ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ՎԱԽ ԵՒ ԱՆՈՐՈՇ ՕՐԱԿԱՐԳ
Պրիւքսելի եռակողմանի հանդիպումը մեծ նորութիւն մը չբերաւ Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցային ընդհանուր գործընթացին։ Այս առումով նախքան բանակցութիւնները վերլուծաբաններ արդէն նկատել տուած էին, որ ինչ մթնոլորտի մէջ ալ ըլլան շփումները՝ կողմերը պիտի չկարողանան բեկումնային նորութիւն մը բերել առկայ գործընթացին։ Ի դէպ, բանակցութիւններուն մասին հայկական զանգուածային լրատուութեան միջոցները իրարու հերթ չտալով կը տեղեկացնէին. «Շարլ Միշելի ներկայութեամբ, Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի մասնակցութեամբ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ապօրինի արգելափակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղէ ներս ստեղծուած խորացող մարդասիրական ճգնաժամը, երկու երկիրներու միջեւ սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան ապահովման աշխատանքները, տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման, Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու կարգաւորման համաձայնագրին, Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի իրաւունքներու եւ անվտանգութեան հասցէագրման, ինչպէս նաեւ գերիներու, կորսուածներու եւ այլ մարդասիրական խնդիրներուն վերաբերեալ հարցեր: Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է աշխուժացնելու աշխատանքները քննարկուած հարցերու կարգաւորման ուղղութեամբ»։
Հերթական բնոյթով այս լրատուութիւնը ոչինչ կ՚աւելցնէր Ուաշինկթընի մէջ ու անկէ առաջ ալ Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած բանակցային հանդիպումներուն յաջորդած հրապարակումներուն վրայ։
Այսքանը պաշտօնական մասին շուրջ, իսկ անցնելով իրական գետին, հարկ է նշել, որ բանակցութիւններու հովանաւոր կողմերուն եւ յատկապէս՝ Եւրոմիութեան համար շատ կարեւոր է պահպանել սահմանի երկայնքով առկայ ընդհանուր իրադրութիւնը, որ յաճախ կը սրուի Ատրպէյճանի ձեռնարկած ռազմական սադրանքներուն պատճառով։ Ինչ խօսք, նոյնիսկ Պաքուի քաղաքական խոհանոցի ամենավերին օղակներուն մէջ սկսած է հաստատուիլ այն գաղափարը, թէ Ղարաբաղի հարցին լուծումը, ո՛չ ալ Հայաստանի հետ իրավիճակը բնականոնացման տանելու ճանապարհը չեն անցնիր ռազմական հրանօդներու փողերէն։ Անշուշտ, ի հաստատումն այս մօտեցման՝ հարկ է նաեւ մէջտեղ հանել այն տեսակէտը, թէ Ալիեւի վարչամեքենան եթէ կարողանար՝ օրինակի համար ինքնուրոյն լուծել Ղարաբաղի հարցը, ապա որեւէ կերպով չէր դիմեր Արցախը շրջափակման մատնելու սադրալից մօտեցումին։ Արդէն բաւական ժամանակ անցած է շրջափակման խնդրին վրայէն։ Արցախցիք կը փորձեն ամէն գնով դիմադրել ու ոտքի մնալ՝ հակառակ հազար ու մէկ տեսակի մարդասիրական խնդիրներու։
Միւս կողմէ եւ վերադառնալով երկար-բարակ բանակցութիւններու նիւթին, ապա աւելի քան պարզ ու յստակ դարձած է, որ այստեղ առկայ է մեծ մրցակցութիւն մը. մէկ կողմէ հաւաքական Արեւմուտքը, իսկ միւս կողմէ Ռուսաստանը…
Ատրպէյճան, որ յար եւ նման Հայաստանի, կարեւոր դեր ունի այս բանակցութիւններուն մէջ, կը շարունակէ հանդէս գալ նոյնպէս Հայաստանի ձեւաչափերով։ Այսինքն շատ խիստ չդատել ռուսական դերակատարութիւնը, միւս կողմէ ալ ամբողջութեամբ չտրուիլ ամերիկեան դիրքորոշումներուն։ Խաղալ թուղթերուն հետ, խաղ տալ սեղանի ետին, Ուաշինկթընի մէջ փափուկ ձեռքերով ձեռնուիլ Էնթընի Պլինքընին հետ ու երբ յարմար առիթը տրուի՝ բարձրանալ Մոսկուայի սանդուխներով։ Վիճակ մը, որուն մատնուած են թէ՛ Հայաստան եւ թէ Ատրպէյճան։ Խորքին մէջ, այս երկու երկիրներն ալ անհամբեր կը սպասեն, որ բեմուկմնային վիճակ մը ստեղծուի Ուքրայնայի ճակատին վրայ, որպէսզի անոնք կարողանան աւելի լայն խորապատկերով մը հասկնալ Ռուսաստանի ընդհանուր պահանջները։
Այստեղ, անշուշտ, պէտք չէ աչքէ փախցնել Թուրքիոյ ընդհանուր դերը։ Նախագահ Էրտողանի ճարտար առաջնորդութեան շնորհիւ՝ Անգարա կարողացած է աւելի մեծ ծաւալով խաղի մը սկսիլ Հարաւային Կովկասի մէջ։ Թուրքիոյ տեսակէտէ մեծ կարեւորութիւն ներկայացնել կը շարունակէ միջանցքի հարցը, իսկ Հայաստանի պարագային սա մահ ու կենաց խնդիր է։ Բայց եւ այնպէս, Անգարայի վերջին յայտարարութիւններու տողատակին երեւելի է, որ թրքական կողմը պատրաստ է «նուէրներ» տրամադրել Արեւմուտքին եւ յատկապէս՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն։ Ահա այդ օրինաչափութեամբ ալ պէտք է ընկալել նախագահ Էրտողանին յիշեցումը՝ 2025 թուականին Հարաւային Կովկասէն (յատկապէս Ղարաբաղէն) ռուսական ուժերու հեռացման մասին։
Այդ յայտարարութիւնը կրնայ նորութիւն մը չհամարուիլ, բայց եթէ հաշուի նստինք անոր ժամկէտին ու Էրտողանի բերնէն այդ մասին հնչած խօսքին ու միւս կողմէ ալ դէպի Արեւմուտք ու ԱՄՆ մեծ թեքումին զուգադիպութեան հետ, ապա աւելի քան կը բիւրեղանայ, որ Թուրքիա պատրաստ է ամէն կերպով առկայ խաղը բանալու եւ այսօրինակ կարեւոր ժեսթեր ընելու՝ ԱՄՆ-ին։
Անշուշտ, դեռ շատ վաղ է խօսիլ Ռուսաստանի ուժերու հեռացման մասին, բայց խնդիրը Արեւմուտքի կամ Թուրքիոյ որոշումը չէ այդ ուղղութեամբ, այլ ամէն ինչ կախեալ է ու կապուած՝ Ռուսաստանի թուլացման հետ։ Չի բացառուիր, որ Մոսկուա, այդքան զբաղած վիճակին մէջ նոյնիսկ ժամանակ չէ ունեցած խորհելու Հարաւային Կովկասի թնճուկին մասին։
Բանակցային փուլի ընդհանուր պատկերը այս է ներկայիս ու այստեղ աւելի քան մեծ հարցականներու դուռ կրնայ բանալ Արցախի պետական մարմիններուն պահուածքը, որով դարձեալ անցած են հանրահաւաքներու հին-նոր լեզուին։ Մինչ Երեւան՝ մեծ ճնշումներու տակ պաշտօնապէս կը խօսի Արցախը Ատրպէյճանի կազմին մէջ տեսնելու հեռանկարի մը կամ «ապահովութեան» մը մասին, անդին Ստեփանակերտի բարձրաստիճան պաշտօնեաներ աշխարհին մարտահրաւէր կը կարդան...
Թէ որո՞ւ համար կ՚ընեն այս ծառայութիւնը, տակաւին պարզ չէ։ Ի՞նչ թելադրանքներով կը շարժին անոնք, տակաւին յստակ չէ... Մէկ բան պարզ է, սակայն, որ անկախ ականջներուն հաճելի բոլոր մակարդակի յայտարարութիւններէն, որոնք կը հնչեն Ստեփանակերտէն, բոլորն ալ իրենց մէջ կը պարունակեն ռիսքեր։ Արդարեւ, եթէ 44-օրեայ պատերազմին ժամանակ Ռուսաստանի դիրքերը բաւական թոյլ դուրս եկան, ապա այսօր այդ նոյն դիրքերը աւելիով թոյլ են...
Ու այս պատկերին դիմաց ալ հայկական ներքին պատկերին մէջ իրարու դէմ առկայ ատելութիւնը, մերժումը եւ անպայման մեղաւորներ որոնելու գործը կը շարունակուի։ Սա աւելիով կը ծանրացնէ ընդհանուր իրավիճակը եւ անպայման հրաշքի համազօր բանով մը այս տիղմէն դուրս գալու սպասումները։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան
Հարթակ
- 11/30/2024