ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՊԱՅԹՈՒՄԸ ԵՒ ՄԵՐՁԱՒՈՐ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՄԷՋ ԸՆԹԱՑՈՂ «ՊԱՂ ՊԱՏԵՐԱԶՄ»Ը
Անհանգիստ վիճակ կը տիրէ Լիբանանի մէջ, որ ազդեցութիւն ունի Մերձաւոր Արեւելքի տարածքին վրայ։ Զանազան առիթներով ալ գրած եմ, որ Պէյրութը թէեւ վերջին տասնամեակներուն զրկուեցաւ «Արեւելքի Զուիցերիա» ըլլալու հին դրոյթէն, սակայն կը շարունակէ մեծ կարեւորութիւն ներկայացնել այն տէրութիւններուն, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր ձեւով կը փորձէ առկայ խաղերուն մէջ կարեւոր մասնաբաժին ունենալ։
Պէյրութը առաջնահերթ է այն ուժերուն համար, որոնք կը կարեւորեն Իսրայէլի անվտանգութեան ապահովումը, նաեւ այն ուժերուն համար, որոնց հիմնական հին-նոր թշնամին Իսրայէլն է։ Պայքարի այս նոր փուլին՝ թէեւ անունները եւ դրօշները փոխուած են, սակայն յստակօրէն կ՚ուրուագծուին այն կողմերը, որոնց համար իսրայէլամէտ եւ հակաիսրայէլեան պայքարը էական է։
Մինչ այդ, մինչեւ վաղ ութսունականները այդ պայքարի հիմնական կողմերն էին՝ Իսրայէլի յաջորդական կառավարութիւնները եւ անիրաւուած դատի մը տէրն ու տիրականը համարուող Պաղեստինի ռազմական միլիսները, որոնց գլխաւորը անշուշտ՝ Պաղեստինի ազատագրութեան կուսակցութիւնն (ՊԱԿ) էր։ Այսօր դերակատարները արդէն փոխուած են։ Ճիշդ է, որ Թել Աւիւը կարեւոր դերակատար կը շարունակէ մնալ, սակայն անոր «խաղ»ը յառաջ տանողը Միացեալ Նահանգներն է։ Նոյնը կարելի է ըսել պաղեստինեան կտրուածքով, որուն նորակերտ (աւելի քան քսան տարեկան) եւ Ռամմալլա քաղաքի կառավարութիւնը եւ Կազզէի մէջ գործող «Համաս» շարժումը եկած է փոխարինել իրանեան նեցուկով՝ «Հիզպուլլահ»ը։ Իրան կը համարուի պաղեստինեան դատին գլխաւոր դատապաշտպանը ու յստակ է նաեւ, որ այս երկու կողմերուն հիմնական «տարրալուծարան»ը կը շարունակէ մնալ Պէյրութը։
Ի հարկէ, այս խնդրով ալ կան հիմնարար պատճառներ, որոնց մասին խօսիլը բոլորովին այլ յօդուածի մը առանցքը կրնայ դառնալ, սակայն այսօր կարեւոր է հասկնալ ու թափանցել այն իրականութեանց մէջ, որոնք նաեւ կը պայմանաւորեն ընթացող «պաղ պատերազմ»ին հիմնական դրոյթները։
Ճիշդ է, որ Պէյրութը այսօր վիրաւոր է, սակայն անոր վիրաւոր ըլլալու հանգամանքը միայն «ներքին-քաղաքական արիւնահոսութեան» մը հետեւանքով չէ, այլ պայմանաւորուած է «պաղ պատերազմ»ով, որ այսօր ալ կ՚ընթանայ։ Այս նիւթին շուրջ օրերս խօսած եմ լիբանանահայ հասարակական գործիչ տքթ. Կոստան Եափուճեանին հետ։
*
-Ձեր կարծիքով՝ Լիբանանի ահռելի պայթումէն ետք, երկիրը ի՞նչ քաղաքական փուլ կրնայ մտնել։
-Պատահարը «մեկա» պայթում մըն էր, այլ խօսքով պայթումներու պայթումը... Ան մեզի յիշեցուց Հիրոշիմայի կորիզային պայթումին ընդհանուր պատկերը եւ անշուշտ, այդ մէկը իր հետքը պիտի թողու երկար ժամանակի վրայ...
Պայթումին հետեւանքը նոյն վայրկեանին չենք տեսներ, այլ յաջորդող օրերուն, երբ մարդիկ կը սկսին զգալ, թէ ինչ պատահեցաւ իրենց կեանքին մէջ: Արդէն կիսափուլ, մահաքունի մէջ մտած տնտեսութիւնը եւ ընկերային վիճակը աւելիով վատանալու միտումներ ունին։
Ժողովուրդին ընդվզումը եւ ծայրայեղութիւնը ձեւով մը կը նմանցնեմ 1988 թուականի երկրաշարժին յաջորդող օրերուն Հայաստանի մէջ ստեղծուած իրավիճակին...
Այս պայթումը խթան պիտի հանդիսանայ վերջնական փոփոխութեան։ Սակայն այդ մէկը նոյն օրը պիտի չըլլայ. մարդիկ մի քանի օր ետք պիտի ընկալեն պատահարը, երբ սկսին զգալ, մտածել, թէ ո՛վ զոհ ունի, ո՛վ վիրաւոր ունի, ո՛վ իր տունը կորսնցուցած է, մանաւանդ որ հարուածը եղաւ քրիստոնէական եւ հայահոծ շրջաններուն մէջ։ Մեծ թիւով արուարձաններ վնասուեցան եւ այս ամէնը Պէյրութի դիմագիծը կրնայ փոխել։ Երեւակայեցէք, պահ մը երեւակայացէք Պէյրութը առանց նաւահանգիստի... Ի դէպ, Պէյրութը փիւնիկեան օրերէն ունէր իր նաւատորմը, այդ ատենուայ աշխարհին հետ կապեր ստեղծած էր իր նաւերով, քաղաքը հռչակաւոր էր իր նաւատորմերով։ Եւ այսօր Պէյրութը մնացած է առանց նաւահանգիստի... Ամբողջ աշխարհ օգնութեան կը փութայ, գիտնալով հանդերձ, որ կատարուած օգնութեան մեծ մասը կրնայ թալանուիլ... սակայն այս բոլորը հաշուառելէ ետք կարելի է ըսել, որ պայթումը մեկնակէտ պիտի ըլլայ հիմնական փոփոխութեան:
-Այս պայթումը կ՚առընչէ՞ք նահատակ վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան գործով դատավճռի արձակման հետ, յատկապէս որ այն պիտի կատարուէր այդ օրերուն:
-Ճիշդ ակնարկութիւն մը ըրիք։ Անցնող մարտ 14-ին նահատակ վարչապետի սպանութեան 15-րդ տարելիցն էր, նոյն շրջանին Լիբանանի համար կազմուած միջազգային յատուկ դատարանը լիբանանցիներուն խոստացած էր, որ 8 օգոստոսին սպանութեան գործով դատավճիռը պիտի յայտարարուի, սակայն բոլորիս յայտնի պատճառներով դատավճռի յայտարարութիւնը յետաձգուեցաւ։ Արդեօք պայթումին այդ օրերուն տեղի ունենալը եւ ապա դատավճիռին յետաձգուիլը պատահականութեան կամ զուգադիպութեան արդի՞ւնք էին… կարելի է երկար մտածել այս տիպի վարկածներու մասին, որովհետեւ ներկայ դրութեամբ մենք «պաղ պատերազմ»ի մէջ ենք։ Պատերազմ՝ շիիներու եւ սիւննիներու, Ամերիկայի եւ Իրանի միջեւ. այդ պատերազմին ազդեցութիւնները կը տեսնենք, բայց բացատրութիւնները տարբեր են։ Պատահեցաւ պայթում մը, որուն առաջին բացատրութիւնը բաւական ծիծաղելի էր, բայց կարելի է հարց տալ, թէ՝ ինչո՞ւ ամիսներ առաջ չեղաւ եւ հիմա պատահեցաւ։ Հոս հարց մը եւս կը ծագի՝ պայթում յառաջացնողը ո՞վ է, նոյնինքն՝ Իսրայէ՞լը ըրաւ, որպէսզի այս վիճակը ստեղծէ։ Բայց եւ այնպէս, եթէ ճիշդ դիտենք, պիտի տեսնենք, որ Իսրայէլ պէտք չունէր պայթում իրականացնելու, որովհետեւ պայթումը պիտի ըլլար Լահէյէն, որուն վճիռն էր, որ պայթում պիտի յառաջացնէր։ Հետեւաբար ներքի՞ն ուժեր իրականացուցին այդ պայթումը. կրնայ ըլլալ, որովհետեւ քաղաքականութեան մէջ ամէն ինչ հնարաւոր է։ Անշուշտ նպատակը ժողովուրդը զբաղցնելն էր եւ կերպով մը ցատկել Լահէյի դատավճիռի փուլին վրայէն:
Իսկ վերադառնալով դատավճիռի յետաձգման, ան պիտի հրապարկուի 18 օգոստոսին եւ պայթումէն 14 օր ետք կիրքերը արդէն հանդարտած պիտի ըլլան, հետեւաբար այդ մէկը դարձեալ ուշադրութեան կեդրոն պիտի դառնայ։ Չմոռնանք, որ դատավճիռը պիտի ներգրաւէ վարչապետ Հարիրիի սպաննութեամբ մեղադրեալններուն անունները եւ այդ մէկը կրնայ առիթ հանդիսանալ ներքին խլրտումներու...
-Լիբանանեան խնդրի հիմնական առանցքը արաբ-իսրայէլեան հակամարտութիւնն է, որուն լիբանանեան թեւը՝ «Հիզպուլլահ»ը, մինչեւ հիմա կը շարունակէ լուռ մնալ: Արդեօք ներկայ փուլը թէ՛ «Հիզպուլլահ»ին եւ թէ Իսրայէլին համար նպատակայարմար չէ՞ ամբողջական բախումի երթալու:
-Երբ արաբ-իսրայէլեան հակամարտութիւն կ՚ըսէք, Լիբանան որպէս պետութիւն ոչ մէկ որոշում ունի այս կէտին։ Ընդհանրապէս երբ Արաբական լիկան ընդունեց որոշում մը, որմէ օգտուեցան պաղեստինցիները ու երկար տարիներ շարունակեցին իրենց պայքարը Լիբանանի հողերէն, իսկ լիբանանեան պետութիւնը ըսելիք չունէր, բան մըն ալ չէր կրնար ընել: Հիմա վերջին շրջանին «Հիզպուլլահ»ն է որոշում առնողը եւ պետութիւնն ալ դիտողն է։ Որոշումներ կ՚առնուին, գործողութիւններ կ՚ըլլան եւ այլն ու այս բոլորը պարզապէս ամենօրեայ խլրտումներ են՝ սահմանամերձ շրջաններուն մէջ:
Հիմա հարցումը, թէ արաբները կամ «Հիզպուլլահ»ը՝ Իրանը պատրա՞ստ են այս դրութեան ներքեւ պատերազմի երթալու, կամ՝ Իսրայէլը պատրաս՞տ է հակամարտութեան երթալու:
Ըսեմ, որ Իսրայէլ իր հակառակորդին ուժերը կը չափէ՝ հարուածներով, բախումներով, իր լրտեսական համակարգով կը փորձէ գիտնալ «Հիզպուլլահ»ին ուժեղ եւ թոյլ կէտերը ու մօտաւորապէս ամէն ինչ գիտէ, իսկ «Հիզպուլլահ» կը փորձէ տանիլ իր հակաաշխատանքը՝ զէնքերը բազմապատկելով կամ խելացի հրթիռներով: Բայց նպատակայարմա՞ր է այս երկուքին պատրեազմի սկսիլը. շատեր կ՚ըսեն՝ ո՛չ, յարմար չէ, իսկ ես պիտի ըսեմ՝ ինչո՞ւ յարմար չէ, թերեւս յարմար է։ Երկուքն ալ կ՚ուզեն առճակատում մը, բայց վերջ ի վերջոյ երկուքն ալ ո՛չ պիտի յաղթեն, ոչ ալ պիտի պարտուին. այդպէս է համաձայնութիւնը։ Այդ վիճակէն մենք դուրս պիտի ելլենք փլուզուած, իսկ Իսրայէլը թէկուզ քիչ մը խոցուած՝ բայց պիտի յայտարարէ, որ իրենք հասան իրենց նպատակին, մինչ «Հիզպուլլահ»ն ալ պիտի յայտարարէ. «մենք այսպէսով ծանր հարուած տուինք թշնամիին եւ նահատակներ ունեցանք»։ Անշուշտ մարդիկ պիտի ծափահարեն, որովհետեւ նահատակներ ունին։ «Հիզպուլլահ» կը գործէ «օթոքրաթիք» մօտեցումներով, հետեւաբար անոր գաղափարախօսական կազմուածքը թոյլ կու տայ, որ անպայմանօրէն օգտուի նոր նահատակներ ունենալու դրոյթէն։
Բայց այն կարծիքը, թէ եթէ ներքին ճակատին վրայ «Հիզպուլլահ» ինքզինքը թոյլ կը զգայ եւ չ՚ուզեր առճակատիլ, կը կասկածիմ։ «Հիզպուլլահ» բոլոր ներքին «պատերազմներ»ուն կը մասնակցի շատ մեծ ուրախութեամբ՝ Սուրիոյ ներքին պատերազմին կը մասնակցի, Եմէնի ներքին պատերազմին կը մասնակցի եւ իրենք վարպետ են «կերիլլական» ռազմերուն մէջ։
Կ՚ուզեմ բան մը աւելցնել՝ ոչ ոք պատերազմ կ՚ուզէ, որովհետեւ առանց պատերազմի իշխանութիւնը արդէն լաւ բռնած են։ Պատերազմի պիտի դիմեն միայն այն ժամանակ, երբ զգան, որ իշխանութիւնը իրենց ձեռքէն պիտի սպրդի, այն ատեն պիտի ըսեն վերջին անգամ գոնէ կռիւ մը ընենք եւ ետ հրահրենք զգացումները, կիրքերը: Իմ կարծիքով, հարցը ոչ թէ պատերազմի սկսիլն է, այլ զայն վերջացնելը։ Կարելի է հեշտութեամբ սկսիլ պատերազմի, բայց վերջ տալը բաւական դժուար է եւ անորոշ…։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան