ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ
ԳԼՈՒԽ ԺԲ.
ՏԻՐՈՋ ԲԵԹԱՆԻԱ ԳԱԼՈՒ ՄԱՍԻՆ
ԱՍԻԿԱ ԸՍՏ ԿԱՐԳԻՆ ՏԱՍՆԵՐԿՐՈՐԴ ԳԼՈՒԽՆ Է, ԻՍԿ ԵՐԿՐՈՐԴ՝ ԸՍՏ ՀԱՏՈՐԻ
Խօսք. «Զատիկէն վեց օր առաջ Յիսուս Բեթանիա եկաւ» (Յհ 12.1):
Մեկնութիւն. այս խօսքին մասին չորս բան գիտելի է. առաջին՝ գիտելի է կարգը, թէ Աւետարանիչը նախ Քրիստոսի Աստուածութիւնը ցոյց տուաւ Քրիստոսի գործերէն, որ կատարեց մարդոց մէջ շրջելով: Այստեղ նոյնը կը ցուցնէ Քրիստոսի գործերով, որ մեռնելով կատարեց: Իսկ այս մասը երկուքի կը բաժնուի, որովհետեւ նախ Քրիստոսի մահն ու չարչարանքը կը ճառէ: Երկրորդ. կը պատմէ Անոր յարութիւնը քսաներորդ գլուխին մէջ. «Կիրակի [Միաշաբաթ] օր Մարիամ» (տե՛ս Յհ 20.1):
Առաջին մասն ալ երկուքի կը բաժնուի, որովհետեւ նախ Քրիստոսի մահուան պատճառը կը գրէ, երկրորդ՝ կը ճառէ Անոր մահը, այնտեղ. «Զատիկի տօնին նախօրեակին» (Յհ 13.1):
Առաջինին համար գիտելի է, թէ Քրիստոսի մահուան պատճառը կրկնակի է. նախ՝ հրեաներուն նախանձն ու ատելութիւնն էր, որ Քրիստոսի նկատմամբ ունէին, Անոր համբաւին ու փառքին համար, որ ժողովուրդին մէջ ունէր, այս պատճառով այստեղ նախ Իր համբաւն ու փառաւորութիւնը ցոյց կը տրուի: Քրիստոսի մահուան երկրորդ պատճառը հրեաներուն անհաւատութիւնն էր, այնտեղ. «Բազմաթիւ հրաշքներ գործած էր անոնց դիմաց» (Յհ 12.37): Այստեղ նախ կը ճառէ, թէ Քրիստոս ինչպէս մարդոցմէ փառաւորուեցաւ, երբ աւանակով տաճար կու գար: Երկրորդ. կը ճառէ, թէ ինչպէս Հօր Աստուծմէ փառաւորուեցաւ, այնտեղ. «Բայց հիմա հոգիս խռոված է» (Յհ 12.27):
Իսկ մարդոցմէ փառաւորուիլը երեք կերպով էր. առաջին՝ Քրիստոս Իր յատուկ բարեկամներէն փառաւորուեցաւ, ինչպէս այստեղ Իրեն համար ընթրիք կազակերպեցին եւ Մարիամ ազնիւ իւղ առաւ ու օծեց Անոր ոտքերը (տե՛ս Յհ 12.3): Երկրորդ. հասարակ ժողովուրդէն փառաւորուեցաւ, ինչպէս այնտեղ. «Հրեաներու մեր բազմութիւն մը, երբ իմացաւ թէ այնտեղ է» (տե՛ս Յհ 12.9): Երրորդ. հեթանոսներէն փառաւորուեցաւ. «Այնտեղ հեթանոսներ ալ կային» (տե՛ս Յհ 12.20): Եւ այսպէս է Աւետարանին կարգը մանր քննութեամբ:
Երկրորդ. գիտելի է, թէ ով որ Աստուծոյ կը հաւասարի տէրութեամբ ու թագաւորութեամբ, Աստուած է, իսկ Քրիստոս այսպիսով կը հաւասարի Աստուծոյ, ապա ուրեմն Քրիստոս Աստուած է:
Իսկ Քրիստոսի թագաւորութիւնն ու տէրութիւնը չորս կերպով ցոյց կը տրուի. Առաջինը պատուով ընդունիլն է, որ Երուսաղէմ աւանակով երթալով պատուեցին զԻնք (հմմտ. Յհ 12.12-19): Երկրորդ. անոնց վկայութեամբ, որոնք դիմաւորելու ելան, ինչպէս կ՚ըսէին. «Օրհնեա՜լ է եկողը, Իսրայէլի Թագաւորը» (տե՛ս Յհ 12.13): Երրորդ. մարգարէին վկայութեամբ, որ Աւետարանիչը կ՚ընէ՝ ըսելով. «Ահա Թագաւորդ քեզի կու գայ» (Յհ 12.15: Զք 9.9): Չորրորդ. հայրական փառաւորութեամբ, ինչպէս կ՚ըսէ. «Հա՜յր, փառաւորէ՛ Որդիդ» (Յհ 17.1):
Երրորդ. գիտելի է, թէ ինչո՞ւ համար վեց օր առաջ Բեթանիա եկաւ:
Կ՚ըսենք, չորս պատճառով. նախ՝ որպէսզի գիտնան, թէ Ինք Ան է, որ վեց օրուան ընթացքին բոլոր արարածները ստեղծեց, իսկ այժմ՝ վեցերորդ օրը դարձեակ կը վերանորոգէ:
Երկրորդ. որպէսզի խաչելութեան կարգը խորհուրդով կատարէ, քանի որ նախ կիրակի օրը Երուսաղէմ կու գար, երկուշաբթի թզենին անիծեց (հմմտ. Մր 11.12-14), որ հրեաներուն անպտուղ ազգը կը նշանակէր. երեքշաբթի կատարածին խորհուրդը կը պատմէր (հմմտ. Մր 11.20-25). չորեքշաբթի մատնութիւնը յայտնեց. հինգշաբթի օրինակի գառը զենուեցաւ, իսկ միւս օրը անոր առընթեր ճշմարիտ Գառը՝ Քրիստոս զենուեցաւ, եւ այսպէս ճշմարտութիւնը կը հետեւէր օրինակին:
Երրորդ պատճառ, քանի որ նորագոյն բան մը կ՚ուզէ ցուցնել, որովհետեւ ամէն տեղ քալելով կը շրջէր, իսկ հիմա՝ աւանակով, որպէսզի Զաքարիային մարգարէութիւնը իրականանայ. «Ուրախացի՜ր, Սիոնի դուստր» (տե՛ս Զք 2.10), եւ այլն, «որովհետեւ ահա Թագաւորդ քեզի կու գայ, [Արդար ու Փրկիչ], նոյնը աղքատ եւ էշի վրայ հեծած» (Զք 9.9):
Չորրորդ. նախապէս այն բանին համար կու գայ, քանի որ լսած էին Ղազարոսի յարութեան մասին, այժմ նոյն Բեթանիան կու գայ, որպէսզի յայտնի ըլլայ, թէ Ի՛նքն է, եւ հաւատան Անոր, ինչպէս Մեկնիչդ կ՚ըսէ:
Չորրորդ. գիտելի է, թէ ո՞րն է Ղազարոսի յարութեան օրը: Կ՚ըսենք, թէ բնագիրէն յայտնի չէ, այլ՝ վարդապետները կ՚ըսեն, թէ շաբաթ օր էր, ինչպէս բոլոր բժշկութիւնները շաբաթ օրով կը կատարէր. ապա յայտնի է, թէ անցեալ շաբաթ օրը Ղազարոսին յարութիւն տուաւ ու Եփրայիմ քաղաքը գնաց, քիչ մը այնտեղ մնաց, որովհետեւ Զատիկը մօտեցած էր: Դարձեալ՝ միւս շաբաթ օրը Բեթանիա եկաւ, ուր Ղազարոսին յարութիւն տուաւ եւ այլ պատճառ մը եւս, որովհետեւ Լուսաւորիչին շաբաթը, երբ Սուրբ Գրիգորին Վիրապէն ելլելը կը տօնենք, Ղազարոսի գերեզմանէն յարութիւն առնելուն օրն է: Իսկ Ղազարոսի տօնը, երբ դարձեալ Բեթանիա եկաւ՝ վեց օր առաջ էր, իսկ միւս շաբաթը՝ Քրիստոսի յարութիւնը: Եւ այսպէս երեք շաբաթ օրերը երեք յարութեան խորհուրդը կը նշանակեն, այսինքն՝ Լուսաւորիչին, Ղազարոսին ու մեր Տիրոջ: Եւ դարձեալ պատճառ մը, թէ խաչելութենէն տասնհինգ օր առաջ յարուցանեց Ղազարոսը, ուրկէ յայտնի է, թէ յարութենէն ետք տասնհինգ տարի ապրեցաւ, ինչպէս Եզեկիան (հմմտ. Դ. Թգ 20.1-7): Եւ նմանապէս խաչելութենէն քառասուն օր առաջ այլակերպեցաւ, ուրկէ յայտնի է, թէ յարութենէն ետք քառասուն օր կը տօնենք այլակերպութեան, իսկ գալուստը, երբ Եփրայիմ քաղաքէն եկաւ, Մարկոսը կը պատմէ. «Եւ Երիքով կու գան» (Մր 10.46), եւ այնտեղ Զաքէոս մաքսաւորը կ՚աշակերտի (հմմտ. Ղկ 19.1-10), իսկ ճանապարհին Բարտիմէոս կոյրը կը լուսաւորէ (հմմտ. Մր 10.46-52), եւ մեծ բազմութեամբ Բեթանիա կու գայ, եւ յաջորդ օրը էշը գտնելով, անոր վրայ կը նստի ու Երուսաղէմ կը մտնէ: Այսքան չորս հարցումներուն մասին:
Խօսք. «Հոն Իրեն ընթրիք պատրաստեցին» (Յհ 12.2):
Մեկնութիւն. այն որ ճաշին մինչեւ հասարակ օրը կ՚ուտեն, ատիկա Սուրգ Գիրքը ճաշ կը կոչէ, իսկ այն որ այդ ժամէն մինչեւ իրիկուն՝ այն ընթրիք կը կոչեն:
Գիտելի է, որ չորս պատճառով Անոր ընթրիք պատրաստեցին. նախ՝ քանի որ Յիսուս Բեթանիա եկաւ Զատիկէն առաջ շաբաթ օրը:
Իսկ այդ օրը յարմար էր ընթրիքի համար՝ կրկնակի պատճառով. նախ՝ շաբթուան տօնին համար: Երկրորդ. որովհետեւ հրեաները Նիսան ամսուան տասին Զատիկի գառը կը բանտարկէին ու իններորդ օրը այդ ամսուան, որմէ մինչեւ Զատիկը վեց օր կը մնար, հրեաները մեծ ճաշ կը պատրաստէին, իբր տօնին սկիզբը այդ օրը ըրած ըլլան:
Երրորդ պատճառ. որովհետեւ Քրիստոսի համար ընթրիք պատրաստեցին, իբր ճանապարհէ եկած ու յոգնած:
Չորրորդ. Ղազարոսի յարութեան ուրախութեան համար ընթրիք պատրաստեցին, քանի որ յարութենէն ետք [Ղազարոս] քիչ օրեր մնացած էր անոնց մօտ, ու Յիսուսի հետ Եփրայիմ գացած էր: Այս ընթրիքը բորոտ Սիմոնի տունը եղաւ, ինչպէս կը պատմեն Մատթէոսն ու Մարկոսը (հմմտ. Մտ 26.6: Մր 14.3): Բորոտ կ՚ըսուի, որովհետեւ նախապէս բորոտ էր եւ Քրիստոսէ բժշկուեցաւ, եւ հրաշքին յիշատակին համար բորոտութեան անունը մնացած էր:
Իսկ այս Սիմոնը դրացի ու սիրելի էր Մարթային, այդ պատճառով Մարթան անոր տան մէջ կը սպասաւորէր երեք պատճառով. նախ՝ բարեկամութեան համար, ինչպէս սովոր են մարդիկ ընել իրենց սիրելիներուն տուներէն ներս: Երկրորդ. Քրիստոսի պատուին համար, որ այնտեղ կ՚ընթրէր: Երրորդ. Ղազարոսի համար, քանի որ Քրիստոսի հետ բազմած էր ու Սիմոնի կողմէ հրաւիրուած էր ընթրիքին: Այս մէկը եղաւ, որպէսզի ճշմարիտ ցուցնէ անոր յարութիւնը, ինչպէս երբ Ինք գերեզմանէն յարութիւն առաւ, աշակերտներուն հետ կերաւ, որպէսզի ճշմարիտ յարութիւն ցուցնէ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 115
Վաղարշապատ