ՊԻՏԻ ԴԱՒԱՃԱՆԵ՛Մ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՍ (ԶԱՌԱՆՑԱՆՔ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԱԽԻ ՄԱՍԻՆ)

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ԽՆԴԻՐՆԵՐ      

Խրատ իւրաքանչիւր արաբ քաղաքացիի՝ աջակողմեան ըլլայ թէ ձախակողմեան, հարցի լուծման խաղաղ տարբերակին թէ զինուորական տարբերակին կողմնակից ըլլայ, եթէ առողջական որեւէ մէկ խնդիր ունեցաւ, մասնագէտ բժիշկի թող չայցելէ:

Այս եւ ասոր նման խօսքեր կը կրկնէի, երբ վերջին անգամ պետական բժշկական հաստատութիւն այցելելու ճամբուն վրայ էի եւ տակաւին անոր դուռը չէի ծեծած: Երրորդ աշխարհի բժշկական հաստատութիւններուն նման հաստատութիւն մըն էր. անոր գետինը՝ հիւանդներով ծածկուած էր, իսկ պատերը՝ կարգախօսներով ծածկուած էր…: Երբ կարգս եկաւ, անմիջապէս կանգնեցայ բժիշկին առջեւ՝ հետս ունենալով բոլոր փաստաթուղթերը, որոնք կը հաստատեն իմ վիճակիս վտանգաւորութիւնը եւ ըսի անոր.

-Բժիշկ, փենիսիլինով, ալթրոմաեսինով եւ մեր դատերուն դատով՝ Պաղեստինով կ՚երդուեմ քեզի, ազատէ՛ զիս: Երկար ժամանակ է, որ ականջս գոց է:

Բժիշկը բարձր ձայնով հարցուց ինծի.

-Երբուընէ՞, որդիս:

-Չեմ գիտեր, բժիշկ. միայն գիտեմ, որ Նեղոսի նեղուցը բացուեցաւ, մինչ ականջս՝ ոչ:

-Փոքր եղած ժամանակդ այդպիսի խնդիր ունեցա՞ծ ես, աւելի ճիշդ, փոքր տարիքէդ որեւէ մէկ հիւանդութենէ կը տառապի՞ս:

-Երբե՛ք. փոքր տարիքէս ի վեր բացի այս խնդիրէն ուրիշ հոգեր չունիմ եւ միշտ մարմինս առողջ է, ինչպէս նաեւ միշտ ուրախ ու զուարթ եմ, քանի որ սիրելի Աստուածը, զիս այս սիրելի տարածաշրջանին մէջ ստեղծեց: Ամբողջ կեանքիս ընթացքին, եթէ ականջս զնգար, կամ կոկորդս բորբոքէր որպէս արդիւնք չափէն աւելի գիշերները երկար նստելու, ծխելու եւ խմելու պատճառով, կը շտապէի ամենէն մօտիկ դեղատունը, եւ դեղահատիկ մը կամ դգալ մը դեղ կ՚առնէի, ու այդքանով հարցը կը լուծուէր… Այսքան՝ մինչեւ օր մը կրթեալ ընկերներէս մէկուն հանդիպեցայ՝ երբ կը շտապէի դեղատուն մտնել, նմանատիպ խնդիրի մը համար: Հոգատարութեամբ հարցուց, թէ ի՞նչ ունիմ, որով ըսի թէ բան չկայ, պարզապէս ականջիս մէջ թեթեւ «խշշոց»…, դեղահատիկ մը ու հարցը կը լուծուի: Հաստատակամութեամբ կանգնեցուց զիս, ըսելով.

-Ո՛չ, մասնագէտ բժիշկի մը այցելէ: Վերջին տարիներուն բժշկութիւնը շատ զարգացաւ եւ մենք՝ կրթուածներս, պէտք է հաւատանք մասնագիտութեան ու քաջալերենք մասնագէտները, ինչպէս նաեւ դիւրացնենք անոնց պարտականութիւնը: Մի՛ ընդհատեր զիս: Եթէ խրատս չգործադրես, ո՛չ դուն իմ ընկերս ես եւ ո՛չ ալ ես քու ընկերդ:

Յաջորդ օրը մասնագէտ բժիշկի մը այցելեցի: Այցելութենէն մէկ շաբաթ ետք, քննութիւններէն եւ լազերային նկարներէն ու բժշկական դեղատոմսերէն բաղկացած ծրար մը կար քովս, որ կը հաւասարէր իմ ստեղծագործութիւններուս:

Ան հասաւ իր նպատակին եւ հեռացուց նշիկներս: Ատկէ ետք միայն կը յիշեմ, որ հիւանդանոցէն դուրս գալէս եւ բժիշկը զիս ճանապարհած ատեն ըսելէ ետք՝ «Աստուծոյ կամքով անցած ըլլայ», առողջութեան համը չեմ տեսած: Երկու օր ետք ականջներս՝ աջ եւ ձախ, բորբոքեցան եւ մէկ խշշոցը երկուքի վերածուեցաւ: Ատկէ ետք ամէն անգամ գաւաթ մը ջուր խմելէ ետք, որոշ ժամանակ ետք բերանէս ու քիթէս դուրս կ՚ելլէր: Իսկ ականջս գոցուելուն համար, քովս աւանդութիւն եղած է, որու մասին խօսիլ պէտք չէ: Սկսայ այլեւս չլսել ինծի ըսուածը եւ իմ ըսածս ալ չի՛ հասկցուիր: Եւ երբ սրճարաններ նստող էի եւ երկխօսութիւններու մոլի, ապա կը տեսնէիր ձեռքերս ականջներուս ետեւը, բարձր ձայնով հարցնելով՝ իւրաքանչիւր բառի, որ կ՚ըսուէր ինծի, եւ փորձելով հասկնալ կարծիք մը՝ որ կը տրուէր սեղանիս կամ ուրիշներու սեղաններուն վրայ: Իսկ երբ սրճարաններուն բոլոր խօսակցութիւնները քաղաքական էին, ապա խօսակիցներս ինչ ըսես չէին կարծեր իմ մասիս, ու կարծեցին, թէ ես իրենցմէ եմ, որով սկսան փախուստ տալ հարցումներէս, երբ անոնց հարցնէի ու միայն ներս մտնէի՝ կը լռէի:

Չէի դադրիր բժիշկէ մը ուրիշ բժիշկի այցելել, ինչպէս նաեւ հիւանդանոցէ ուրիշ հիւանդանոց, բայց ապարդիւն: Անոնք զիս ֆութպոլի գնդակի նման իրարու միջեւ կը փոխանակէին, ականջի բաժանմունքը զիս աչքի բաժանմունք փոխանցեց, աչքինը՝ ջիղերու, ջիղերունը՝ ներքին խնդիրներու, եւ եթէ շարունակէի հնազանդիլ անոնց հրամաններուն, ապա զանոնք զիս արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարութիւններ կը փոխանցէին:

Այդ պատճառով համբերութիւնս հատաւ եւ խնդիրս Աստուծոյ յանձնեցի: Այնպէս դասաւորեցի, որ կեանքիս մնացած տարիները մէկ ականջով ապրիմ, մանաւանդ որ տարածաշրջանէն ներս այլեւս բան մը չմնաց իր կարգախօսներով, քաղաքականութեամբ, ճառերով, ռատիոկայաններով, լուրերով եւ երգերով, որ արժէ լսել…: Սակայն, ո՜վ բժիշկ, վերջին շրջանին նկատած եմ, որ ձանձրոյթը վերացած է մարդոցմէ եւ անոր փոխարէն բորբոքուածութիւնը, սպասումն ու զգացմունքայնութիւնը, ինչպէս նաեւ սրճարաններէն ներս երկխօսութեան ոգեւորութիւնը դարձեալ տեղ գտած են: Բոլորը մե՜ծ լարուածութեամբ կը հետեւին հեռատեսիլին եւ ռատիոյին. հետաքրքրասիրութիւնս արթնցաւ, մանաւանդ որ ականջիս յաճախ Սատաթ, Սատաթ1-Պեկին-Պեկին անունը կը հնչէ, ապա ըսի.

-Վիճակը բնական չէ եւ անշուշտ որ տարածաշրջանէն ներս կարեւոր բաներ կը կատարուին, որ պէտք լսեմ՝ իմ երկու ականջներովս, ո՛չ թէ մէկ ականջով:

Բժիշկը, առաջին այցելութեանս սովորութեան համաձայն, բարձր ձայնով ըսաւ ինծի.

-Աւելի լաւ է, որ չլսես:

Ըսի անոր.

-Ի՞նչ օգուտ, եթէ անոր արդիւնքները պիտի ապրիմ:

Ըսաւ.

-Արեան քննութիւն ըրի՞ր:

-Անշուշտ: Նայէ՛ այս քննութիւնները եւ դեղերը եւ այս լազերային նկարները: Նայէ՛, ասիկա քթի խցանման նկարն է, ասիկա՝ թոքերու, ասիկա՝ բորբոքած ականջներուն… եւ ասիկա… ո՛չ, ո՛չ ասիկա խնդիրին հետ առընչութիւն չունի: Ընդհանտելով, հարցուց ինծի.

-Ի՞նչ է այս տարօրինակ նկարը, որ կը փորձես կռնակիդ ետեւ պահել:

Ըսի անոր.

-Այս նկարը տարածաշրջանէն ներս քաղաքական իրավիճակին նկարն է, որ խնդիրիս հետ առընչութիւն չունի:

Ըսաւ ինծի՝ նկարներուն եւ քննութիւններուն նայելով.

-Յստակ է, որ ականջներուդ մէջ հեղուկ կայ, որ պատճառ կը դառնայ անոնց գոցուելուն: Ջուր, սպիտակուց, կամ ատոնց նման բան մը:

Ըսի անոր.

-Նոյնիսկ եթէ քարիւղ կայ, պէտք է բացուին:

Ջղայնութեամբ ըսաւ.

-Որդի՛ս, ականջդ գործողութեան կարիք ունի:

Ըսի անոր.

-Իսկ ես իմ հագուստներովս գործողութեան սեղանին վրայ կը պառկիմ: Ես պատրաստ եմ: Տո՛ւր հերձակներդ ու նշդրակներդ:

Ըսաւ.

-Կանգնէ՛, անզգայացնող դեղ չունիմ:

Ըսի.

-Կարիք չկայ ատոր, որովհետեւ 1948-էն ի վեր անզգայացած եմ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 28

Վաղարշապատ


1 Մուհամմէտ Անուար ալ-Սատաթ (25 դեկտեմբեր 1918-6 հոկտեմբեր 1981): Եգիպտացի քաղաքական եւ զինուորական գործիչ: Եղած է Եգիպտոսի նախագահ 15 հոկտեմբեր 1970-էն մինչեւ ծայրայեղ զինուորականներու ձեռքով իր սպանութիւնը՝ 6 հոկտեմբեր 1981-ին: Յուլիսեան յեղափոխութեան ընթացքին, ալ-Ֆարուք թագաւորը տապալողներու գլխաւոր դերակատարներէն մէկը եղած է: 1978-ին, Սատաթը Իսրայէլի վարչապետ՝ Մենախիմ Պեկինի հետ խաղաղութեան համաձայնագիր մը կնքած է, Ամերիկայի նախագահ՝ Ճիմի Քարթըրի միջնորդութեամբ:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 17, 2024