հետեւորդը: Այո, ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը հիմնականօրէն ենթակայ է ԱՄՆ-ին եւ Արեւմուտքին, քանի Ռուսաստանն ու Չինաստանը դեռ «արեւելք» չեն Արեւմուտքին դէմ եւ նոյնիսկ եթէ միանան՝ դեռ երկար ճամբայ ունին կտրելու: Վերջին ռուս-ուքրանական պատերազմը ցոյց տուաւ, որ շատ ալ դիւրին չէ մէկ անգամէն երկբեւեռ կամ բազմաբեւեռ աշխարհ կառուցելը՝ մա՛նաւանդ, որ եթէ ԱՄՆ-ը մինակը բեւեռ չհամարենք, այլ անոր գումարենք արեւմտեան աշխարհն ու Ճաբոնը, Հարաւային Քորէան ու Աւստրալիան: Հոս հարցը այն է, որ այս պլոքը ուժականութենէն եւ միասնականութենէն անդին է, որովհետեւ նոյնիսկ եթէ, օրինակի համար, Աւստրալիան կամ Ճաբոնը դուրս գան «ոսկեայ միլիառ»էն կամ քաղաքակիրթ աշխարհէն, անոնք ուրիշ տեղ կամ պլոք մը չկայ, որպէսզի միանան անոր, նոյն այդ դուրս եկողները: Իսկ պլոք կամ բազմաբեւեռութիւն «կառուցողներուն» ջանքերը ձախողելէ զատ ձեւ չունին, ոչ ալ հենք ու յստակ գոնէ միացեալ կամ կայացած գաղափարախօսութիւն մը, բացի նոյնինքն «բազմաբեւեռութիւն կառուցել»ը:

Թ. դարէն սկսեալ երբ սկսաւ Խաչարկաց արշաւանքը, ուրկէ դրուեցան արեւմուտքին եւ քաղաքակիրթ (այդ ժամանակ) քրիստոնեայ աշխարհին հիմքերը եւ անոր շարունակական յարափոխութիւններով ու մակընթացութիւններով եւ երբեմն բիրտ ու կայսերապաշտական վարքով՝ կազմուեցաւ ներկայ աշխարհը: Այո, որքան ալ անարդար գործընթացներ կատարուած են նոյն արեւմուտք կոչուածով, արեւելքը իր բոլոր ոգեղէնութեամբ աւելի մեծ, վեհ ու կիրարկուող եւ մեր աչքին առջեւ առկայ քաղաքական, տնտեսական, հասարակարգային եւ այլն օրինակներ չէ տուած, առանց թերագնահատելու անոր ապագայի ներուժը, վերածուելու նոր ուժի եւ համակարգի: Իսկ գալով ներկայիս արեւելքի մեծ ուժերէն մէկու (հիմա իսլամութեան) աճին, հոս պէտք է նշել, որ նոյն Խաչակրաց արշաւանքներու եղերերգականութեամբ չշարժեցաւ այդ աշխարհի հետ դիմակայութիւն մը եւ ներկայիս իսլամական աշխարհը բացարձակօրէն արեւմուտքի թշնամին չէ, այլ ընդհակառակը շատ մը տեղեր իսլամական երկիրները արեւմուտքի մաս են ու լրացուցիչ-բաղադրիչ միաւոր:

Միջազգային կարգի տիրականութեան հետ բնականաբար անոր գործած սխալներն ու ոտնձգութիւնները մեծ կ՚երեւին, քանի քաղաքական ու ընկերային սկզբունքով յաջողածին, խելացիին ու ստեղծագործին սայթաքումներն ու վրէպները աւելի կը խոշորացուցուին եւ աւելի ցայտուն կը դառնան, որովհետեւ հակակշիռն ու զուգահեռները չունին (այսինքն չկայ ուրիշ պլոք կամ բեւեռ, որուն սխալներուն հետ բաղդատուին անոնք): Եւ հոս կու գայ նոյն ժողովրդավարութեան ու լոպիինկի խաղերը փոքր ու անիրաւուած ժողովուրդներու կողմէ. օրինակ՝ պահանջելու ներկայիս արեւմուտքէն իրենց իրաւունքները (ուրիշ տեղեր չկան պահանջելու, նոյնիսկ տնտեսական իմաստով): Եւ հոս է, որ նոյն ձեւով այդ միջազգային կարգը առիթը կու տայ փոքր ժողովուրդներուն, որպէսզի աւելիով սկզբունքային դառնան ու իրաւունքներ պահանջեն:

Վերջապէս կարեւոր է նշել, որ առաջին աշխարհ եւ «ոսկեայ միլիառ»ի անջրպետին մէջ ակամայ կը ներառուին նոյն փոքր ժողովուրդներու չլուծուած դատերը, իսկ տնտեսական առումով աղքատ երկիրներու հարուստ դասակարգերը եւ նոյն այսպէս դասակարգուած երկրորդ եւ երրորդ աշխարհի մասնագէտները՝ մա՛նաւանդ թեքնոլոժիի մէջ: 

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

15 մայիս 2022

Երեքշաբթի, Մայիս 17, 2022