ՄԱՐԴՈՒՆ ՏԱՐՕՐԻՆԱԿ ՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Ինծի համար շատ հետաքրքրական է դիտել մարդը՝ տարբեր բնագաւառներու մէջ, եւ ուսումնասիրել անոր տարօրինակ յատկութիւններն ու ամփոփել զանոնք՝ կարենալ տրամաբանական եզրակացութեան մը հասնելու համար, անոնց նկատմամբ։

Հիմա պիտի նշեմ մի քանի օրինակներ, որպէսզի կարենամ միտքս պարզել եւ դատողութիւնը ձգել ձեզի։

1. ՓՈՂՈՑԱՅԻՆ ԱՆՑՈՒՄ…

Բոլորս ալ շատ լաւ գիտենք, որ մարդիկ ինքնաշարժով գործի կ՚երթան եւ կամ ալ շուկայ, գնում կատարելու։ Բայց ուր որ ալ երթան՝ ինքնաշարժէն ետք անոնք կը հարկադրուին քալելու, հասնելու համար իրենց մեկնակէտին, չէ՞։

Ուրեմն կեցած ես փողոցին անկիւնը եւ կը սպասես, որ լոյսը կանաչ դառնայ՝ որպէսզի անցնիս միւս կողմը։ Անշուշտ սեղմած ես ձողին վրայի կոճակը։ Հիմա ուրիշ անցորդ մը կու գայ եւ կը սեղմէ նոյն կոճակը։ Անհամբեր՝ ան անգամ մը եւս կը սեղմէ կոճակը։

Եղբայր, քանի անգամ որ սեղմես կոճակը կամ քանի անձեր որ սեղմեն այդ նոյն կոճակը՝ ան իր ժամանակը որ հասաւ, թոյլ պիտի տայ, որ լոյսը կանաչնայ եւ կարենաս փողոցը անցնիլ։ Արդեօք այսքանը ըմբռնելը շատ դժուար է՞, չեմ հասկնար։

2. ՎԵՐԵԼԱԿԻ ԳՈՐԾԱԾՈՒԹԻՒՆ…

Վերելակն ալ շատ գործածական է մարդուն համար, յատկապէս երբ հարկադրուած ես շէնքի մը վերի յարկերը բարձրանալ՝ գործի բերումով։ Շէնք կը մտնես եւ կը սեղմես վերելակին կոճակը, որ վերելակը գայ եւ վեր բարձրանաս։

Այն ինչ որ կը պատահի փողոցը անցնելու համար կոճակը սեղմելուն, նոյնը կը պատահի հոս։ Երբ կը սպասես՝ կոճակը սեղմելէ ետք, ուրիշ մը կու գայ եւ կը սեղմէ նոյն կոճակը։ Բարեկամ՝ կոճակը մէկ անգամ սեղմել պէտք է, երկրորդ կամ երրորդ սեղմելը չ՚արագացներ վերելակին ժամանումը։ Ուստի նախ նայէ եւ եթէ կոճակը սեղմուած է՝ քիչ մը համբերէ եւ ապա գործդ շարունակէ ու վերջ։

3. ԲԱԽՏԱԽԱՂ ԵՒ ՄԱՍԱՄԲ ՆՈՐԻՆ…

Ձեզմէ ո՞վ քազինօ երթալով՝ բախտախաղի չէ մասնակցած։ Ընդհանրապէս անձնական ինքնաշարժով գացած ենք Լոս Անճելըսէն Լաս Վեկաս։ Բայց պատահած է նաեւ, որ զբօսաշրջական ընկերութեան մը միջոցաւ ալ գացած ենք Լաս Վեկաս։ Անոնք՝ կը գործածեն ճամբորդական մեծ ինքնաշարժներ, որոնք կը փոխադրեն 50-60 զբօսաշրջիկներ։

Հիմա թոյլ տուէք բացատեմ, թէ ինչ կը պատահի երբ ինքնաշարժը ճամբայ ելլէ։ Նախ՝ կերակուրի խուրձերը կը բացուին եւ ապա կը սկսի կերուխումի երկարապատիկ գործողութիւնը։ Հացին մէջ հաւկիթ, լոլիկ, կանաչ սոխ, վարունգ եւ բարի ախորժակ… Անախորժ հոտը տարածելով պասին մէկ ծայրէն միւսը։ Յետոյ, նարինջ եւ սուրճ։ Բարեբախտաբար սիկառէթը արտօնուած չէ, այլապէս մուխի եւ ծուխի մէջ պիտի մխրճուէինք։

Իսկ երբ ինքնաշարժը հասնի քազինօ, հանդարտօրէն ճաշ ուտող ճամբորդները կը կերպարանափոխուին եւ խելագարած անբոխի նման՝ զիրար հրմշտկելով կը խուժեն պասէն դուրս, առաջինը հասնելու քազինոյի բախտախաղի սեղանները։ Կարծես առաջին հասնողին նուէր մը վերապահուած է հոն։ Ինծի համար զարմանալի է, թէ բախտախաղի սեղանին վրայ մեծ գումարներ վնասելէ ետք՝ ո՞վ շահով դուրս եկած է, թող ձեռքը վերցնէ, կ՚երթան եւ աժան կերակուր մատուցող (buffet) ճաշարանին առջեւ՝ երկար պոչ կը բռնեն։ Բարեկամ, բախտախաղին մսխած գումարները աչքիդ չեն երեւիր՝ սակայն համադամ ճաշի մը համար չես ուզեր դրամ ծախսե՞լ, այս ի՜նչ մտայնութիւն է՝ չեմ հասկնար։ Խնդրեմ բացատրեցէք ինծի։

Հիմա եկէք մտիկ ընենք վերադարձի ճամբուն վրայ՝ ճամբորդներուն գանգատները։

Առաջին ճամբորդ։ Այս մեքենաները խեղաթիւրուած են, միայն դրամդ կ՚առնեն։ Մեղք, ահագին դրամ կորսնցուցի։

Երկրորդ ճամբորդ։ Ես տունէն եկածի պէս եմ։ Ո՛չ շահեցայ եւ ոչ ալ կորսնցուցի։

Երրորդ ճամբորդ։ Բախտ չունիմ եղեր։ Մեքենայի մը վրայ կը խաղայի եւ 200 տոլար կորսնցնելէ ետք, քաշուեցայ։ Կին մը եկաւ եւ առաջին 25 դահեկանով Jackpot-ը զարկաւ։ Անխիղճ կինը դրամը առաւ եւ քալեց ու գնաց, առանց ետեւը նայելու։

4. ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՀԱՒԱՔ, ՍԱԿԱ՞ՅՆ…

Կլենտէյլի մէջ կայ հանրային զբօսավայր մը, ուր թէ՛ պզտիկները կ՚երթան խաղալու եւ թէ ալեհեր մարդիկ՝ կա՛մ նարտ խաղալու, կամ թղթախաղով ժամանակ անցընելու եւ կամ ալ քաղաքականութեամբ զբաղուելու։ Նման հանրային զբօսավայրեր ալ կան հաւանաբար ամէնուրեք։ Նարտ կամ թուղթ խաղալէ ետք՝ ալեհեր խումբերուն նկատմամբ, կարգը կու գայ քաղաքականութեան։ «Վերլուծում»ը ընդհանրապէս կը կեդրոնանայ Հայաստանի քաղաքական, կրօնական թէ ընկերային զարգացումներուն վրայ։ Պարզ սկսած խօսակցական զրոյցը յանկարծ կը տաքնայ եւ կը վերածուի սուր վիճաբանութեան։ Հիմա ականջ տանք եւ լսենք, թէ ի՞նչ կ՚ըսեն անոնք։

Մէկը։ Մենք պէտք է դադրինք ռուսին վրայ յենելէ եւ պէտք է մեր աչքերը դարձնենք դէպի Արեւմուտք։

Միւսը։ Առանց ռուսի թիկունքին՝ մենք չենք կրնար ճակատիլ Ատրպէյճան-Թուրքիա միասնական հզօր զօրքին դէմ։

Երրորդը։ Եթէ Արցախի կարեւոր մէկ մասը պիտի զիջէինք Ատրպէյճանին, հապա ինչո՞ւ չորս հազար երիտասարդ զոհ տուինք։ Պէտք է կանուխէն համաձայնէինք ու վերջ։

Վիճաբանութիւնը պիտի վերածուէր կռիւի, եթէ տրամաբանութիւն ունեցող երէց մը չմիջամտէր ըսելով՝ «Դուք քաղաքականութենէ ի՞նչ կը հասկնաք՝ ելէք գացէք ձեր տուները եւ հանդարտեցէք քիչ մը, որպէսզի վաղը առաւօտ՝ թարմ միտքերով վերադառնաք»։

Մարդուն վերոյիշեալ յատկանիշները՝ նշմարուած իմ կողմէ, տակաւին ամբողջական չեն։ Ինչո՞ւ, որովհետեւ մարդը բարդ արարած մըն է եւ զայն լիովին ուսումնասիրելը գրեթէ անհնարին գործողութիւն մը՝ որ անհատ մը առանձին չի կրնար գլուխ հանել, չէ՞ք խորհիր…

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Երեքշաբթի, Օգոստոս 17, 2021