ՍԻՐԵԼ ՄԵՆՔ ՄԵԶ

Շրջապատուած ըլլալով ինքնաքննադատութեան անսահմանութեամբ՝ մենք բաւարար չափով գիտե՞նք, թէ ի՛նչ կը նշանակէ ինքնասիրութիւնը: Այս հարցի շուրջ խորհելու ժամանակ յիշենք Մէյսթըր Էքհարթի խօսքերը. «Եթէ մէկ ուրիշը ձեզմէ աւելի քիչ ​​կը սիրէք, ապա իրական յաջողութիւն չէք ունենար դուք ձեզ սիրելու հարցին մէջ: Բայց եթէ կը սիրէք բոլորը, ներառեալ ձեզ, եթէ կը սիրէք անոնք՝ որպէս մէկ մարդ, եթէ նոյնպէս կը սիրէք դուք ձեզ եւ ուրիշները, վեհ ու ազնիւ էք»։

Էրիխ Ֆրոմ «Սիրելու արուեստը» խորագրեալ ստեղծագործութեան մէջ կը քննադատէ, որ երբ սեփական սիրոյ առարկան մարդ ինքն է, այս երեւոյթը կը նոյնացուի եսամոլութեան հետ։ Ան կը պնդէ, որ այս տեսակէտը շատ ներհակ է արեւմտեան մտածողութեան:

Քալվին ինքնասիրութիւնը կ՚անուանէ «ժանտախտ»: Ֆրոյտ ինքնասիրութիւնը խոշորացոյցի տակ դրած է հոգեբանական տեսանկիւնէն։ Սակայն ան համամիտ է Քալվինի հետ։ Ըստ Ֆրոյտի՝ ինքնասիրութիւնը հոմանիշ է եսամոլութեան։ Ըստ իրեն, եսամոլութիւնը մարդու զարգացման առաջին փուլն է։ Ան, որ ապագային եսամոլութեան կը դիմէ, կը կորսնցնէ սիրելու ունակութիւնը, ծայրայեղ կէտը խելագարուիլն է։ Ֆրոյտ կ՚ընդունի, որ սէրը «լիպիտոյի» դրսեւորում է եւ այդ դրսեւորումը կրնայ ըլլալ կա՛մ ուրիշներու նկատմամբ սիրոյ եւ կամ ինքնասիրութեան ձեւով։ Այսպիսով, յատուկ կապ մը գոյութիւն ունի սիրոյ եւ ինքնասիրութեան միջեւ։ Երբ անոնցմէ մէկը նուազ է, միւսը՝ անպայման առատ կ՚ըլլայ։

Ինքնասիրութեան եւ եսամոլութեան փոխյարաբերութիւններու վերաբերեալ իր քննադատութիւնը Ֆրոմ կը հիմնաւորէ սապէս. սէրը «ազդեցութիւն» չէ։ Իր խօսքով՝ սիրոյ արմատները սիրելու ունակութեան եւ սիրելին երջանկացնելու համար գործադրուող ջանքերու մէջ են։ Սիրոյ այս սահմանումը կը ներառէ նաեւ ինքնասիրութիւնը:

Միւս կողմէ, եսամոլութիւնը սիրոյ ճիշդ հակառակն է: Հետեւաբար, Ֆռոմ «ինքնասիրութիւնը եսամոլութիւն է, եսամոլ մարդը ինքզինք ալ չի սիրեր» խօսքին դէմ իր մօտեցումները կը բացատրէ սապէս.

«Եսամոլ մարդը ինքզինք ո՛չ թէ շատ, այլ քիչ կը սիրէ եւ նոյնիսկ կ՚ատէ: Ինքզինք չսիրելը, ինքնիրեն հանդէպ հետաքրքրութեան բացակայութիւնը զայն դատարկ ու անհանգիստ կը դարձնէ։ Այդպիսի մարդը դժբախտ է եւ, անգիտակցաբար պատնէշներ դնելով իր վրայ՝ կը փորձէ խլել «բաւարարուածութիւնը»՝ բարկութեամբ։ Կը թուի, թէ ան չափազանց կը հետաքրքրուի ինքն իրմով, բայց իրականութեան մէջ այս պարագան ձախողած փորձ մըն է՝ քօղարկելու իր իսկական ինքնութեան հանդէպ հետաքրքրութիւն ցուցաբերելու անկարողութիւնը»:

Եսամոլութեան դէմ «իսկական սիրոյ արդիւնաւէտութեան» դրսեւորումը՝ հոգատարութեան, յարգանքի, պատասխանատուութեան եւ գիտելիքի արտայայտութիւնն է: Սէրը «ազդեցութիւն» չէ ուրիշի կողմէ ազդուելու իմաստով: Ան սիրելիի զարգացման եւ երջանկութեան համար թափուած ջանքերն են, որոնց արմատները կը հասնին մինչեւ մարդու սիրելու կարողութեան: Մարդիկ, որոնք Ֆրոմ կը նկարագրէ որպէս եսամոլ, չունին այս «արտադրական» կարողութիւնը։ Հետեւաբար ընդունակ են սիրել ո՛չ ուրիշները, ո՛չ ալ իրենք զիրենք: Այսպէսով, նկատի ունենալով, որ սէրը արտադրական վիճակ է, վերադառնանք յօդուածի սկզբին մեր տուած հարցումին. «մենք բաւարար չափով գիտե՞նք, թէ ի՛նչ կը նշանակէ եսասիրութիւնը»։ Խորհինք…։ 

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 17, 2022