ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հարցում. Մարդ եթէ ի վիճակի է ողորմութիւն ընելու, պէ՞տք է կատարէ, թէ հաշիւ ընէ սեւ օրուան մասին:

Պատասխան. Երբ ձեռքէդ աղէկութիւն ընել կու գայ, կարօտ եղողէն մի՛ խնայեր զանիկա: Քու դրացիիդ բնաւ մի՛ ըսեր՝ «գնա՛ ու դարձեալ եկո՛ւր եւ վաղը կու տամ», երբ քու քովդ կայ (Առ 3.27-28):

• Սեւ օր…: Այս արտայայտութեամբ մեզմէ շատեր իրենք զիրենք «ազատ» կը սեպեն ուրիշներուն օգնելէ: Կ՚ըսեն,այո, քիչ մը գումար ունիմ, բայց պէտք է զայն պահեմ սեւ օրուան համար, չես գիտեր ի՛նչ կը պատահի…, եւ այդպիսով կը մերժեն բոլոր անոնք, որոնք իրենց օգնութեան կը դիմեն:

Այսպէս մտածողները սակայն, կը մոռնան կամ չեն կարդացած, թէ ի՛նչ կը թելադրէ մեզի մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս.

«Հետեւաբար, մի՛ մտահոգուիք ձեր կեանքին համար, թէ ի՛նչ պիտի ուտէք կամ խմէք, ո՛չ ալ մտահոգուեցէք ձեր մարմնին համար, թէ ի՛նչ պիտի հագնիք: Չէ՞ որ կեանքը աւելի կարեւոր է քան կերակուրը, եւ մարմինը աւելի կարեւոր է քան հագուստը:

Դիտեցէ՛ք երկինքի թռչունները. ո՛չ կը սերմանեն, ո՛չ կը հնձեն եւ ո՛չ ալ շտեմարաններու մէջ կ՚ամբարեն, եւ սակայն ձեր երկնաւոր Հայրը կը կերակրէ զանոնք: Չէ՞ որ դուք Աստուծոյ աչքին թռչուններէն գերազանց էք: Մտահոգուիլը կանգունով մը կ՚երկարէ ձեր հասակը: Կամ, ինչո՞ւ կը մտահոգուիք հագուստի համար: Օրինակ առէք վայրի շուշաններէն եւ տեսէք, թէ ի՛նչպէս կ՚աճին. ո՛չ կ՚աշխատին, ո՛չ կը հիւսեն: Հաւատացէ՛ք, որ նոյնիսկ Սողոմոն իր ամբողջ փառքին մէջ անոնցմէ մէկուն պէս գեղեցիկ չկրցաւ հագնիլ: Եթէ, ուրեմն, Աստուած այդպէս աղուոր կը հագցնէ դաշտի խոտը, որ այսօր կայ եւ վաղը կրակ կը նետուի, շատ աւելի լաւ պիտի չհագցնէ՞ ձեզ, թերահաւատնե՛ր: Հետեւաբար, մի՛ մտահոգուիք եւ ըսէք. «Ի՞նչ պիտի ուտենք, ի՞նչ պիտի խմենք կամ ի՞նչ պիտի հագնինք»: Այդ մտահոգութիւնները հեթանոսներուն յատուկ են: Որովհետեւ ձեր երկնաւոր Հայրը գիտէ արդէն, թէ այդ բոլորին պէտք ունիք: Դուք նախ խնդրեցէք, որ Աստուծոյ Արքայութիւնը գայ եւ աշխատեցէք Իր կամքը կատարել, եւ Աստուած այդ բոլորը աւելիով պիտի տայ ձեզի:

Ինչո՞ւ ուրեմն մտահոգուիք վաղուան մասին: Վաղուան մտահոգութիւնը վաղուան ձգեցէք: Իւրաքանչիւր օրուան նեղութիւնը ինքնին բաւարար է» (Մտ 6.25-34):

Հետեւաբար, վաղուան համար մտահոգուելով մերժել մեր նմանին եւ կամ մեր դրացիին օգնել, օգտակար դառնալ, հեթանոսական արարք է, այսինքն՝ ո՛չ Աստուածահաճոյ: Մարդ պէտք է այսօրը ապրի եւ չմտահոգուի աւելորդ մտածմունքներով վաղուան համար: Մարդ եթէ ի վիճակի է օգնելու, պէտք է օգնէ, որովհետեւ ինչպէս առածը կ՚ըսէ՝ «Աստուած տուողին կու տայ»:

Միւս կողմէ, ուշադիր պէտք է ըլլալ, որովհետեւ ոմանք ալ ուրիշ ծայրայեղութեան մը մէջ կ՚իյնան, ըսելով թէ՝ եթէ Աստուած գիտէ մեր կարիքները ու կը հոգայ զանոնք, հետեւաբար ի՛նչ պէտք ունինք յոգնելու, աշխատելու, չարչարուելու… Սա հիւանդագին մտածողութիւն է, որովհետեւ ըսուածը ամբողջութեամբ տարբեր իմաստ ունի: Երբ կ՚ըսենք, թէ Աստուած գիտէ մեր կարիքները ու կը հոգայ զանոնք, ատով մեր պարտականութիւններն ու պարտաւորութիւնները չէ՛ որ մէկ կողմ կը դնենք, ընդհակառակը, մեր պարտականութիւններուն եւ պարտաւորութիւններուն գործածութեան պրիսմակէն մեկնելով է, որ այդ հաստատումը կը կատարենք: Այլ խօսքով, մարդ երբ իրմէ սպասուածը կը կատարէ, Աստուած կը տեսնէ մարդուն պատրաստակամութիւնը, մարդուն սիրտին ուղղութիւնը, եւ առ այդ անոր կարիքները կը հոգայ, այսինքն՝ առիթներ ու միջոցներ կը ստեղծէ, որպէսզի մարդ բաւարարէ իր անհրաժեշտ պահանջները:

Վաղուան մասին չմտահոգուելու մասին ալ նոյն ձեւով պէտք է մօտենալ. այսինքն՝ մեր ձեռքերը չծալենք ու չնստինք, ըսելով թէ՝ Տէրը թելադրած է մեզի վաղուան մասին չմտահոգուիլ. այս արտայայտութեան իմաստը այն է, որ մարդ աւելորդաբանութիւններով ու շռայլութիւններով չծանրաբեռնէ ինքզինք, այլ՝ ըստ իրեն բաւարարող պահանջնքներուն աշխատի, գործէ ու վաղուան մասին մտածէ: 

Զարեհ Արքեպիսկոպոս Ազնաւորեան այս մասին կը գրէ.

«Գիտենք որ մարդկային մեր կեանքը յատկանշող երեւոյթներէն մէկը այն է՝ որ մարդ ըսուածը ԿԸ ՄՏԱՀՈԳՈՒԻ։ Կը մտահոգուի իր ամէնօրեայ ուտելիքով եւ խմելիքով, իր հագուելիքով ու զարդարուելիքով, իր ըսելիքով ու խօսելիքով, իր գործով ու շահով, իր առողջութեամբ ու ապահովութեամբ. եւ այս բոլոր մտահոգութիւնները կը լեցնեն ու կը ծանրացնեն իր սիրտը այնպէս՝ որ մարդը ինքզինք կը զգայ հնացած։ Բայց այս մտահոգութիւնները նոյնինքն հակասութիւնն են հաւատքին, Աստուծոյ հանդէպ վստահութեան, եւ ընդհակառակը՝ կը նշանակեն ԱՆՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՎՐԱՅ։ Պէտք չէ մոռնալ անշուշտ՝ որ չմտահոգուիլ չի նշանակեր չմտածել։ Մտածել եւ մտահոգուիլ երկու տարբեր բաներ են։ ՄՏԱԾԵԼ՝ կը նշանակէ Աստուծոյ այդ վստահութեամբը լեցուած յստակ կերպով նայիլ ու խորհիլ, թէ ինչ բան զինք ուղիղ ճանապարհով կ՚առաջնորդէ դէպի յաջողութիւն։ Բայց ՄՏԱՀՈԳՈՒԻԼ՝ կը նշանակէ աւելորդ ծանրութիւններով եւ դառնութիւններով ինքզինք, իր սիրտը, իր միտքը եւ հոգին խճողել այնքան՝ որ այլեւս նոյնինքն այդ վստահութեան, այդ հաւատքին եւ այդ հաւատքին բերած ամրութեան ու հաստատութեան տեղ չմնայ մարդուն կեանքին մէջ։

Անվստահութեան այդ մեղքին մէջ պէտք չէ մնայ մարդը, պէտք է կարենայ ինքզինք դուրս բերել անկէ՝ իր հնութենէն դուրս եկած ըլլալու եւ Աստուծոյ վրայ դրած իր վստահութեամբ նորոգուելու, նոր մարդ դառնալու համար։ Այն մարդը որ Աստուծոյ վրայ դրած է իր վստահութիւնը, այն մարդը թեթեւ սիրտով գիտէ քալել կեանքի մէջ, եւ պարզօրէն ընկալել կեանքին բերած բոլոր տեսակի անակնկալները, որովհետեւ գիտէ, որ այդ անակնկալներէն անդին եւ կեանքին յարուցած բոլոր խոչընդոտներէն անդին՝ ինք յաջողութիւն պիտի ունենայ անպայման, որովհետեւ ինք առանձին չէ որ կը գործէ. իր բոլոր ծրագիրները Աստուծոյ օրհնութեան յանձնած է եւ Աստուծոյ օգնականութիւնը պիտի ունենայ իր իւրաքանչիւր քայլափոխին»:

Շարունակենք. հետեւաբար, մարդ իր հնարաւորութիւններուն սահմանին մէջ անպայման պէտք է օգնէ իրեն դիմող ոեւէ մարդու:

Ինչ կը վերաբերի դրացիներուն, ապա անոնց առաւել եւս պէտք է օգնենք եւ փորձենք ընդհանրապէս չմերժել, եթէ անշուշտ ի վիճակի ենք օգնելու: Առակագիրը կ՚ըսէ. «Քու դրացիիդ բնաւ մի՛ ըսեր՝ «գնա՛ ու դարձեալ եկո՛ւր եւ վաղը կու տամ», երբ քու քովդ կայ»: Յստակ ու պարզ է, եթէ քովդ կայ, եթէ ի վիճակի ես, ապա դրացիիդ պէտք չէ մերժես բնաւ: Առած մը կայ, որ կ՚ըսէ. «Դրացին տունէն առաջ», այսինքն՝ մարդ իր դրացիին պիտի վերաբերի որպէս տան մէկ անդամը, որովհետեւ որեւէ պարագայի, որեւէ վիճակի՝ ուրախութեան կամ վիշտի, առաջին հասնողը դրացին է, առաջին ձեռք երկարողը դրացին է, հետեւաբար, երբ դրացին օգնութեան խնդրանքով դիմէ, պէտք չէ երբեք մերժել զինք, եթէ ի վիճակի ենք օգտակար ըլլալու:

Աւելին, երբ դրացիդ կամ ոեւէ մէկը կը դիմէ քեզի օգնութեան համար եւ դուն ի վիճակի ես օգնելու, սակայն կը մերժես ըսելով, թէ վաղը եկուր, ատով ձեր երկուքին համար վատութիւն ըրած կ՚ըլլաս, որովհետեւ կրնայ ըլլալ այդ գիշեր դուն մահանաս կամ ինք մահանայ, այդպիսով, քու պարագայիդ՝ կը զրկուիս բարեգործութիւն կատարելէ՝ ինչին ի վիճակի էիր, եւ ատով երկնային վարձատրութիւնդ հարցականի տակ կը մնայ, միւս կողմէ դրացիդ իր վերջին օրով չարչարանքներու մէջ կը ձգես, հակառակ անոր որ ի վիճակի էիր մեղմացնելու անոր վիճակը: Ուստի, ի վիճակի՞ ես բարիք գործելու, օգնելու, ապա երբեք մի՛ դանդաղիր եւ օգնէ, վստահ ըլլալով, որ այստեղի կատարած օգնութիւնդ երկիքնի մէջ ոսկէ տառերով պիտի գրուի ու պահուի՝ վարձատրութեան օրուան համար:

Ամփոփելու համար այս բաժինը, մէջբերենք Յակոբոս առաքեալի Ընդհանրական նամակէն հատուած մը.

«Եղբայրնե՛րս, ի՞նչ օգուտ այն մարդուն՝ որ կ՚ըսէ թէ հաւատք ունի, երբ որ հաւատքին արտայայտութիւնը եղող գործեր չունի: Միթէ այդպիսի հաւատքը կրնա՞յ զայն փրկել: Ենթադրենք, որ կիսամերկ եւ օրուան հացին կարօտ եղբայր մը կամ քոյր մը ձեզի դիմեց: Եթէ ձեզմէ ոեւէ մէկը անոնց ըսէ՝ «գացէ՛ք, Աստուած ձեզի հետ ըլլայ, տաքցէք եւ կշտացէք», եւ անոր մարմինին համար պէտք եղած զգեստը կամ ուտելիքը չտայ, ի՞նչ օգուտ ունի: Նոյնպէս ալ հաւատքը առանձինն՝ առանց գործերու՝ մեռած է» (Յկ 2.-14-17):

Հ. Կարելի՞ է վիճաբանիլ:

Պ. Առանց պատճառի մարդու հետ մի՛ վիճիր, երբ անիկա քեզի չարութիւն մը ըրած չէ (Առ 3.30):

Ո՛չ միայն առանց պատճառի, այլեւ ընդհանրապէս պէտք չէ վիճաբանիլ ոեւէ մէկու հետ, որովհետեւ որեւէ վիճաբանութիւն իր բացասական հետեւանքները կ՚ունենայ վիճաբանող կողմերուն համար: Վիճաբանելու փոխարէն, պէտք է լեզու գտնել, հանդարտութեամբ եւ խաղաղութեամբ լուծում գտնել այն հարցին, որուն շուրջ վիճաբանութիւնը ծագած է:

Կարդա՛նք, թէ այս մասին ի՞նչ կը թելադրէ մեզի Տէր Յիսուս.

«Լսեր էք որ անցեալին ըսուած է. «Մի՛ սպաններ, որովհետեւ ան որ կը սպաննէ՝ պիտի դատապարտուի»: Իսկ Ես կ՚ըսեմ ձեզի. ով որ առանց պատճառի իր եղբօր դէմ բարկանայ, դատարան պիտի յանձնուի: Ով որ իր եղբայրը յիմար կոչէ, Ատեան պիտի բերուի. եւ ով որ իր եղբայրը անմիտ կոչէ, դժոխքի կրակին պիտի դատապարտուի: Եթէ զոհարանին վրայ ընծադ Աստուծոյ մատուցանելու ատեն յիշես, որ եղբայրդ վշտացած է քեզմէ, ձգէ՛ ընծադ զոհարանին առջեւ, գնա նախ հաշտուէ՛ եղբօրդ հետ եւ ա՛պա եկուր եւ ընծադ Աստուծոյ մատուցանէ:

Երբ մէկը խնդիր ունի քեզի հետ եւ դատի կը կանչէ քեզ, սկիզբէն համաձայնութեան եկուր անոր հետ՝ դատարան չինկած, այլապէս քեզ դատաւորին կը յանձնէ, դատաւորն ալ՝ ոստիկանին, եւ բանտ կը նետուիս: Վստահ եղիր, թէ բանտէն պիտի չելլես, մինչեւ որ տուգանքիդ վերջին դահեկանը չվճարես» (Մտ 5.21-26): Հետեւաբար, մարդ ամէն բան պէտք է ընէ, որպէսզի խաղաղ ու հանգիստ կերպով իր՝ ուրիշներուն հետ ունեցած խնդիրներուն լուծումը գտնէ, այլապէս եթէ հարցերը բարդանան ու վէճի վերածուին, հետեւանքները այդքան աւելի ծանր կը դառնան, եւ շատ յաճախ փոքր խնդիր մը մեծնալով՝ անլուծելի կը դառնայ, տուեալ անհատին մարմնական ու հոգեկան ահաւոր մեծ վնասներ պատճառելով:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 5

26 յուլիս 2022, Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 17, 2022